Թիւ 431 - ԿԵԱՆՔՈՎ ՈՒ ԳՈՐԾՈ՛Վ

Մարմնակրթական միութիւն մը ի՞նչ գործ ունի պատմութեան, մշակոյթի եւ հոգեւոր արժէքներու հետ, կրնան հարց տալ ոմանք։

Մարմնակրթական միութեան մը գերագոյն ժողովը ինչո՞ւ զբաղի հայրենիք ունենալ-չունենալու հարցով, կրնան ըսել շատեր։

Մարմնակրթական միութիւններ կը զբաղին, պէ՛տք է զբաղին միմիայն իրենց պարտականութեամբ՝ սկաուտութեան եւ մարզախաղերու ճամբով սերունդներու դաստիարակութեամբ, կրնան աւելցնել ուրիշներ։

Այս բոլորը կրնան տեղին ու արդար արտայայտութիւններ ըլլալ բնական պայմաններու մէջ ապրող ժողովուրդներու համար, սակայն մեզի նման ժողովուրդներու համար ի՜նչ դաստիարակութիւն, ի՜նչ զբաղում, երբ գնդակն ու բաժակը կան, բայց հայրենիքը չկայ։ Երբ սկաուտական կեանքը կայ, բայց այդ կեանքը հողին վրայ ապրող ժողովուրդը չկայ։ Միջոցները անիմաստ կը դառնան, երբ նպատակը կը դադրի գոյութիւն ունենալէ։

Զարմանալի բան չկայ  Շար...

Թիւ 430 - Ի՞ՆՉ ԸՍԵԼ, Ի՞ՆՉՊԷՍ ԸՍԵԼ…

Տէն Քլարք կը նկատուի աշխարհի մեր օրերու ամէնէն լայն ժողովրդականութիւն ունեցող դասախօսներէն մէկը. այլեւայլ նիւթերու մասին ան խօսած է շուրջ երկու միլիոն ունկնդիրներու։

68-ամեայ Տէն Քլարքի դասախօսական արուեստին հիմքը կը կազմեն այնպիսի նիւթեր, որոնք սերտօրէն առնչուած են մարդ արարածի հոգեմտաւոր աշխարհին հետ, ինչպէս՝ մարդկային յարաբերութիւններու ընթացքը, յաջողութեան գաղտնիքը, կամքի զօրութիւնը, իրերօգնութեան եւ ծառայութեան ոգին, ուսումն ու զարգացումը։

Բայց Քլարք ի՞նչպէս յաջողած է այդքան լաւ եւ փնտռուած դասախօս մը ըլլալ։ Ի՞նչ բանի մէջ կը կայանայ անոր յաջողութեան գաղտնիքը։

Ըստ երեւոյթին, ան շատ լաւ գիտէ, թէ ի՞նչ կը խօսի, որո՞ւ կը խօսի եւ ի՞նչպէս կը խօսի։ Քլարք գտած է ճամբան հասնելու իր  Շար...

Թիւ 429 - ՆՊԱՏԱ՛ԿԸ

Հայ կեանքի այս տխուր օրերուն, բոլորին ակնարկները դարձեալ ուղղուած են Հ.Մ.Ը.Մ.ին.- ի՞նչ կ’ընէ այս միութիւնը, ի՞նչպէս կ’ընէ, որ ամէնուրեք կը յաջողի նոր սերունդ համախմբել, պատանիներ ու երիտասարդներ խանդավառել եւ այդ խանդավառութեամբ իր շրջապատին կենսունակութիւն պարգեւել։

Պարզ է, որ հայ կեանքը լաւ օրերու մէջ չէ։ Քիչ մը ամէն տեղ կը տիրէ հիասթափութիւն, անորոշութիւն եւ տեղ-տեղ նաեւ յուսահատութիւն՝ ի տես Արցախի կացութեան, Հայաստանի իրավիճակին եւ այս երկուքով պայմանաւորուած Սփիւռքի ներկային ու ապագային։

Պարզ է նաեւ, որ տնտեսական համաշխարհային տագնապը, քորոնայի համաճարակին առողջապահական-ընկերային ահաւոր հետեւանքները լուրջ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման դրած են ամբողջ մարդկութիւնը եւ յատկապէս՝ նորահաս սերունդի դաստիարակութեամբ զբաղող պետական մարմինները,  Շար...

Թիւ 428 - ԼԱՅՆԱԽՈՀՈՒԹԻՒՆ

Լայնախոհութիւնը կամ լայնամտութիւնը քիչերուն տրուած արժանիք մըն է։ Հասունութեան չափանիշ է։ Լայնախոհ ըլլալ կը նշանակէ հարց մը իր բոլոր երեսներով քննել եւ ըստ այնմ արդար եւ ճիշդ եզրակացութեան յանգիլ։

Լայնախոհութեան հակառակը նեղմտութիւնն է, որ յատուկ է տգէտ եւ մոլեռանդ մարդոց։ Նեղմիտ մարդը չափ ու սահման չունի իր զգացումներուն մէջ։ Չի կրնար կիրքերը զսպել։ Արժէք չ’ընծայեր իր նմաններու իրաւունքներուն եւ ազատութեան սահմաններուն։

Լայնախոհութիւնը մաս կը կազմէ, պէ°տք է կազմէ, կրթական-միութենական մեր արժէքներուն եւ քաղաքակրթական արժանիքներուն։

Լայնախոհ ըլլալու համար պէտք է նկարագիր, սկզբունք եւ կեցուածք ունենալ. ճիշդին ճի°շդ ըսել, սխալինª սխա°լ։ Կեղծաւորութիւն, շահակցութիւն եւ քծնանք կ’անտեսեն տարրական  Շար...

Թիւ 427 - Ի՞ՆՉ Կ’ԸՆԵՆՔ… (Իրապէ՛ս յաղթելու համար)

«Յաղթելո՛ւ ենք»ը նշանաբան ընտրեցինք 2020-ին, Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին համար։

«Յաղթելո՛ւ ենք» գոչեցինք եւ գարուն տարիքի հազարաւոր զինուորականներ ու կամաւորներ պատերազմի դաշտ առաջնորդեցինք՝ արիաբար դէմ դնելու համար ազերի, թուրք ու վարձկան զինեալ ուժերու։
«Յաղթելո՛ւ ենք» յայտարարեցինք աշխարհով մէկ եւ ամբողջական զօրաշարժի ենթարկեցինք համայն հայութիւնը՝ քարոզչական, տեղեկատուական, քաղաքական, դիւանագիտական եւ նիւթական աջակցութիւն ապահովելու համար հերոսական մեր բանակին եւ անոր կողքին մարտնչող մեր ժողովուրդին։

«Յաղթելու ենք»ը դարձաւ առաջնորդող նպատակը մեր խօսքին, մտածումին եւ գործին, մինչեւ որ 9 Նոյեմբեր 2020-ի նուաստացուցիչ օրը, ազգովին մենք մեզ գտանք բոլորովին տխուր իրականութեան մը դէմ յանդիման՝ զինուորապէս  Շար...

Թիւ 426 - ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ՛ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ

Մթնոլորտ բառին կրնան յարմարիլ բազմաթիւ ածականներ.- ջերմ, ընտանեկան, դրական, դաստիարակիչ, խանդավառ, ճոխ, հաճելի…
Սակայն յիշեալ ածականներէն ոչ մէկը կրնայ հարազատօրէն ներկայացնել համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական ձեռնարկի մը մթնոլորտը։ Իսկ ի՛նչ խօսք, երբ այդ ձեռնարկը տեղի կ’ունենայ երեք տարուան անբնական պայմաններէ ետք՝ քորոնայի համաճարակ, միութենական գործունէութեան սահմանափակում, ճամբորդութեան արգելքներ, համաշխարհային տնտեսական տագնապ, Արցախի պատերազմ եւ անոր յաջորդած մտահոգիչ դէպքերու զարգացումներ։

Նման պայմաններու մէջ, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղեր կազմակերպելը, բազմահարիւր մարզիկ-մարզիկուհիներ հայրենի հողին վրայ համախմբելն ու միութենական կեանքը վերականգնելը պիտի ենթադրէր հսկայական ճիգ եւ ներդրում։ Ու նաեւ՝ մարդկային եւ նիւթական լայն միջոցներ, տասներկու մարզաձեւերու մրցակցութեան կողքին,   Շար...

Թիւ 425 - «ԱՆԴՐԴՈՒԵԼԻ ԿԵՐՊՈՎ…»

Ուշագրաւ է «Հայ սկաուտ»ի Մայիս 1922-ի թիւէն առնուած (Բ. տարի, թիւ 19, էջ 301) եւ այս խմբագրականին հետ տրուած փաստաթուղթը, որ կը ներկայացնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի օրուան Կեդրոնական Վարչութեան կեցուածքը՝ մարզական կեանքի արհեստավարժութեան մասին։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութենէն հազիւ երեքուկէս տարի ետք հրապարակուած այս յայտարարութիւնը կը շեշտէ, որ՝

«ա. Հ.Մ.Ը.Մ. սփորի եւ աթլեթիքի խնդիրներուն մէջ անդրդուելի կերպով կապուած ըլլալով ամաթէօրութեան սկզբունքներուն, որոշած է ամէն կերպով եւ օրինական ամէն միջոցներով արգիլել փրոֆեսիոնէլութեան մուտքը եւ զարգացումը շարքերուն մէջ։

«բ. Այս տեսակէտը կը համապատասխանէ իր կանոնագրին, ինչպէս նաեւ   Շար...

Թիւ 424 - ՈԳԻ ԵՒ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆ

Եթէ ամեակները չըլլային, հաւանաբար անհրաժեշտութիւնը չզգայինք կարգ մը երեւոյթներու անդրադառնալու։

Տարբեր չէ «Մարզիկ»ի 42-ամեակի պարագան, որ առիթ կու տայ խորհրդածելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան այս հրատարակութեան մասին։

Իբրեւ սկզբունք, իւրաքանչիւր թերթ իր ընկերութեան հայելին է։ Ան կը ցոլացնէ ընկերութեան առօրեան՝ իր պայծառ ու մութ էջերով։ Թերթին էջերէն յստակօրէն կ’երեւին գեղեցիկն ու տգեղը, լաւն ու վատը։ Իրականութիւն փնտռողը հարկ է որ այդ հայելիէն առնէ իր պատկերները։

Թերթը ընկերութեան մը ձայնն է։ Արտայայտիչը անոր տագնապներուն եւ յոյսերուն, յաջողութիւններուն եւ ձախողութիւններուն։ «Ձայն բազմաց ձայնն… մամուլի»։

Թերթը նաեւ մտածող ընկերութեան մը ուղեղն   Շար...

Թիւ 423 - ՃԱՆՉՆԱ՛Լ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

Փետրուար 1911-ին, երբ հազիւ քսանհինգ գարուններ բոլորած Շաւարշ Քրիսեան Պոլսոյ մէջ յանդգնութիւնը ունեցաւ Օսմանեան կայսրութեան առաջին մարզական թերթը՝ «Մարմնամարզ»ը հիմնելու, շատեր թերահաւատութեամբ ընդունեցին լոյս աշխարհ եկող նախաձեռնութիւնը։

Նոյեմբեր 1918-ին, երբ Քրիսեանի նահատակութենէն երեք տարի ետք, անոր երբեմնի գործակիցները որոշեցին ձեւ ու մարմին տալ հայ մարմնակրթութեան մեծ երախտաւորին երազին եւ հայ մարզական բոլոր ակումբներն ու խումբերը հաւաքել մէկ դրօշի տակ, շատ-շատեր չհաւատացին այդ երազին իրականացման։ Կարելի՞ է որբերէ եւ տարագիրներէ մարմնակրթական շարժում ստեղծել,- հեգնեցին անոնք, պարագայական խանդավառութեան մը վերագրելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի ծնունդը։

Չորս տարի ետք, Սեպտեմբեր 1922-ին, երբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի օրուան Կեդրոնական Վարչութիւնը միութիւնը պաշտօնապէս լուծուած յայտարարեց իր բնօրրանին մէջ, մարդիկ չվարանեցան անոր  Շար...

Թիւ 422 - ՅԱՂԹԵ՞Լ ԹԷ ՅԱՋՈՂԻԼ…

Հարցումը առաջին ակնարկով կրնայ տարօրինակ թուիլ, որովհետեւ ընթացիկ առօրեային մէջ մարդիկ երկու բառերուն իմաստը յաճախ իրարու հետ կը շփոթեն եւ յաղթանակի փոխարէն յաջողութիւն կը գործածեն եւ յաջողութեան փոխարէն՝ յաղթանակ։

Յաղթանակը կ’ենթադրէ մրցում-մրցակցութիւն, ուր գոյութիւն կ’ունենան երկու կամ աւելի կողմեր։ Իւրաքանչիւր կողմ կը ջանայ հակառակորդը պարտութեան մատնել, ճզմել, խորտակել եւ այդ ձեւով սեփական եսին ու անձին գոհացում տալ։ Յաղթելէն լաւ բա՞ն կայ, կրնան առարկել շատեր։ Յաղթանակը կը գինովցնէ անձը, յաճախ մոռցնել կու տայ նկարագրային անոր առաքինութիւնները, որովհետեւ կռուի դաշտը, մրցակցութիւնը, կ’ենթադրէ բոլոր տեսակի զէնքերու օգտագործում՝ թիրախ ճշդուած յաղթանակին հասնելու համար։ Զէնքերը այս պարագային կրնան ըլլալ բարոյապէս արտօնուած կամ մերժուած միջոցներ, նենգ  Շար...

Թիւ 421 - ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԿԱՆ ՀԶՕՐԱՆՔԻ ՊԱՏԳԱՄԸ (ԵՂԲ. ԳԱՌՆԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ)

   Ով որ չտեսաւ միութեան դրօշով պատուած դագաղը, կրնայ ենթադրել, որ ան մեկնած է Հ.Մ.Ը.Մ.ական այս կամ շրջան եւ ուր որ է շուտով կը վերադառնայ։

Ով որ գլխահակ չմասնակցեցաւ ժողովրդային յուղարկաւորութեան իր սուգին, կրնայ հաւատալ միայն իր ժամանակաւոր բացակայութեան։

Իսկ ով որ գերեզմանատան մէջ չլսեց «Յառաջ նահատակ»ով իրեն տրուած վերջին պատիւը, ինչպէ՜ս ընդունի որ յաւերժ քուն մտած է ան։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանը չկա՜յ այլեւս։ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական ձեռնարկներուն պիտի չտեսնենք զինք։ Պիտի չլսենք իր պատգամները, պիտի չխրախուսուինք իր կեցուածքներով, պիտի չվայելենք իր մագնիսական ներկայութիւնը։

Ուրեմն, լռութի՞ւն է հիմա…

Բայց ո՞վ ըսաւ, որ  Շար...

Թիւ 420 - ՈԳԻ, ՆԿԱՐԱԳԻՐ ԵՒ ԴՐՈ՛ՇՄ

Մեծերէն մէկն ալ գնաց։

Եղբայր Պատրիկ Կիւլպէնկեանի մահով ամբողջ ժամանակաշրջան մը պատմութիւն դարձաւ։ Գեղեցիկ, փառաւոր եւ յիշատակելի ժամանակաշրջան մը, որուն կերտիչները հանդիսացան եղբայր Պատրիկն ու իր սերնդակից հոյլ մը նուիրեալները՝ Բիւզանդ Թորիկեան, տոքթ. Միսաք Արզումանեան, Երուանդ Տէմիրճեան, Վարուժան Մուրատեան, Յարութիւն Գեղարդ, Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեան, Կարօ Թիւթիւնճեան, Միհրան Շիմշիրեան եւ ուրիշներ։ Անջնջելի իր դրոշմով՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի համահայկական կառոյցի երկրորդ սերունդն է այս, արժանաւոր յաջորդը Յովհաննէս Շահինեաններու, Նշան Թիւսիւզեաններու, Յովհաննէս Պայթարեաններու, Վարդգէս Տէր Կարապետեաններու եւ անոնց գործակից անդրանիկ սերունդին։

Այսպէս, հիները կը մեկնին, նորերը կը շարունակեն - գէթ կը ձգտին շարունակել ¬ ինչ որ հիները չեն կրնար կատարել, կամ ժամանակ չեն ունենար կատարելու։  Շար...

Թիւ 418-419 - ՓՐԿԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԿՈՐՍՈՒԱԾ, ՉԱՊՐՈՒԱԾ ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ

Պատերազմը միայն հակառակորդ ուժերու կռիւ չէ, ուր մարդիկ կը զոհուին կամ կը վիրաւորուին մարտի դաշտին վրայ։ Պատերազմը նաեւ կորսուած, չապրուած մանկութիւն է։ Երեխաներ են, որոնք իրենց վտիտ ուսերուն շալկած են պատերազմի ամբողջ ծանրութիւնն ու դաժանութիւնը։

Շատեր կորսնցուցած են տուն-տեղ, դարձած են անօթեւան։ Ուրիշներ ապրած են պատերազմին սարսափելի արհաւիրքը, ներկայ եղած են մահուան անկուշտ խրախճանքին, կորսնցուցած են ընտանիքի անդամներ՝ հայր, մայր, երբեմն երկո՛ւքը եւ դարձած են որբ ու անպաշտպան։

Շատ-շատեր դարձած են գաղթական, կտրուած են իրենց հարազատներէն, դասընկերներէն, քաղաքէն, քաղաքացիներէն եւ այն ապահով միջավայրէն, որ անհոգ մանկութիւն մը պիտի պարգեւէր իրենց։
Կան նաեւ անոնք, որոնք զրկուած են կրթութեան, խնամքի  Շար...

Թիւ 416-417 - ԴԺՈՒԱՐ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆԸ

Բոլորին նման, Հ.Մ.Ը.Մ. եւս անցնող ամիսներուն անցաւ Քորոնայի համաճարակի դժուար քննութենէն։ Քորոնան յեղաշրջեց մարդկային կեանքը, ընկերային յարաբերութիւններն ու ազգային-միութենական առօրեան։ Քորոնայէն վերջ կեանքը չի նմանիր Քորոնայէն առաջուան կեանքին։

Սկսած ենք ապրիլ առցանց քաղաքակրթութեան օրերը, մեր ետին ձգելով համաշխարհայնացումի ժամանակաշրջանը, որ աշխարհը վերածած էր մեծ գիւղի, իսկ ժողովուրդները՝ գիւղի բնակիչներուն։ Այժմ գիւղ գրեթէ գոյութիւն չունի։ Բնակիչներ չկան։ Աշխարհագրութիւնը իր տեղը զիջած է ցանցային աներեւոյթ ոստայնին, ուր բնակիչները Zoom-ի, WhatsApp-ի, Google meet-ի եւ կամ Microsoft team-ի սովորական թիւեր են։ Կեանքը առաւելաբար կ’ընթանայ անոնց ճամբով, ժամանակի եւ միջավայրի անցեալէն տարբեր մօտեցումներով։

Կ’ապրինք ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր դիմացողը խելացին չէ, զօրաւորը չէ,  Շար...

Թիւ 415 - ԱՌԱՋԻ՛Ն ՕՐԷՆ
(Հ.Մ.Ը.Մ.Ի 12-ՐԴ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Իր ստեղծման առաջին օրէն, Հ.Մ.Ը.Մ. այլ միութիւններու չնմանեցաւ։ Ո՛չ սովորական մարզական ակումբ մը եղաւ, ո՛չ ալ սկաուտական ընթացիկ շարժում մը հանդիսացաւ։ Միութեան հիմնադիրները վարպետ ներդաշնակութեամբ մը մարզականն ու սկաուտականը յաջողեցան մէկտեղել կազմակերպական մէկ կառոյցի տակ, առաջինին խանդավառութեան միացնելով երկրորդին տիսիփլինը, յաղթանակելու կամքին զուգորդելով «ամէն օր բարիք մը գործելու» պարտաւորութիւնը։

Հ.Մ.Ը.Մ. առաջին օրէն որդեգրեց կամաւոր աշխատանքի սկզբունքը, հիմնուած՝ անշահախնդիր նուիրումի, սեփական հանգիստը, ժամանակն ու հաճոյքը հաւաքականութեան սիրոյն զոհաբերելու պատրաստակամութեան վրայ, հոգեկան բաւարարութիւնը եւ խիղճի գոհունակութիւնը ունենալով վարձատրութեան միակ աղբիւր։ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարդը, մարզիկ թէ սկաուտ, շատ բան տուաւ միութեան եւ միութեան ճամբով՝ իր ժողովուրդին, խորապէս համոզուած, որ տա՛լը, նուիրաբերե՛լը աւելի  Շար...

Թիւ 414 - ՄԷ՛Կ ԱԶԳ, ՄԷ՛Կ ՀԱՅՐԵՆԻՔ
(Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՐՑԱԽԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Տարիներու երազ մը իրականացաւ. Հ.Մ.Ը.Մ. իր մասնաճիւղը ունեցաւ ազատագրեալ, ազատ ու անկախ Արցախի մէջ։ Միութիւնը արմա՛տ նետեց պատմական հայրենիքի մէջ, Արցախի հերոսական ու նուիրական հողին մէջ։

Այն հողին, որուն՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ իրենց մանկութենէն կապուեցան իր երազին հասնելու հայ մարդու հաւատքով, դաստիարակութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ։

Այն հողին, որուն պատմութիւնը դարերու խորերէն եկող ազգային իմաստութիւն եւ ոգի փոխանցեց յաջորդական սերունդներու։ Երկիր հասկացողութիւնը վերածեց ոգեղէն արժէքի, սրբութիւն սրբոցի, որուն համար արժեց յանձն առնել ամէն զոհողութիւն։

Ու նաեւ՝ այն հողին, որուն ազատութեան սիրոյն շատեր արիութեան փառքը նուաճեցին, մինչ ուրիշներ,- անոնց կարգին Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ,- իրենց կեանքը ընծայեցին ու անմահացան։

Հ.Մ.Ը.Մ. արմա՛տ նետեց «անյաղթելի մի բուռ աշխարհ»։ Մասնաճիւղ հիմնեց,  Շար...

Թիւ 413 - ՆՈՐ ԷՋ
(Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ Ա. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Ամէն ինչ սկիզբ ու վերջ ունի։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի համար սկիզբը 1918 թուականն է։ Վերջը… հեռաւո՜ր ապագայի հարց կը թուի ըլլալ, այնքան ատեն որ մարմնակրթական այս մեծ միութիւնը գիտէ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս ինքզինք վերանորոգել, թարմացնել ու կատարելագործել։

Միութեան 100-ամեակը կանխած համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերն ու բանակումը, իրենց մասնակիցներու թիւով եւ կազմակերպման յաջողութեամբ, փաստը տուին, որ ինչքա՜ն առողջ եւ կայտառ են Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզական թէ սկաուտական թեւերը։ Անոնք կը գործեն ժամանակի պահանջներով, տեւաբար կը ձգտին լաւին ու լաւագոյնին, հետեւաբար անոնց շարքերը կը մնան ստուար ու խիտ։

Նորերը անդադար կու գան Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքեր, մինչ հիները բնական կարգով իրենց տեղերը կը զիջին  Շար...

Թիւ 412 - ՄԻՒՍ ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆԸ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի տօնակատարութիւններու աւարտին, գրուած ու արտասանուած խօսքերու լոյսին տակ, անպայման հարցում մը կը ծագի հայ մարդուն ուղեղին մէջ, թէ՝ ո՞ւր պէտք է փնտռել մարմնակրթական այս մեծ միութեան դար մը գոյատեւման գաղտնիքը։

Իսկապէս, ո՞ւր պէտք է փնտռել՝

- Արդեօք իր երդումի՞ն մէջ։ Ա՛յն երդումին, որմով ճամբայ ելան Հ.Մ.Ը.Մ.ական սերունդները՝ Նոյեմբեր 1918-ին։ Այդ սերունդներէն առաջինը երդում ըրաւ ամէն գնով իր պապերուն հողերուն եւ ազգային արժէքներուն վերատիրանալ։ Երկրորդ սերունդը, առաջինին օրինակով, իր երդումը վերանորոգեց՝ բռնատիրական կարգերու տապալումէն ետք հայրենիք վերադառնալու եւ Եռագոյնը Երեւանի սրտի՛ն կոթողելու։ Մինչ երրորդ սերունդը Եռագոյնը Երեւանէն Արարատի կատարը փոխադրեց եւ օրհնեալ օր մը զայն Միացեալ  Շար...

Թիւ 411 - ԱԶԳԱՅԻ՛Ն ԱՐԺԷՔ

Ամէն իմաստով տարբեր եղան Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի տօնակատարութիւնները։ Ձեռնարկներու սովորական շարք մը չեղան անոնք, ո՛չ ալ «մենք մեզմով» կատարուած յաւուր պատշաճի հանդիսութիւններ եղան։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի տօնակատարութիւնները իրենց համահայկական տարողութեամբ, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մասնակցութեամբ եւ համաժողովրդային խանդավառութեամբ, պատմութեան անցան, իբրեւ հետք ու դրոշմ ձգող հանդիսութիւններ, խորք ու թելադրականութիւն ունեցող ձեռնարկներ։

Տօնակատարութիւններ շատ կատարուած են ու դեռ պիտի կատարուին, սակայն այն ինչ որ Յուլիս 2018-ին Հայաստանի զանազան քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցաւ, աննախընթաց էր իր ձեւով ու բովանդակութեամբ, հետեւաբար նաեւ արժանի՝ յատուկ ուշադրութեան եւ խորհրդածութեան։

Խորհրդանշական կերպով, 100-ամեակի ջահավառութիւնները ընթացք առին չորս վայրերէ, որոնք հայութեան նահատակներուն եւ միութեան հիմնադիրներուն անժամանցելի պատգամները կը փոխանցեն։

100-ամեակի նուիրուած  Շար...

Թիւ 410 - ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԱՇԽԱՐՀ

Հ.Մ.Ը.Մ.ը աշխարհ մըն է, որ ամբողջութեամբ ծանօթ չէ բոլորին։ Աւելին է ան՝ քան սովորական միութիւն մը, ուր կը յաճախեն որոշ տարիքի, որոշ հետաքրքրութիւն ունեցող մարդիկ միայն։

Աւելին է ան՝ քան միութիւն մը, որուն նպատակները կը սահմանափակուին ժամանակի մը կամ միջավայրի մը մէջ միայն։

Հ.Մ.Ը.Մ. նաեւ աւելին է՝ քան կազմակերպութիւն մը, որ կանոնագիրի չոր ու ցամաք օրէնքներով կ’առաջնորդուի միայն։

Հ.Մ.Ը.Մ. այս բոլորէն աւելին է, որովհետեւ ան իւրայատուկ աշխարհ մըն է, իր մթնոլորտով, գործելու եղանակով եւ գործողներու մտայնութեամբ։ Սահմանափակումներ չկան այդ աշխարհին մէջ։ Չորս տարեկանէն մինչեւ իննսունչորս տարեկանը կրնայ անդամակցիլ անոր։ Հետաքրքրութիւնները եւս այլազան են՝ մարզականէն սկաուտական,  Շար...

Թիւ 409 - «ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐ ԴՈՒՔ ՁԵԶ ՃԱՆԱՉԷՔ ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏԻՑ…» (ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

28 Մայիս 2018 թուականը կը նշէ Հայաստանի անկախութեան 100-ամեակը։ 100 տարի առաջ, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի մէջ «ամէն բան նորից սկսուեց, երբ ամէն բան պիտի վերջանար այնտեղ»:

600 տարուան զրկանքէ եւ անարգանքէ ետք, 28 Մայիս 1918-ին հայ ժողովուրդը ինքնահաստատումի, ինքնակերտումի եւ վերապրումի իր կամքով աշխարհին ներկայացաւ իբրեւ ինքնուրոյն պետութիւն:

«Ընդ հուր» եւ «ընդ սուր» ծնած Հայաստանի Հանրապետութիւնը շրջադարձ մը արձանագրեց հայ ժողովուրդի հոգեբանութեան եւ քաղաքական գիտակցութեան մէջ: Դարերու օտար լուծը այլափոխած էր հայ մարդը, զայն պարպած էր իր մարդկային էութենէն եւ վերածած՝ անջիղ, անկամ ու անդիմագիծ էակի: Մայիս 28-ը կերտեց գաղափարապաշտ, յանձնառու եւ իր իրաւունքներուն տէր  Շար...

Թիւ 408 - ՄԷԿ ՎԱՅՐԿԵԱՆ ՅՈՏՆԿԱ՛ՅՍ

Յարգանքը հազար ձեւ ունի։ Ձեւերէն մէկն ալ յետ-մահու յարգանքն է անոնց, որոնք կեանք մը ամբողջ նուիրաբերած են իրենց միութեան եւ ժողովուրդին։ Տքնած են, վազվզած են, միտք ու հոգի մաշեցուցած են, առողջութիւն սպառած են՝ իրենց կենդանութեան մնալով շուքի եւ լուսանցքի մէջ։

Խօսքը խոնարհներուն մասին է, որոնք պատմութեան էջերուն հազիւ յիշատակութեան մը արժանացած են։ Տարիներով լուռ ու մունջ ծառայած են՝ առանց սակայն օրին մէկը բեմերու մարդ ըլլալու։ Յանձնախմբային թէ վարչական հազարումէկ աշխատանք կատարած են՝ առանց անպայման ծափ ու գնահատանք ստանալու, միակ վարձատրութիւն ունենալով բարոյական գոհունակութիւնը, տալո՛ւ, ուրիշին օգտակար դառնալու մարդկային վսեմ զգացումը։

Շատ են նմանները մեր կեանքին մէջ։ Ծանօթ-անծանօթներ  Շար...

Թիւ 407 - ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՅԱՂԹԱԿԱՆԸ

Վարագոյրը իջաւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 10-րդ մարզախաղերուն վրայ։ Պատուիրակութիւններ իրենց շրջանները վերադարձան յաղթանակի ցնծութեամբ կամ… պարտութեան յուսախաբութեամբ։ Մրցանիշներ պատմութեան անցան, նկարներ եւ տեսանիւթեր դիմատետրի էջերը ողողեցին։

Ու հիմա, ընդհանուր արժեւորման փորձ մը կատարելով, բնական է հարցնել, թէ ո՞վ եղաւ մարզախաղերուն մեծագոյն յաղթականը։ Շատեր կրնան դիտել տալ, որ հարցումը անտեղի է, որովհետեւ գլխաւոր յաղթականը, անկասկած, առաւելագոյն թիւով մետալներ եւ բաժակներ շահած շրջանն է։ Ուրիշներ կրնան պնդել, որ յաղթականը շահուած մետալներու եւ բաժակներու թիւով չի ճշդուիր, այլ՝ մարզական ոգիով եւ միութենական տիպար ընթացքով։ Հետեւաբար, մարզախաղերուն ամէնէն օրինակելի կեցուածք ցուցաբերած շրջանը պէտք է նկատել գլխաւոր յաղթականը։

Այս բոլորը կրնան ճիշդ ըլլալ։  Շար...

Թիւ 406 - ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ (Հ.Մ.Ը.Մ.Ի 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ)

Պատրաստութեան մէջ է Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքը։ Բոլորը կը պատրաստուին ադամանդեայ յոբելեանին՝ միութեան 100-ամեակին։ Ծրագիրները մշակուած են արդէն։ Թուականները յստակացած են։ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղեր, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակում, 100-ամեակի մեծաշուք տօնակատարութիւններ՝ Հայաստանի եւ սփիւռքեան տարբեր ափերու վրայ, գիտաժողով, ցուցահանդէս, կայքէջ, հրատարակութիւններ միայն օրինակներ են նախատեսուած ծրագիրներու երկար շարքէն։

Պատրաստութիւնը գործի մը յաջողութեան կէսն է, ըսուած է իրաւամբ։ Երկրորդ կէսը գործի մը լաւագոյն ձեւով կատարումն է։

Պատրաստութիւնը մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մշակոյթին։ Սկաուտական իր առաջին քայլերը առնող պատանին միութեան մէջ կը սորվի որեւէ նախաձեռնութենէ առաջ թղթածրար ու նախահաշիւ պատրաստել, նպատակ ու առաջադրանք ճշդել։ Մարզական կեանքի մէջ, նորահաս պատասխանատուներ չեն կրնար որեւէ քայլի  Շար...

Թիւ 405 - ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՄՈԼՈՒԹԻՒՆԸ

Վնասաբեր մոլութիւններու մասին շատ խօսուած է։ Ծանօթ եւ ընդհանրացած մոլութիւններ են ծխախոտի, խմիչքի, բախտախաղի եւ գրաւախաղի մոլութիւնները։ Յաղթանակի մոլութիւնը սակայն նորութիւն է, իբրեւ երեւոյթ եւ վտանգ։

Վտանգը կու գայ արդի մարզախաղերու պարզած իրավիճակէն։ Մինչեւ մեր մօտիկ անցեալը մարզախաղերը կը ծառայէին առողջ մարմնի մէջ առողջ միտք կերտելու աշխատանքին, սակայն արհեստավարժութեան եւ առեւտրական մրցակցութեան զարգացումով, նաեւ՝ քարոզչութեան եւ ընկերային ցանցերու գերիշխանութեան հաստատումով, այսօր անոնք դիմագիծ եւ նպատակ փոխած են՝ դարձած են հսկայ ճարտարարուեստ, ուր գերակշռող մօտեցումը շահն է, նիւթականը։

Պէտք է շահիլ, շահելու համար՝ յաղթել։ Ուրեմն, «Ամէն գնով պէտք է առաջնութեան տիրանալ։ Ընդունելի եւ անընդունելի բոլոր ձեւերով յաղթել, որովհետեւ իւրաքանչիւր յաղթանակ կ’ապահովէ  Շար...

Թիւ 404 - ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂՏՆԻՔԸ
(Հ.Մ.Ը.Մ.Ի 98-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Մարդիկ, հայեր ու մանաւա՛նդ օտարներ, յաճախ զարմացած հարց կու տան, թէ ո՞րն է Հ.Մ.Ը.Մ.ի յաջողութեան գաղտնիքը։ Աշխարհը կ’ընթանայ դէպի անհատապաշտութիւն, նիւթապաշտութիւն, ընկերային անապահովութիւն եւ մեքենապաշտութիւն, մինչդեռ Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը թիավարէ այս բոլորին դէմ, կը դիմանայ ու կը մեծնայ քանակով եւ որակով։

«Մարզիկ»ի այս թիւին ընթերցողը կրնայ ափ ի բերան մնալ ի տես այն գործունէութեան, զոր այս միութիւնը ծաւալած է աշխարհի չորս ծագերուն։ Կ’արժէ ուշի-ուշով դիտել խմբանկարները ընթացիկ տարուան բանակումներուն, որոնք Հ.Մ.Ը.Մ.ական եռանդուն գործին վկաները կը հանդիսանան հեռաւոր Աւստրալիայէն մինչեւ ամերիկեան ցամաքամաս, Մոսկուայէն մինչեւ Եւրոպա եւ Միջին Արեւելք։ Հոն ուր հայութիւն կայ, հոն Հ.Մ.Ը.Մ.ի շնչող ու ներշնչող ներկայութիւնը կայ։ Կազմակերպական իր հսկայ  Շար...

Թիւ 403 - ԱՄՈՒՐ ԿԱՄՔՈՎ
(Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՓԼՈՎՏԻՎԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 95-ԱՄԵԱԿԻՆ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ 25-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

2016-ը յոբելենական տարի է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Փլովտիվի մասնաճիւղին համար։ Եւ ինչպէս ամէն յոբելեան, այս մէկը եւս ուրախութեան եւ հպարտութեան աղբիւր է։ Սերունդներու վաստակը եւ զոհողութիւնը յիշելու առիթ է։ Յիշել եւ նորերուն յիշեցնել, թէ ի՞նչպէս սկսաւ այս մասնաճիւղը Պուլկարիոյ մէջ։ Ինչո՞ւ սկսաւ ան եւ ի՞նչպէս կարողացաւ դիմանալ այսքան տարի։

Ամէն ինչ սկսաւ Հայոց Ցեղասպանութենէն քանի մը տարի ետք, Փլովտիվ ժամանած Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պոլսոյ գործիչներով։ Վերապրումի եւ մաքառումի ժամանակներ էին 1920-ական տարիները գաղութին համար։ Եկան նուիրեալներ եւ ֆութպոլի ու աթլեթիզմի խումբեր ստեղծելով մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին շրջանին մէջ։ Յետոյ, կազմեցին սկաուտական շարքեր եւ կազմակերպեցին սկաուտական բանակումներ, որոնց առաջինը տեղի ունեցաւ 85 տարի առաջ, Պուլկարիոյ կեդրոնական  Շար...

Թիւ 400-402 - ՀԱՇՈՒԵՅԱՐԴԱՐ
(«ՄԱՐԶԻԿ»Ի ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ 35-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Յոբելինական տարեդարձները ձեւական խանդավառութեան առիթներ չեն։ Ծափի եւ ողջոյնի առիթներ չեն։ Որքան ալ սիրենք խանդավառութիւնը եւ հաւատանք անոր կարեւոր դերին՝ հաւաքական մեր կեանքին մէջ, պէտք է հաշուեյարդարը կատարել մեր անցեալի գործունէութեան։ Պէտք է փորձել այդ անցեալէն դէպի ապագայ երկարող ճամբուն վրայ խարխափումներէ խուսափիլ եւ յստակ նպատակներու ձգտիլ։

Այս տեսակէտով, «Մարզիկ»ի հրատարակութեան 35-ամեակին եւ 400-րդ թիւի հրատարակութեան զուգադիպող զոյգ տարեդարձները Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարդը կը մղեն հաստատելու, որ անցնող 35 տարիներուն, «Մարզիկ» սովորական լրատուութիւններու եւ թղթակցութիւններու թերթ մը չեղաւ, որովհետեւ հաւատաւոր գրիչներ իրենց նիւթերով, ակնարկներով եւ յուշերով դաստիարակչական օգտակար բեմի մը վերածեցին զայն։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէկ դարեայ պատմութիւնը տողանցեց անոր էջերէն եւ  Շար...

Թիւ 398-399 - Ի՞ՆՉՊԷՍ ՆԵՐԳՐԱՒԵԼ…

Ամէն ժամանակ ունեցած է իր մարտահրաւէրները եւ զանոնք դիմագրաւելու միջոցները։ Ինչ որ մեր օրերը կը յատկանշեն՝ ժամանակի եւ հեռաւորութեան կապուած մարտահրաւէրներն են։

Ժամանակը կապուած է արագութեան հետ՝ օրուան պահանջներուն հետ արագ քայլ պահելու, արագ պատշաճելու, արագ զարգանալու եւ արագ փոխուելու հրամայականին հետ։ Մինչդեռ հեռաւորութիւնը կապուած է արդի արհեստագիտութեան հետ, որուն շնորհիւ աշխարհագրութիւն եւ սահման հասկացողութիւնները կը դառնան ժամանակավրէպ։

Սերունդներ այսօր հասակ կ’առնեն նոր պայմաններու մէջ, ուր ժամանակի եւ հեռաւորութեան հասկացողութիւնները կը ջնջեն մարդոց տարբերութիւնները եւ կը քանդեն հաւաքական ինքնութիւնները։ Կը վտանգուին ազգային արժէքներ, մշակոյթներ եւ ձգտումներ։

Աշխարհը փոքրացած է այլեւս, իսկ երիտասարդութեան երազները մեծցած  Շար...

Թիւ 396-397 - ԻՐԱՐՄՈՎ ՀԶՕՐ
(Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԹԻՖԼԻՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Հ.Մ.Ը.Մ.ի իւրաքանչիւր նոր մասնաճիւղի հիմնադրութիւն գոհունակութեան եւ հպարտութեան առիթ է, որովհետեւ ան ցուցանիշն է միութեան յաղթանակին ընդդէմ՝ ձուլումին, այլասերումին եւ օտարացումին։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դերն ու առաքելութիւնն է այդ. ամէնուրեք արմատներ նետել, մեծնալ, բազմանալ, հզօրանալ, հայանալ եւ հայացնել։

Հ.Մ.Ը.Մ.ը հայացնող միութիւն է։ Աշխարհասփիւռ հին թէ նոր գաղութներ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կարօտովը կ’ապրին, որովհետեւ գիտեն, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներկայութեամբ իրենց մատղաշ սերունդները ապահովագրուած են տեսակ-տեսակ մոլութիւններու եւ ապազգայնացնող երեւոյթներու դէմ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը կարեւոր պատնէշ մըն է մեր վտանգուած գոյութեան դէմ։ Իր հայկական մթնոլորտով եւ հայաշունչ ոգեւորութեամբ ան մարմնակրթանքէ աւելի հոգեկրթանք կը կատարէ։ Հայեցի ոգի կը ջամբէ, պատմութիւն եւ մշակոյթ կը փոխանցէ՝ ազգային ժառանգութեան մը հաւատարիմ պահապանը հանդիսանալով։  Շար...

Թիւ 394-395 - ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՄԲ

Պատմական հարիւրամեակներու միջեւ գումարուած կարեւոր իրադարձութիւն մը եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 11-րդ Պատգամաւորական Ժողովը, որ տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 2015-ին, Աղվերանի մէջ, Հայաստան։ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին յաջորդած այս ժողովը, համազգային հրամայականներէ թելադրուած, վերահաստատեց միութեան պատմական առաքելութիւնը՝ Հայ Մարմնակրթական ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ միութիւն ըլլալու հանգամանքը եւ, առ այդ, միութեան 100-ամեակի սեմին, ուղեգիծ մշակեց ընդհանուրին համար գործելու եւ ընդհանուրը համախմբելու համար։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի 11-րդ Պատգամաւորական Ժողովը միութեան դիմաց բացաւ աշխատանքի անսահման դաշտ մը, որ կ’ենթադրէ անվերջ ծրագրում եւ տքնանք՝ ընդառաջելու համար մեծին ու փոքրին, սկաուտին թէ մարզիկին, վարչականին թէ ծնողքին։ Ամէն մէկը ունի իր կարիքը՝ տեղական պայմաններէ եւ ժամանակի պահանջներէն բխած։ Սկաուտութեամբ եւ մարզախաղերով, Հ.Մ.Ը.Մ.  Շար...

Թիւ 391-393 - Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ԸԼԼԱԼՈՒ ՎԱՅԵԼՔԸ

Առհասարակ, վայելքը կապուած է նիւթական արժէքներու։ Մարդիկ հարստութիւն կը վայելեն, դիրք ու հանգամանք կը վայելեն, աշխա՛րհը կը վայելեն։ Դժուար է ըմբռնել, որ կայ նաեւ վայելքի այլ տեսակ մը, որ կապ ունի մարդկային արժէքներու ծառայութեան հետ, ազգային նուիրաբերումի հասկացողութեան հետ։

Գաղափարի մարդն է միայն, որ կրնայ նման վայելք ապրիլ։ Անձնազոհ մարդն է միայն, որ կրնայ ուրախանալ եւ հպարտանալ այսպիսի վայելքով ապրուած կեանքի մը փորձառութեամբ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ականը գաղափարի մարդ է, անձնազոհ է։ Միութենականութիւնը վայելք է իրեն համար։ Օրինակը կու գայ հեռաւո՜ր Արժանթինէն, ուր կեանքի վերջալոյսին մօտեցած հաւատաւոր մը բառերը հատիկ-հատիկ ընտրելով կը խոստովանի. «Ես ապրեցա՛յ Հ.Մ.Ը.Մ.ական ըլլալու վայելքը…»։

Կը  Շար...

Թիւ 388-390 - ՉԱՓ ՈՒ ՍԱՀՄԱՆ

Բնութեան օրէնքով ամէն բան ունի իր չափն ու սահմանը։ Ամէն ինչ իր չափին ու սահմանին մէջ հաճելի է, օգտակար է։ Սակայն երբ չափն ու սահմանը կը խախտին, ամէնէն օգտակար նկատուած բաներն անգամ կը դառնան վնասակար։

Բնութեան օրէնքը կիրարկելի է նաեւ մարդոց համար։ Ամէն տարիքի, ամէն խաւի ու դիրքի մարդիկ ունին, պէ՛տք է ունենան չափի ու սահմանի իրենց զգացողութիւնը, որ պիտի կանոնաւորէ մարդկային յարաբերութիւնը։ Կրտսեր մանուկը չի կրնար շրջանցել ծնողքին սահմանը եւ կատարել բաներ, որոնք մեծահասակներու միայն կրնան արտօնելի ըլլալ։ Մարզիկն ու սկաուտը չեն կրնար ներկայացնել անսահման պահանջներ եւ ակնկալել, որ պատասխանատուները ընդառաջեն իրենց։

Պետութիւններ, միութիւններ եւ հաստատութիւններ ունին  Շար...

Թիւ 386-387 - ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ՄՕՏԵՑՈՒՄՈՎ

Մէկ օրէն միւսը կարելի չէ պատասխանատու ըլլալ եւ հաւաքականութեան մը ճակատագիրը տնօրինել։ Աշխարհի բոլոր օրինագիրքերը մէկու մը պատասխանատուութիւն վստահելու համար կը սահմանեն տրամաբանական ժամանակ։ Ի վերջոյ, թեկնածուն պէտք է ճանչնայ իր ստանձնելիք պատասխանատուութիւնը, գիտնայ իր ընելիքը, ծանօթանայ իր դիմագրաւելիք դժուարութիւններուն եւ ըստ այնմ պատրաստ ըլլայ զանոնք դիմագրաւելու։

Պատասխանատուութիւնը կեցուածք է, խօսք է ու գործ է։ Ու այս բոլորէն առաջ՝ որոշ ապահովութիւն ներշնչող սեփական անձի օրինակ է, որ երկար տարիներու փորձառութեան, զոհաբերութեան եւ անշահախնդրութեան հարազատ ու համոզիչ վկան կրնայ ըլլալ։

Պատասխանատուութիւնը սակարկութիւն չի ճանչնար։ Կէս կատար կամ ժամանակաւոր պատասխանատուութիւններ չեն կրնար ըլլալ։ Մարդ կա՛մ լիիրաւ պատասխանատուութիւն կը ստանձնէ  Շար...

Թիւ 383-385 - ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԻՏԷԱԼԸ

2014-ի ամառը բեղուն եւ արդիւնաշատ եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ին համար. «Արարատեան» կարգի կազմակերպում, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 10-րդ բանակումի իրագործում, Սփիւռքի նախարարութեան հետ գործակցութեան յուշագիրի ստորագրութիւն, Բիւրականի ընդլայնուած ու վերանորոգուած բանակավայրի բացում, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Բագրատ Եսայեանի Համաշխարհային Սկաուտական Շարժումի Բիւրոյի անդամ ընտրութիւն եւ այլն։

Սովորական իրադարձութիւններ չեն ասոնք։ Իւրաքանչիւրը առանձինն շատ բան ունի թելադրելիք մեր ժողովուրդին ընդհանրապէս եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ին յատկապէս։ Երկարաշունչ ծրագրումի եւ նոյնքան երկարատեւ աշխատանքի արդիւնք են անոնք։ Հաւաքական ճիգով իրագործուած, հաւատաւոր միութենականներու ճակտի քրտինքով կերտուած։ Պետական տարողութեամբ աշխատանք մը, արդարեւ, առանց սակայն պետական միջոցներու՝ «Կամաւոր բանակ»ով եւ անսահման նուիրաբերումի դրամագլուխով։

«Արարատեան» կարգը կը նպատակադրէր սկաուտական պատասխանատու  Շար...

Թիւ 382 - ԿԱՐԳ ՈՒ ԿԱՆՈՆ

Ինչքա՜ն կը խօսուի կարգ ու կանոնի մասին։ Ինչքա՜ն շատ ծնողներ, կրթական ու միութենական պատասխանատուներ կարգ ու կանոն կը յանձնարարեն իրենց դեռատի պատանիներուն։

Արդեօք մեր տուներուն, դպրոցներուն եւ ակումբներուն մէջ կարգ ու կանոնի կիրարկումը գոհացուցի՞չ է։

Պատճառներ ունինք թերահաւատ ըլլալու այս մասին, որովհետեւ ազգային մեր յատկանիշներէն մէկն է… կանոնասէր եւ կանոնապահ չըլլալը։

Օրինակներ թուելու կարիքը կա՞յ։

Յիշենք միայն մեր անճշդապահ եւ անկանոն ժողովները։ Յիշենք մեր անկանոն եւ թափթփած աշխատանքները։ Յիշենք մեր «աչքը բաց» անկանոնութիւնները խճողուած ձեռնարկներու, պսակի, նոյնիսկ թաղումի պահերուն։

Թուե՞նք նաեւ մեր անձնական թէ միութենական գործի կանոնազանցութեան մանրուքները, «այսպէս ալ կ’ըլլայ, այդպէս ալ կ’ըլլայ»ի  Շար...

Թիւ 381 - ԴՐՕՇԱԿԸ

Գիտակից մարդու մը համար կեանքի մեծագոյն հարստութիւններէն մէկն է հայրենիքը։ Կտոր մը հող, ուր պապենական արմատները թաղուած են։ Հող, ուրկէ կը սնանի ան իր զգացումներով, երազներով, ոգիով եւ բովանդակ էութեամբ։ Հող, որ քաղցր, ջերմ, ապրող ըլլալէ աւելի՝ անգին է ու սրբազա՛ն։

Այս է պատճառը, որ մարդ կը պայքարի իր հայրենի հողին պահպանման համար։ Եթէ կորսնցուցած է զայն՝ կը պայքարի ամէն գնով անոր վերատիրացման համար։ Ու կը պայքարի անոր պաշտպանութեան սիրոյն, յանձն առնելով ամէն ձեւի զոհողութիւն։ Արդարեւ, մարդ, իր շրջապատը, ընկերութիւնը, ժողովուրդն ու ազգը կը կազմաւորուին, կը գոյատեւեն ու կը յառաջդիմեն միայն հարազատ հողի վրայ, սեփական հայրենիքի մէջ։  Շար...

Թիւ 380 - ՏՕՆԱՀԱՆԴԷ՛ՍԸ

Մոնտիալ է դարձեալ. ֆութպոլի սպասուած տօնը, տօնահանդէ՛սը։ Աշխարհի չորս ծագերուն տօնական ցնծութիւն է 32 օր։ Մարդկութիւնը կ’ապրի մոնտիալի կշռոյթով, մրցակցութեան, բախտի եւ յաղթանակի անսահման վայելքով։ Երազն ու իրականութիւնը խառնուած են իրարու։ Մարզասէրներ ֆութպոլի անցեալը, ներկան ու ապագան կը փորձեն տեսնել մոնտիալի ընդմէջէն։

Բոլոր ճամբաները կը տանին… Պրազիլ, ուր մոնտիալի կազմակերպիչները կը խոստանան ներկայացնել անմոռանալի ու գեղեցիկ աւարտականներ։ Գեղեցիկ աւարտականներ՝ գեղեցիկ ֆութպոլի հայրենիքին մէջ, ուր Փելէն եւ Կարինչան, Զիքոն եւ Սոկրատեսը, Ռոմարիոն եւ Ռոնալտոն ֆութպոլի պատմութեան փառքը հիւսած են յաղթանակի իրենց սամպաներով։

Գրաւիչ է մոնտիալը, կախարդական նկատուելու աստիճան։ Մոնտիալի «փոքրիկ կախարդ»ին՝ կլոր գնդակին շուրջ կը միանան աշխարհի  Շար...

Թիւ 379 - ՏԵՒԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔԸ

Առաջնորդել եւ առաջնորդուիլ, ղեկավարել եւ ղեկավարուիլ, այս է ընկերային, հասարակական, միութենական թէ ընտանեկան կեանքին հիմնական սկզբունքը։

Չկայ որեւէ հաստատութիւն, կազմակերպութիւն թէ պետութիւն, որ առանց առաջնորդի եւ ղեկավարութեան կարենայ գոյութիւն ունենալ եւ արդիւնքի հասնիլ։

Առաջնորդելու համար պէտք է խոր հաւատք ունենալ մեր քարոզած սկզբունքներուն եւ, յարատեւօրէն ու հաւատարմօրէն, մեր կեանքով հաստատել այդ սկզբունքները։

Աշխատանք մը կատարելու, ծրագիր մը յաջողցնելու հրահանգ արձակող առաջնորդը բոլորէն առաջ ի՛նք պէտք է գործնապէս օրինակ դառնայ առաջնորդուողներուն։

Ազգերու եւ միութիւններու պատմութեան մէջ կարելի է հանդիպիլ բազմաթիւ առաջնորդներու, որոնք յաջողած են իրենց հետեւորդները նուաճումներու բարձունքին հասցնել, պարզ այն պատճառով որ հաստատ  Շար...

Թիւ 378 - ՀԱՐՑՈՒՄ ՄԸ
(ԵՂԲ. ՄԻՀՐԱՆ ՇԻՄՇԻՐԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Ոչ եւս է եղբայր Միհրան Շիմշիրեան։ Ա՛լ չկայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան բազմավաստակ անդամը, շրջահայեաց ղեկավարը, հաւատաւոր միութենականը, ժրաջան գանձապահն ու «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի ներկայացուցիչը։ Մեծ մը միութեան մեծերէն, մեծ՝ իր նուիրումով, մեծ իր վաստակով ու մեծ իր արժանիքներով։

Բայց արդեօք մեծերը կը մեռնի՞ն. Յովհաննէս Շահինեանը, Նշան Թիւսիւզեանը, Վարդգէս Տէր Կարապետեանը, Տոքթ. Միսաք Արզումանեանը մեռա՞ծ են…

Մեծերը չեն մեռնիր, որովհետեւ անոնք ապագայի հիմնադիրները կը հանդիսանան, հետեւաբար անոնց գործերը կը շարունակուին նոյնիսկ իրենց բացակայութենէն ետք։

Եղբայր Միհրան Շիմշիրեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի ապրող սերունդի վերջին մեծերէն էր, այն հազուադէպ օրինակներէն, որոնց կեանքն ու վարքը կրնան ուղեցոյց ըլլալ յաջորդական սերունդներու։

Մեծերը մեծ են իրենց գործով, խօսքով, մտածումով  Շար...

Թիւ 377 - ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼՈՒ ԿԱՄՔՈՎ
(ՀԱԼԷՊԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ, ՀԱԼԷՊԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ)

Երեք տարիէ մութ ամպեր մթագնած են Հ.Մ.Ը.Մ.ական կեանքի երկնակամարը ասպնջականութեան եւ խաղաղասիրութեան երկրին մէջ։ Անորոշութիւնը կամար նետած է Սուրիոյ հայութեան կեանքին վերեւ։ Քաղաքական, ապահովական եւ ընկերատնտեսական սուր տագնապները ծանր կորուստներու մատնած են հալէպահայութիւնը։ Կորուստներէն վերջինը Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի պարտէզ¬մարզարանին հրկիզումն է՝ կոյր հրթիռի մը զոհը դառնալով։

Հրթիռներու ժխորը կանգ չէ առած տակաւին։ Մահը ինքզինք կը պարտադրէ կեանքին, խաւարը՝ լոյսին, ատելութիւնը՝ համաձայնութեան, քաոսը՝ խաղաղութեան։ Մտահոգիչ այս կացութեան մէջ, համայն հայութեան աչքերը սեւեռած են Հալէպի հայութեան վրայ, որուն յոյսի արեւը ստուեր չէ տեսած ու պիտի չտեսնէ։ Հալէպը, որպէս մայր գաղութ, ազգային իր կառոյցներով ու միութիւններով, կը մնայ կանգուն, անխորտակելի, որովհետեւ ան  Շար...

Թիւ 376 - ՀՈԳԱՏԱՐ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ
(95-ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԻԹՈՎ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԵՐԷՑ ՍԵՐՈՒՆԴԷՆ)

Ամէն միութիւն նախ պէտք ունի ժառանգութիւն ստեղծողներու, ապա՝ ժառանգութիւնը պահողներու եւ անոր վրայ նոր բան աւելցնողներու։ Ժառանգութիւնը, միութեան մը պարագային, բարոյական¬միութենական այն արժէքներն են, գործի եւ վաստակի տարիներու այն գումարն է, որ միութիւն մը միութի՛ւն կը դարձնէ, անոր ինքնուրոյն նկարագիր եւ դիմագիծ կու տայ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի 95¬ամեակի մեր ակնկալութիւններու շարքին, միութեան կրտսեր եւ միջին սերունդներուն անդրադառնալէ ետք, կարգը հասած է երէց սերունդին՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ական ժառանգութիւն ստեղծած քոյրերուն եւ եղբայրներուն, որոնք տասնամեակներու ծառայութենէ ետք՝ այժմ հրապարակի վրայ չեն, սակայն արժանի են յատուկ ուշադրութեան եւ գնահատանքի։

Կար ժամանակ, երբ երէց սերունդի այս ներկայացուցիչները իրենց հաւատքին զօրութեամբ եւ միութենական գիտակցութեամբ, գիշերը ցերեկին  Շար...

Թիւ 375 - ԾԱՌԱՅՈՒԹԻ՛ՒՆ
(95-ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԻԹՈՎ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԻՆ ՍԵՐՈՒՆԴԷՆ)

Անցնող 95 տարիներուն մագնիսի ուժգնութեամբ բառ մը իրեն քաշեց Հ.Մ.Ը.Մ.ական յաջորդական սերունդները։ Բառ մը, որ այսօր ալ իրեն կը կապէ միութեան միջին սերունդը, այժմ պատնէշի վրայ եղող տղաքն ու աղջիկները։

Ծառայութիւնն է այդ։

Ծառայութեան մեծ դպրոց մը եղաւ ինքը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ը, ուր նորահաս սերունդներու մարմնակրթութեան համար հազարաւորներ եկան ու գիտակից զոհաբերութեամբ տուին ինչ որ ունէին կեանքէն ու անցան։

Կարգը այժմ հասած է Հ.Մ.Ը.Մ.ական ներկայ սերունդին, երէց սերունդին յաջորդած միջին սերունդին, որպէսզի ան եւս գիտակցի այս ճշմարտութեան եւ կարենայ անձնական մօտեցումներէն բարձրանալ գաղափարական մարդու վայել բարձրութեան՝ դառնալու համար տիպարը կրտսեր սերունդին, որովհետեւ վաղուան սերունդը եթէ այլասերի եւ  Շար...

Թիւ 371-374 - ՆՈՐ ՄԵԿՆԱԿԷՏ

Մարզական մեր կեանքը չի կրնար համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 9-րդ մարզախաղերէն ետք ըլլալ այն` ինչ որ էր մարզախաղերէն առաջ։ Մարզախաղերը իրագործում մը եղան միութեան 95-ամեայ կեանքին մէջ եւ մեկնակէտը հանդիսացան ապագայի նոր իրագործումներու։

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 9-րդ մարզախաղերը հանդիսացան Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութեան մեծագոյն մարզախաղերը, որոնք լուրջ փորձաքարի ենթարկեցին միութեան կազմակերպական, ֆինանսական ու մարզական ամբողջ կարողականութիւնը։ Փորձաքարը պատուով յաղթահարելը միութեան հաշուոյն բարենիշ մըն էր, բայց նաեւ պարտաւորեցնող հանգամանք՝ յառաջիկային կազմակերպելու նոյնքան եւ աւելի լաւ մարզախաղեր։

Իրագործուած յաջողութենէն ետդարձ կատարելը կարելի չէ։ Բոլորը գնահատեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ը։ Քաղաքական թէ կրօնական բարձրաստիճան պատասխանատուներ, հայրենի թէ սփիւռքեան հեղինակաւոր կազմակերպութիւններ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերուն մէջ տեսան սեփական ժողովուրդին ազգային կորովը բարձր  Շար...

Թիւ 370 - Օ՛Ն, ԿՐՏՍԵՐ ՍԵՐՈՒՆԴ
(ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ 95-ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԻԹՈՎ)

Հ.Մ.Ը.Մ.ի 95-ամեակի տօնակատարութիւններուն հետ, բոլորին աչքերը սեւեռած են միութեան կրտսեր սերունդին, այսօրուան գայլիկ-արծուիկին, մարզական խումբերու դողդոջ ներկայացուցիչին, որ վաղը, միւս օր կոչուած է ըլլալու միութեան առաջնորդող տարրը։ Ինչե՜ր չեն թագնուած այդ սերունդի ներաշխարհին մէջ. ի՜նչ երազներ, ի՜նչ ծրագիրներ։ Այդ վառվռուն աչքերը, որոնք միութեան ապագան կը ցոլացնեն, իրենց բոցկլտող կրակը առած են անցեալէն ու իրենց սէգ նայուածքը ուղղած են ապագային։

Այսօրուան կրտսեր սկաուտը կամ մարզիկը վաղուան երէց-պարմանուհին է, ներկայացուցչական խումբի մարզիկը, հուսկ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարչականն ու պատասխանատուն։

Կրտսեր Հ.Մ.Ը.Մ.ականը ազգին կորիզն է, վաղուան ազգը ամբողջ։

Կրտսեր Հ.Մ.Ը.Մ.ականները գիտե՞ն այս բոլորը։

Կրտսեր Հ.Մ.Ը.Մ.ականները ունին իրենց երազները, ծրագիրները։  Շար...

Թիւ 369 - ԻՆՉՈ՞Ւ ՉՈՒՆԻՆ…

«Ներկայի երիտասարդները չունին անցեալի երիտասարդներուն գաղափարապաշտութիւնն ու զոհողութիւնը», կը հաստատէինք մեր նախորդ խմբագրականներէն մէկուն մէջ (թիւ 365-366)։ Հաստատումը լայն արձագանգ կը գտնէր ընթերցողներու մօտ եւ տեղի կու տար այլատեսակ մեկնաբանութիւններու։ «Ինչ որ ցանես այն կը հնձես» կը գրէր մէկը, «առիթը տուէք որ գործեն» կ’ընդգծէր մէկ ուրիշը։

Երեւոյթը նոր չէ։ Առաջին անգամը չէ որ նոր սերունդը կը մեղադրուի ազգային-միութենական գործունէութեան հանդէպ իր ունեցած հետաքրքրութեան եւ խանդավառութեան պակասին համար։ Հայրերու եւ որդիներու ընթացիկ պայքարին մէկ արտայայտութիւնն է այս։ Բայց, անշուշտ, միայն այդ չէ։

Այսօրուան երիտասարդութիւնը, անկասկած, շատ աւելի հաշիւը գիտցող, գործնական ու կենցաղասէր է, քան զգացական թռիչքներով ապրող եւ  Շար...

Թիւ 368 - ՈԳԻԻ՛ ՎԵՐԱԾԵԼ

Շինարարական աշխատանքները անպակաս են ազգային մեր կեանքին մէջ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ն ալ իր բաժինը ունի այդ աշխատանքներուն մէջ։ Կը կերտուին Հ.Մ.Ը.Մ.ի նոր կեդրոններ, կը շինուին նոր մարզադաշտեր, կը կառուցուին արդիական բանակավայրեր։

Երեւոյթը խրախուսական է եւ խոր գոհունակութեամբ մը կը հաստատէ, որ զոհողութեան եւ նուիրաբերումի տրամադրութիւնները ոչ միայն չեն ցամքած մեր ժողովուրդին մօտ, այլեւ՝ մնայուն կենսունակութեամբ մը կը յորդին, հակառակ համաշխարհային տնտեսական տագնապին։

Քիչ մը ամէն տեղ կը գտնուին ազգային բարերարներ, որոնք պատկառելի գումարներ կը նուիրեն ազգօգուտ ծրագիրներու իրականացման համար։ Ժողովուրդն ալ իր կարգին, յարատեւ ու ամէնօրեայ զոհաբերութեամբ, լայն մասնակցութիւն կը բերէ ազգային կառոյցներու շինութեան գործին։ Գաղութէ գաղութ ձեռնարկներու  Շար...

Թիւ 367 - «ԲԱՐՁՐԱՑԻ՛Ր-ԲԱՐՁՐԱՑՈ՛ՒՐ»
(Հ.Մ.Ը.Մ.Ի 95-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Բարձրանալու ձգտումը մարդկային է։ Մարդ էակը այդ ձգտումով կ’արժեցնէ իմացական ու բարոյական իր գերակայութիւնը կենդանական աշխարհին վրայ։

Հակառակ այն իրողութեան, որ կենդանիներու մօտ եւս մտքի եւ բարոյականի ըմբռնումը երբեմն կը համապատասխանէ մարդկայնական իտէալներու, մենք կը հաւատանք սակայն այն աւանդութեան, որ կ’ըսէ թէ՝ «Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած է մարդը», այսինքն՝ կատարեալին ձգտումը, ազնիւին ու բարիին հասնելու տենչը, սիրոյ եւ եղբայրութեան ծարաւը միայն մարդը կրնայ գործնական արտայայտութեան վերածել։

«Բարձրանալ»ու հանգանակը անհատական նպատակ մը ըլլալով հանդերձ՝ հաւաքական կոչում մըն ալ կ’ենթադրէ։ Մարդկային ընկերութեան մէջ ապրող ամէն անձ, որքան ալ հարուստ ըլլայ նիւթական, մտաւորական ու հոգեկան կարողութիւններով, ան կախեալ է հաւաքականութենէ մը,  Շար...

Թիւ 365-366 - ԹՈՂ ԳՈՐԾԵ՛Ն

Իմաստուն հին խօսք մը կþըսէ. «Եթէ երիտասարդները գիտնային եթէ ծերեր կարենային»։ Առաջիններուն «գիտնային»ը փորձառութիւնն է, իսկ երկրորդներուն «կարենային»ը խանդավառութիւնն է։ Երկուքը զիրար չեն փոխարիներ, զիրար կը լրացնեն։

Ծերերը փորձառութիւն ունին, բայց խանդավառութիւն չունին։ Երիտասարդները խանդավառութիւն ունին, բայց փորձառութիւն չունին։ Ո՞րն է կարեւորը կեանքի մէջ։ Խանդավառութիւնը, անկասկա՛ծ։

Փորձառութիւնը կուտակուած իմաստութիւն է, բայց գործօն տարր չէ։ Խանդավառութիւնը կուտակուած իմաստութիւն չէ, բայց գործօն տարր է։ Առաջինը ապահովագրութիւն է սխալներու դէմ։ Երկրորդը ապահովագրութիւն է անգործօնութեան դէմ։ Փորձառու մարդը նուազ կը սխալի, քան խանդավառ մարդը։ Բայց խանդավառ մարդը աւելի գործունեայ կþըլլայ, քան փորձառու մարդը։ Առաջինը կը մտածէ քայլ մը առնելէ ետք, երկրորդը կը մտածէ քայլ  Շար...

Թիւ 363-364 - ՑՈՒՑԱԿԱՆԸ ԵՒ ՀԻՄՆԱԿԱՆԸ

Ցուցականը եւ հիմնականը գործունէութեան մը երկու հակառակ երեսները կը կազմեն։

Ցուցականով մարդիկ կ’աշխատին ներգրաւել միամիտներ, ցոյց տալ անոնց թէ նախաձեռնութիւնը, որուն գլուխը կը գտնուին անոնք, հրաշալի նուաճումներ կը կատարէ։

Ամէն ինչ կեղծ, ամէն ինչ շպարուած ու չափազանցուած ներկայացնելով բազմութիւնները հմայելու խաբուսիկ աշխատանք մըն է ցուցականը։ Աճպարարներու կողմէ հետապնդուած միջոցն է ան, որ նպատակ ունի միշտ խաբելով, զարմացնելով ու զանգուածներու միամտութիւնը շահագործելով իրականացնել առաջադրուածը։

Ցուցականը միջակէն վար բազմութիւնները ներգրաւելու գործելակերպ մըն է։

Հակառակն է լուրջն ու հիմնականը, որ կը ձգտի լաւին, կատարեալին ու անկեղծին։

Ցուցականօրէն մարդ կրնայ խաբել իր շուրջի միամիտները, բայց երբ հաշուի նստի  Շար...

Թիւ 362 - ՅԱՋՈՐԴՆԵՐ ՊԱՏՐԱՍՏԵՆՔ

Կեանքի անողոք օրէնքն է մահը։ Մահուան գերանդին կը գործէ միշտ, ամէնուրեք, եւ մասնաւորաբար, մեր կեանքին մէջ։

Մասնաւորաբար կ’ըսենք, որովհետեւ մեր կեանքը աւելի դիւրութիւններ կ’ընծայէ գերանդիին չարաշուք գործին համար։ Միութենական մարդը աւելի շատ կը տագնապի, շուտ կը մաշի եւ… կը հալի։

Կը բաւէ թերթատել «Մարզիկ»ի վերջին տարուան թիւերը, ուր «Մեր կորուստներ»ու բաժինը լեցուն է անուններով, որոնք տասնամեակներ շարունակ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ճամբով աշխատած են իրենց ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար, իրենց ուժերուն առաւելագոյն կարողութեամբ։ Անդարձ մեկնած են միութենական վաստակաշատ դէմքեր, որոնք անմոռանալի գործեր կատարած են իրենց կենդանութեան։

Սգալու համար չէ որ կ’արձանագրենք այս տողերը, այլ՝ մտածելու համար։ Ճակատագիրը,- ինչպէս  Շար...

Թիւ 361 - ԽՏԱՑՆԵ՛ՆՔ ՇԱՐՔԵՐԸ
(ՀԱՅ ՍԿԱՈՒՏՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ԲԱՆԱԿՈՒՄԻՆ ԵՒ ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ Է. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Մարդու մը կազմաւորման ամէնէն կարեւոր շրջանը, անկասկած, պատանեկութիւնն է։ Մանկութենէն նոր դուրս եկած պատանին, երիտասարդութեան տարիքը թեւակոխելէ առաջ, կ’անցընէ չորսէն հինգ տարուան շրջան մը, որ ճակատագրական կնիքով կը դրոշմէ անոր կեանքին ընթացքը։

Այդ շրջանին պատանին կը կազմաւորուի ֆիզիքապէս, հոգեպէս եւ բարոյապէս։ Ի յայտ կու գան անոր հակումները, ձգտումները, նախասիրութիւնները։ Ձեւ կ’առնեն անոր գաղափարները։ Կը ճշդուի անոր իտէալը։ Ճիշդ այս զգայուն հանգրուանին, հարկ է հոգ տանիլ պատանիին դաստիարակութեան, հսկել անոր զբաղումներուն, ուղղել թերիները, կերտել անոր նկարագիրը, ուղիղ ճամբու դնել անոր քայլերը։

Պատանեկութիւնը պատրաստութեան շրջանն է, երիտասարդութիւնը՝ գործի, արդիւնաբերութեան։ Լաւ արդիւնք ունենալու համար պէտք է լաւ պատրաստել։

Զանազան  Շար...

Թիւ 360 - ՉԱՐԻՔԻՆ ԱՐՄԱՏԸ

Գրեթէ ծանօթ ճշմարտութիւն է, որ մենք անհատաբար արժէք ներկայացնող մարդիկ շատ ունինք։

Կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ առաջնակարգ ու տաղանդաւոր դէմքեր շատ ունինք։ Հայ թէ օտար շրջանակներու մէջ յաջողած անունները բազմաթիւ են։ Անձնաւորութիւններ, որոնք յարգանք կը պարտադրեն, համբաւ կը վայելեն։ Ուժ են, իբրեւ բարոյական հեղինակութիւն կամ նիւթական կարելիութիւն։

«Ես»երով կը փայլինք, սակայն իբրեւ «Մենք» տժգոյն ենք։ «Արեւ»ներ ու «աստղ»եր կան հայկական երկնակամարին վրայ, բայց պայծառ ու լուսաւոր չէ հայ կեանքը։

Կը հպարտանանք անհատական արժանիքներով ու յաջողութիւններով աչքի զարնող հայերու ի տես, սակայն երբ հայութեա՛ն կը նայինք՝ տխուր ու մտահոգիչ շատ բան կը գտնենք, Հայաստան թէ Սփիւռք։

  Շար...

Թիւ 359 - ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ ՊԱՐՏՔԸ
(ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ 6-ՐԴ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Հանրածանօթ ճշմարտութիւն է, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութիւնը 100-ամեայ իր վաստակով հայ կեանքին հասցուցած է անթիւ տղաք ու աղջիկներ, որոնք մարդկային ու ազգային վեհ գաղափարներով տոգորուած՝ շեշտօրէն մնացած են հայ եւ գիտակցօրէն ապրած են հայկականութեան իրենց պարծանքը։

Նոյնքան ծանօթ իրողութիւն է, որ 100-ամեայ այս իրագործումը Հ.Մ.Ը.Մ. մեծ մասամբ կը պարտի սկաուտական շարժումի պատասխանատուներու անձնազոհութեան, հաւատքին ու կամքին։

Բայց կ’արժէ այս հաստատումներէն անդին անցնիլ եւ հարց տալ, թէ ի՞նչ կարեւորութիւն, ի՞նչ աշխատանք ու ի՞նչ ժամանակ կը տրամադրուի սկաուտական շարժումի նման պատասխանատուներու պատրաստութեան համար։

Սկաուտական շարժումի պատասխանատուները՝ Շրջանային ընդհանուր խմբապետներ, Շրջանային թէ միաւորներու խմբապետներ ու խմբապետուհիներ կոչուած են նոր  Շար...

Թիւ 358 - ԼՐՋՈՒԹԵԱՆ ՊԱԿԱՍ

Քիչ մը ամէն տեղ լրջութեան պակաս կայ մեր կեանքին մէջ։ Խախտած են չափի ու չափանիշի հասկացողութիւնները։ Աջ ու ձախ ձրի տիտղոսներ եւ շքանշաններ կը բաժնուին` հաճոյակատարութեան ընդհանուր մթնոլորտի մը մէջ։

Մեր շուրջը աւելի շատ գովասանքներու շռայլանք կայ՝ քան սրտցաւ ու շինիչ թելադրանք։ Աւելի շատ ծափ ու փառաբանանք կայ՝ քան հաշիւ պահանջող լրջախոհ մօտեցում ու կեցուածք։

Մեր չափը դարձած է չափազանցութիւնը։ Մեր պարծանքը՝ մեր նուազագոյն յաջողութիւնը։

Բարքերու անկումը հասած է բանաւոր ու գրաւոր քարոզչութեան մեր բեմերը։ Այսպէս, ընթացիկ մեր ձեռնարկները դարձած են «աննախընթաց», «փառաշուք» ու «բացառիկ»։ Երբ գրող ու կարդացող հաւասարապէս գիտեն, որ եղածը սովորական բան  Շար...

Թիւ 357 - ՖՈՒԹՊՈԼԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ
(«ԵՈՒՐՕ-2012»-ԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Տարբեր է ֆութպոլը։ Ընթացիկ, տեղական ու մասնակի հաճոյքէ մը ան բարձրացած է ազգային արժանապատուութեան մը կիրքին։

Յաճախ, ազգային աղէտ կը նկատուի ազգային խումբի մը պարտութիւնը Եւրոպայի թէ աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն։ Կարգ մը երկիրներու պարագային, պարտութիւնները իրենց անդրադարձը կ’ունենան քաղաքական ընտրութիւններուն վրայ։

Սպանիոյ ազգային խումբը, երբ «Եուրօ 2008»-ի տիտղոսին տիրացաւ, սպանացի ժողովուրդը ուրախացաւ այնքան, որքան պիտի ուրախանար՝ եթէ երկրին տնտեսական տագնապը լուծուէր հիմնովին։

Անկէ առաջ՝ 2004-ին, Յունաստան ուրախութեան նուազ տօնախմբութիւններ չկազմակերպեց։

ֆութպոլի ժողովրդականութիւնը վիպականացած բան մըն ալ ունի իր շուրջ եւ դիւրութեամբ կրնայ գրականութեան հում նիւթ դառնալ։ Հետաքրքրական է, արդարեւ, ուսումնասիրել հանդիսատեսի եւ ֆութպոլիստի հոգեբանութիւնը։

  Շար...

Թիւ 356 - ՔԱՆԱԿԸ՝ ԿԱՐԵՒՈՐ

Քանակի եւ որակի խնդիրը նոր չէ։ Յաւիտենական պայքարի մէջ են երկուքը։ Քանա՞կն է, որ որակ կը ծնի, թէ որակն է, որ իր շուրջ քանակ կը համախմբէ։

Երկու պարագային ալ քանակը կարեւոր է, իբրեւ թիւ ու կշիռ։ Ի զուր չէ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ռազմավարական ծրագիրը ամբողջ գլուխ մը կը յատկացնէ այս մտահոգութեան՝ «Անդամակցութեան թիւի աճ եւ անդամներու պահպանման բարելաւում» վերնագրով։

Քանակի մտահոգութիւնը համահայկական է եւ ունի կենսական նշանակութիւն, որովհետեւ Սփիւռքի հայ պատանիներու եւ երիտասարդներու 96 առ հարիւրը՝ աւելի քան 600 հազար հայորդիներ, այսօր կը յաճախեն ոչ-հայկական վարժարաններ եւ, հետեւաբար, անհասանելի են Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ ընդհանրապէս հայկական միութիւններուն։

  Շար...

Թիւ 355 - ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ԹԹՈՒԱԾԻՆԸ
(ՀԱՅ ՍԿԱՈՒՏՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

2012-ը յոբելենական տարի մըն է հայ սկաուտութեան համար։ Հայաստան թէ Սփիւռք տօնակատարութիւններու շարքով մը կը նշեն 100-ամեակը հայ սկաուտութեան հիմնադրութեան, որուն պատիւը կ’երթայ Հ.Մ.Ը.Մ.ին։

Կ’արժէ 100 տարի ետ երթալ, Առաջին աշխարհամարտը նախորդող տարիները, փոխադրուիլ Պոլիս, ազգային-մշակութային եռուզեռի այդ քաղաքը, կարելի հարազատութեամբ հասկնալու համար արժէքը այն շարժումին, որուն առաջնորդները իրենց տեսիլքով լուսաւորեցին հայ երիտասարդութեան ուղին։

Միջազգային սկաուտական շարժումը հազիւ ծնունդ առած, գտնուեցան հայեր, դաստիարա՛կ մարդիկ, որոնք անմիջապէս ըմբռնեցին անոր կարեւորութիւնը սերունդներու առողջ դաստիարակութեան գործին մէջ։ Հինդլեան, Քրիսեան եւ Յակոբեան եղան անոր նախակարապետները եւ անմիջապէս գործի լծուեցան Պոլսոյ խանդավառ մթնոլորտին մէջ՝ պատրաստելու համար ապագայ հայը, առողջ մարմնի մէջ առողջ  Շար...

Թիւ 354 - ԴԷՊԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ
(ՍԱՍՈՒՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԽՈՒՄԲԻՆ ՀԵՏ)

Օգոստոս 2011էն ի վեր նորութիւն մը կայ հայ մարզական կեանքին մէջ։ Ուշագրա՛ւ նորութիւն մը, որ տակաւին անհրաժեշտ լուսարձակները չէ հրաւիրած իր վրան։ Համահայկական 5րդ մարզախաղերու յայտնութիւնն է այդ՝ Սասունի ֆութպոլի խումբը, որ Երեւան ներկայացաւ 300 համակիրներու պատուիրակութեամբ եւ սեփական դրօշով՝ սպիտակ կտաւի վրայ նարնջագոյն մեծ վահանով, վերեւը պատկերուած Մարութա սարը, ներքեւը՝ Սասուն գրութեան տակ, կապոյտ եւ սպիտակ երիզներու վրայ, յաւերժութեան խորհրդանշանը՝ նարնջագոյն, կապոյտ եւ սպիտակ գոյներով։

Սասունը սովորական շրջան մը չէ, որպէսզի Սասունի ֆութպոլի խումբը ըլլայ սովորական խումբ մը։ Մեր ժողովուրդի պատմական հմայքին ու փառքին օրրաններէն մէկն է ան։ Իր Մեղրագետով, Արածանիով ու Մշոյ դաշտով Սասունը սրբազան  Շար...

Թիւ 353 - ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՈՍՏՈՒՄԸ

Դիւրին-դիւրին ոստումներ չեն կատարուիր միութիւններու կեանքին մէջ։ Ժամանակի եւ պայմաններու հասունացում կ’ենթադրէ աւանդականէն եւ ընթացիկէն դուրս գալու յանդգնութիւնը՝ չփորձուածը, նորն ու տարբերը որդեգրելու համար։

1974ին էր առաջին ոստումը, միութեան հիմնադրութենէն 56 տարի ետք, երբ Հ.Մ.Ը.Մ. աշխարհացրիւ մասնաճիւղերէ վերածուեցաւ համագաղութային ներկայացուցչութեամբ եւ համասփիւռքեան ծրագրումներով հզօր կազմակերպութեան մը, որ տասնամեակներու աշխոյժ գործունէութեամբ նոր էջ բացաւ հայ մարզական եւ սկաուտական պատմութեան մէջ։

Տարիներու թաւալքին հետ, 1974ի ոստումը շատ բան սպառեց իր ներքին հզօրութենէն։ Հաւատքն ու եռանդը չպակսեցան, սակայն աշխատանքի պայմաններն ու ըմբռնումները փոխուեցան, որովհետեւ օրէ օր վտանգուեցան մեր ինքնուրոյն գոյութիւնը, իւրայատուկ դիմագիծը եւ հաւաքական ուժը։ Հետեւաբար, պահանջը զգացուեցաւ նոր  Շար...

Թիւ 352 - ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՈՍՏՈՒՄԸ

Դիւրին-դիւրին ոստումներ չեն կատարուիր միութիւններու կեանքին մէջ։ Ժամանակի եւ պայմաններու հասունացում կ’ենթադրէ աւանդականէն եւ ընթացիկէն դուրս գալու յանդգնութիւնը՝ չփորձուածը, նորն ու տարբերը որդեգրելու համար։

1974ին էր առաջին ոստումը, միութեան հիմնադրութենէն 56 տարի ետք, երբ Հ.Մ.Ը.Մ. աշխարհացրիւ մասնաճիւղերէ վերածուեցաւ համագաղութային ներկայացուցչութեամբ եւ համասփիւռքեան ծրագրումներով հզօր կազմակերպութեան մը, որ տասնամեակներու աշխոյժ գործունէութեամբ նոր էջ բացաւ հայ մարզական եւ սկաուտական պատմութեան մէջ։

Տարիներու թաւալքին հետ, 1974ի ոստումը շատ բան սպառեց իր ներքին հզօրութենէն։ Հաւատքն ու եռանդը չպակսեցան, սակայն աշխատանքի պայմաններն ու ըմբռնումները փոխուեցան, որովհետեւ օրէ օր վտանգուեցան մեր ինքնուրոյն գոյութիւնը, իւրայատուկ դիմագիծը եւ հաւաքական ուժը։ Հետեւաբար, պահանջը զգացուեցաւ նոր շարժումի մը, փոփոխութեան  Շար...

Թիւ 349-351 - ՄՐՑԵԼՈՒ ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ

Կար ժամանակ, երբ ազգային մեր բոլոր միութիւններուն նման, Հ.Մ.Ը.Մ. եւս մրցունակ միութիւն էր։ Յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ, ուր մարզական կեանքը նոր կը կազմաւորուէր 1940ական, 1950ական եւ 1960ական տարիներուն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ եւ Լիբանանի մարզական խումբերը ո՛չ միայն լուրջ մրցակիցներ էին տեղական ակումբներու, այլեւ՝ ախոյեանական իրենց տիտղոսներով յաճախ քայլ մըն ալ առջեւ էին անոնցմէ։

Այդ օրերուն, հայերու նման օտարներ եւս կ’ըմբոշխնէին Հ.Մ.Ը.Մ.ի միջ-մասնաճիւղային մարզախաղերու տարբեր մրցումները, որոնք իրենց հմայիչ մթնոլորտին հետ մէկտեղ՝ սուր մրցակցութեան, գեղեցիկ խաղարկութեան եւ հպարտալի արդիւնքներու ոգեւորութիւնը կը փոխանցէին ներկաներուն։

Կարեւորը յաղթելն էր, այո՛, ցեղին վերապրումին փաստը տալը, բայց նաեւ՝ որակի եւ մակարդակի հարց կար։  Շար...

Թիւ 346-348 - ՆԵՏՈՒԱԾ ՁԵՌՆՈՑԸ

Ակներեւ աշխուժութեան մէջ է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի շրջանը։ Ֆութպոլի դաշտի եւ դպրոցի բացումը, ԼԵՎԱՄ-ի մարզախաղերու մեծ յաջողութիւնը, ֆութպոլի երկրորդական խումբերու ախոյեանութիւնը, Մայիսեան փառատօնը, վեթերան ֆութպոլիստներու նուիրուած ձեռնարկը երեւելի ցուցանիշներ են շրջանին ապրած զգալի զարթօնքին։

Տակաւին, տեղի հասկնալի պատճառներով, «Մարզիկ»ի յաջորդ թիւին վերապահուած են շրջանին կարգ մը այլ յաջողութիւններուն արձագանգները, որոնք այլեւս ողջունելի են, ինչպէս՝ համահայկական խաղերու աննախընթաց ու մեծաթիւ մասնակցութիւն, խաղերու նախապատրաստութեան յատուկ ճաշկերոյթի կազմակերպում, պասքեթպոլի տղոց խումբի վերակազմակերպում՝ սերպ հանրածանօթ մարզիչի մը հսկողութեամբ, «Արարատեան» կարգի յուշամետալներու տուչութիւն՝ վաստակաշատ խմբապետ-խմբապետուհիներու, մասնաճիւղերու սկաուտական տարեշրջաններու փակման հանդիսութիւններ, տարեկան բանակումներ եւ այլն։

Ամէնէն ուշագրաւը, անկասկած, ԼԵՎԱՄ-ի մարզախաղերն ու ֆութպոլի երկրորդական խումբերու  Շար...

Թիւ 343-345 - «ՄԱՐԴ ՊԱՏՐԱՍՏԵԼ…»

Պարզ թելադրանքէ մը շատ աւելին է «Մարմնամարզ»ի էջերէն, դար մը առաջ, Շաւարշ Քրիսեանի արձակած կոչը. «Մարդ պատրաստել… մարդեր են որ մեզի կը պակսին»։ Հայ երիտասարդութիւնը մարզանքի միջոցով ազգային-քաղաքացիական գիտակցութեան առաջնորդելու հրաւէր մըն է ան, ազգապահպանման ծրագիր մը, որուն առջեւ կ’արժէ կանգ առնել այսօր, «Մարմնամարզ»ի հիմնադրութեան 100ամեակի ոգեկոչման առիթով։

«Մարմնամարզ» հայ մարզական առաջին թերթն է, Քրիսեան՝ անոր գլխաւոր խմբագիրն ու հրատարակիչը, որ համազգային շարժում մը ստեղծելու ճիգով, 1911ին կը ձեռնարկէ «Մարմնամարզ»ի հրատարակութեան։ «Մարմնամարզ» նոր աւիշ կը ներարկէ հայ երիտասարդութեան, իր շուրջ կը համախմբէ բոլորը եւ իր գաղափարներով հրատապ պահանջ կը դարձնէ ֆիզիքական դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը հայութեան մէջ։

«Մարմնամարզ»ի  Շար...

Թիւ 342 - ՄԵԶԻ ՊԱԿՍՈՂԸ

«Մարզիկ»ի ԻԹ. տարուան վերջին թիւին հետ յոռետես ըլլալ չենք ուզեր։ Լաւատես ըլլալու ամէն ճիգ կ’ընենք եւ կը մերժենք ընդունիլ որեւէ հաստատում այն մասին, թէ անդարձ մեկնողներուն տեղը իսկապէս պարապ կը մնայ, կամ եկողները փնտռել կու տան մեկնողները։

Հայ կեանքի տարբեր մարզերուն մէջ կը տեսնենք յայտնութիւնը նոր եւ խոստմնալից ուժերու, բազմակողմանի արժէքներու եւ «ժամանակի շունչով» մեծցած տղոց ու աղջիկներու։

Սակայն, մամլոյ ասպարէզին եւ մարզական մամուլին պարագային յատկապէս, չենք կրնար հաշտուիլ լաւատեսութեան ապահով զգացումի մը հետ։

Մտահոգիչը հայ մարզական հրապարակագրութեան եւ խմբագրական ասպարէզի անմիջական ապագան է՝ ոչ թէ անպայման ուժերու չգոյութեան հետեւանքով, այլ՝ ասպարէզին հանդէպ ամբողջական նուիրումի պատրաստ  Շար...

Թիւ 341 - ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԻ՛ՄՔԸ

Խառն ամուսնութիւններու նուիրուած գիտաժողովի մը կ’անդրադառնայ «Մարզիկ»ի այս թիւին առաջնորդող նիւթը, ուր ներկայացուած թիւերը անպայման հարցում մը կ’արթնցնեն իւրաքանչիւր հայու մտքին մէջ, թէ ո՞ւր կ’ուղղուինք այս ընթացքով, Սփիւռք թէ Հայաստան։

Սովորական մարդու մը կողմէ սովորական ամպիոնէ մը արտասանուած թիւեր չեն անոնք։ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանն է, որ պետական գիտաժողովի մը ընթացքին ահազանգ կը հնչեցնէ, թէ խառն ամուսնութիւններու համեմատութիւնը այսօր Սփիւռքի կարգ մը գաղութներուն մէջ հասած է 60 եւ մինչեւ 80 առ հարիւրի։ Վտանգը հասած է նաեւ Հայաստանի դռները, ուր 10 տարուան ընթացքին՝ 2000-2009, խառն ամուսնութիւններու թիւը աւելցած է 263 առ հարիւրով, տարեկան 473 ամուսնութենէ բարձրանալով 1244 ամուսնութեան։

  Շար...

Թիւ 340 - ԱՆՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆ

Նոր չէ վէրքը, սակայն այնքան մը մեծցած է ան, որ սկսած է թունաւորել ազգային-միութենական մեր ամբողջ կեանքը։ Անտարբերութեան մասին է խօսքը, որ մեծ աւերներ կը գործէ հայ կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ։

Միայն սեփական կեանքի եւ ինչքի ապահովութեան ետեւէն վազող մարդիկ հետզհետէ իրենց կապերը կը խզեն հայկականութեան հետ եւ կը նետուին անհոգութեան եւ անպատասխանատուութեան գիրկը։

Այլասերման հոսանքով տարուած մարդիկ օրէ օր կը պարպուին ազգային-միութենական հետաքրքրութիւններէ եւ կը դառնան աժան ջատագովը օտարին «լաւութիւններուն» եւ «յաջողութիւններուն»։

Անդին, մարդիկ, ժողովուրդներ ու երկիրներ կ’ապրին արմատական փոփոխութիւններ, ահազանգային վիճակներ, ասդին՝ մենք փոխանակ ընդհանուր զօրաշարժի մատնուելու, կը սպասենք… որ փոթորիկը խաղաղի, որպէսզի  Շար...

Թիւ 339 - ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑՈՒՄԸ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ (Ե.)

Ծայրագոյն Արեւելքէն մինչեւ Ասիա եւ Եւրոպայէն մինչեւ Ամերիկաներ, այսօր, ականատես կ’ըլլանք միատեսակ, միագոյն, միօրինակ երիտասարդութեան մը ստեղծման։ Քոքա-քոլայի սերունդն է այդ, որ յաճախ կարելի չէ զանազանել երկիրէ երկիր իր հագուածքով, նիստ ու կացով, խոհանոցով, մշակոյթով եւ մտայնութեամբ։ Առանձնութեամբ վարակուած սերունդն է ան այդ, որ իրեն համար ստեղծած է նոր կրօնք մը՝ մեքենապաշտութիւնը։ Ան գերին է համակարգիչին, բջիջային հեռաձայնին, պատկերասփիւռին եւ ելեկտրոնիկ խաղերուն։ Իր անձնական կեանքը չի կրնար պատկերացնել առանց անոնց եւ, հետեւաբար, իր անհատական, ընկերային թէ ազգային նկարագիրով տարբեր է ան իր նախորդներէն։

Այդ սերունդը տարբեր է նաեւ իր հոգերով, որովհետեւ ամէնէն աւելի ան իր մորթին վրայ  Շար...

Թիւ 338 - ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑՈՒՄԸ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ (Դ.)

Այսօրուան երիտասարդ բժիշկները, երկրաչափները, արհեստաւորներն ու առեւտրականները շատ աւելի ճարտար եւ բանիմաց են իրենց մասնագիտութեան մէջ՝ քան իրենց նախորդները։ Շատ պարզ է ասիկա, որովհետեւ այս յառաջդիմութիւնը արդիւնք է թեքնիք գիւտերու, որոնց ծանօթ չէին հիները։ Սակայն, թեքնիքի կատարելագործումը հոգեմտաւոր զարգացումի չափանիշ չէ։

Իրապէս զարգացած եւ հոգեպէս մշակուած երիտասարդը, իր մասնագիտութենէն եւ արհեստէն դուրս, տէր է նաեւ ընդհանրական այլ գիտելիքներու եւ հետաքրքրութիւններու, որոնք ազգային դիմագիծ եւ ընկերային յատկութիւններ կը շնորհեն անոր։

Այս հետաքրքրութիւններուն պակասն է, որ կը տկարացնէ համաշխարհայնացած աշխարհի այսօրուան երիտասարդներուն նկարագիրը եւ կը սահմանափակէ անոնց հոգեմտաւոր հարստութիւնը։

Կը բաւէ արագ աչք մը նետել այսօրուան երիտասարդութեան վրայ, անմիջապէս անդրադառնալու համար,  Շար...

Թիւ 336-337 - «ԵԿԱՆ, ՏԵՍԱՆ, ՅԱՂԹԵՑԻՆ»

Փոխ առնելով նշանաւոր հռոմէացիին բառերը, Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտ մը այս բառերով կը փակէր օրագրութիւններուն իր վերջին էջը, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 9րդ բանակումի աւարտին։

Ինչքա՜ն պարզ ու ճշգրիտ բնութագրում համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական այն մեծ իրադարձութեան, որ ութ օրեր շարունակ, 19 երկիրներէ 600 բանակողներ համախմբեց Արագածի շուքին տակ, Բիւրականի բանակավայրին մէջ, համազգային ոգեւորութեան եւ միութենական խանդավառութեան նախանձելի մթնոլորտի մը մէջ։

Եկա՛ն բոլորը, սկաուտական շարքերու վաստակաւորներն ու նորընծաները։ Մեծերը՝ սկաուտական «Արարատեան» կարգ ստանալու եւ պատասխանատու պաշտօններ վարելու համար, կրտսերները՝ մեծերու հմայքին տակ սկաուտական իրենց առաջին քայլերը նետելու համար։

Եկա՛ն հազարումէկ դժուարութիւններ յաղթահարելէ ետք։ Նիւթականը եթէ գլխաւորն էր այդ դժուարութիւններուն, ապա ընտանիք-գործ-արձակուրդ զոհելու դժուարութիւնը  Շար...

Թիւ 335 - ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑՈՒՄԸ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ (Գ.)

Հաղորդակցութիւններու եւ փոխադրամիջոցներու զարգացման շնորհիւ, աշխարհը այսօր դարձած է աւելի փոքր։ Իսկ այդ փոքրութիւնը այսօրուան երիտասարդներուն կþընծայէ ուսման լայն կարելիութիւններ, ճամբորդութեան թէ համացանցի միջոցներով։ Փաստ է, որ այսօր մեծ համեմատութիւններով աւելցած է իրենց երկիրներէն դուրս մասնագիտական բարձր կրթութիւն ստացող երիտասարդներուն թիւը։

Ուսման կարելիութիւններու յաւելումը ամէնէն աւելի նկատելի կը դառնայ երիտասարդ կիներու պարագային, ինչ որ իր անմիջական անդրադարձը կ’ունենայ մեր ընկերային եւ տնտեսական կեանքին վրայ։ Օրէ օր աւելի մեծ թիւով կիներ բարձրագոյն ուսման կեդրոններ կը յաճախեն եւ գործի ասպարէզ կը նետուին։ Այսպէս, ընտանիքներու եւ ընկերութիւններու եկամուտները կþաւելնան։ Ինչ որ դրական երեւոյթ է, մանաւանդ երբ իմանանք, որ նորագոյն վիճակագրութիւններու համաձայն, կիներ իրենց թոշակները  Շար...

Թիւ 334 - ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑՈՒՄԸ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ(Բ.)

Մեր կեանքին կշռոյթը այսօր կապուած է համաշխարհայնացումի երեւոյթին հետ, որ իր հակակշիռին տակ առած է մեր ընկերութեան տնտեսական, ելեւմտական, ընկերային, քաղաքական եւ մշակութային կեանքի տարբեր երեսները՝ փորձելով աշխարհի տարբեր ժողովուրդները համարկել բազմազգեան մէկը մշակոյթի մէջ, որ շատերու կողմէ կրնայ մերժուիլ, իբրեւ մշակութային կայսերապաշտութեան մէկ արտայայտութիւն, իսկ ուրիշներու կողմէ կրնայ գնահատուիլ, իբրեւ մշակոյթներու մերձեցման, փոխադարձ հարստացման եւ զիրար լրացման ձգտող համընդհանուր շարժում։

Իբրեւ ընդհանուր երեւոյթ, կասկած չկայ, որ հաղորդակցութեան միջոցներու սրընթաց զարգացումէն մեծագոյն օգտուողը այսօրուան նոր սերունդն է, որ համակարգիչին աւելի շատ եւ շուտ կը տիրապետէ՝ քան լեզուներուն։ Հաղորդակցութեան միջոցներու ստեղծած անսահման կարելիութիւններով, այսօր շատ աւելի դիւրին կը դառնայ տեղեկութիւններու եւ  Շար...

Թիւ 333 - ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑՈՒՄԸ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ (Ա.)

Կը հիւանդանան՝ առանց Պլէքպըրիի, գլխու պտոյտ կ’ունենան՝ առանց Այ-Ֆոնի եւ անտրամադիր կ’ըլլան՝ առանց Լէպ-Թոփի։

Թերթերը կը կարդան համացանցէն, կը ցատկռտեն «Ֆէյսպուք»ի եւ «Թուիթըր»ի միջեւ եւ նորագոյն Ֆիլմերուն կը հետեւին «Եութիուպ»էն։

Օրական կը ստանան բազմատասնեակ ե-նամակներ, որոնք կը տեղեկացնեն, թէ միլիոնաւոր տոլարներ շահած են վիճակահանութիւններու, որոնց երբեք չեն մասնակցած։ Կամ՝ առաջարկներ կը ստանան այս կամ այն անծանօթէն, որ կը փափաքի ծանօթացման կապ հաստատել իրենց հետ։

Յստակ է, թէ ակնարկութիւնը որո՛ւ մասին է։ Համաշխարհայնացած աշխարհի այսօրուան երիտասարդութեան պատկերն է այս, որ ամբողջական ըլլալու համար կը կարօտի նաեւ յաւելեալ նկարագրութեան։

Այ-Փոտը այս երիտասարդութեան համար այլեւս պերճանք չէ, այլ՝  Շար...

Թիւ 332 - ԵՐԱԶԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆԸ
(ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՓՐԻԿԷԻ ՄՈՆՏԻԱԼԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Աշխարհը ակնդէտ կը սպասէ 11 Յունիսի ազդանշանին՝ մոնտիալի իր նոր ախոյեանը գիտնալու համար։ Բոլորին հայեացքները ուղղուած են Հարաւային Ափրիկէ, ուր 32 խումբեր Ֆութպոլի պատմութեան նորագոյն էջը պիտի գրեն իրենց կոլերով եւ սխրանքներով։

Կարեւորը այս պարագային յաղթել-պարտուիլը չէ՝ որքան ներկայութիւնը Ֆութպոլի նման մեծ իրադարձութեան։ Ներկայ ըլլալ մեծերու շարքին, ամիս մը ամբողջ լրատուամիջոցներու նիւթ դառնալ, ազգային խումբերու յաղթանակներուն հետ ժողովուրդներու ազգային զգացումները բորբոքել այս արդէն մեծ իրագործում է։ Բոլորի՛ն երազն է։

Չկայ քաղաքական, տնտեսական, ընկերային թէ մարզական այլ իրադարձութիւն մը, որ ամիս մը ամբողջ կլանէ մարդկութեան մեծամասնութեան հետաքրքրութիւնը։ Ողիմպիականները նոյնիսկ չունին այն կախարդանքը, ինչ որ ունին յաջորդական մոնտիալները։  Շար...

Թիւ 331 - ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԴՊՐՈՑԸ

Համաշխարհայնացումի ճնչիչ մտահոգութիւններով լեցուն մեր առօրեային մէջ, գօտեպնդիչ է Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներկայութիւնը ազգային մեր իրականութեան մէջ։

Անսանձ մրցակցութեան, եսակեդրոն եւ նիւթապաշտ կեանքի երեւոյթներուն դիմաց, իրարօգնութեան, համագործակցութեան եւ կամաւոր աշխատանքի սկզբունքներով Հ.Մ.Ը.Մ.ի շուրջ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր մարզիկներն ու սկաուտները յոյս եւ հաւատք կը ներշնչեն բոլոր անոնց, որոնք մտահոգ են ազգին ապագայով։ Արդարեւ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ականը կ’ապրի գործով, գիտակցութեամբ եւ անշահախնդիր ծառայութեամբ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ականը կ’ապրի ազգային մտահոգութիւններով, տագնապներով եւ անոնց լուծման տեւական ջանքով։

Հ.Մ.Ը.Մ.ականը միութենական, հանրային թէ անհատական կեանքին մէջ կը գործէ ծառայելու եւ օգտակար ըլլալու խոր գիտակցութեամբ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ականը կառչած կը մնայ սկզբունքներու եւ վաւերական արժէքներու։

Անշուշտ, միշտ ալ գտնուած  Շար...

Թիւ 330 - ԱՌԻԹՆԵՐ

Մեր առօրեային մէջ, մեզի ներկայացող առիթները եւ զանոնք օգտագործելու արթնութիւնն ու կարողութիւնը մեզ կ’առաջնորդեն յաջողութեան եւ յաղթանակի։

Պէտք չէ մտածել, որ ուրիշներուն ներկայացող առիթները մեզի ալ չեն ներկայանար։ Առիթը կ’այցելէ առողջ ու տրամաբանող ամէն մարդու, բայց երբ զինք դիմաւորողը պատրաստ չի գտներ, խոյս կու տայ ան՝ անմիջապէս ուրիշ մը բախտաւորելու համար։

Կեանքի մէջ առիթներ, բաց լուսամուտներ միշտ կարելի է գտնել, եթէ… տեսնող աչքեր ունենանք։ Յարատեւութիւն, աշխատանք եւ նպատակի հետապնդում անպայման ճամբայ մը կը բանան եւ յաջողութեան վերջալոյսին կը հասցնեն մեզ։

Առիթներ եւ կարելիութիւններ միշտ կան, միայն թէ առանց վարանումի եւ տրտունջի պէտք է ձգտիլ դէպի լաւը,  Շար...

Թիւ 329 - ԻՐԱ՛Ւ ՄԱՐԶԻԿԸ

Որեւէ արժէքէ եւ օգտակարութենէ զուրկ են այն մարզիկները, որոնք ըլլալով հանդերձ լաւ Ֆութպոլիստ կամ պասքեթպոլիստ, աթլէթ կամ լողորդ, չունին իրաւ մարզիկէ մը պահանջուած բարոյական յատկանիշները։

Սկաուտութեան թէ մարմնակրթութեան նպատակը նոր սերունդի Ֆիզիքական կրթութեան հետ, անոր բարոյական եւ հոգեկան արժէքներու մշակումն է։

Բարոյականով խոցելի, անտարբեր, անկարգապահ ու շփացած մարզիկներ իրենց պատկանած միութեան, ազգին, հայրենիքին ու ընտանիքին ի՞նչ օգտակարութիւն ունին։ Անոնց շահած յաղթանակներն ու բաժակները խաբուսիկ երեւոյթներ են։ Էական յաղթանակը՝ բարոյականի եւ նկարագրի մաքրութեան, դաստիարակութեան կարեւորութիւնն է, որ յաճախ կ’անտեսուի։

Կեանքի տարբեր մարզերուն մէջ թերեւս մէկը կրնայ բարոյական երկու հակադիր ըմբռնումներու դիմելով յաջողութիւններ արձանագրել, բայց անըմբռնելի եւ  Շար...

Թիւ 328 - 25 ՀԱԶԱՐ «Ո՛Չ»

Պէտք չէ ստորագրուէին։ Ստորագրուեցա՛ն, հակառակ համաժողովրդային բողոքի եւ ընդվզումի այն մեծ ալիքին, որուն մասնակից դարձաւ Հ.Մ.Ը.Մ., աշխարհասփիւռ իր 100 մասնաճիւղերու 25 հազար անդամներով։

Հ.Մ.Ը.Մ., անմիջական ծնունդը Ցեղասպանութեան, եղաւ առաջիններէն, որ «Ո՛չ» ըսաւ՝
   - Այսօրուան Թուրքիոյ պետական սահմաններու ճանաչման։
   - Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման աշխատանքներու դադրեցման։
   - Արցախի հարցը հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման կապելու մօտեցման։

Հ.Մ.Ը.Մ. իր «Ո՛չ»ը ըսաւ հայրենատիրոջ իր իրաւունքով, գիտակից յանձնառութեամբ եւ ամուր վճռակամութեամբ։

Հ.Մ.Ը.Մ. իր «Ո՛չ»ը ըսաւ ու պիտի շարունակէ բարձր ըսել, որովհետեւ Ցիւրիխի պարտուողական ստորագրութիւնը կը նպատակադրէ Հայ Դատը գերեզմանել եւ ազգային պահանջատիրութեան մեր երթը կասեցնել, ծանր հարուած հասցնելով վերապրողներու եւ  Շար...

Թիւ 324-327 - «ՁԵԶԻ ԸՆԾԱՅ…»

Սովորութիւն է, յաջողութեան մը գագաթնակէտին, բերկրանքի եւ ոգեւորութեան պահուն, յաջողութիւնը նուիրել սիրելիի մը, որ օրին մէկը երազած է նման բան։

Կը պատահի նաեւ, որ յաջողութիւններու պատուանդանին վրայ, մարդիկ յիշեն իրենց գործակիցները եւ անոնց նուիրեն այս կամ այն մրցանակը, առ ի երախտագիտութիւն անոնց ցուցաբերած աջակցութեան։

Սովորութիւնները յարգող միութիւն է Հ.Մ.Ը.Մ.։

Երախտագէտ միութիւն է Հ.Մ.Ը.Մ.։

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 8րդ մարզախաղերէն յաղթական վերադարձին, ան չի կրնար իր մեծ յաջողութիւնը չնուիրել սիրելիի մը կամ՝ սիրելիներու։

Բայց որո՞ւ։

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 8րդ մարզախաղերը նոր էջ բացին միութեան մարզական պատմութեան մէջ, հետեւաբար, առաջին ընծան պիտի ըլլայ միութեան գաղափարախօս Շաւարշ Քրիսեանին, որ շուրջ 100ամեակ  Շար...

Թիւ 323 - ԱԿՈՒՄԲՆԵՐԸ Կ’ԱՄԱՅԱՆԱՆ

«Գիրքի մը երկու երեսներն ալ պէտք է կարդալ», կ’ըսէ ժողովրդային առածը։ Ակմբաշինութիւնը, որուն նուիրեցինք մեր նախորդ խմբագրականներէն մէկը (թիւ 320), այդ գիրքին կարդացուելիք երեսներէն մէկն էր, որ ունէր նաեւ իր երկրորդ երեսը՝ նոր ակումբներու կարիքին դիմաց, օրէ օր ամայացող ակումբներու երեւոյթը։

Արդարեւ, ակումբ մը, ինչպէս որեւէ հաւաքավայր, ունի նիւթեղէն եւ ոգեղէն իր զոյգ գոյութիւնները։ Նիւթեղէն գոյութիւնը աւելի երկար կը գոյատեւէ՝ քան ոգեղէնը, նայած թէ ակումբը հիմնողները որքան լաւ զետեղած են անոր հիմերը։

Մեր առօրեային մէջ յաճախ կը նայինք յարատեւող ակումբներու եւ կը կարծենք, թէ անոնք տակաւին գոյութիւն ունին։ Մինչդեռ անոնք գոյութիւն ունին իբրեւ խորհրդանիշ եւ նիւթեղէն  Շար...

Թիւ 322 - ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳՐՈՒՄ(ԻՆՉՈ՞Ւ, Ի՞ՆՉՊԷՍ)

Օրերը կը փոխուին։ Օրերու հետ աշխատանքի եղանակներն ալ կը փոխուին, պէ՛տք է փոխուին։ Առանց երկարաշունչ ծրագրումի եւ ամբողջական կազմակերպումի այլեւս աշխատանքի մը յաջողութիւնը երաշխաւորուած չէ։

Ամէն խաղ իր օրէնքները ունի եւ յառաջդիմութեան մեծ խաղը այսօր կը յատկանշուի տուեալ հաւաքականութեան մը կամ միութեան մը բոլոր ուժերը ճանչնալու, արժեւորելու եւ ամբողջական կազմակերպումի մղելու նպատակով։

Այդպէս կը շարժին իրենք զիրենք յարգող հաւաքականութիւններ ու միութիւններ։ Այդպէս կը շարժի նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ., որ իր վերջին Պատգամաւորական ժողովին որոշումով (2007) յառաջացուցած է ռազմավարական ծրագրումի յանձնախումբ մը ճի՛շդ այս նպատակին համար։

Անցած են ժամանակները, երբ կարելի ըլլար թոյլատրել միութեան մը տարբեր շրջաններուն ինքնամփոփ եւ ինքնանպատակ գործունէութեան պերճանքը։

Անցած  Շար...

Թիւ 321 - ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

Տենդագին աշխատանքի մէջ է Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքը։ Բոլորը կը պատրաստուին այս ամառ տեղի ունենալիք սկաուտական եւ մարզական մեծ իրադարձութիւններուն. համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղեր, համահայկական խաղեր, սկաուտական Վկայեալ կարգի միջ-ցամաքամասային սեմինարներ (Հալէպ, Փարիզ, Լոս Անճելըս), Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սփիւռք-Հայաստան քոյր մասնաճիւղերու առաջին բանակում։

Ընթացքի մէջ են նաեւ յառաջիկայ ամրան տեղի ունենալիք համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումին եւ սկաուտական Արարատեան կարգի սեմինարներուն կազմակերպման աշխատանքները։ Ու այս բոլորը կը կատարուին կողքին այն մնացեալ աշխատանքներուն, որոնք սովորաբար տեղի կ’ունենան ամէն ամրան, բանակումներու եւ միջ-մասնաճիւղային խաղերու ձեւով։

Աշխատանքի դաշտը պէտք ունի բոլորին։ Սկաուտ թէ մարզիկ, ծնողք թէ վարչական, բարեկամ թէ բարերար, բոլո՛րը ճիգերու առաւելագոյն լարումով հրաւիրուած են իրենց մասնակցութիւնը բերելու  Շար...

Թիւ 320 - ԱԿՄԲԱՇԻՆՈՒԹԻՒՆ

Օրը նոր՝ կարիքները նոր։

Անցնող տասնամեակներուն շատ բան փոխուեցաւ հայ կեանքին մէջ։ Միջին Արեւելեան մեր գաղութներէն մեծաթիւ հայեր հաստատուեցան արեւմտեան ոստաններ։ Մ. Նահանգներ եւ Եւրոպա հիւրընկալեցին Հայաստանէն արտագաղթած հայորդիներու պատկառելի թիւ մը։ Նոյնը կարելի է ըսել նախկին Խ. Միութեան երկիրներու՝ Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ Կեդրոնական Ասիոյ հանրապետութիւններուն համար, ուր ստեղծուեցան հայկական ստուար գաղութներ։ Հայութիւնը ցրուեցաւ քիչ մը ամէն տեղ։ Իսկ ցրուիլը ձուլուիլ է մեզի համար, եթէ չեն ապահովուած հայ մնալու երաշխիքները՝ դպրոցը, եկեղեցին եւ ակումբը։

Բնականօրէն, հայ կեանքի տեղաբաշխման նոր պատկերը ստեղծեց նոր դժուարութիւններ, որոնց յաղթահարման համար իր մասնակցութիւնը բերաւ ու կը շարունակէ բերել Հ.Մ.Ը.Մ., իր ուժերուն  Շար...

Թիւ 319 - ԲՈ՛ՒՆ ՀԱՐՑԸ

Քաղքենիացումը նոր երեւոյթ չէ։ Միայն հայութեան յատուկ երեւոյթ ալ չէ։ Ամէն երկրի մէջ, որոշ պայմաններու բերումով եւ նիւթական բարօրութեան հետեւանքով կը ստեղծուի դասակարգ մը, որուն անդամները կը վարժուին հանգստաւէտ կեանքի։ Լաւ ապրելու, լաւ բաներ վայելելու պահանջքը կը դառնայ կեանքի նպատակ։

Եղբ քաղքենիացած դասակարգը հայրենի հողին վրայ կ’ապրի, որոշ չափով մը ան կը պահպանէ իր ազգային դիմագիծը եւ ուզէ թէ չուզէ կապուած կը մնայ ազգային արժէքներու, որովհետեւ ան իր հարստութիւնը ձեռք կը բերէ հայրենի երկրի աղբիւրներէն։ Բայց երբ դիրք ու բարեկեցութիւն ստեղծող այս դասակարգը կ’ապրի օտար հողի վրայ, շատ շուտով կը բռնէ այլասերման ճամբան։

Քաղքենիացումը պարզ երեւոյթէ մը աւելին  Շար...

Թիւ 318 - ԲԱՐԵՐԱ՛Ր ՆՄԱՆՈՂՈՒԹԻՒՆ

Նմանողութիւնը կեանքի գլխաւոր երեւոյթներէն մէկն է, որ մեծ դեր կը կատարէ անհատական թէ հաւաքական մեր կեանքի զարգացման մէջ։

Մարդիկ կը սիրեն իրարու հետեւիլ, նմանիլ, իրենց տեսած նորութիւնները իւրացնել եւ փոխադարձ ազդեցութիւններ կրել։ Քաղաքակրթական հոսանքները եւս երկիրէ երկիր կ’անցնին նմանողութեան օրէնքով։

Կեանքի բոլոր ասպարէզներուն մէջ, ընկերութիւններ ի՞նչպէս կը զարգանան, դպրոցներ ի՞նչպէս կը կազմակերպուին, պետական կարգ ու սարքեր ի՞նչպէս կը հաստատուին, միութիւններ, կազմակերպութիւններ ի՞նչպէս կը գործեն. ազդուելո՛վ, ընդօրինակելով, նմանելով, իրարմէ փոխ առնելով եւ երբեմն ալ ամբողջութեամբ կիրարկելով այն ինչ որ յաջողած է այլոց մօտ։

Նմանողութիւնը ոչ միայն բնական երեւոյթ է, այլեւ՝ յառաջդիմութեան ազդակ է։

Ամէն  Շար...

Թիւ 317 - ԿԱՐԳԱՊԱՀ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆ

Աշխարհի մեծագոյն ուժը երիտասարդութիւնն է։ Բայց երիտասարդութիւնը առանց կարգապահութեան որեւէ արժէք չի ներկայացներ։ Չկայ երիտասարդութիւն՝ առանց կարգապահութեան։

Ժողովուրդի մը յոյսը իր երիտասարդութիւնն է, ազգային արժէքներ կրողը եւ ազգին շարունակականութիւնը ապահովողը։ Հայութեան համար կասկածէ վեր է այս ճշմարտութիւնը։

Բայց ո՞ւր է այդ երիտասարդութիւնը այսօր։ Ընդհանրապէս ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնէ ան։

Նկատելի է, որ ստուար զանգուած մը հայ երիտասարդութենէն հեռացած է իր ինքնութենէն եւ արմատներէն՝ բռնելով ազգային այլասերման ուղին։ Ուրիշներ ինկած են բարոյական այլասերման թակարդին մէջ եւ գերին դարձած են իրենց անձը քայքայող մոլութիւններու։ Ոմանք ալ կը թաւալին անորոշութեան եւ անտարբերութեան բաւիղներուն մէջ։

Բարեբախտաբար, կայ  Շար...

Թիւ 313-316 - ԳՈՐԾ ՈՒ ԱՐԴԻՒՆՔ

Դժուար է սահմանել այն, որ կը զգացուի, կ’ապրուի, բայց չի կրնար գրուիլ։ Այն, որ մեր առօրեայ կեանքին մաս կը կազմէ, բայց այդ կեանքէն վեր կը մնայ, իբրեւ գործ ու արդիւնք։

Հ.Մ.Ը.Մ. մաս կը կազմէ մեր առօրեային եւ իր գործով ու արդիւնքով խօսուն, շարժուն, կենդանի՛ իրականութիւն է, որուն տրոփուն բազկերակները կու գան վկայելու, թէ գոյութիւն ունի հայ երիտասարդութեան ներկայ մը, շնչող, ապրո՜ղ ներկայ մը, որ իր սեփական աճումին կը գումարէ տարիները։

Հ.Մ.Ը.Մ. 90 տարիէ ի վեր մեր կեանքին մէջ ներկայ մըն է, որ կոչուած է նաեւ ապագայ ունենալու, այնքան ատեն որ ան կը հասնի հո՛ն, ուր հայ մարդիկ  Շար...

Թիւ 312 - «ՀԱՆԴԵՐՁ ԸՆՏԱՆԵՕՔ»

Բնականէն տարբեր պայմաններու մէջ կ’ապրինք ընդհանրապէս, հայրենիքէն դուրս, հին թէ նոր Սփիւռքի գաղութներուն մէջ։ Ուրիշներ մեր շուրջ կեանքի ու հացի առօրեայ պայքար կը մղեն, մինչդեռ մենք այդ պայքարին հետ միասին եւ անկէ առաջ՝ մեր ազգային գոյութեան, ինքնութեան եւ արժէքներուն պահպանումով կը տագնապինք։

Կրկնակի պատասխանտուութիւն է, ուրեմն, իւրաքանչիւր հայ մարդու պարտականութիւնը. նախ ապահովել օրական իր ապրուստը, ապա՝ չկորսնցնել իր ազգային դիմագիծը։

Հացի եւ գաղափարի այս երկու պայքարները եթէ չներդաշնակուին իրարու՝ կրնար խորտակել զիրար։ Մէկուն բացարձակ տիրապետութիւնը կրնայ վնասակար ըլլալ միւսին։ Միայն անձնական բարօրութիւն ստեղծելու ճիգն ու աշխատանքը անխուսափելիօրէն կ’անտեսէ ազգային մտահոգութիւնները։ Փոխադարձաբար, երբ մէկը «ոտքով-գլուխով» հանրային գործերու մէջ  Շար...

Թիւ 311 - ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

Աշխարհը երախտիքով կը յիշէ արդի ողիմպիականներու հիմնադիրին նշանաւոր խօսքը, թէ՝ չորս տարին անգամ մը կատարուող խաղերուն գլխաւոր արժէքը կը հանդիսանայ մրցելու ոգին։ Հետեւաբար, մեծ կարեւորութիւն չի ներկայացներ առաջնութիւն մը կամ պատուոյ դիրք մը, որ կը նսեմանայ չորս տարին անգամ մը աշխարհի երիտասարդութեան մէջ ամրապնդուող մարդկային առողջ ոգիին առջեւ։

Քուպերթէնի այս մտածումները կը բխէին ողիմպիականի մը առթիւ ըսուած խօսքերէն, որոնք ոգեւորիչ էին ու հիմնական, որովհետեւ կը բանաձեւէին ողիմպիական խաղերուն իսկական նպատակը, այն է՝ մարմնակրթութիւնը միջոց ծառայեցնել ազգերու համագործակցութեան եւ բարեկամութեան։

Արդարեւ, ողիմպիականը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ արժէքներու ցուցադրութիւն մը։ Ամպիոն մը, որուն վրայ ամէն ազգ կու գայ  Շար...

Թիւ 310 - ՄԱՐԴ ՊԱՏՐԱՍՏԵ՛ՆՔ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի 90-ամեակի տօնակատարութիւններու պերճ մթնոլորտին մէջ, կþարժէ անդրադառնալ նաեւ կարգ մը երեւոյթներու, որոնք իբրեւ ընդհանրական մտահոգութիւն, կը յուզեն միութեան ներկան ու ապագան։

Այդ մտահոգութիւններէն մեծագոյնը մարդու պակասն է, անկասկած։ Գաղափարապաշտ, անձնուէր, հասուն եւ գործունեայ մարդու պակասը։

Շնորհալի երիտասարդներ չեն պակսիր մեզի։ մասնագէտներ, մեծամեծ վկայականներու տիրացածներ եւ մինչեւ իսկ փայլուն առեւտրականներ շատ ունինք, սակայն անոնք չեն գոհացներ ազգային-միութենական մեր կեանքի մտահոգութիւններէն բխող պահանջները։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը արժէք մըն է ինքնին, սեփական գործի եւ շահերու ձեռնհաս վարիչ մը, բայց ո՛չ այն մարդը, որ ուզէ քալել «սրբազան խենթ»երու ճամբէն, իր ուժերն ու կարողութիւնները ի սպաս դնելով հաւաքականութեան։

Արդար պիտի չըլլար բոլորովին ժխտել նոր սերունդին  Շար...

Թիւ 309 - ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՐ

Ազգեր իրենց դաստիարակութեամբ կը փրկուին եւ իրենց դաստիարակութեամբ կը կորսուին։

Ընտանիք եւ դպրոց գլխաւոր վայրեր են դաստիարակութեան։

Բայց միշտ կը կատարե՞ն, կրնա՞ն կատարել իրենց դերը։ Շրջապատի ազդեցութիւնը, այսօր, երկուքէն աւելի զօրաւոր է։ Ընտանիք եւ դպրոց չեն կրնար պատանիին հետեւիլ ամէն ժամ ու ամէն տեղ։ Շատեր դպրոցը կը լքեն ճիշդ այն տարիքին, երբ ամէնէն աւելի պէտք ունին ուղղութեան եւ դաստիարակութեան։

Ընտանիքին եւ դպրոցին կողքին, ուրեմն, գործունէութեան ընդարձակ դաշտ մը կը մնայ բաց։ Անհրաժեշտ է միջավայր մը, որ այդ բացը գոցէ։ Օգտակարին ու հաճելիին հետ պատանիին տայ կեանքի սկզբունքներ, մնայուն արժէքներ։

Հ.Մ.Ը.Մ. կրնայ ըլլալ այդ միջավայրը։ Ան հրապարակային թումբ կրնայ դառնալ այլասերումի  Շար...

Թիւ 308 - ԲԱՐՁՐԱՑԻ՛Ր…

Կեանքը շարժում է։ Ոչ՝ մեքենական, բռնազբօսիկ, այլ՝ ինքնաբո՛ւխ։ Անով կը սնանի, կը մեծնայ մարդը։ Անշարժութեամբ մահը կը դառնայ բռնապետ իշխան։

Շարժում է նաեւ բարոյական կեանքը։ Մարդու մը բարոյական կեանքը կրնայ շարժիլ հակոտնեայ երկու ուղղութեամբ։ Դէպի վար՝ եսամոլութեան, շահախնդրութեան, անբարոյութեան մղումներով, եւ դէպի վեր՝ զոհաբերութեան, պարկեշտութեան եւ բարոյականութեան սկզբունքներով։ Ամէն մարդու մէջ գոյութիւն ունին իրերամերժ այս տրամադրութիւնները՝ դէպի վսեմն ու դէպի գռեհիկը, դէպի կատարն ու խորխորատը։ Ամէն մարդու կուրծքին տակ թաքնուած է չարագործ մը եւ բարեգործ մը։ Եւ իւրաքանչիւր մարդու ազատ ընտրութենէն կախեալ է մէկուն կամ միւսին յաղթանակը։ Մէկը կամ միւսը պէտք է մեռնի, որպէսզի իշխէ երկրորդը։ Այդ կռիւը մղելու համար  Շար...

Թիւ 307 - ՊԱՏՆԷՇԻ ՎՐԱՅ (Հ.Մ.Ը.Մ.Ի 90-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

2008-ին, Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարբեր գաղութներուն մէջ, տօնակատարութիւններու շարքով մը կը նշուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 90-ամեակը, ոգեւորութեան եւ խանդավառութեան մթնոլորտ մը ստեղծելով ամէնուրեք։

Այս տօնակատարութիւններուն առիթով արդար է հպարտութիւնը բոլոր եւ մասնաւորաբար վեթերան Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն, որոնք բարձր ճակատով կը ներկայանան իրենց ժողովուրդին, պարզելու համար իննսուն տարի անընդհատ գործած այս մեծ միութեան նուաճումները, մեր կեանքի դժուարին պայմաններուն մէջ։

Ժողովուրդներու պատմութեան մէջ հազուագիւտ են մարմնակրթական այն միութիւնները, որոնք իննսուն տարի շարունակ ընթացած ըլլան իրենց հիմնական առաջադրանքներուն ուղիով։ Մանաւանդ մեր օրերուն, երբ մարզական միութիւնները, քիչ բացառութեամբ, վերածուած են շահակցական մօտեցումով ակումբներու, իսկ սկաուտական շարժումները՝ խորքէ պարպուած ընկերային համախմբումներու։

Հայութեան նման փոքր եւ ցիր ու ցան  Շար...

Թիւ 306 - ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

«Ազգային գիտակցութիւն»ը յաճախ կրկնուող խօսք մըն է մեր առօրեային մէջ։ Միութենական ժողովներու ընթացքին ամէնէն շատ արծարծուած օրակարգի նիւթերէն մէկն է անիկա։

Գիտակցիլ՝ կը նշանակէ ճանչնալ, հասկնալ, դատողութեամբ ծանօթանալ երեւոյթի մը կամ ճշմարտութեան մը։

Գիտակցութիւնը աստիճաններ ունի։ Ամէն մարդ նոյն չափով կրնայ գիտակից չըլլալ։ Գիտակցութեան մակարդակը կախում ունի տարիքի հասունութենէն, կեանքի փորձառութենէն, մտքի կարողութենէն եւ զարգացումէն։

Կեանքի մէջ գիտակցութեամբ շարժիլը մեծ առաւելութիւններ կու տայ մարդոց, քանի ճամբան լուսաւորող ճրագն է ան, որուն շնորհիւ կարելի կը դառնայ առաջքը առնել խարխափումներու եւ սայթաքումներու։

Մարդոց մեծամասնութիւնը, դժբախտաբար, անբաւարար գիտակցութեամբ կը վարէ իր կեանքը։ Քիչեր ճիգ կը թափեն խորապէս ճանչնալու իրենք զիրենք եւ իրենց շրջապատը։  Շար...

Թիւ 305 - «ՀԵՏԴ ՊԻՏԻ ՉՏԱՆԻՍ…»

Ժողովրդային հի՜ն ու խորիմաստ խօսք մը կ’ըսէ. «Հետդ պիտի չտանիս…»։

Այս աշխարհի փառքն ու հարստութիւնները կը պատկանին ա՛յս աշխարհին։ Մարդ որքան ալ բարձր դիրքերու հասնի, գործի յաջողութիւններ ունենայ եւ հարստութիւններ դիզէ, ի վերջոյ պիտի մեռնի եւ անդենական մեկնի՝ մերկ ու մինակ, ճիշդ այնպէս ինչպէս որ ծնած էր։

Կ’արժէ իսկապէս, որ ամէն մարդ, օրուան վազվզուքէն, հեւքոտ աշխատանքէն, կիրքերէն ու վէճերէն պահ մը վեր բարձրանալով՝ երբեմն-երբեմն մտածէ մարդկային հասարակաց ճակատագրին մասին, որ կը միանայ մահուան մէջ։ Լաւագոյն դասն ու դաստիարակութիւնը կ’ընծայէ այս վարժութիւնը։ Եսապաշտ ախորժակները, ընչաքաղց ցանկութիւնները, անսանձ կիրքերը եւ նիւթին ստրկական գերութիւնը մոռնալու գլխաւոր միջոցն է ասիկա։

Եթէ  Շար...

Թիւ 304 - ՆՈ՛Ր ՕՐԵՐ

Պատգամաւորական ժողովները ձեւական խանդավառութեան առիթներ չեն։ Ծափի եւ ողջոյնի օրեր չեն։

Որքան ալ սիրենք խանդավառութիւնը եւ հաւատանք անոր մղիչ դերին՝ միութիւններու կեանքին մէջ, պէտք է ձգտինք իմաստ եւ արժէք որոնելու Պատգամաւորական ժողովէ ժողով երկարած գործունէութեան մէջ։ Պէտք է փորձենք անցնող չորս տարիներէն դէպի ապագայ երկարող ճամբուն վրայ որոշ արժեւորումներ կատարել եւ ըստ այնմ շարունակել մեր երթը։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի 9-րդ Պատգամաւորական ժողովը այս իմաստով մեզ կը դնէ կարգ մը իրականութիւններու դիմաց։ Այն որ՝

Հ.Մ.Ը.Մ., համահայկական կառոյցի վերածուելէ 33 տարի ետք, այսօր, իսկապէս դարձած է ոսկի օղակ մը՝ հայ սրտերը իրարու կապող։ Իր Պատգամաւորական ժողովի ներկայացուցչական պատկերին համաձայն, Հ.Մ.Ը.Մ. աշխարհի 99 քաղաքներու հայութիւնը  Շար...

Թիւ 303 - ՃԱՆՉՆԱ՛Լ

Մեր շուրջը ապրող ժողովուրդները ճանչնալը անհրաժեշտութիւն մըն է, անկասկած։ Ճանչնալ կը նշանակէ հասկնալ եւ գնահատել։ Իրական ճանաչողութենէ կը բխի արդիւնաւոր գործակցութիւն, որուն կը ձգտին բոլո՛ր ժողովուրդները, սկաուտական, մարզական, ընկերային թէ մշակութային բոլո՛ր կազմակերպութիւնները, որոնց նպատակը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ՝ զիրար ճանչնալով կապ ու հաղորդակցութիւն ստեղծել իրարու միջեւ, միասնաբար դիմագրաւելու համար ժամանակին հետ մեծցող մարտահրաւէրները։

Այլ ժողովուրդներ ճանչնալու կողքին, անհատի մը համար, սակայն, շատ աւելի կենսական պահանջ է ճանչնալ նախ ի՛ր ժողովուրդը, որուն մէկ անդամն է ան եւ որուն կը պարտի իր գոյութիւնը։

Շատերու համար նման հաստատում մը կրնայ անտեղի թուիլ, որովհետեւ շատ բնական է որ մարդ ճանչնայ իր ժողովուրդը,  Շար...

Թիւ 301-302 - ԳՈՐԾԻ՛ ՄՂԵԼ

Վաստակաշատ իւրաքանչիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ականի կորուստին հետ, նոյն խօսքերն է որ կը կրկնուին մեր շուրջ. «Հիներէն մէկն ալ գնաց։ Ո՞վ պիտի փոխարինէ զայն։ Նորեր չեն պատրաստուիր։ Այսօրուան սերունդը տարբեր է։ Անտարբե՛ր է։ Ընդհանրապէս անձնակեդրոն կեանք կ’ապրի։ Հակառակ համալսարանական իր պատրաստութեան, հրապարակի վրայ չ’երեւիր։ Գործունեայ չէ։ Ազգային-միութենական կեանքով չի զբաղիր»։

Ու կը յաջորդէ նոյնին շարունակութիւնը. «Մեր ատե՜ն տարբեր էր։ Մենք ինչե՜ր կþընէինք…»։

Հակառակը ոչ ոք կրնայ պնդել, սակայն անարդար է նաեւ անցեալի ու ներկայի սերունդները իրարու բաղդատել, որովհետեւ մեր կեանքը այնքա՜ն արագ կը զարգանայ, որ մեր շուրջը ոչ մէկ բան նոյնը կը մնայ։ Այսօր փոխուած են անձնական ու հաւաքական կեանքի պայմանները, մտայնութիւնները, գործի  Շար...

Թիւ 299-300 - ԱՌԱՆՁԻՆ ԱՐԺԷՔ

Արժէքները մահ չունին։ Ամէն մարդ իր մէջ բնական մղում մը կը զգայ արժէք մը ներկայացնելու, իրականացնելու, որովհետեւ անոր մէջ կը գտնէ իր կեանքին իմաստը, գոհունակութիւնը, ապրելու իրաւունքը։

Արժէքներու շարքին կարեւոր տեղ վերապահուած է նկարագիրին։ Մարդկային մշակոյթը չի վարանիր անոր տալ նոյնիսկ շարքին առաջին տեղը, որովհետեւ նկարագիրը իր մէջ կը խտացնէ ազնիւ սկզբունքներով ուժեղ անհատականութիւն, գաղափարականի տէր հոգի եւ տեւաբար լաւին ձգտող կամք։ Ան կը լրացնէ յառաջդիմութեան եւ բարձրացումի ամէնէն անհրաժեշտ պայմանները՝ ներքին միութիւն եւ կեդրոնացում։

Գիտութիւն, արուեստ եւ արհեստ կը նսեմանան նկարագիրին քով։ Միասին՝ մեծարժէք են։ Առանձին՝ վնասակար։

Գեղեցիկ եւ օգտակար են բնական գիտութիւնները, սակայն անոնք կը ճզմեն մարդը, երբ  Շար...

Թիւ 297-298 - ՄԱՐԶԱՆՔԻ ՃԱՄԲՈՎ

Ապրելու, ապրեցնելու եւ ապագայ սերունդը ապահովելու փափաքը բնածին է ամէն մարդու մօտ, առաւել կամ նուազ չափով։

Աշխարհի վրայ իւրաքանչիւր էակ սահմանուած է կեանքի որոշ շրջան մը բոլորելու։ Կ’ապրին անոնք, որոնք ֆիզիքապէս կենսունակ են ու զօրաւոր։ Իսկ ապրելու համար պէտք է տեւաբար պայքարիլ։ Աշխարհը երբեք խաղաղութեան տրամադիր եղած չէ եւ այսօր ալ չէ։ Պայքարը, զանազան ձեւի տակ, միշտ կայ ու կը մնայ։

Հետեւաբար, կեանքի պայքարին դիմադրելու եւ տոկալու համար, մարդ նախ ֆիզիքապէս զօրաւոր, կենսաբանօրէն առողջ եւ կազմախօսականօրէն ջլապինդ մարմին պէտք է ունեայ։ Բան մը, որուն նախապայմանը համաչափ մարզանքն է՝ կանոնաւորաբար։

Շատեր, դժբախտաբար, շատ-շատեր, մարզանքը ժամանց ու ժամավաճառութիւն կը նկատեն՝ առանց անդրադառնալու  Շար...

Թիւ 295-296 - ՅԱՐԳԱՆՔ ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻՆ («ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻ ՏԱՐՈՒԱՆ» ԱՌԻԹՈՎ)

Եթէ մարդու մը համար ապրիլը գոյութիւն ունենալ է, ազգի մը համար ապրիլ կը նշանակէ տեւել, երկարաձգել կեանքը իրմէ անդին։ Իսկ ազգերը կը տեւեն մշակոյթով։ Ուրիշ ամէն բան կրնայ մեծցնել կամ պզտիկցնել զանոնք, միայն մշակոյթն է որ կրնայ ազգ մը ապրեցնել իբրեւ ազգ։

Լեզուն առաջին օղակն է ազգային մշակոյթին։ Առանց ազգային լեզուի չկայ ազգային մշակոյթ։ Ուիլիըմ Սարոյեանը ամերիկեան մշակոյթ է, Մայքըլ Առլէնը՝ անգլիական, Հանրի Թրուայան՝ ֆրանսական։ Ազգային մշակոյթը Խորենացին է, Նարեկացին է, Նահապետ Քուչակն է, Աբովեանն է, Ահարոնեանն է, Վարուժանն է, Զարենցն է։ Ազգային մշակոյթը Ռազմիկ Դաւոյեանն է։

Այսօր, երբ նոյնիսկ մեծ պետութիւններ իրենց ժողովուրդներուն կոչ կþուղղեն տէր կանգնելու իրենց ազգային  Շար...

Թիւ 293-294 - ԳՈՐԾԻ ՀՐԱՒԷՐ

Կորուստներով ծանր տարի մը եղաւ 2006-ը Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքին համար։ Իրարու ետեւէ անդարձ մեկնեցան հաւատաւոր բազմաթիւ դէմքեր, որոնք հետք ու դրոշմ ունէին միութեան մէջ, վաստակ ու ծառայութիւն՝ հայ կեանքին մէջ։ Կարօ Թիւթիւնճեան, Յարութիւն Գեղարդ, Անդրանիկ Ուրֆալեան, Պետրոս Շեմմեսեան, Ժան Պէլեան, Գօգօ Նալպանտեան, Յարութիւն Թագւորեան, Գաբօ Թասլաքեան եւ տակաւին ուրիշներ պատմութեան մաս կը կազմեն այլեւս։ Շքանշաններու տիրացած մարդիկ չէին անոնք անպայման, սակայն մարդիկ էին, որ իրենց կեանքը մաշեցուցած էին, որպէսզի Հ.Մ.Ը.Մ.ը շքանշան մը դառնայ հայ ժողովուրդի կուրծքին։

Այսօր չկան բարի աշխատանքի այդ լաւ մարդիկը։ Ու բնականաբար, բոլորին ուշադրութիւնը սեւեռած  է նորերուն վրայ։ Միութեան յոյսն ու ապագան հանդիսացող երիտասարդութեա՛ն վրայ։ Կեանքի բնական օրէնքն  Շար...

Թիւ 291-292 - ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՐԾԻՔ

Հանրային կարծիքը առհասարակ տկար է մեր մօտ, մինչդեռ զօրաւոր է անձնակա՛ն կարծիքը։ Կարելի է նոյնիսկ հաստատել, որ հանրային կարծիքը ուղղակի ճնշումին տակն է անձնական կարծիքին։

Հանրային կարծիքը յաճախ կþերկմտի ու կը տատամսի. անձնական կարծիքը ո՛չ կ’երկմտի, ո՛չ ալ կը տատամսի։ Առաջինը հպատակ է, երկրորդը՝ իշխան։

Հանրային կարծիքը երբեմն կը վախնայ արտայայտուելէ, անձնական կարծիքը այդ վախը չունի։ Տեղին եւ պարագային համեմատ, անձնական կարծիքն է, որ կը գործէ իբրեւ հանրային կարծիք եւ կը կատարէ անոր դերն ու պաշտօնը։

Հանրային կարծիքի լաւագոյն արտայայտութիւններէն մէկը ընտրութիւնն է։ Ընտրութիւն կը նշանակէ շատերուն մէջէն նախապատիւ նկատել մէկը կամ բան մը։ Ընտրութեամբ հանրային կարծիքն է, հանրութեան ձայնն է, որ կ’արտայայտուի  Շար...

Թիւ 289-290 - ՄԱԿԱՐԴԸ

Անսպասելի արագութեամբ անցան համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 8-րդ բանակումին տասը օրերը։

Բիւրականի բանակավայրին դրօշները, չորս տարուան համար, հանգչած են հիմա։ Սակայն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքին անդամները, երկիրէ երկիր, քաղաքէ քաղաք, տակաւին կ’ապրին բանակումին առթած բերկրանքը։ Ականջներու մէջ կը հնչեն պատուիրակութիւններու տեսակ-տեսակ կանչերը։ Հոգիները արձագանգ կու տան խարուկահանդէսներու խանդավառ ծափերուն եւ ազգային-յեղափոխական երգերուն։ Աչքերէ չի հեռանար «Նահատակ ցեղի անմահներ»ուն անվեհեր երթը Երեւանի «Հանրապետութեան» հրապարակին վրայ։ Ու սրտերը կը դողան Հ.Մ.Ը.Մ.ական շարքերու յաղթական տողանցքէն ու ալեծածան դրօշներէն՝ Ծիծեռնակաբերդի, Եռաբլուրի եւ Սարդարապատի մէջ։

Բոլորը ոգեւոր ու հպարտ վերադարձած են իրենց տուները։ Պատրաստ՝ աւելի ամո՛ւր կոխելու հողին, աւելի ամո՛ւր կառչելու հայու ապագային։

Եւ այս է կարեւորը, հիմնականը, հայրենի  Շար...

Թիւ 287-288 - ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

Բառերուն ամէնէն պարզը, ամէնէն գրաւիչն ու ազնիւը, որ իր մէջ կը խտացնէ մարդկային բազմաթիւ առաքինութիւններ։

Նուէրի մը, բարիքի մը կամ ծառայութեան մը փոխարէն, ի՞նչ արժէք ունի շնորհակալութիւնը այն մարդուն համար, որ գիտակցութիւնը ունի «Շնորհակալ եմ» ըսելու։

Սակայն, կ’արժէ հարց տալ, թէ ի՞նչ կþըլլայ շնորհակալութեան ձգած տպաւորութիւնը ընդունողին եւ անկէ զրկուողին վրայ։

Շնորհակալութիւնը ինքնաբուխ արտայայտութիւն մըն է, որ կ’արտայայտէ երախտաւոր մարդուն հոգիին ու բարոյականին մեծութիւնը։

Տարբերութիւն չ’ըներ, թէ բարիքը մեծ է կամ փոքր, կարեւոր է որ բարեգործը ստանայ իր բարոյական վարձատրութիւնը, որն է՝ շնորհակալութիւն։

Շնորհակալութիւնը խորքով ու հրապոյրով բառ մըն է, որ դիւրին կ’արտասանուի եւ դիւրին կը ստացուի՝ փոխադարձ գոհունակութեամբ։ Տուողին  Շար...

Թիւ 285-286 - ՎԱԽԿՈՏՈՒԹԻՒՆ

Վախկոտ մարդը վանողական է։ Կասկածամիտ մարդը համակրելի չէ։ Վախկոտ ու վարանոտ մարդոց գործ չի վստահուիր։

Վախկոտ մարդը չի կրնար կեանքին մէջ յաջողութիւն յուսալ։ Ով որ իր մէջ հաւատք չունի, համարձակութիւնն ու վճռականութիւնը կը պակսի իրեն, եւ միշտ հաւաստիք ու յաջողութիւն կը փնտռէ իր ձեռնարկներուն յաջողութեան համար, կը ձախողի։

Բնական օրէնք է աշխարհի մէջ, որ մարդիկ կը հաւատան ու կը վստահին անոնց, որոնք ինքնավստա՛հ են, բան մը ընելու եւ յաջողցնելու քաջութիւնը ունին։

Քաջութիւնը, արդարեւ, առաքինութիւն է։ Քաջութիւն պէտք է սեփական կարծիքներ ունենալու եւ զանոնք արտայայտելու համար։ Քաջութիւն պէտք է համբերելու եւ յարատեւելու համար։

Քաջութիւն պէտք է հաւատարիմ ըլլալու եւ  Շար...

Թիւ 283-284 - ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ (ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ 8-ՐԴ ԲԱՆԱԿՈՒՄԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ)

Շուտով, Բիւրականի մէջ տեղի կþունենայ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 8-րդ բանակումը, մասնակցութեամբ՝ 725 սկաուտներու։ Իսկական տօնահանդէս մը Հ.Մ.Ը.Մ.ին համար, որուն պատմութիւնը պիտի հարստանայ յաղթանակի նոր դափնիով։

Երեւոյթը խօսուն է եւ փաստը կու տայ այն իրողութեան, որ հակառակ իր շուրջի գրաւիչ ու այլասերիչ պայմաններուն, ինչպէս երէկ, այսօր եւս Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը մնայ սիրելի, հարազատ եւ ոգեշնչող միութիւն մը բոլոր անոնց համար, որոնք աշխարհի չորս ծագերուն կþապրին հայեցի արժէքներու նախանձախնդրութեամբ եւ հայ ոգիի պաշտամունքով։ Հ.Մ.Ը.Մ. կը շարունակէ գրաւել հայ մարդոց սրտերուն ջերմ անկիւնը։ Իր վրայ կը գուրգուրան ալեւոր ծերունիէն մինչեւ նորահաս մանուկը, որովհետեւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշին հպարտանքով կը շտկէ իր մէջքը եւ անոր գաղափարին լոյսով  Շար...

Թիւ 282 - ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Անվերջ վազք մըն է կեանքը։ Կը յաջողի ան, որ կրնայ դիմագրաւել արգելքներ։ Կը յաղթանակէ ան, որ ունի անխախտ հաւատք եւ յարատեւելու կամք։

Անհատական կեանքի յաղթանակէն ու յաջողութենէն աւելի, սակայն, հիմնական նշանակութիւն ունին հաւաքական մեր կեանքին յաղթանակն ու յաջողութիւնը, որոնք մեծապէս կախեալ են մեր ապագան երաշխաւորող երիտասարդութենէն։

Այս պարագային, երիտասարդութեան մէջ գտնուող ուժն ու կենսունակութիւնը, միտքն ու ուսումը, զարգացումն ու կարողութիւնները բաւարար երաշխիքներ չեն յաղթանակի՝ անհատական թէ հաւաքական մեր կեանքին մէջ։ Խելք եւ տրամաբանութիւն, վկայական եւ կարողութիւն առանձինն բաւարար արժէքներ չեն՝ կարենալ դիմագրաւելու համար մեզի սպառնացող դժուարութիւններն ու տագնապները։

Վերջին հաշուով ո՞ւժն է կարեւորը կեանքի մէջ, թէ ուժերու կազմակերպումը՝ իտէալի մը  Շար...

Թիւ 281 - ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՐԾԻՔ

Հանրային կարծիքը առհասարակ տկար է մեր մօտ, մինչդեռ զօրաւոր է անձնակա՛ն կարծիքը։ Կարելի է նոյնիսկ հաստատել, որ հանրային կարծիքը ուղղակի ճնշումին տակն է անձնական կարծիքին։

Հանրային կարծիքը յաճախ կ’երկմտի ու կը տատամսի. անձնական կարծիքը ո՛չ կ’երկմտի, ո՛չ ալ կը տատամսի։ Առաջինը հպատակ է, երկրորդը՝ իշխան։

Հանրային կարծիքը երբեմն կը վախնայ արտայայտուելէ. անձնական կարծիքը այդ վախը չունի։ Տեղին եւ պարագային համեմատ, անձնական կարծիքն է, որ կը գործէ իբրեւ հանրային կարծիք եւ կը կատարէ անոր դերն ու պաշտօնը։

Հանրային կարծիքի լաւագոյն արտայայտութիւններէն մէկը ընտրութիւնն է։ Ընտրութիւն կը նշանակէ շատերուն մէջէն նախապատիւ նկատել մէկը կամ բան մը։ Ընտրութեամբ հանրային կարծիքն է, հանրութեան ձայնն  Շար...

Թիւ 280 - «ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ»

Մարզիկ»ի վերջին թիւերուն մէջ ուշագրաւ տեղ կը գրաւեն «Կը նուիրեն»ները։ Շատեր թերեւս անտարբերութեամբ մը կ’անցնին անոնց վրայէն։ Ուրիշներ կը կարդան, պահ մը կ’ուրախանան ու յետոյ կը մոռնան։

Եւ սակայն, Աւետարանի այրի կնոջ լուման յիշեցնող այս «Կը նուիրեն»ները արժանի են լայն ուշադրութեան եւ գնահատանքի։ Ոչ թէ իրենց արժէքով, այլ՝ իմաստով ու ոգիով։ Շատ աւելի մեծագումար նուիրատուութիւններ եղած են ու կ’ըլլան, սակայն Հ.Մ.Ը.Մ.ին ու անոր ամսաթերթին կաթիլ-կաթիլ տրուածները ունին իրենց յատուկ թելադրականութիւնը, իբրեւ գեղեցիկ արարքի մը, սրտաբուխ ազնիւ զգացումի մը արտայայտութիւնը։

Անկասկած, որ այդ նուիրատուներու շարքին կը գտնուին նիւթապէս բարօր վիճակի մէջ գտնուողներ, որոնք հայ մարդու քրտինքը օրերու հետ վերածած են ադամանդի…։  Շար...

Թիւ 279 - - ԵՐԵՒՈՅԹԸ («ՄԱՐԶԻԿ»Ի ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Միութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ հրատարակութիւններու տարեդարձներուն առիթով սովորութիւն է պատմութիւնը ընել անոնց ծնունդին, տարած աշխատանքին, ու ներկայացնել կոչ մը՝ երթը շարունակելու վճռականութեան։

Այդ բոլորը ընդհանուր գիծերով, արժէքաւոր իրականութեամբ մը կատարուած են «Մարզիկ»ի 25-ամեակին նուիրուած այս թիւին մէջ։

Առանց համեստութեան սահմանը անցնելու, դժուար է բան մը աւելցնել ըսուածին վրայ, այսուհանդերձ կ’արժէ խորանալ երեւոյթին վրայ, տրուած ըլլալով որ իրապէս մեծ բան է ան՝ թէ իբրեւ ճիգ եւ թէ իբրեւ արդիւնք։

Նախ, Սփիւռքի մարզական գոյատեւող միակ թերթը ըլլալու իրողութիւնը, եթէ ցաւ է ընդհանրական մտահոգութեամբ, սակայն կրկնակի պատիւ է «Մարզիկ»ի հրատարակիչներուն եւ զայն պահող ընթերցողներուն համար։

Անխորտակ հաւատքով ու յամառ կամքով միայն կարելի պիտի ըլլար  Շար...

Թիւ 278 - ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ականի բնորոշ յատկութիւն է հաւատարմութիւնը։ Շատերու համար Հ.Մ.Ը.Մ.ականութիւնը հոմանի՛շ է հաւատարմութեան։ Որքան մարդ հեռանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ականութենէ՝ այնքան կը հեռանայ հաւատարմութենէ։ Նաեւ՝ հակառակը։ Մարդ որքան հրաժարի հաւատարմութեան սկզբունքէն,- գլխաւոր սկզբունքը սկաուտական դաւանանքին-, այնքան իր մէջ կը մեռնին Հ.Մ.Ը.Մ.ն ու հայը։

Հաւատարմութիւնն է համագումարը Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարդու առաքինութիւններուն։

Հաւատարմութիւն ազգային արժէքներու, նահատակներու, սեփական ժողովուրդի, հայրենիքի եւ Դատի։

Հաւատարմութեան այս մօտեցումով պէտք է արժեւորել Եղեռնի 90-ամեակին առիթով կատարուած Հ.Մ.Ը.Մ.ական ուխտագնացութիւնը Տէր Զօր եւ Մարկատէ, իբրեւ յարգանքի արտայայտութիւն անոնց, որոնք ազգային մեր խաչելութեան եւ յարութեան վկաները հանդիսացան։

Երեւոյթը սրտառուչ էր. տեսնել աւելի քան 300 Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտներ, իրենց պատասխանատուներուն առաջնորդութեամբ, երկիւղած հաւատարմութեամբ կը վերակենդանացնեն յիշատակը այն հազար-հազարներուն, որոնք Տէր Զօրի ու  Շար...

Թիւ 277 - ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի նման մարմնակրթական միութիւններու մէջ փնտռուած արժանիք մըն է հեղինակութիւնը, որուն անհրաժեշտութիւնը օրէ օր աւելի կը զգացուի սկաուտական թէ մարզական պատասխանատուներու մօտ։

Սկաուտ խմբապետ մը կամ պասքեթպոլի խումբի մարզիչ մը որքան ալ հմտութեան տէր ըլլայ եւ գիտելիքներու տիրապետէ, չի կրնար օգտակար ըլլալ, եթէ հեղինակութիւն չունի իր խնամքին յանձնուած տղոց վրայ։

Կը սիրուին ու կը յարգուին այն պատասխանատուները, որոնք բարի են, բայց նաեւ՝ խստապահանջ։ Աններող են փոքր թերութիւններու նկատմամբ, բայց ոչ՝ քինախնդիր։ Ընդհակառակն, չեն սիրուիր անոնք որոնք թոյլ են եւ իրենց վստահուած պատանիներու քմայքին կը ծառայեն, իբրեւ թէ զանոնք ներգրաւելու համար։

Պատասխանատուի մը նկարագիրը մեծ դեր ունի նորահաս տղոց կրթութեան աշխատանքին մէջ։

Օրինակները ցոյց տուած  Շար...

Թիւ 276 - ՅԱՂԹԵԼՈՒ ՎՃԻՌԸ (ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ 7-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Յաղթանակի իր տեսակաւոր դափնիներուն վրայ, Հ.Մ.Ը.Մ. հատ մը եւս աւելցուց այս ամառ, երբ 24-31 Օգոստոս 2005-ին, Աթէնքի մէջ իրականացուց համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 7-րդ մարզախաղերը։

Ութ օրեր Հ.Մ.Ը.Մ. լեցուց յունահայութեան կեանքը եւ բաց երկինքի տակ ազգային տօնախմբութեան մը բացառիկ վայելքը պարգեւեց։

Ութ օրեր միայն։ Խաղերն ու անոնց ընկերացող ձեռնարկները ամփոփուեցան այդքան ժամանակամիջոցի մէջ, եւ սակայն անոնց կազմակերպումը, անհաշուելի դժուարութիւններու յաղթահարումով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի հաւատաւոր սերունդէն խլեց ամիսներու ճիգ ու աշխատանք։

Յունահայութեան հետ աշխարհասփիւռ հայութիւնը հոգիի աչքերով ապրեցաւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական այս մեծ հարսանիքին ուրախութիւնը, որուն ներկայ եղան 12 երկիրներէ աւելի քան 200 մարզիկ-մարզիկուհիներ, բոլո՛րը գաղափարի նոյն դրօշին սպասարկու տղաք ու աղջիկներ, հայեցի նոյն արժէքներով մեծցած։ Բոլորը միասին կազմած պատկառելի  Շար...

Թիւ 275 - «ԱՆԾԱՆՕԹ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐ»Ը (ՀԱՄԱՅՆԱՎԱՐ ԲՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԶՈՀ ԳԱՑԱԾ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ)

Եթէ ժողովուրդներու պատմութիւնը կը գրուի տեղ մը, անձերու պատմութիւնը յաճախ կը մոռցուի։ Քանինե՜ր կան, անծանօթ ու անշուք, որոնք կեանք մը ամբողջ ապրած են իրենց ժողովուրդին համար, տառապած ու նահատակուած են անոր արժէքներուն սիրոյն, առանց սակայն յիշատակութեան արժանանալու։

Լեգէոն կը կազմեն նմանները։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութիւնը լեցուն է անոնց գործերով, բայց ոչ՝ անուններով։ Անոնք անծանօթ մնացած են իրենց փառքին մէջ, առանց որեւէ ակնկալութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ին ու հայութեան համար նահատակուած ըլլալու պատիւը բաւ նկատելով իրենց։ Յուշարձան շինուած չէ անոնց համար, սուրբերու կարգը չեն դասուած անոնք, մոմ չէ վառած ու խունկ չէ ծխուած անոնց շիրիմներուն վրայ։ Շատերը անոնցմէ գերեզման իսկ չունին…

Մէջտեղ է օրինակը համայնավար բռնութիւններու  Շար...

Թիւ 274 - ՃՇԴԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ

Միշտ կրկնուած, բայց անտեսուած բառ մըն է ճշդապահութիւնը։ Յատկապէս միութենական տարեշրջանի փակման այս օրերուն, ճշդապահութեան անհրաժեշտութիւնը հասարակաց պահանջի կը վերածուի հրապարակային մեր բոլոր ձեռնարկներուն յաջողութեան համար։

«Հայկական ժամադրութիւն» բացատրութիւնը առածի կարգ անցած է այլեւս եւ ազգային նկարագիր դարձած։ Թերթերու մէջ լոյս տեսած յայտարարութիւնները, ձեռնարկներու ժամին վերաբերեալ, միշտ թերահաւատութեամբ կ’ընդունուին։ Մինչեւ իսկ եթէ մասնաւոր հոգածութեամբ մը շեշտուած ըլլայ «Ճիշդ» մակդիրն ալ։ Մեր հանդիսականները ուշացած ըլլալու փոյթը չեն ունենար բնաւ։ Կը շարժին դանդաղօրէն, վստահ որ սրահին դռները բաց պիտի գտնեն իրենց դիմաց։

Իրաւ թէ անիրաւ, մեր հասարակութիւնը ճանչցուած է իբրեւ ժամանակի եւ ժամադրութեան արժէքը անտեսող հաւաքականութիւն։ Ոչ միայն հաւաքաբար, այլեւ՝  Շար...

Թիւ 273 - ՁԵՒԸ

Շատ են անոնք, որոնք ափսոսանքով կը տեսնեն, որ իրենց զաւակը կամ թոռնիկը իրենց պէս չէ։ Շատ են անոնք, որոնք զարմանքով կը տեսնեն, որ հետաքրքրութիւններու, ապրումներու, նկարագիրի եւ կեանքի ըմբռնումներու հսկայ տարբերութիւն մը կայ իրենց եւ իրենց զաւակներուն ու թոռներուն միջեւ։

Շատ են անոնք, որոնք կը տագնապին այս իրողութեամբ։

Կը տագնապին, որ ընտանեկան, ազգային-միութենական բարքերու յեղաշրջում մը կայ, կը գանգատին որ հայկականութեան ջերմութիւնը այն չէ նոր սերունդին մօտ, ինչ որ էր ու է՛ իրենց հայրերու կուրծքին տակ։

Պատճառները շատ են, երբեմն՝ բնական ու հասկնալի, երբեմն՝ անտեղի ու անհասկնալի։

Այս հոսանքին  Շար...

Թիւ 272 - ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԲԱԺԱՆՈՒՄ

Ժամանակակից ընկերութիւնը ականատեսն է գիտութեան կատարած մեծ իրագործումներուն։ Որոնող միտքը ամէն օր նոր հորիզոններ կը բանայ իրեն համար։

Ամէն ժամ ու ամէն վայրկեան հսկայական աշխատանքներ կը կատարուին մտաւորական եւ արդիւնաբերական մարզերու մէջ, ի խնդիր նորանոր յաջողութիւններու եւ նուաճումներու, եւ այս բոլորը՝ սերտուած ջանքերով, ուժերու տեղին օգտագործումով, մէկ խօսքով՝ աշխատանքի լաւ բաժանումով։

Մեր օրերուն, ազգային-միութենական կեանքին մէջ, ժողովուրդի մը որդեգրած աշխատանքի բաժանման դրութիւնը այլեւս չափանիշը կարելի է նկատել անոր յառաջդիմութեան աստիճանին։

Քաղաքակրթապէս յետամնաց ժողովուրդներու մօտ աշխատանքի այդ բաժանումը չափազանց անկանոն վիճակ մը կը պարզէ եւ պատահականութիւններու ենթակայ է։ Իսկ  Շար...

Թիւ 271 - ԱՅԼԱՍԵՐՈՒՄ

Որեւէ ժողովուրդի բառարանին մէջ այլասերումը լաւ նշանակութիւն չունի, բայց հայութեան համար ան կը նշանակէ կորուստ, քայքայում, ազգէն հեռացում, ազգային աղէտ։

Հայկական Ցեղասպանութեան 90-ամեակին առիթով, բեմերէն եւ մամուլի էջերէն ամէնէն աւելի կրկնուող բառերէն մէկն է ան։ Տեսակ մը ահազանգ՝ զգուշութեան, պայքարի հրաւէր՝ ինքնապաշտպանութեան։

Կար ժամանակ, երբ այլասերման ըմբռնումը առաւելաբար հոմանիշ դարձած էր մայրենի լեզուի մոռացման։ Ան որ հայերէն չէր խօսեր եւ օտար լեզուով կþարտայայտուէր՝ կը նկատուէր այլասերած, ազգային տեսակէտով կորսուած։

Ժամանակներն ու պայմանները փոխուած են այսօր եւ բոլորովին ճիշդ չէ, արդար չէ, այլասերումը զուտ լեզուական երեւոյթ նկատել։ Լեզուն շօշափելի, զգալի  Շար...

Թիւ 270 - ԱՒԱՆԴԸ

«Մեր Տեսակցութիւնները» «Մարզիկ»ի ամէնէն աւելի կարդացուող բաժիններէն մէկն է։ Նոյնքան կը փնտռուի թերթին յուշերու բաժինը, որուն հաւատարիմ ընթերցողները եւս շատ են։ Երկու բաժիններն ալ, արդարեւ, կը վերակենդանացնեն Հ.Մ.Ը.Մ.ական անցեալի փայլուն դէմքեր, որոնք տարիներ շարունակ ազգային ցնծութեան եւ պարծանքի ապրումներով լեցուցած են մեր սրտերը։ Դարձած են մէկական յիշատակ՝ մտքերուն մէջ բոլոր անոնց, որոնք օրինակ եւ ներշնչում առած են իրենցմէ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի անցեալը հարուստ է դէմքերով, որոնց անունները ջինջ հնչումով մը արձագանգած են հայ ժողովուրդի ինքնագիտակցութեան, յոյսի եւ յաղթանակի ձայներուն։ Այսօրուան երէց սերունդը, տարօրինակ, բայց քաղցր յուզումով մը կը յիշէ այն փառքի շրջանը, որուն  Շար...

Թիւ 269 - ՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ (Հ.Յ.Դ.Ի ՈՒՂԵԿԻՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Կ’ապրինք դժուար ու հետզհետէ աւելի դժուարացող պայմաններու մէջ։ Բազմաթիւ եւ մէկը միւսէն աւելի ճակատագրական հարցեր կը տագնապեցնեն մարդոց եւ հաւաքականութիւններու առօրեան։

Գիտակից մարդոց համար այլեւս անկարելի է անտարբեր մնալ, երբ էական հարցեր կան իրենց շուրջ, մանաւանդ, երբ համեմատաբար ներկային, աւելի փայլուն հեռանկարներ իրագործելու կարելիութիւն կայ։ Մարդիկ կը դատեն անպայման,- իրենց կամքէն վեր է չդատելը,- ապա՝ վերաբերում կը ճշդեն եւ «բանիւ ու գործով» իրենք զիրենք լաւագոյնս կրնան արտայայտել միութիւններու ճամբով։

Միութիւններու գոյութիւնը չափանիշ է ժողովուրդներու ինքնագիտակցութեան, եւ միութենականներու թիւը կարելի է չափանիշ նկատել հաւաքականութիւն կազմող անհատներու քաղաքակրթական եւ քաղաքացիական զարգացման աստիճանին։

  Շար...

Թիւ 267-268 - ՁԵԶՄՈՎ ԱՊՐԻՆՔ

Ուրախութեան եւ հպարտութեան զգացումներով միայն կարելի է աչքէ անցընել «Մարզիկ»ի միացեալ այս թիւը, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ական աշխոյժ կեանքի ու մթնոլորտի արձագանգներ կը փոխանցէ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն։

Լոս Անճելըսէն մինչեւ Սան Ֆրանսիսքօ Հ.Մ.Ը.Մ.ական քանի մը սերունդ, ահաւասիկ, ձեռք-ձեռքի տուած՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը կ’ընդունին արժանավայել կերպով, միութեան պաշտօնաթերթին ի նպաստ ձեռնարկ կը կազմակերպեն յաջողութեամբ, Նաւասարդեան խաղեր կþիրականացնեն, միջ-մասնաճիւղային բանակում կը կատարեն եւ դեռ՝ մասնաճիւղերու մէջ եռուն գործունէութիւն կþունենան։ Իսկ այս բոլորը Մ. Նահանգներու նման երկրի մը մէջ, ուր հայ մնալը եթէ քաջութեան հոմանիշ է, ապա՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ ըլլալը եւ գործելը հերոսութեան համազօր կրնայ  Շար...

Թիւ 266 - ԱՌԱՋՆՈՐԴԻ ԴԵՐՈՎ (ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ Դ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Ընթացիկ տարիներէ տարբեր սկաուտական տարեշրջան մը կը սպասէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքին այս տարի։ Ծաղկաձորի համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական խմբապետական Դ. համագումարը միութեան սկաուտական շարքերը դրած է անմիջական պարտաւորութիւններու դիմաց. աշխատանքներու արդիականացում, շարքերու աշխուժացում, ծնողական շրջանակներու մօտ աւելի լայն քարոզչութիւն։

Կար ժամանակ, երբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութիւնը կը ծառայէր նորահաս սերունդները բացօթեայ հաւաքավայրերու մէջ համախմբելու եւ զանոնք բնութեան ու չարքաշութեան վարժեցնելու նպատակին։ Յաջորդեց ժամանակ մը, երբ հայապահպանումը դարձաւ գլխաւոր մտահոգութիւն, սերունդները փրկելու համար այլասերումի եւ օտարացումի վտանգներէն։

Այսօր, նոր իրականութիւններու լոյսին տակ, հայ կեանքը թեւակոխած է նոր հանգրուան։ Հայաստանի անկախութիւնը շատ բան փոխած է հայ  Շար...

Թիւ 265 - ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ

Գիտութեան, արհեստագիտութեան եւ մասնագիտութեան այս դարուն, ուսումը նախապայման է մտքի զարգացման համար, սակայն անբաւարար՝ նկարագիրի կերտման համար։ Անոր համար անհրաժեշտ է կրթութիւն  եւ դաստիարակութիւն։

Ուսումը եթէ լոյս է, կրթութիւնը անոր ջերմութիւնն է։ Երկուքը զիրար ամբողջացնող անբաժանելի տարրեր են, մէկը միւսէն զօրաւոր եւ ազդեցիկ։ Կրթութենէ զուրկ, սակայն ուսեալ անձ մը մարդկային ընկերութեան մէջ պիտի չունենար այն հմայքը, զոր պիտի ունենար երկուքին արժանիքներով օժտուած մարդ մը։ Արեւուն լոյսը, առանց իր կենարար ջերմութեան, պիտի չունենար այն կախարդանքը, ինչ որ ունի երկուքին միաձոյլ զօրութեամբ։

Ուսումը կը ջամբուի դպրոցներէ ներս։ Կրթութիւնը պէտք է փնտռել նաեւ ուրիշ տեղ։ Դպրոցին կողքին, կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն կը  Շար...

Թիւ 264 - ԱԶԳԱՅԻՆ ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ

Ազգային հպարտութիւնը նախնիներու արժանիքներով հարստացած ժառանգութիւն մըն է, որուն պահակը կոչուած է ըլլալու իւրաքանչիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ական։

Երբ պատուաբեր անցեալով հարուստ պատմութիւն մը ունինք մեր ետին, երբ քաղաքակրթական արժէքներով եւ իրագործումներով ազգ մը եղած ենք, սխալ պիտի ըլլար որեւէ պատճառով ուրանալ այդ բոլորը։
Երբ հայութեան գերակշիռ մեծամասնութիւնը, հայրենիքէն դուրս, իր գոյութեան պայքարը կը մղէ հայօրէ՛ն ապրելու համար, ի գործ դրուած մեծ ճիգը, տեղ-տեղ հերոսութեան համազօր, ոչ ոքի իրաւունք կու տայ ուրանալու առաքինութիւններ, որոնք մաս կը կազմեն ազգային մեր հպարտութեան։

Արդարեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.ականին համար մարդը իր նմաններուն մէջ արժէք մըն է, երբ լծուած է աշխատանքի եւ չ’իւրացներ ուրիշին քրտինքը։

Մարդը արժէք  Շար...

Թիւ 263 - ԻՏԷԱ՛Լ, ԻՏԷԱ՛Լ…

Իտէալը գաղափարական ցանկութիւն մըն է, շատ աւելին՝ քան պարզ իղձ մը։ Գեղեցիկ տեսլականի ձգտող հոգեկան մղում մըն է ան, որ կ’երաշխաւորէ մեր գոյութիւնը եւ յաղթանակը։

Պարզ ցանկութիւն մը շատերու հոգին լեցնող իրողութիւն է։ Հանգիստ ըլլալ, բարօր կեանք ապրիլ իղձեր են, բայց ոչ՝ համապարփակ  գեղեցկութեամբ իտէալներ։

Իտէալը Հ.Մ.Ը.Մ.ին համար ունի հաւաքականութեան մը օգտակար դառնալու նպատակը, քանի ան մարդոց աչքերը կը յառէ յառաջադէմ գաղափարներու, վսեմ արժէքներու եւ ազնուացնող առաքինութիւններու վրայ։ 
Եթէ անհատական յաջողութիւններու համար անհրաժեշտ են ուսում, փորձառութիւն, բարեկամութիւն եւ բարենպաստ այլ պայմաններ, հաւաքական իտէալներու իրականացման համար հարկ է անսահման ճիգերու շարք մը։
Երիտասարդներ երբ չունին զիրենք տեսլականի մը  Շար...

Թիւ 262 - ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆ

Իւրաքանչիւր միութիւն աշխատանքի մը կը ձեռնարկէ իր կարողութիւններուն չափով։ Միաժամանակ, աշխատանք մը սահմանափակուած կ’ըլլայ շրջապատի կարելիութիւններուն տարողութեամբ եւ ազդեցութեամբ։ Հետեւաբար, միութեան մը աշխատանքներուն ամբողջական թէ մասնակի յաջողութիւնը կախեալ է հիմնական այդ երկու տուեալէն.- կարողութիւն եւ կարելիութիւն։ Կարողութիւնը ուղղակի կապ ունի միութեան հետ։ Միութեան մը նիւթական, Ֆիզիքական եւ բարոյական դրամագլուխը կը հանդիսանայ անոր կարողութիւններուն ամբողջութիւնը։ Այսպէս, միութեան մը հզօրութիւնը կախեալ կ’ըլլայ իր անդամներուն մտային, Ֆիզիքական, նիւթական եւ բարոյական ուժերէն։ Զանազան աշխատանքներու մէջ անոնց անհատական յաջողութիւններուն գումարը կը ներկայացնէ միութեան կարողութիւնը։ Կարելիութիւնը կախեալ է միութեան մը արտաքին շրջապատէն։ Միութեան գործունէութեան միջավայրը անոր կ’ընձեռէ նիւթական, Ֆիզիքական եւ բարոյական որոշ կարելիութիւններ, որոնք կը կազմեն  Շար...

Թիւ 261 - ՀԻՄՆԱԿԱ՛ՆԸ

     Կեանքի տարբեր մարզերուն մէջ, հիմնականը, կարեւորագոյնն ու էականը կը հանդիսանան այդ մարզին գոյատեւման մղիչ ուժը, որ անոր կը շնորհեն ինքնուրոյն դիմագիծ եւ առիթ կու տան, որ ապագայի յաջողութիւնները գան աւելնալու անոր հիմերուն վրայ։

Անհատական կեանքի մէջ, անհատի մը ծնունդէն ետք, անոր կեանքին մէջ հիմնական տեղ կը գրաւեն իր դաստիարակութիւնը, ընտանեկան օճախին կազմութիւնը եւ ապա՝ զանազան իտէալներ, որոնց կը փարի ան՝ մեկնելով իր շրջապատէն, դաստիարակութենէն եւ փորձառութիւններէն։

Հաւաքականի պարագային, հիմնականը իր կազմութենէն ետք, կ’ըլլայ անոր գործունէութեան այն մասը, զոր մեծարժէք է ու մնայուն։

Անշուշտ, անհատն ու հաւաքականութիւնը միայն հիմնական գործերով չեն զբաղիր, ընդհակառակն՝ երկուքին ալ կեանքին մեծ  Շար...

Թիւ 260 - ՈԳԻ ԵՒ ԿԱՆՈՆԱԳԻՐ

       Ահաւասիկ երկու բառեր, որոնք շաղկապուած են իրարու, որոնց մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի իմաստը խտացած է։ Մէկը միւսը լրացնող, մէկը միւսէն աւելի ուժեղ։ Առանց մէկուն, միւսը մարդ մը՝ առանց ինքնութեան։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիրները, իրենց սկզբնական օրերուն, դեռ կազմակերպական խնդիրներով չզբաղած, կը մտածէին նախ ոգեկան արժէքներով հարստացնել իրենց միութիւնը։ Իրենց միութեան հիմքն ու առաջնորդը ոգին էր։ Միջոցներ չունէին։ Ոգիով մարզական եւ սկաուտական շարժում կը ստեղծէին, ոգիով նոր գաղափարներ կը յղանային, ու նոյն այդ առինքնող ոգիով Հ.Մ.Ը.Մ.ի փառքը կը կերտէին։

Շաւարշ Քրիսեաններու, Գրիգոր Յակոբեաններու եւ Յովհաննէս Հինդլեաններու ոգին էր, որ Եղեռնէն ճողոպրած սերունդը իրարու քով բերաւ՝ հիմը դնելով Հ.Մ.Ը.Մ.ին։ Նոյն այդ ոգին էր դարձեալ,  Շար...

Թիւ 259 - ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑԸ

Պատկերը տպաւորիչ է, երբ ծնող մը անչափահաս զաւակը առաջին անգամ  դպրոց կ’առաջնորդէ։

Դպրոցին շէնքին առջեւ, պահ մը կանգ կ’առնէ եւ աղօթքը շրթներուն, զաւակը դաստիարակին յանձնելով կը պատուիրէ.- ուսում, կրթութիւն թող ստանայ եւ մա՛րդ ըլլայ։

Բոլոր ծնողներուն լաւագոյն մաղթանքն է այս իրենց զաւակներուն համար։

Անչափահասը կը մեծնայ, ուսում, կրթութիւն կը ստանայ եւ վկայականի մը տիրանալով կը նետուի կեանքի ասպարէզ, ուր սակայն ան բոլորովին նոր աշխարհի եւ մարդոց մէջ կը գտնէ ինքզինք։ Իր ստացած բարոյական դաստիարակութիւնը կեանքի կոպիտ իրականութեան հետ միշտ չի կրնար հաշտեցնել։ Իր երազները հետզհետէ կը շոգիանան, պայծառ հորիզոնը կ’ամպոտի եւ կը գտնուի լուրջ դժուարութիւններու առջեւ։ Այնուհետեւ,  Շար...

Թիւ 258 - ԾՐԱԳՐՈՒՄ ԵՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի նման միութիւններու աշխատանքը կարելի չէ հիմնաւորել միայն իտէալներով, իղձերով ու տենչերով, որոնք իբրեւ մղում եւ սլացք տուող ազդակներ անհրաժեշտ են, սակայն առանց ծրագրումի եւ կազմակերպուած աշխատանքի ուշ կամ կանուխ կրնան յուսախաբութիւններու եւ ձախողութիւններու մատնուիլ։

Ծրագրումը ինքնին աշխատանքի ձեւ մըն է, որ կը նախատեսէ իրագործել նպատակ մը։ Այդ աշխատանքը կը ձգտի ստեղծել կազմակերպ եւ առողջ միութենական կեանք, նկատի առնելով արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող պայմանները, շուրջի հաւանական զարգացումները եւ անոնց հետեւանքները։

Յատկապէս մեր օրերուն, ծրագրումը մասնագիտական մակարդակի վրայ կատարուելիք գործ է։ Կարելի չէ զգացական, ենթակայական մօտեցումներով առաջնորդուիլ եւ ապագայի մեր հեռանկարներուն մէջ տեսնել միայն այն՝ զոր պիտի ուզէինք  Շար...

Թիւ 257 - «ՏՈՐՄԻՂ ՀՐԱԹԵՒ»

     Հայ երիտասարդութեան տօնն է դարձեալ։ Տօնը բոլորին, համայն հայութեան ազնուասիրտ հայորդիներուն, որոնք հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի գաղափարական դրօշին տակ, ուրախութեամբ եւ արդար հպարտութեամբ կը նշեն 85-ամեակը հայանուէր այս միութեան, որ մեր կեանքին հրաշքներէն մէկը եղաւ իրաւամբ, հայ ժողովուրդի վերանորոգ կամքին արտայայտութիւնը, փաստը՝ անոր կենսունակութեան, գրաւականը՝ անոր անմահութեան։

1915-ի Ցեղասպանութենէն հազիւ երեք տարի ետք, բուռ մը տեսլապաշտներու երկունքէն ծնած, շուտով հայութեան գուրգուրանքին արժանի դարձած միութիւն մը եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ., որուն ծրագիրներուն եւ նպատակին մէջ հայ ժողովուրդը բնազդօրէն զգաց ու տեսաւ ցեղը ազնուացնող, անոր մարմինն ու հոգին մշակող այն հնոցը, ուր պիտի գային ձուլուելու բոլոր կամքերը՝ դառնալու համար մէ՛կ ուժ.-  Շար...

Թիւ 256 - «ՈՎ ՀԱՅ ԱՐԻ» (ՀԱՅ ՍԿԱՈՒՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 90-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

     Պատեհ է Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 85-ամեակի նշումէն առաջ, ոգեկոչել հայ սկաուտութեան հիմնադրութեան 90ամեակը։

Սկաուտութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ի բազկերակն է։ Շատ բան ըսուած է անոր մասին։ Իրատես ըլլալու համար պէտք է 90 տարի ետ երթալ, առաջին Աշխարհամարտը նախորդող տարիները, փոխադրուիլ Պոլիս, ազգային-մշակութային եռուզեռի այդ քաղաքը, կարելի հարազատութեամբ չափելու համար արժէքը այն շարժումին, որուն առաջնորդները եղան բուռ մը տեսլապաշտ մարդիկ, որոնք իրենց տեսիլքով լուսաւորեցին հայ երիտասարդութեան ուղին։

Սկաուտական միջազգային շարժումի ստեղծումէն հինգ տարի ետք, գտնուեցան հայեր, դաստիարակ ու մանկավարժ մարդիկ, որոնք իսկոյն ըմբռնեցին անոր կարեւորութիւնը՝ սերունդներու առողջ դաստիարակութեան գործին մէջ։ Յովհաննէս Հինդլեան, Գրիգոր Յակոբեան եղան անոր նախակարապետները եւ անմիջապէս գործի լծուեցան Պոլսոյ  Շար...

Թիւ 255 - ԶՈՀԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻՆ

Զոհաբերութեան զգացումը մարդկային առաքինութիւններու մաս կազմող լաւագոյն բարեմասնութիւններէն մէկն է։

Սկաուտական թէ մարզական կեանքի առաջին քայլերէն իսկ՝ զոհաբերութեան ոգին կը սերմանուի մատղաշ Հ.Մ.Ը.Մ.ականի հոգիին ու մտքին  մէջ, որպէսզի կեանքի ամէնօրեայ թաւալումին հետ անիկա նկարագիր դառնայ եւ ազգային դաստիարակութեան կարեւոր ազդակներէն մէկը հանդիսանայ։

Իր իրաւունքներէն կամաւոր կերպով հրաժարելով՝ ուրիշին օգտակար ըլլալու զգացում մըն է զոհաբերութիւնը: Փոխադարձ յարգանքի եւ զիջողութեան վրայ հիմնուած բարի տրամադրութիւն մը, որ ժամանակի ընթացքին կը վերածուի սովորութեան։

Սովորութիւնները վարժութեամբ ձեռք բերուած ունակութիւններ են։ Անոնց լաւը Հ.Մ.Ը.Մ.ականին մէջ կը զօրացնէ նկարագիրի ազնիւ գիծեր, մինչդեռ վատն ու յոռին, ընդհակառակն՝ զայն կը դարձնէ եսասէր ու անձնապաշտ։

Եթէ  Շար...

Թիւ 254 - ՅԻՇԵՆՔ, ՅԻՇԵՑՆԵՆՔ

Յիշենք՝
1992-ին, չմշկումի Ֆրանսացի ախոյեան Ժան-Քլոտ Քէլի Ալպերվիլի ձմեռնային ողիմպիականի կազմակերպիչ յանձնախումբի նախագահ նշանակուեցաւ՝ իր մարզաձեւին մէջ ունեցած հարուստ փորձառութեան համար։     
Քանի մը տարի առաջ, Ֆութպոլի առասպելը՝ Փելէ, Պրազիլի արտակարգ եւ շրջուն դեսպանը հռչակուեցաւ՝ երկրին մարզական կեանքին բերած իր մեծ ներդրումին համար։

Ամիսներ առաջ, ձողով բարձրութիւն ցատկելու աշխարհի մրցանակակիր` Սերգէյ Պուպքա, Ուքրանիոյ ազգային պարծանքը, նշանակուեցաւ երկրի վարչապետին ընկերային հարցերու խորհրդատուն։

Ու դեռ չենք թուեր անունները հազարաւոր այլ մարզիկներու, որոնք իրենց ասպարէզի յաջողութիւններուն ճամբով՝ տարիներու ընթացքին բարոյական եւ նիւթական մեծ գնահատանքներու արժանացան, երջանիկ կեանք մը ունեցան եւ  հանգիստ ծերութիւն մը ապահովեցին։

Յիշեցնենք՝ 
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան  Շար...

Թիւ 253 - ԻՆՉՈ՞Ւ ՉՎՍՏԱՀԻԼ

Կը բաւէ ուշի-ուշով կարդալ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 8-րդ Պատգամաւորական Ժողովի թղթապանակէն առնուած եւ այս թիւին առաջնորդող էջերով ներկայացուած ընդհանուր ակնարկը՝ գիտնալու համար տարողութիւնը երախտարժան այն մեծ գործին, զոր 85-ամեայ այս միութիւնը կը կատարէ, հակառակ զինք շրջապատող բազմապիսի աննպաստ պայմաններուն։

Ու կարդալէ ետք, կ’արժէ անպայման խորհրդածել այն միւս՝ մեծ զանգուածին մասին, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կամ հայկական որեւէ այլ միութեան մաս չկազմելով՝ մեղկ ու անհոգ, ինքզինք բոլորովին հեռու պահած է հայկական միջավայրէ եւ մինչեւ իսկ անդամակցած է օտար ակումբներու, հայ հոգիի եւ ինքնութեան կատարեալ անձնատուութեամբ։

Օտարասիրութիւնը մեր մօտ անբուժելի ախտ է։ Համաշխարհայնացումի հմայիչ ու կլանիչ պայմաններուն մէջ յատկապէս, շատեր դիւրութեամբ կը տարուին օտար  Շար...

Թիւ 251-252 - «... ԵՒ ԾԱՌԱՅԵԼ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ»

Չկայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 8-րդ Պատգամաւորական Ժողովին տրամադրութիւնները խտացնող աւելի հնչեղ պատգամ՝ քան սկաուտական երդումին ծանօթ տողը. «... Եւ ծառայել հայրենիքիս»:

Ահա Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործը, նպատակին մեծութիւնը, զոր Պատգամաւորական Ժողովը կարեւորութեամբ ընդգծեց օրակարգի իր բոլոր կէտերուն, պաշտօնական բացումին, 85-ամեակի խրախճանքին թէ նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեանի հետ տեսակցութեան ընթացքին:

Իսկ ի՞նչ կայ աւելի վսեմ, աւելի գեղեցիկ՝ քան հայրենիքը եւ աւելի քաղցր՝ քան երդումը- ծառայել անոր:

Անկախ հայրենիքի մը գոյութիւնը ուժ եւ կենսունակութիւն կու տայ Հ.Մ.Ը.Մ.ին: Այլապէս ի՞նչպէս բացատրել 85ամեայ այս միութեան անչափելի զոհողութիւնները՝ հայը հայ պահելու, Սփիւռքի մէջ անոր հայեցի դիմագիծն ու նկարագիրը անաղարտ պահելու, իսկ Հայաստանի մէջ՝ բարոյականի տէր ազնիւ քաղաքացիներ  Շար...

Թիւ 250 - ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Միութենական կեանքի կապուած որեւէ երեւոյթ արդար հպարտութիւն մը ապահովելու համար պէտք ունի մէկէ աւելի բարենիշներու, որոնց ընդհանուր գումարը նոյն այդ միութեան արժանապատուութիւնն է եւ մակարդակը: Մտքի եւ հոգիի՛ մակարդակը:

Կ’ապրինք դարու մը մէջ, ուր ամէն ինչ կը կրէ իր ժամանակին ազդեցութիւնը: Սրընթաց զարգացող այսօրուան աշխարհին մէջ, երբ մեր շուրջի յառաջդիմութեան անհատաբար մասնակից ենք բոլորս, ի՞նչպէս կրնանք ընդունիլ, որ տեղ-տեղ տակաւին նախնականութիւն մը տիրէ հաւաքական մեր կեանքէն ներս:

Մարդու մը նկարագիրը, ինչպէս հաւաքականութեանը, ի շարս այլոց պայմանաւորուած է կամքով, որ խորհրդանիշ է բարձրացումի: Այդ կամքը ձեռք կը բերուի առօրեայ կեանքի մէջ յստակ նպատակներու հետապնդումով, որ ամէն օր մարդը քիչ  Շար...

Թիւ 249 - ՆԵՐՇՆՉՈՒՄԻ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐ

Ոչ ոք կրնայ ժխտել, որ այսօր, աւելի քան երբեք, մեր կեանքը պէտք ունի ներշնչումի մնայուն, կենդանի եւ տպաւորիչ օրինակներու: Օրինակներ, որոնք անտարբերները զգաստութեան հրաւիրեն, բազմութիւնները ոգեւորեն եւ հասակ նետող նոր սերունդը առաջնորդեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի հետապնդած ուղիով ու կատարած գործով:

Հ.Մ.Ը.Մ. պէտք ունի 85-ամեայ իր արժէքներու արժանաւոր պաշտպաններուն: Փաստօրէն, սկաուտութիւնը այսօր տեղքայլ կ’ապրի ոչ թէ պատասխանատուներու չգոյութեան պատճառով, այլ՝ անոր համար որ հետզհետէ կը նուազին սկաուտութեան վեհ սկզբունքները իրենց իտէալը, մտածումն ու կեանքը դարձուցած հաւատաւորները: Մարզախաղերը, նոյնպէս, եթէ տեղ-տեղ որոշ նահանջ կ’արձանագրեն, պարզապէս որովհետեւ շատեր գաղափարական տեսլականէ պարպուած, զանոնք միջոցէ աւելի նպատակ կը նկատեն եւ կը մոռնան, որ Հ.Մ.Ը.Մ. սոսկական ակումբ  Շար...

Թիւ 248 - ՀԻՆ ՍԵՐՈՒՆԴԸ

    «Նոր սերունդը» վերնագրեցինք մեր նախորդ խմբագրականը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 85-ամեակի առաջին ողջոյնը տուինք անոնց, որոնք կը հանդիսանան միութեան ներկային առողջ գրաւականը եւ ապագային վառ յոյսը: Չէինք կրնար մոռնալ սակայն, ու չմոռցա՛նք հին սերունդը՝ անոնք որոնք տարիքի բեռ մը ունին այսօր իրենց ուսերուն, միութենական տքնանքի եւ ծառայութեան անցեալ մը իրենց ետին:

Կար ժամանակ, երբ անոնք ալ նոր սերունդ էին, բազմութիւններուն հպարտութիւն կը ներշնչէին օր մը Ֆութպոլով, օր մը պասքեթպոլով, օր մը բանակումով, օր մը տողանցքով, օր մըն ալ լուռ աշխատանքով… : Կար ժամանակ, երբ միութեան ուժն էին անոնք, բաժակ ու շքանշան կը խլէին, դափնեպսակ ու հռչակ կը քաղէին:

Յիշատակ  Շար...

Թիւ 247 - ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԸ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի 85-ամեակի տարին է 2003-ը: Շատ խօսքեր կրնան արտասանուիլ ու նոյնքան շատ յօդուածներ կրնան գրուիլ այս մասին, սակայն հարցում մը անպայման իր պատասխանը պիտի փնտռէ բոլորէն. ի՞նչ կ’ընէ եւ ի՞նչ կը մտածէ Հ.Մ.Ը.Մ.ական նոր սերունդը այս հանգրուանին: Ո՞ւր է ան միութեան 85-ամեայ շարունակուող երթին մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ը Հ.Մ.Ը.Մ. պահող մեծ ճիգերուն եւ զոհողութիւններուն մէջ:

Նոր սերունդն է միութեան մը ջիղը, խանդավառութիւններուն աղբիւրը եւ ամէնէն գործօն տարրը: Ան է ներկայի առողջ գրաւականը եւ ապագայի վառ յոյսը:

Հաւաքականութիւններ, միութիւններ երբ անկիւնադարձային պահեր կ’ապրին, նոր սերունդին կը յառին բնականօրէն բոլորին յոյսերը: Գիտակի՞ց է ան իր կոչումին, պատասխանատո՞ւ է իրեն վիճակուող դերին, խիտ  Շար...

Թիւ 246 - ՀԱՇՈՒԵՑՈՅՑԸ

     Տարի մը եւս յանձնեցինք ժամանակի անողորմ գերեզմանին: Յաջողութիւններով եւ դժուարութիւններով լեցուն տարի մը: Մեկնող ու նոր սկսող երկու ժամանակամիջոցներու եզրին կանգնած, իբրեւ մարդ թէ իբրեւ միութիւն, խոր յուզումով կը դիտենք աւանդական փոխանցումի պահը, որ անպայման տօնական հանդիսաւորութիւն մը ունի:

Կեանքի մէջ ամէն ինչ որ նոր կը սկսի խորհրդաւոր է՝ անակնկալներու իր հեռանկարով: Անոր համար ալ սովորութիւն ունինք նորն ու նորութիւնները բարեմաղթութիւններով դիմաւորելու: Անզօր մարդը ի՞նչ կրնայ ընել ամենազօր անծանօթին դէմ՝ եթէ ոչ մաղթել որ յաջողութեան եւ երջանկութեան դռները բացուին իր առջեւ:

Բայց պէտք չէ մոռնալ, որ նոր ծնող տարին հարազատ զաւակն է ,հանգուցեալ ծնողքեին եւ աշխարհ  Շար...

Թիւ 245 - ՓԱՌՔԸ Հ.Մ.Ը.Մ.ԻՆ, ՊԱՏԻՒԸ՝ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

       Յաջողութիւնը պատմական է, իրագործումը՝ աննախընթաց: Փինկ-փոնկի արաբական աշխարհի ակումբներու 2002-ի թագը Հ.Մ.Մ.Ը.ի Լիբանանի աղջկանց խումբին է: Անպայմա՛ն պէտք է շնորհաւորել քոյրերն ու պատասխանատուները, որոնք իրենց գեղեցիկ յաղթանակով հպարտութիւն եւ ուրախութիւն ներշնչեցին իւրաքանչիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ականի, հմայք սփռեցին իրենց շրջապատին եւ հայութեան անունը պանծացուցին 250 միլիոն արաբներու:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի փառքին կերտիչները հանդիսացան Լարա Քէչէպաշեան, Մարիանա Սահակեան-Սոմունճեան, Նոէլ Քէշիշեան եւ Լիզա Պարիկեան, որոնք Լիբանանի խմբային ախոյեանութեան տիրանալէ ետք, Գահիրէի մէջ եւս շարունակեցին իրենց փայլուն ելոյթները եւ նոյնքան ճկուն խաղարկութեամբ, վարպետ դարձուածքներով ու զօրաւոր հարուածներով յաղթեցի՛ն ու շահեցան արաբական տիտղոսներու կարեւորագոյնը: Անոնք շահեցան եւ անոնց միութիւնը իրենցմով շահեցաւ:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի փինկ-փոնկի աստղերու նորագոյն սերունդն  Շար...

Թիւ 244 - ՆՈՐ ՏՈՒՆԸ («ԱՂԲԱԼԵԱՆ-Հ.Մ.Ը.Մ.» ԿԵԴՐՈՆԻՆ ԲԱՑՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Վերնագիրը ինքնին պերճախօս է:

Պարզ իմաստով ո՞վ չի հասկնար տան, բոյնի կամ օճախի իմաստն ու նշանակութիւնը:

Կենդանիները բնազդով կը շինեն իրենց բոյնը, իսկ մարդը բնազդաբար ու գիտակցաբար կը հիմնէ իր տունը կամ օճախը, ուր ինքզինք կը զգայ ազատ, հանգիստ ու երջանիկ:

Լայն իմաստով՝ տունը միայն ընտանիք եւ ընտանեկան յարկ չէ, ուր մարդ ազատութիւն, հարազատութիւն եւ ջերմութիւն կը գտնէ: Անիկա կ’իմաստաւորուի սեփականութեան իրաւունքով,  ազատ ու անկաշկանդ ապրելու տենչով, ինքնուրոյն ապրելակերպով եւ մթնոլորտով:

Մարդիկ, նոյն նպատակին շուրջ բոլորուած հաւաքականութիւններ, միշտ կը ձգտին ունենալ իրենց տունը կամ օճախը, ուր ճշդուած սահմաններու մէջ անոնք կը ղեկավարուին իրենք իրենցմով, սեփական օրէնքներով,  Շար...

Թիւ 243 - ԶՈՀՈՂՈՒԹԻՒՆ

Յաճախ կրկնուած իմաստութիւն է, որ իրական ուժի եւ արժէքի չափանիշը զոհողութիւնն է:

Զօրաւորը այն չէ, որ դրամ ունի. խելացին այն չէ, որ բարձր ուսում ունի, այլ՝ ան որ կրնայ իր ունեցածը զոհել նպատակի մը սիրոյն:

Զոհողութիւնը, ուրիշներու ծառայելու պատրաստակամութիւնը, սեփական նկարագիր կերտելու մեծագոյն գաղտնիքն է: Ով որ կը յաջողի իր անձէն, եսէն, ժամանակէն ու քսակէն զոհելով ուրիշներուն՝ միութեան, ազգին ու հայրենիքին ծառայել՝ տիրացած կ’ըլլայ մարդկային կարեւոր առաքինութիւններէն մէկուն: Աշխարհը, մանաւանդ փոքր ազգերն ու միութիւնները, ամէնէն աւելի զոհուող մարդոց կը պարտին իրենց գոյութիւնն ու մեծութիւնը:

Դրամը միշտ ալ կարեւոր է: Հեռատես ու առողջ ղեկավարութիւնը շատ աւելի անհրաժեշտ է,  Շար...

Թիւ 242 - ՏԻՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ

Երազ չէ, իրականութիւն է:

«Մարզիկ»ի այս թիւին կողքին վրայ երեւցողը ազգին ու հայրենիքին նախագահն է, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական Է. ընդհանուր բանակումին փողկապով: Քովը՝ հերոսական Արցախի նախագահն է, նոյն փողկապով՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ական պատուիրակութիւն մը ընդունած պահուն: Աւելի ներս՝ երրորդ էջին վրայ, Համաշխարհային Սկաուտական Շարժումին ընդհանուր քարտուղարն է, աշխարհի 216 երկիրներու 30 միլիոն սկաուտներու պետը, դարձեալ նոյն փողկապով եւ ազգային Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանով:

Երազ չէ, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական ընդհանուր բանակումին առօրեայէն առնուած իրական պատկերներ են ասոնք, իւրաքանչիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ականի կուրծքը արդար հպարտութեամբ ուռեցնող երեւոյթներ, որոնց վրայ եթէ աւելցնենք Արագածի կատարին Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշը կոթողելու սխրանքը եւ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ սկաուտներու հմայիչ տողանցքը, իրականութիւնները կը դառնան  Շար...

Թիւ 241 - ԱՊՐԻ՛Ք ՏՂԱՔ

Անգամ մը եւս Նաւասարդեան Մարզախաղերը ազգային հպարտութեան, հաւաքական հրճուանքի եւ մարզական յաղթանակի օրեր եղան Արեւմտեան Մ. Նահանգներու հայութեան համար: Այլ բառեր կարելի չէ գտնել այն ապրումներուն, զորս գաղութը ունեցաւ ի տես քսան հազարի հասնող Հ.Մ.Ը.Մ.ական առողջ, կայտառ ու խոստմնալից սերունդի ցուցադրած Ֆիզիքական եւ հոգեկան շնորհներուն: Լոս Անճելըսէն հասած թղթակցութիւններն ու լուսանկարները այդ կը վկայեն: Մարզախաղերու ամիսներ տեւող եռուզեռը դարձեալ շարժումի մէջ դրաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու ընտանիքին անդամները- մարզիկ-մարզիկուհիներ, սկաուտներ, յանձնախումբերու թէ պատկերասփիւռի նորաստեղծ անձնակազմի անդամներ, պատասխանատուներ, բոլո՛րը նոյն դրօշի ծիածանով եղբայրացած հոգիներ, նոյն ժողովուրդի հարազատ եւ հաւատարիմ ժառանգներ: 27 տարիէ ի վեր գեղեցիկ աւանդութեան վերածուած այս մարզախաղերը, ահա, ամէն  Շար...

Թիւ 240 - ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ ՊԱՀԱՆՋԸ

Կեանքը պայքար է, ըսուած է իրաւամբ: Անդուլ եւ անողոք պայքար, ծնունդէն մինչեւ մահ:

Պայքարը սակայն միայն նիւթական բնոյթ չունի: Ճիշդ է, որ հանրութեան աչքին կեանքի պայքարին մէջ յաջողողները շատ յաճախ անոնք են, որոնք շատ դրամ կը շահին, փայլուն դիրքերու կը տիրանան, ազդեցութիւն ձեռք կը ձգեն եւ վայելքի լայն կարելիութիւններ կ’ունենան: Բայց այս չէ միակ ու բուն յաղթանակը կեանքի պայքարին:

Մարդիկ կրնան նիւթապէս նախանձելի դիրքեր չունենալ եւ իրենք զիրենք յաջողած զգալ՝ իրենց գաղափարներուն իրականացման ճամբուն վրայ: Կարեւորը անձին ու նկարագիրին անխաթար պահպանումն է:

Հոն ուր պայքար կայ, ուրեմն կան նաեւ թշնամիներ, որոնք տեւական յարձակումներ կը գործեն պայքարողը անձնատուութեան մղելու համար: Կեանքի  Շար...

Թիւ 239 - ԱՆԴՈ՛ՒԼ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Հ.Մ.Ը.Մ.ականի նկարագիր եւ կամք կերտող միջոցներէն մէկը, անկասկած, հաւատքի եւ նուիրումի պատուանդանին վրայ խարսխուած աշխատանքն է: Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարդուն բնորոշ առաքինութիւններէն մէկը կը կազմէ աշխատանքի հանդէպ սէրը, որ իր գոյութեան եւ յարատեւման ազդակներէն մէկը կը հանդիսանայ:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի շեմէն ներս հազիւ մուտք գործած «կակուղ թաթիկ»ը կը սորվի, որ աշխատանքը մայրն է ամէն բարիքի, իսկ ծուլութիւնը՝ ամէն չարիքի: Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարիչները միութեան դիմող մատղաշ սերունդներուն առաջին օրէն իսկ յստակ կը դարձնեն, որ աշխատանքը կ’ազնուացնէ հոգին եւ առաջքը կ’առնէ անպարկեշտութեան ու փորձութեան, մինչդեռ ծուլութիւնը սերմերը կը ցանէ մոլութիւններու եւ մեղքերու:

Տարիներու ընթացքին, Հ.Մ.Ը.Մ.ական կեանքի փորձառութիւնը կու գայ վերահաստատելու, որ աշխատանքը իսկապէս լայն  Շար...

Թիւ 238 - ՆՈՒԻՐՈՒՄԻ ՃԱՄԲՈՎ

«Հ.Մ.Ը.Մ.ի նման միութիւն մը հզօրացնողը այլեւս տարիքը չէ, այլ՝ հաւատքի հզօր ուժը», կ’եզրակացնէինք մեր նախորդ խմբագրականով, փոքր ժողովուրդի մը մեծ միութեան կենսունակութեան գաղտնիքներէն մէկուն (հաւատքի ուժին) անդրադառնալով:

Հ.Մ.Ը.Մ.ը երբեք չծերացնող եւ զայն յաղթանակէ յաղթանակ առաջնորդող յատկութիւններէն մէկը, արդարեւ, անխորտակելի այն հաւատքն է, որ լոյսի նման կը ճառագայթէ հայ իրականութեան նահանջի եւ ընկրկումի պայմաններուն մէջ, անզուսպ զօրաշարժ մը յառաջացնելով ամէնէն թմրած հոգիներուն մէջ նոյնիսկ:

Ու երբ հաւատքը այսքան ուժեղ է եւ տարերային, չի մնար կրաւորական վիճակի մէջ, կը դառնայ գործ ու ՆՈՒԻՐՈՒՄ:

Միայն Հ.Մ.Ը.Մ.ին յատուկ երեւոյթ չէ ասիկա: Քրիստոնէութեան յաղթանակը աշխարհ կը պարտի նուիրեալներու այն փաղանգին, որ  Շար...

Թիւ 237 - ՀԱՒԱՏՔԻՆ ՈՅԺԸ

Նպատակի մը հասնելու հիմնական պայմանը անոր կարելիութեան հաւատալն է: Երբ գործի մը ձեռնարկողը թերահաւատ է, երկնային հրաշք մը միայն կրնայ զայն յաջողութեան հասցնել: Իսկ հրաշքներ միշտ չեն պատահիր: Իրագործուած յաջողութիւններուն մեծագոյն տոկոսը ձեռք կը բերուի ճիգով, աշխատանքով եւ յարատեւ ձգտումով:

Այսպէս է անհատական կեանքին մէջ, այսպէս է նաեւ միութիւններու կեանքին մէջ:

Նախ մարդ ի՛նք պէտք է հաւատայ իր նպատակին կարելիութեան, կարեւորութեան եւ արդարացիութեան, որպէսզի կարենայ ուրիշներուն ալ հաւատացնել:

Մեծ նպատակներն ու իտէալները մեծ հաւատք կը պահանջեն: Օրուան ընթացիկ տրամաբանութեամբ եւ մանր հաշիւներով կարելի չէ անոնց մօտենալ:

Գրիգոր Յակոբեաններ, Յովհաննէս Հինդլեաններ եւ Տիգրան Խոյեաններ երբ կ’որոշէին  Շար...

Թիւ 236 - ԳՐԱՒԸ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿՐՏՍԵՐՆԵՐԸ

«Վաղուան հայերը» խորագրեալ մեր նախորդ խմբագրականներէն մէկուն մէջ, երբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կրտսեր սերունդին ակնարկելով դիտել կու տայինք, որ ապագան անոնցն է, դեռատի տղոց ու աղջիկներուն, որոնք հիներուն եւ անցնողներուն տեղը գրաւելով՝ վաղը պիտի նուիրագործեն հայուն կամքն ու իղձերը, Լիբանան տակաւին չէր հիւրընկալած Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գահիրէի «Արարատ» մասնաճիւղին պասքեթպոլի կրտսերներու խումբը:

Ու երբ Լիբանան հիւրընկալեց Գահիրէի կրտսեր պասքեթպոլիստները եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքը ի խորոց սրտի ծափահարեց անոնց ելոյթներուն, բոլորին յստակ դարձաւ, որ ոչ միայն ապագան, այլեւ ներկա՛ն Հ.Մ.Ը.Մ.ի կրտսերներուն է, անոնց՝ որոնց շնորհիւ կարելի է իսկապէս ներկայանալի մարզական խումբեր եւ տիպար մարզիկներ ունենալ:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գահիրէի եւ հիւրընկալ Անթիլիասի մասնաճիւղի կրտսեր  Շար...

Թիւ 235 - ՄԻՇՏ ՊԱՏՐԱ՛ՍՏ

2002 տարուան հետ Հ.Մ.Ը.Մ. կը թեւակոխէ իր հիմնադրութեան 84րդ տարին: Ու արդար հպարտութեամբ մը, վեթերան թէ նորահաս Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ բարձրաճակատ կը ներկայանան հանրութեան, վկայելու համար 84 տարիէ ի վեր հայ կեանքի դժուարին պայմաններուն մէջ գործող կազմակերպութեան մը անցեալին ու ներկային մասին:

Ազգերու կեանքին մէջ հազուագիւտ են մարմնակրթական այն միութիւնները, որոնք 84 տարի ընթացած ըլլան իրենց հիմնական առաջադրանքներով: Յատկապէս արդի ժամանակներուն, երբ մեր շուրջի միութիւններուն մեծ մասը վերածուած է շահակցական-բաժնետիրական ակումբներու, իսկ անդամները՝ վճարովի պաշտօնեաներու:

Իսկապէս հրաշքի համազօր բան է խելայեղ արհեստավարժութեան եւ նիւթապաշտութեան պայմաններուն մէջ, համաշխարհայնացումի յորձանքին ընդդէմ մարմնակրթական միութիւն մը պահել իր առաջադրանքներու պատուանդանին վրայ, առանց շեղելու  Շար...

Թիւ 234 - ԱՆՑԵԱԼՆ ՈՒ ԱՊԱԳԱՆ

Օրացոյցի փրցուող վերջին թերթիկներուն հետ տարի մըն ալ անցաւ պատմութեան գիրկը: Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական Զ. մարզախաղերու տարին դարձաւ սոսկ թուական եւ յիշատակ: Համահայկական 2րդ խաղերը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի համա-եւրոպական բանակումը, Նաւասարդեան 26րդ մարզախաղերը եւ այլ ձեռնարկներ հե՛տք ձգեցին մարդոց միտքերուն եւ հոգիներուն մէջ ու անցան պատմութեան էջերուն:

Նոր տարի մը սկսաւ նոր յոյսով ու հաւատքով, միաժամանակ՝ նոր ծրագրումներու եւ իրագործումներու պատրաստութիւններով: Կեանքի օրինաչափութիւնն է այդ. քարացած ու անփոփոխ վիճակները հաւաքականութիւնները կը մատնեն տեղքայլի ու նահանջի, մինչդեռ տեւական վերանորոգումը եւ վերաշխուժացումը գրաւականը կը հանդիսանան նորանոր յաջողութիւններու:

Ներկայի ու ապագայի ծրագիրներուն հետ սակայն, կարելի չէ մոռնալ անցեալը եւ անտեսել աւանդաբար անկէ փոխանցուող գաղափարներն ու  Շար...

Թիւ 233 - ՆԱ՛Խ ՆԿԱՐԱԳԻՐ

Հ.Մ.Ը.Մ.ական իրերայաջորդ սերունդներու համար մնայուն դաւանանքի կարգ անցած է այն ճշմարտութիւնը, որ ուսումն ու կրթութիւնը ոչինչ կ’արժեն առանց հոգեկան դաստիարակութեան: Նոյնիսկ բնատուր տաղանդն ու ձիրքերը դատապարտուած են ապարդիւն կորսուելու, եթէ նկարագիրէ զուրկ անձերու սեփականութիւնը կը կազմեն անոնք:

Հոգին առաւել է քան մարմինը, ըսուած է իրաւամբ: Պէտք է աւելցնել, որ հոգին առաւել է նաեւ քան մի՛տքը:

Մեր ընկերութեան մէջ որքա՜ն մարդիկ կան, որոնց ոչ խելքը կը պակսի, ոչ ալ՝ կարողութիւնը, սակայն անոնք պիտանի տարր չեն կազմեր օգտաշատ որեւէ ծրագրի համար, պարզապէս որովհետեւ պարկեշտ նկարագիր չունին:

Աննկարագիր մարդիկը ճանչնալը դժուար չէ մեր առօրեային մէջ: Անոնք սովորութիւն ունին տեւաբար  Շար...

Թիւ 232 - ՎԱՂՈՒԱՆ ՀԱՅԵՐԸ

Տարեկան բանակումներէ ետք, անդամական ընդհանուր ժողովներով սկսած է արդէն միութենական գործունէութեան նոր տարեշրջանը, ու ամէն տարուան նման, Հ.Մ.Ը.Մ.ի շուրջ դարձեալ համախմբուած են հազարաւոր մանուկներ եւ պատանիներ։

Անոնք վաղուան հայերն են, որոնք իրենց կեանքին կը բացուին եռուն արիւնով եւ անսպառ աւիւնով, կեանքի քառուղիներէն վազելով դէպի անորոշ ապագայ։ Անոնցմէ շատերուն անհատական ապագան անորոշ է, սակայն հաւաքական ապագան՝ ազգային հաւաքականութեան ճակատագիրը չի կրնար նոյնը ըլլալ, ընդհակառակն՝ բոլորին մտահոգութեան առարկան է։

Այս մօտեցումով հայութեան համար կրկնակի արժէք կը ներկայացնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ը, որովհետեւ ազգանուէր անոր դարբնոցին մէջն է, որ սկաուտական եւ մարզական կեանքի միջոցով դեռատի  Շար...

Թիւ 231 - ՄԻՇՏ ՅԱՌԱՋ

Ասուպի մը նման անցան համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 6-րդ մարզախաղերու անմոռանալի օրերը։ Անցեալի Նաւասարդեան խաղերուն գեղեցիկ շարունակութիւնը եղող համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերը հայ մկանին իսկական տօնը եղան Լիբանանի մէջ։

Չորս տարուան համար վարագոյրը իջաւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերու հանդիսութիւններուն վրայ։ 11 երկիրներէ եկած մարզիկները վերադարձան իրենց մասնաճիւղերը, իրենց հետ տանելով նոր կորով ու եռանդ։ Պէյրութ սակայն տակաւին կþապրի մարզախաղերուն մեծ ոգեւորութիւնը։ Ականջներու մէջ տակաւին կը հնչեն մարզիկներու «օլէ՜-օլէ՜»ները։ Հոգիները արձագանգ կու տան մետալներու եւ բաժակներու տուչութեան խանդավառ ծափողջոյններուն։ Յիշողութիւններէն չեն հեռանար Հ.Մ.Ը.Մ.ական հայր եւ որդի միեւնոյն խումբին մէջ տեսնելու, երեք եղբայր կողք-կողքի՛ մրցելու անբացատրելի յուզումն ու ուրախութիւնը։

  Շար...

Թիւ 230 - ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՈՒԺԸ

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 6-րդ մարզախաղերու ընդմէջէն ազգին դրօշարշաւը ողջունող մեր նախորդ խմբագրականին մէջ կը հաստատէինք, որ սերունդներու երթը պիտի շարունակուի եւ «նոր»երը պիտի յառաջանան «հին»երու ճամբով, դրօշը ձեռին, հաւատքի աչքը՝ հեռաւոր վերջակէտին.- Մասիսին, Վանին ու Մուշին։

«Նոր»երու հանդէպ մեր գրաւը այսօր շահած կը նկատենք, որովհետեւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 6-րդ մարզախաղերը եկան ապացուցելու, թէ Հ.Մ.Ը.Մ. իսկապէս ունի սքանչելի երիտասարդութիւն մը, որ համաշխարհայնացումի այս դարուն եւ նիւթապաշտութեան այս օրերուն, հաւատաւոր ու կամաւոր ձեւով լծուած է հայապահպանման մեծ երթին, միշտ բարձր բռնած գաղափարական այն դրօշը, որ հայութիւնը պիտի առաջնորդէ իր անկատար տենչերուն իրականացման։

Երիտասարդութիւնն է, որ սերունդէ սերունդ  Շար...

Թիւ 229 - ԱԶԳԻՆ ԴՐՕՇԱՐՇԱՒԸ
(ՈՂՋՈՅՆԻ ԽՕՍՔ՝ ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ 6ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ՄԱՐԶԻԿ-ՄԱՐԶԻԿՈՒՀԻՆԵՐՈՒՆ)

Տօն է դարձեալ: Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքը ցնծութեամբ կը պատրաստուի համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 6րդ մարզախաղերուն, որոնք առաջին անգամ ըլլալով տեղի կ’ունենան գաղութի մը մէջ, որ վերջին քառորդ դարուն Հ.Մ.Ը.Մ.ի համագաղութային գործունէութեան ճառագայթումը կատարեց արժանաւորապէս:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի համագաղութային կառոյցի հիմնադիր ժողովէն 27 տարի ետք, Պէյրութ դարձեալ ուխտավայրը դարձած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխարհասփիւռ ընտանիքի անդամներուն: Բազմահարիւր «ուխտաւոր»ներ հազարաւոր քիլոմեթրերու հեռաւորութենէն կու գան Լիբանան, յանձն առնելով նիւթական եւ բարոյական մեծ զոհողութիւններ: Կու գան մասնակցելու համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 6րդ մարզախաղերուն: Կու գան հայութեան նոր օրերու Նաւասարդը տօնելու, հին օրերու, նոր ժամանակներու դափնեպսակները հիւսելու: Կու գան իրենց լացը լալու ուրախութենէ գինովցած, հպարտ ու խանդավառ հոգիներով: Կու գան ճակատաբաց՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշը վեր պահելու,  Շար...

Թիւ 228 - ՊԱՐԿԵՇՏ ՄՐՑԱԿՑՈՒԹԻՒՆ (ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ԵՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ)

Բնազդաբար, իսկական մարզիկ մը չի կրնար առանձին մնալ։ Ան կը փնտռէ չափուելու առիթը։ Հաճոյք կը զգայ ուրիշներու հետ բաղդատուելով, մրցակիցներու մէջ լաւագոյնը նկատուելով։

Առանց մրցակցութեան անկարելի է յառաջդիմութիւն եւ յաջողութիւն ակնկալել։ Ուրիշին յաջողութեան, հռչակին եւ երջանկութեան հասնելու մարդկային բնական մղումն է, որ կ’ամրապնդէ մարզիկի մը ջանքը, կը լարէ անոր ջիղերը եւ կը կոփէ դժուարութիւններ յաղթահարելու կամքը։

Մրցակցութիւնը լաւագոյն միջոցն է իրական կեանքին պատրաստուելու։ Առանձին կամ խմբակիցներու հետ յաջողութեան հասնելու ձգտումը ապագայի հաշուոյն մարզիկին կու տայ նպատակի մը ի խնդիր պայքարելու վարժութիւնը։

Կեանքի առօրեային մէջ մրցակցութիւնը անխուսափելի է։ Ամէն մարդ  Շար...

Թիւ 227 - ԱՆՁԻՆ ՕՐԻՆԱԿՈՎ

Ընդունուած եւ տարածուած կարծիք է, որ Հ.Մ.Ը.Մ. կը նմանի մեծ դպրոցի մը, որ ունի իր խնամակալութիւնը, ուսուցչական կազմն ու աշակերտութիւնը։ Դպրոցին նպատակն է ֆիզիքապէս եւ բարոյապէս դաստիարակել նոր սերունդը, անոր փոխանցելով մարդկային վսեմ արժէքներ եւ ազգային անժամանցելի սկզբունքներ։

Հետեւաբար, Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ գործօն դեր ստանձնած ոեւէ անդամ կը նկատուի այդ մեծ դպրոցին մէկ ուսուցիչը։ Ատենապետ թէ խմբապետ, ֆութպոլի մարզիչ թէ մասնաճիւղի Առաջնորդ, Աքելլա թէ Պալու, ան ուսուցիչ է եւ պատասխանատու, որովհետեւ ան բարոյական ծանր պարտականութիւնը ունի իր խնամքին յանձնուած մատղաշ սերունդին հոգին, նկարագիրն ու մարմինը կերտելու, ազնուացնելո՛ւ, մարմնակրթանքի ճամբով հայկականութիւն ջամբելու։ Կը  Շար...

Թիւ 226 - ԱՆԽԱԽՏ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ (ԵՂԵՌՆԻ 86-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Ազգեր չեն մեծնար ֆիզիքական բիրտ ուժին ապաւինելով, ոչ ալ կը մեռնին ֆիզիքական ծանր հարուածներով։ Անոնք կ’այլասերին եւ մահավճիռ կ’արձակեն իրենց գոյութեան դէմ, երբ կը զիջին անզիջելին՝ ազգային արժէքներու եւ սրբութիւններու հանդէպ իրենց հաւատարմութիւնը։

86 տարի առաջ, պետականօրէն ծրագրուած եւ իրագործուած Ցեղասպանութեան մը զոհը դառնալով, մենք կորսնցուցինք ամէն ինչ, սակայն կրցանք պահել ամէն ինչ վերանուաճելու մեր պապենական կտակին հաւատարմութիւնը։ Ցեղասպանութիւնը ծանրագոյնն էր հայութեան պարտադրուած ծանր փորձութիւններուն։ Աննախընթաց իր տարողութեամբ ան հայութենէն խլեց իր թիւին մէկ երրորդը, իսկ հողերուն՝ հինգ վեցերորդը։

Ցեղասպանին եաթաղանէն ճողոպրած մեծ թիւով հայեր տարտղնուեցան ի սփիւռս աշխարհի։ Հայրենիքէն  Շար...

Թիւ 225 - ՄՆԱՅՈՒՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ

Երրորդ հազարամեակի սեմին փոխուած է այսօր մարդկութեան կենցաղն ու դիմագիծը։ Երկրորդ հազարամեակի վերջին դարուն ու մանաւանդ՝ վերջին տասնամեակին, աշխարհը հսկայական նուաճումներ արձանագրեց գիտութեան, հաղորդակցութեան, բժշկութեան եւ բազմաթիւ այլ մարզերու մէջ։

Մաշած սեղաններու ետին թուղթով ու մատիտով Մեսրոպեան տառերը սորվող մանուկը այսօր համակարգիչին ու համացանցին դիմաց, հանգստաւէտ սեղանի մը վրայ կը սերտէ իր դասերը։

Նամակագրութեամբ եւ թելեկրամով հաղորդակցութեան միջոցները այսօր փոխարինուած են ելեկտրական նամակներով (e-amil) եւ համացանցի զրոյցներով (chatting)։ Աշխարհագրական սահմանները այլեւս փուլ եկած են, հեռաւորութեան եւ կարօտի զգացումները նուազած են։

Սրընթաց զարգացող այս կեանքին մէջ, ընդհանրացած երեւոյթ է  Շար...

Թիւ 224 - ՅԱՐԱՏԵՒՈՒԹԻՒՆ

Առիթով մը նշանաւոր դաշնակահարի մը հարց տուած են, թէ որքա՞ն ժամանակ տրամադրած է այդքան ճարտարարութիւն ձեռք ձգելու համար։ «Քսան տարի օրական տասներկու ժամ նուագելով», պատասխանած է մեծ արուեստագէտը։ Ի՜նչ դժուար պայման անոնց համար, որոնք զուրկ են յարատեւելու կամքէ։

Պարզ է, որ ո՛չ բնածին տաղանդը, ո՛չ բարձր ուսումը, ո՛չ ալ հարստութիւնը եղած է մարդոց մեծամասնութեան յաջողութեան գաղտնիքը, այլ՝ յարատեւութեամբ միայն անոնք ապահոված են կեանքի մէջ իրենց յաջողութիւնը։ Յարատեւութիւնը մեծագոյն ազդակը եղած է անոնց զարգացումին եւ վերելքին։

Չկայ որեւէ արհեստ կամ արուեստ, որ չունենայ իրեն յատուկ դժուարութիւնը։ Ուստի, յարատեւութիւնը անհրաժեշտ է ամէն գործի  Շար...

Թիւ 223 - ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ԸԼԼԱԼՈՒ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ

Մեր իրականութեան մէջ օրինակելի կազմակերպութեան բարենիշը յաճախ տրուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ այս՝ անհամեմատօրէն շատ աւելի մեծ արժէք կը ներկայացնէ, քան իր մարզիկներուն շահած մրցումները եւ սկաուտներուն արձանագրած յաջողութիւնները։

Սակայն մրցումներ շահելով եւ յաջողութիւններ արձանագրելով չէ, որ անձ մը կամ կազմակերպութիւն մը կը տիրանայ օրինակելի բարենիշին։ Նախանձելի յատուկ մթնոլորտ մը պէտք է ունենայ ան, բարոյական արժէքներէն սնանող մթնոլորտ մը, ուր նիւթին կողքին մշակուի ոգին, մարմնին կողքին՝ հոգին։

Փաստօրէն, եթէ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մը լոկ փայլուն կարողութիւններով մարզիկ ըլլար, նոյնիսկ եթէ միջազգային մրցանիշներ հաստատէր, հայ իրականութեան մէջ պիտի մնար ո՛չ աւելի, քան… սովորական մարզիկ մը։

  Շար...

Թիւ 222 - ՎԵՐԱԴԱՐՁ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ԻՐԱՒ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ

2001-ի սեմին կանգնած կը մտածենք, թէ անցնող տարին ի՞նչ ձեւով արժեւորեցինք անհատական թէ հաւաքական մեր կեանքին մէջ։ Կը մտածենք մանաւանդ, թէ ինչպէ՞ս պէտք է լեցնենք եւ իմաստաւորենք նոր տարին։ Հինի եւ նորի հանդիպման այս կէտը վերաքաղի եւ հաշուետուութեան կարեւոր հանգրուան մըն է մեր կեանքին մէջ։ Ան նաեւ, ու մանաւանդ, յառաջ նայելու, գալիքը, ընելիքը ու ըլլալիքը ծրագրելու վճռական անկիւնադարձ մըն է ու պէտք է ըլլայ բոլորին համար՝ անհատաբար թէ հաւաքաբար։

Այս մօտեցումով սպասելի պիտի ըլլար, որ իւրաքանչիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ական նոր տարին դիմաւորէ Հ.Մ.Ը.Մ.ական իրաւ արժէքներու վերադարձի թելադրականութեամբ։

Արդարեւ, միութիւններ կը կորսուին ժամանակին եւ միջավայրին մէջ, երբ անոնց արմատները չեն խրիր միութիւնը միութիւն դարձնող աւանդութիւններու  Շար...

Թիւ 221 - ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱՄԱՒՈՐ ԲԱՆԱԿԸ՝ Հ.Մ.Ը.Մ. (ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 82-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Անժխտելի իրողութիւն է, որ հայ կեանքը այսօր բոլորովին տարբեր պիտի ըլլար, Եթէ 82 տարի առաջ հիմնուած չըլլար Հ.Մ.Ը.Մ.ը, Եղեռնի ցաւէն ու տառապանքէն ծնած այն կազմակերպութիւնը, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլար նորահաս սերունդներու մարմնակրթութիւնը, ազգային դաստիարակութիւնը, մարդկային արժէքներու փոխանցումը եւ բարոյական չափանիշներու շեշտումը։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանեկան հարազատ մթնոլորտին մէջ, 82 տարի շարունակ հայ մանուկին եւ երիտասարդին համար բիւրեղացաւ հայ արիին վսեմ դիմագիծը, վերականգնեցաւ բարձրաճակատ եւ արժանապատիւ հայը, որ գիտակից յանձնառութեամբ դիմագրաւեց հայ կեանքի այլասերիչ բոլոր հոսանքները։

82 տարի շարունակ, Հ.Մ.Ը.Մ.ականը եղաւ այն մարզիկը, որ ազնիւ ոգիով մրցեցաւ իր ազգակիցներուն թէ օտարներուն դէմ, աշխատելով  Շար...

Թիւ 220 - ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

Տարիներու եւ սերունդներու երազ մըն ալ իրականացաւ, Համաշխարհային Սկաուտական Շարժումին կողմէ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի պաշտօնական խորհրդանիշին ճանաչումով։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 82-րդ տարեդարձին առիթով աւելի մեծ նուէր չէր կրնար ըլլալ միութեան եւ համայն հայութեան, քան Հ. Ս. Շարժումի Բիւրոյին 2000 թուականի այն որմազդը, ուր աշխարհի 216 երկիրներու ազգային սկաուտական խորհրդանիշներու շարքին, առաջին անգամ ըլլալով երեւցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շուշանածաղիկը, իբրեւ խորհրդանիշը Հայաստանի ազգային սկաուտութեան։

Ճշմարտութիւնը յաղթանակեց վերջապէս։

Տասնամեակներու անտեսումէ եւ ուրացումէ ետք, երբ արուեստականօրէն ստեղծուած «աքսորեալ կազմակերպութիւններ» իրենց վերջալոյսը ապրեցան, եւ երբ Հայաստան վերանկախացաւ ու վերատիրացաւ ազգային իր արժէքերուն՝ Եռագոյն դրօշին, քայլերգին, զինանշանին եւ  Շար...

Թիւ 219 - ՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՆՈՐ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՍԵՄԻՆ

Ամառնային բանակումներէ եւ մարզական մրցաշարքերէ ետք, դարձեալ վերամուտ է։ Սկաուտական կեանքը հետզհետէ կþաշխուժանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ակումբներուն մէջ, մարզական խումբերը կը վերադառնան իրենց մարզադաշտերը, իսկ վարչական կազմերը՝ ծրագրումի եւ աշխատանքի իրենց ժողովասրահները։

Խոհեմ գործակատարի մը նման, ամէն վերամուտի առիթով, Հ.Մ.Ը.Մ. եւս վերանայումի կ’ենթարկէ հաւաքական իր աշխատանքին ընթացքը։ Մասնաճիւղերու վարչութիւններէն մինչեւ Մեկուսի եւ Շրջանային Վարչութիւններ նոր տարեշրջանի սեմին հարց կու տան, թէ ի՞նչ ըրին անցեալ տարի եւ ո՞ւր հասան։ Ի՞նչ կրնային ընել՝ չըրին կամ չյաջողեցան ընել։ Իսկ ի՞նչ պէտք է ընել այս տարի եւ ի՞նչպէս։

Ժամանակին հետ ընթանալու պահանջը եւ շարունակ ինքզինք բարելաւելու կամքը կը թելադրեն Թովմասական ըլլալ եւ ամէն վերամուտի չվարանիլ մեր մատները կոտտացող  Շար...

Թիւ 218 - ԱՌՈՂՋ ՈՒ ՏԵՂԻ՛Ն ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆ

Գաղտնիք մը չէ, որ հաւաքական մեր տկարացումներն ու թերացումները յաճախ հետեւանք են առողջ քննադատութեան բացակայութեան։

Քննադատութեան պակասը զգալի է մեր իրականութեան մէջ, որովհետեւ մամուլի էջերէն թէ հրապարակային բեմերէն հազուադէպօրէն կը լսուին քննադատութեան ձայներ։ Փոխարէնը մարդիկ կա՛մ ընդհանրապէս լուռ կþանցնին բացայայտ սխալներու վրայէն եւ կամ ալ՝ աժան բամբասանքով քննադատութիւնը կը պարպեն իր իմաստէն։

Քննադատել կը նշանակէ թափանցել հարցերուն եւ երեւոյթներուն խորքը, հաշիւ ու բացատրութիւն պահանջել եւ տիրող կացութեան մը հիմնաւորեալ բարեփոխման ձեռնարկել։ Քննադատութիւնը, իբրեւ հանրային թերութիւններու սրբագրման միջոց, ցուցանիշ է քաղաքացիական հասունութեան։

Այնպէս է իրողութիւնը, որ մենք չենք ապրիր իտէալական  Շար...

Թիւ 217 - ՄԻ՛ՇՏ ԿԱՐԴԱԼ

Ժողովուրդի մը քաղաքակրթութեան բարձրութիւնը կարելի է հաստատել ընթերցասիրութեան անոր չափանիշով։ Նոյնն է պարագան անձի մը, ընտանիքի մը կամ հաւաքականութեան մը համար։ Թերթէ, գիրքէ եւ գրականութենէ զուրկ ընտանիքներէն ներս հասակ նետող սերունդը կը նմանի առանց ջուրի, լոյսի եւ ջերմութեան աճող այն բոյսին, որ առհասարակ անպէտք է եւ անօգուտ։

Գիրքերը հոգեկան հարստութիւններու շտեմարան են, իմաստութեան խտացում եւ մտքի սնունդ։

Գիրքերը ուսման եւ կրթութեան լաւագոյն ուսուցիչներն են, մարդոց բովանդակ գիտցածը, խորհածն ու հասկցածը ներկայացնող։

Չկայ որեւէ ազդակ, որ պատկերասփիւռին եւ համացանցին չափ, թերեւս ալ աւելի՛, այնքան խոր ազդէ ու նկարագիր յղկէ՝ որքան կարդացուած  Շար...

Թիւ 216 - Ի ԽՆԴԻՐ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ

Բացայայտ իրողութիւն է, որ հայ կեանքէն ներս գործող բոլոր միաւորներու նման, Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերը եւս այսօր կը գտնուին կազմակերպական յաւելեալ աշխուժացումով եւ արդիւնաւէտ աշխատանքով ժամանակին հետ քայլ պահելու պարտաւորութեան դիմաց։

Գաղութէ գաղութ տարածուած համակիր բազմութիւններ արդարօրէն Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային եւ Մեկուսի Վարչութիւններէն, մասնաճիւղերէն եւ ընդհանրապէս անդամական շարքերէն կը սպասեն շատ աւելի գործ եւ խստապահանջութիւն՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կոչումին արժանի մնալու համար։

Համակիրներ միաժամանակ չեն ծածկեր իրենց խոր համոզումը, որ Հ.Մ.Ը.Մ. սոսկ մարզական կամ սկաուտական շարժում մը եղած չէ ու պիտի չըլլայ։ Հանրային իմաստով յանձնառութիւն զարգացնող, ազգային առումով ինքնաճանաչում սերմանող եւ գաղափարական խորքով նուիրում  Շար...

Թիւ 215 - Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՈՒՂԻՆ

Կեանքը գոյութեան պայքար մըն է։ Կը յաջողի ան, որ կրնայ դիմագրաւել դժուարութիւններ։ Կը յաղթանակէ ան, որ ունի անխախտ հաւատք եւ յարատեւելու կամք։

Անհատական կեանքի յաղթանակէն եւ ապահովութենէն աւելի՝ կենսական նշանակութիւն ունի սակայն հաւաքական մեր կեանքին յաղթանակն ու ապահովութիւնը։

Հաւաքականութեան մը գոյութեան պայքարը ճակատամարտ մըն է, որ կրնայ ճակատագրական ըլլալ։ Ահա թէ ինչու մեծ դեր վերապահուած է մեր երիտասարդութեան՝ հայութեան հաւաքական կեանքի ճակատամարտէն յաղթական դուրս գալու պայքարին մէջ։

Երիտասարդութեան մէջ գտնուող ուժն ու կենսունակութիւնը, միտքն ու ուսումը, զարգացումն ու կարողութիւնները սակայն բաւարար երաշխի՞ք են յաղթանակի՝ անհատական թէ հաւաքական կեանքի անողոք պայքարին մէջ։ Խելք եւ տրամաբանութիւն, հարստութիւն եւ կարողութիւն բաւարար արժէքնե՞ր են՝ կարենալ դիմագրաւելու համար  Շար...

Թիւ 214 - ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ԳՐԱՒԱԿԱՆԸ (ԵՂԵՌՆԻ 85-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Տէր Զօրէն Ծիծեռնակաբերդ, Պիքֆայայէն Մոնթեպելլօ, Եղեռնի նահատակաց յուշարձանները անգամ մը եւս դարձան ուխտավայրերը պահանջատէր հայութեան։ Հայկական եկեղեցիներու զանգերը դարձեալ ղօղանջեցին երկա՜ր-երկա՜ր, իբրեւ ահագնացող արձագանգ՝ անիրաւուած ժողովուրդի մը արդարութեան պահանջին։

Շեփորախումբեր հնչեցուցին ազգային-հայրենասիրական եղանակներ ու Հ.Մ.Ը.Մ.ական ստուար շարքեր տողանցեցին խրոխտ կամքով, աներեր վճռակամութեամբ։ Հայկական Ցեղասպանութեան 85-ամեակն է այս տարի, եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մատղաշ սերունդի ներկայացուցիչները իրենց ուխտը վերանորոգելու գացին հո՛ն, Եղեռնի նուիրուած յուշարձանի մը շուրջ, նահատակաց մատուռի մը քով, յիշատակի խաչքարի մը մօտ, ոգեկոչելու մեր 1,5 միլիոն անմեռ զոհերուն յիշատակը եւ աշխարհով մէկ բարձրագոռ հաստատելու, որ՝

«Մենք չհանգանք դեռ կը գանք,

  Շար...

Թիւ 213 - ՍԿԱՈՒՏՈՒԹԻՒՆԸ ՄՆԱՅՈՒՆ ՊԱՀԱՆՋ

Այս օրերուն, երբ քիչ մը ամէն տեղ երիտասարդութեան ստուար մէկ տոկոսը կþապրի այլասերումի, բարոյական անկումի եւ հոգեկան ու ազգային արժէքներու դասալքութեան վիճակ, լեռն ի վեր մագլցող, դաշտի կամ անտառի մը ճամբուն վրայ արեւով ու բնութեամբ արբեցող սկաուտը՝ Արի՛ն կամ Արենոյշը, կարճ տաբատովը, կանաչ կամ կարմիր փողկապովը լուսանցքային, մինչեւ իսկ երջանիկ արարած մը կրնայ թուիլ շատերուն։

Խորացնելով նայուածքը սակայն, մեր աչքերուն առջեւ կը պարզուի սկաուտական դրօշին ետեւէն բարձրաճակատ, ժպտերես, առո՛ղջ քալող տիպարը այն երիտասարդութեան, որ կակուղ թաթիկէն մինչեւ երիցական աստիճան, մարմին ու հոգի զարգացնող խաղերու ընդմէջէն կը սորվի կարգ ու կանոնի ենթարկուիլ, ճանչնալ  Շար...

Թիւ 212 - ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԸ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ԶՐԱՀ

21-րդ դարու սերունդին մասին խօսած ատեն, անպայման ուշադրութիւն կը գրաւէ երեւոյթ մը, որ կը յատկանշէ նոր սերունդին դիմագիծն ու նկարագիրը։ Այդ մէկը նոր սերունդին ընթերցումի նիւթերուն եւ զարգացումի ձեւերուն տարբերութիւնն է՝ բաղդատած անցեալին։

Նախ պէտք է ընդունիլ, որ նոր սերունդը համեմատաբար աւելի քիչ կը կարդայ։ Կեանքի պայմանները փոխուած են այլեւս։ Կ’ապրինք պատկերասփիւռի, համակարգիչի եւ համացանցի տիրապետութեան օրերը։ Ստեղծուած են հեռաւորութեան եւ ժամանակի նոր հասկացողութիւններ։ Հաղորդակցութեան դիւրին եւ արագ միջոցները կենդանի կապ կը ստեղծեն տարբեր միջավայրերու մէջ ապրող տարբեր մարդոց առջեւ՝ զարգացումի մնայուն աղբիւր հանդիսանալով բոլորին։

Այս բոլորին արդիւնքը կþըլլայ այն,  Շար...

Թիւ 211 - ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Պարտականութեան գիտակցութեան զգացումը ազնիւ նկարագիրի արտայայտութիւններէն մէկն է։ Այդ գիտակցութեան շնորհիւ է, որ մարդկային օրէնքներն ու առաքինութիւնները կը մնան յարգուած։

Կեանքի մէջ, բարոյական արժէքները իրարու շաղկապող ուժը պարտականութեան գիտակցութիւնն է։ Առանց անոր, բոլոր ուժերը, բարիքները, ճշմարտութիւններն ու երջանկութիւնները տեւական ու հաստատուն պիտի չըլլային։

Պարտականութեան գիտակցութենէն ու նուիրումէն զուրկ կեանք մը անարժէք է։

Պարտականութիւնը վեհ նկարագիրի տէր մարդոց կեանքի նպատակն ու մեծագոյն հաճոյքն է, մանաւանդ՝ երբ ան կը բխի նուիրական իտէալի մը իրագործման գիտակցութենէն։

Մարդիկ իրենց ընտանեկան, դպրոցական թէ գործի պարտականութիւններէն անկախ՝ ունին նաեւ հասարակական, միութենական եւ ազգային   Շար...

Թիւ 210 - ՆՈՐ ՇՈՒՆՉՈՎ

Ժամանակի սուր մկրատով մենք կտրեցինք արդէն 2000 թուականի տօնական կարմիր ժապաւէնը։ Թեւակոխեցինք 21-րդ դար եւ օրացոյցին առաջին թերթիկները փրցնելէ ետք, կրկին վերադարձանք մեր առօրեային ու գործին, հոգերուն ու ցաւին։

20-րդ դարը աւարտեցաւ։ Մարդկային արդի քաղաքակրթութեան երկրորդ հազարամեակն ալ աւարտեցաւ, սակայն մարդ արարածին տագնապները չաւարտեցան, աւելի սրեցան ու բարդացան։ Կը կարծուէր, որ 20-րդ դարու աւարտին մարդ հասած պիտի ըլլար իր հոգեւոր ու ֆիզիքական պահանջներուն լիիրաւ իրականացման, այնպէս մը որ կարելիութիւնը ունենար արժանապատիւ կեանք ապրելու։ Բայց արդեօ՞ք այդպէս է…։

21-րդ դար նոր մուտք գործած, երբ ետ կը նայինք անցեալ դարու իրագործումներուն, կը նայինք մեր ներսը, կը զննենք մեր շուրջը, չենք կրնար չնկատել, որ մեր  Շար...

Թիւ 209 - ՀԱՒԱ՛ՏՔ ՄԵՐ ԳՈՐԾԻՆ ԵՒ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ

Որքան որ կարեւոր է գործի մը յաջողութեան ձգտումը, նոյնքան եւ աւելի՛ կարեւոր է այդ գործին յաջողութեան հաւատքը, ըսուած է իրաւամբ։

Հին դարերէն մինչեւ այսօր, հակառակ մարդկային ընկերութեան մեծ յառաջդիմութեան, հակառակ նաեւ թեքնիք արհեստագիտութիւններու հսկայական զարգացման, հաւատքին զօրութիւնը գերիվեր կը մնայ ամէն բանէ։ Հոգիէն բխող այդ զգացումը, երբ իրապէս բուռն է եւ ամբողջական, կրնայ տկար մարմինն իսկ զօրացնել, ինչպէս որ հուրը պիտի ամրապնդէր փխրուն մետաղը։

Հաւատքին ուժը հրաշագործ է։ Այդ պատճառով ալ անբացատրելի հրաշքներու շարքին դասուած են երեւոյթներ, որոնք միայն հաւատքով կþիրագործուին։ Քիչ չէ թիւը այն հիւանդներուն, որոնք բուժուած են եւ նոր  Շար...

Թիւ 207 - ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄՈՒՐՋԸ (ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ԱՌԻԹՈՎ)

Թուականներ կան, որոնք պէտք է առնուին շրջանակի մէջ, չմոռցուի՛ն։

Թուականներ կան, որոնք անկիւնադարձային են, խորհրդանիշ են, երազի մարմնաւորո՛ւմ։

Թուականներ կան, պարզ ու մէկին, որոնք պատմակա՛ն են։

28 Օգոստոսէն 5 Սեպտեմբեր 1999, Երեւան։

Նոյն օճախին մէջ ծնելու բնականութենէն զրկուած 1148 մարզիկ-մարզիկուհիներ, աշխարհի 62 քաղաքներէն, Համահայկական Առաջին Խաղերով տեսան զիրար, կապ հաստատեցին իրարու հետ, կապ՝ հայրենիքին հետ, կապ՝ անցեալին հետ, կամուրջ՝ ներկայէն ապագայ։

Շատերը այդ մարզիկ-մարզիկուհիներէն, ծնունդով սփիւռքահայեր, առաջին անգամ ըլլալով՝ իրենց նոր հայրենիքներուն հպարտանքը իբրեւ պարարտացուցիչ թափեցին հին, բայց նաեւ մայր հայրենիքի արմատներուն։

Երազ մըն էր որ  Շար...

Թիւ 206 - «ՀՐԱՇԱԼԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆ»

Եթէ գովեստներու արժէքը կը չափուի զանոնք տուողներու արժէքէն։ Ապա, ուրեմն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հայաստանի սկաուտութեան (Հ.Ա.Ս.Կ.) տրուած «հրաշալի կազմակերպութիւն» բնորոշումը՝ Ֆրանքի Ռոմանի կողմէ, համաշխարհային սկաուտութեան 35-րդ համագումարին, ուշագրաւ է անպայման։

Ֆրանքի Ռոման համաշխարհային սկաուտութեան բարձրագոյն հեղինակութիւնն է։ Ան նախագահն է աշխարհի սկաուտական կազմակերպութիւնները համախմբող Համաշխարհային Սկաուտական Շարժումին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ին հանդէպ իր խոր համակրանքը պարզ դիպուածի մը ծնունդը չի կրնար ըլլալ, ոչ ալ՝ պատահական խանդավառութեան մը արդիւնքը։ Միջազգային նման կշիռ ու վարկ վայելող անձնաւորութիւններ անպայման որ շատ լաւ  գիտեն «հրաշալի կազմակերպութիւն» բնորոշումին իմաստը, կազմակերպութեան մը «հրաշալի» ըլլալու արժանիքը եւ «հրաշալի» մնալու գաղտնի՛քը։

  Շար...

Թիւ 205 - - ԱՆՄԱՀ ԳՈՐԾԸ (ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԳԱՐԵԳԻՆ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ)

Հայ ժողովուրդի սրտին մէջ իրենց սրբութեան կարգով նուիրագործուած հայրապետներէն մէկն ալ անցաւ պատմութեան։ Չկա՜յ այլեւս Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա. Վեհափառը։ Ան ա՛լ նշխար է միայն հողին տակ, քաղցր անուն՝ մեր շրթներուն վրայ, յուշ եւ անթառամ յիշատակ՝ մեր հոգիներուն մէջ, ոգեղէն ներկայութիւն՝ մեր մէջ, մեր շուրջ, մեր առօրեայ կեանքին ու մտածումին մէջ, միշտ ժպտուն՝ իրեն յատուկ քաղցրութեամբ, լուսաւոր՝ ժպիտին նման, մեր նայուածքներուն դէմ յանդիման։

Չկա՜յ այլեւս Գարեգին Վեհափառը, Արժանաւոր Մարդը, որուն հմայքին քաշողական ուժը կ’առինքնէր բոլորը, յարգանք ու սէր պարտադրելով բոլորին։ Ան, որ բոլորը ունէր իր հայրական տաք սրտին մէջ, եւ բոլորը զինք ունէին իրենց որդիական սրտերուն մէջ։

Չկա՜յ այլեւս հայ իմացական մտքի  Շար...

Թիւ 204 - ԲԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ

Բանակումներու շրջան է երկրագունդի հիւսիսային մասին մէջ (Հարաւային Ամերիկա եւ Աւստրալիա կþապրին իրենց ցուրտ ձմեռը)։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական շարքերը զանազան շրջաններու մէջ կը պատրաստուին իրենց տարեկան բանակումներուն։ Գայլիկ թէ արծուիկ, արի թէ արենոյշ, բոլորն ալ կþուզեն հեռանալ քաղաքի տաքէն ու աղմկալից միջավայրէն, կազդուրուելու համար լեռնային զով կլիմայի եւ անդորր մթնոլորտի մէջ։

Բանակումները սկաուտական կեանքի հիմնական պահանջներէն են։ Սկաուտական կեանքն ու գիտելիքները սկաուտին բացատրելու, հասկցնելու եւ սիրել տալու համար բանակումները անհրաժեշտ ու նաեւ՝ լաւագոյն միջոցներ են։ 10-15 օրուան բանակումները երբեմն շատ աւելի բան կը սորվեցնեն՝ քան տարուան մը ժողովական, դասախօսական հանդիպումները։

  Շար...

Թիւ 203 - ԿԱՐԳԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ

Կեանքի մէջ մարդիկ գեղեցկագոյնը կը զանազանեն գեղեցիկէն, լաւագոյնը՝ լաւէն, իսկ առաջնակարգը՝ երկրորդականէն։ Այդպէս է նաեւ միութենական կեանքին մէջ, ուր մարզական թէ սկաուտական յաջողութիւններ արձանագրողներ շատ կան, սակայն մարդիկ սրտանց կը ծափահարեն անոնց, որոնք միութեան նշանակը իրենց լամբակին վրայ կրելով, ամէն բանէ առաջ կարգապահութեան ոգի ունին իրենց մէջ։

Կարգապահութիւնը կ’ենթադրէ վեհ նկարագիր, ազնիւ հոգի եւ մշակուած միտք։ Առանց բարոյական այդ երեք առաքինութիւններուն, անկարելի է կարգապահութիւն ակնկալել ոեւէ անհատէ կամ հաւաքականութենէ։

Բռնազբօսիկ կարգապահութիւնը վախի արտայայտութիւն է, հետեւաբար տեւական չէ։ Մինչդեռ ինքնաբուխ կարգապահութիւնը արտայայտութիւնն է քաղաքակրթուած, ազնուացած եւ մշակուած նկարագիրի, որ տեւական է  Շար...

Թիւ 202 - ՆՈՐ ՔԱՌԱՄԵԱԿԻ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐ

Նոր թափով մը կը վերսկսինք Հ.Մ.Ը.Մ.ական կեանքի նոր քառամեակ։ Կը վերսկսինք՝ անցեալի յաջողութիւններն ու իրագործումները պատմութեան յանձնած, ապագայի նուաճումները մեր գալիք աշխատանքներուն սեւեռակէտը դարձուցած։

Կը վերսկսինք՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Է. Պատգամաւորական Ժողովի տրամադրութիւններով գօտեպնդուած, միութեան 80-ամեակի տօնակատարութիւններով վերաթարմացած։ Հիմա ժամանակն է տքնաջան, անաղմուկ աշխատանքի։ Անտեղի լուսարձակները կրնան շլացնել մեզ եւ մեր կեանքը շեղեցնել իր բնականոն ընթացքէն։

Նոր քառամեակին հետ նոր թափով մը կը լծուինք վերակազմակերպման, վերանորոգման եւ արդիականացման աշխատանքներու, որովհետեւ սրընթաց զարգացող այսօրուան աշխարհին մէջ, երբեք կարելի չէ տեղքայլ ընել եւ ուրիշներու վազքը դիտել, ապագային ափսոսալու համար մեր յետամնացութիւնը։ Մերօրեայ ընկերութիւնը   Շար...

Թիւ 200-201 - ՆՈՐ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՄԸ ԴԷՄ ՅԱՆԴԻՄԱՆ

Երբ թուղթի եւ մելանի պաշտամունքը իր տեղը զիջած է համակարգիչին,

Երբ արագ ու առատ տեղեկութիւններու տիրացման մարմաջը աշխարհը գերին դարձուցած է համացանցին,

Եւ երբ արհեստագիտական նորութիւններու խելայեղ վազքը ծնունդ տուած է ելեկտրոնիկ թերթին,

«Մարզիկ» իր 200-րդ թիւը կը ներկայացնէ ընթերցողներուն, նոր հանգրուանի մը դէմ յանդիման՝ ինքզինք վերանորոգելու, վերատեսութեան ենթարկելու եւ նոր իրականութիւններու հետ քայլ պահելու մարտահրաւէրներով։

200 թիւերու հրատարակութեան այս երեւոյթը, արդարեւ, թերթին հաշուոյն արձանագրուած լոկ գնահատանքի բարենիշ մը չէ, այլ՝ խմբագրութեան եւ վարչութեան ուսերուն դրուած պա՛րտք է, վստահութիւն միաժամանակ, զոր պէտք է հատուցել թերթին զարգացման եւ արդիականացման  Շար...

Թիւ 199 - ՀՈՍԱՆՔՆ Ի ՎԵՐ

Անհատական թէ հաւաքական մեր կեանքին մէջ չկայ որեւէ ասպարէզ, որ դժուարութիւններով չներկայանայ մեզի։ Դժուարութիւններն ու ձախողութիւնները մեր ճամբու կայաններն են, վերսկսելու համար նոր ճամբորդութիւն՝ դէպի յաջողութեան հանգրուան։

Կատարեալին, ազնուագոյնին եւ բարձր իտէալին ձգտումը անպայման կþենթադրեն դժուարութիւններ, որոնց յաղթահարումով կը կերտուին վսեմ նկարագիրներ, մեծ յաղթանակներ եւ գործեր։

Կարգապահութիւն, առաքինութիւն եւ անձնազոհութիւն սորվեցնող գլխաւոր դպրոցը դժուարութիւններու ստեղծած պայմաններն են, որոնք որքան բազմանան՝ այնքան աւելի մեր մէջ կը զարգացնեն պայքարելու եւ յաղթանակելու վճռականութիւնը։

Պայքարելու այդ կամքն է արդարեւ, որ մեզի ուժ եւ կորովով կը ներշնչէ, մեր նկարագիրն ու հոգին կþամրացնէ։

Կեանքի  Շար...

Թիւ 198 - ՀԱՇՈՒԵՓԱԿ

Եղեւնիով, մոմով, նուէրներով եւ քիչ մը աւելի դժուար գտնուած ժպիտներով երբ հրաժեշտ կու տանք 1998 տարուան, աւանդութիւնը կը պահանջէ, որ փակենք մեր հաշիւները անոր հետ. ճշդենք հին տարուան բերածն ու տարածը, յստակացնենք նոր տարուան մեր սպասումներն ու պահանջները։

Անցնող տարիներու շալակով բեռնաւորուած՝ 1998 տարին ի՞նչ ձգեց իր ետին, եթէ ոչ՝ աղքատութեան, սովի եւ վայրագութեան նորանոր պատկերներ։ Աշխարհի բնակչութեան կէսը՝ 2.5 միլիառ արարած այսօր կþապրի 1 տոլարի օրապահիկով։ Երկու միլիառ մարդ իր գոյութիւնը կը քաշքշէ ծայրայեղ թշուառութեան մէջ, երբ կռփամարտի կէս ժամնոց մրցումի մը մասնակցելու համար, Ճորճ Ֆորման եւ Լէրի Հոլմզ կը գանձեն…  Շար...

Թիւ 197 - ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի 80-ամեակին առիթով գաղութէ գաղութ կատարուող տօնակատարութիւններուն հարցում մը ինքզինք կը պարտադրէ ամէնէն աւելի. «ո՞ւր էինք, ո՜ւր հասանք եւ ո՛ւր պէտք է հասած ըլլայինք»։

Դիւրին է պատասխանել «ո՞ւր էինք, ո՜ւր հասանք» հարցումին, որովհետեւ միութեան պատկառելի վաստակն ու իրագործումները արեւու լոյսի պայծառութեամբ յստակ են բոլորին։ Դժուար է սակայն պատասխանել «ո՛ւր պէտք է հասած ըլլայինք»ին, որովհետեւ չենք կրնար արժեչափել տարողութիւնը սպասուած այն բոլոր նուաճումներուն, որոնք թուղթի վրայ ծրագիրներ մնացին՝ պարզապէս նիւթական մնայուն եւ առատ աղբիւրներու չգոյութեան պատճառով։

80-ամեակը հրաւէր է ինքնաճանաչումի եւ ինքնաքննարկումի։ Անկեղծ ըլլանք ուրեմն եւ խոստովանինք, որ ազգային մեր բոլոր  Շար...

Թիւ 196 - ՆՈՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԱՆՋԸ

Ամէն մարդ կը սիրէ երկար կեանք ունենալ, սակայն ոչ ոք կը սիրէ ծերանալ։ Չծերանալու համար մարդիկ կը դիմեն հազար ու մէկ միջոցի, ի վերջոյ յանգելու համար այն պարզ ճշմարտութեան, որ մարդոց ծերացնողը անպայման տարիքը չէ, այլ՝… նորութեան պակասը։

Երիտասարդութիւնն ու ծերութիւնը տարիք չունին։ Կան միայն կարելիութեան եւ կարողութեան սահմաններ։ Իրենց կեանքին մէջ նորութիւններու հետամուտ մարդիկ, յանդուգն եւ վճռակամ նախաձեռնութիւններու տէր անձեր չեն ծերանար։ Ընդհակառակն՝ կը ծերանան անոնք, որոնք կը խրտչին նորութիւններէ, կը բաւարարուին աւանդական իրենց գիտելիքներով եւ, աւելին, իրենց յաջողութիւնները կը փնտռեն նախապէս փորձուած եւ ապահով նկատուած նախաձեռնութիւններու մէջ միայն։ Տեւական  Շար...

Թիւ 195 - ՄԵԿՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ՏԵՂԸ

Հինաւուրց կաղնիներու նման իրարու ետեւէ կը տապալին Հ.Մ.Ը.Մ.ական երէց սերունդի վաստակաշատ ներկայացուցիչները, օրըստօրէ նօսրացնելով ծառաստանը Հ.Մ.Ը.Մ.ական արժէքներուն։ Շաւարշ Ա. Քհնյ. Մեհրապեան (Արժանթին), Լեւոն Գայեան (Յունաստան), Վազգէն Անդրէասեան (Ֆրանսա), Երուանդ Տէմիրճեան (Լիբանան), Վահան Գաւուքճեան (Եգիպտոս), Պարգեւ Միսիրեան (Մ. Նահանգներ), Լեւոն Նաճարեան (Քույէթ), Թորոս Տօնիկեան (Պուլկարիա), առանց մոռնալու վերջինները՝ Սուրէն Նազարեան (Սուրիա) եւ Կրէկուար Մղձաւետիքեան (Լիբանան), լաւագոյն ներկայացուցիչներն էին անդարձ մեկնողներու այդ սերունդին, որ ամբողջ կեանք մը ծառայեց նուիրական իտէալի, ամբողջական եւ անսակարկ զոհաբերութեամբ։

Իւրաքանչիւր մեկնողի պատճառած խոր վիշտին առընթեր, հազիւ մեր սուգը թօթափած, հարցում մը սակայն ինքզինք կը կրկնէ բոլորին շրթներուն   Շար...

Թիւ 193-194 - ԴԱՍԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԷՆ (ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ Զ. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԲԱՆԱԿՈՒՄԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄԷՆ ԵՏՔ)

Հայրենիքը մարդուն մեծագոյն ուսուցիչն է, ըսուած է իրաւամբ։ Մարդ երբ կը ծնի, մանկութեան զայն կը դաստիարակէ մայրը, պատանեկութեան՝ հայրը, չափահասութեան՝ դպրոցն ու միութիւնը, իսկ խելահասութեան՝ հայրենի՛քը, որ գլխաւոր եւ մեծագոյն ուսուցիչը կը նկատուի բոլորին։

Կը բաւէ ուշադիր կարդալ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական Զ. Ընդհանուր Բանակումի մասնակիցներուն տպաւորութիւնները, հաստատելու համար, թէ հայրենիքը որքա՜ն ուսուցանող դեր եւ արժէք ունեցաւ Հայաստանի մէջ բանակում կատարած եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 80-ամեակը տօնած Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն համար։

Ճիշդ է, որ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական այս ընդհանուր բանակումը վերանորոգութեան աղբիւր մը եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխարհատարած մասնաճիւղերուն համար, որովհետեւ ան մասնակիցներուն առիթը ընծայեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի շունչով վերանորոգուելու եւ թարմացեալ   Շար...

Թիւ 192 - «ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՀԵՏ, ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՀԱՄԱՐ» (ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ Զ. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԲԱՆԱԿՈՒՄԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Երէկ ըսինք.- Դժուար է հայրենիքէն դուրս ապրիլ, նոյնիսկ տեսած չըլլալ հայրենիքը եւ սակայն մեռնիլ հայրենիքի համար։

Այսօր կ’ըսենք.- Դժուար է հայրենիքէն դուրս ապրիլ, նոյնիսկ տեսած չըլլալ հայրենիքը եւ սակայն ապրիլ հայրենիքի համար, հայրենիքո՛վ։

Երէկն ու այսօրը կը տարբերին իրարմէ։ Եռագոյնին ծփացող գոյներէն նարնջագոյնը բարգաւաճ հայրենիքի նոր տեսլականներ կը փայփայէ։ Կը բաւէ որքան հայրենաբաղձ սերունդներ սորվեցան անսակարկ արեամբ ընծայաբերուիլ Հայաստանին, այսօր, երբ երազը դարձած է իրականութիւն, եւ ձեւ ու մարմին ստացած է ազատ, անկախ հայկական հանրապետութիւնը, կþակնկալուի նոյն այդ սերունդներուն սորվեցնել անսպառ քրտինքով նուիրուիլ Հայաստանի։

Հայրենիքը մեր գոյութեան առանցքն է,   Շար...

Թիւ 191 - ԳԵՂԵՑԿԱԳՈՅՆ ԺՊԻՏԸ

Մոնտիալ է դարձեալ. ֆութպոլի սպասուած տօնը, տօնահանդէ՛սը։ Աշխարհի չորս ծագերուն, եւ ոչ միայն Ֆրանսայի մէջ, տօնական ցնծութիւն է 33 օր։ Մարդիկ կþապրին Մոնտիալի կշռոյթով, մրցակցութեան, բախտի եւ յաղթանակի անյագուրդ վայելքով։ Երազն ու իրականութիւնը միախառնուած են իրարու։ Մարզասէրներ ֆութպոլի անցեալը, ներկան ու ապագան կը փորձեն տեսնել Մոնտիալի ընդմէջէն։

Այս օրերուն, բոլոր ճամբաները կը տանին… Ֆրանսա, ուր Մոնտիալի կազմակերպիչները կը խոստանան անմոռանալի գեղեցիկ աւարտականներ ներկայացնել։ Գեղեցիկ աւարտականներ՝ աշխարհի գեղեցկութեան մայրաքաղաքին մէջ։ Փարիզ, նորաձեւութեան եւ վայելչութեան ոստանը, Մոնտիալի կախարդանքը կը սփռէ ֆութպոլի իր «հազարումէկ գիշերներ»ով։ Մոնտիալ եւ Փարիզ դարձած են հոմանիշները գրաւչութեան, նորութեան եւ  Շար...

Թիւ 190 - ԵՐՐՈ՛ՐԴ ՊԱՏԻՒ

Աշխարհի մը մէջ, ուր հաղորդակցութեան գերարդիական միջոցները օրական քիչ մը աւելի կը փոքրացնեն զայն մեր դիմաց, որպէսզի մեր երազները քիչ մը աւելի մեծնան իրեն դիմաց։

Ընկերութեան մը մէջ, ուր նիւթական խաբուսիկ արժէքները հետզհետէ մեր կեանքը կը պարպեն գաղափարական-բարոյական էութենէ։ Մեր շուրջը կը զարգանան նիւթի, ուժի եւ հաճոյքի պաշտամունքները, երբ անդին՝ ուսում, աւանդութիւններ, ընտանեկան-ազգային սրբութիւններ եթէ ամբողջովին չեն ոտնակոխուիր, գէթ՝ հարցականի կþենթարկուին։

Ժամանակի մը մէջ, ուր անհատական շահերու դիմաց տեղի կու տան հաւաքական մտածողութեան եւ աշխատանքի ըմբռնումները։ Փոխարէնը, եսակեդրոն շահախնդրութիւնը, ինքնագովութիւնը, անտարբերութիւնն ու անհոգութիւնը աւերներ կը գործեն գրեթէ ամէնուրեք։

Երեւութապաշտ  Շար...

Թիւ 189 - ԵՐԿՐՈ՛ՐԴ ՊԱՏԻՒ

Եթէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութիւնը նկատուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի ուժեղացման կամ տկարացման բազկերակը, ինչպէս որ մեր նախորդ խմբագրականով դիտել կու տայինք, ապա՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզական շարժումը եւ յատկապէս մեծ ժողովրդականութիւն վայելող անոր ֆութպոլը, իրաւա՛մբ, նկատուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի շնչերակը։ Որքան առողջ եղած է այդ շնչերակը, որքան թարմութիւն, կենսունակութիւն եւ յաջողութիւն ապահոված է ան, այնքան առոյգ եւ կայտառ եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ը։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզական հոյակապ շարժումին շնորհիւ, աքսորէն եւ անապատէն կիսամեռ վերադարձած հայ պատանիներէն քանինե՜ր որբանոցի, ցեխոտ դաշտի կամ պարզապէս թաղի մը խուլ անկիւններուն մէջ, ֆութպոլի գնդակի մը ետեւէն վազելով՝ գտած են վերապրելու իրենց կամքը, յաղթանակելու գեղեցիկ հրճուանքը  Շար...

Թիւ 188 - ՊԱՏԻ՜Ւ

Արդարօրէն կամ ոչ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութիւնը նկատուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի ուժեղացման կամ տկարացման բազկերակը, ջերմաչափը՝ աւելի ճիշդ։ Աշխարհասփիւռ հայեր բնազդաբար վարժուած են Հ.Մ.Ը.Մ.ի գոյատեւման եւ հզօրացման երաշխիքները փնտռելու ֆիզիքական, հոգեկան եւ բարոյական ազնիւ դաստիարակութիւն ստացած սկաուտական անոր շարքերուն մէջ։ Այսպէս, համակիր լայն զանգուածներու իսկ հաստատումով, երբ Հ.Մ.Ը.Մ. յաջողած է սկաուտական իր շարքերուն մէջ արմատաւորել երկաթեայ կամքի, անխախտ հաւատքի եւ զոհաբերութեան առաքինութիւնները, այդ շարքերէն շրջանաւարտները փրկարար դեր խաղացած են հայ կեանքի զանազան մարզերուն մէջ։

Ըսուած ու յաճախ կրկնուած է, թէ հայոց պատմութեան էջերը գեղեցիկ դրուագներով զարդարող բոլոր յաղթանակներն ու շքեղութիւնները արդիւնք են հաւատքի,  Շար...

Թիւ 187 - ՅԱՂԹԱԿԱՆ ԽՈՅԱՆՔԸ (Հ.Մ.Ը.Մ.Ի 80-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Ուշագրաւ է ճային՝ ծովային թռչունին օրինակը։ Ծովեզերեայ իր պատուանդանին վրայ կանգնած՝ ան կը մերժէ ծովէն հեռանալ, որքան ալ ալիքները զօրաւոր շառաչեն իր շուրջ։ Բնութեան հասարակ եւ սովորական երեւոյթներէն վեր՝ ճախրանքի սիրահար է ան։ Անոր համար անընդունելի են ցամաքի թռչուններուն բոլոր հրաւէրները՝ ցամաք ուղղուելու եւ առանձինն չնաշխարհիկ կեանք մը ապրելու, քանի իր միջավայրը ծովն է, անաղարտ բնութիւնը, անարատ ջուրն ու օդը։ Ան ծնած է թռչելու համար, բարձրանալու երկինքն ի վեր, խոյանալու անհուն կապոյտին խորերը, վեհին, վսեմին ու կատարեալին փնտռտուքով։ Քաղաքին ժխորը, ապականած ու կաշկանդիչ մթնոլորտը անհարազատ են իրեն։ Ինք անդորր, մաքուր եւ անկաշկանդ  Շար...

Թիւ 186 - ՆՈՐ ՏԱՐԻ, ԶՈՅԳ ՀՐԱՒԷՐ

Տարի մը եւս ձգեցինք մեր ետին։ 1997 տարին այսօր դադրած է կեանք ըլլալէ, դարձած է պատմութիւն։ Համայն մարդկութիւնը նոր յոյսերով եւ երազներով թեւակոխած է նոր սկսող տարին։

Խորքին մէջ, նոր տարի մը կը սկսի ըստ օրացոյցի եւ աւանդական սովորութեանց, այլ տարի մըն է որ կը սկսի, եւ ոչ թէ նոր մը։ Տարին իբրեւ ամիսներու, օրերու եւ ժամերու ամբողջութիւն, իր մէջ ոչինչ ունի նոր։ Մենք է որ նորը կը տեսնենք, նորը կը դրոշմենք ու նորը կþապրինք… անփոփոխ ժամանակի հոսանքին մէջ, այդ նորին դիմաւորումը վերածելով մեր կեանքը նոր տեսիլքով ու հաւատքով զսպանակող գեղեցիկ ապրումի։

  Շար...

Թիւ 185 - ԶՕՐԱՑՆԵ՛ՆՔ ՀԻՄԸ՝ ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ

Ըսուած է իրաւամբ, թէ բարեպաշտ քրիստոնեայ ըլլալու համար անպայման խաչուելու կարիքը չկայ, իսկ մեր վարժարաններու մարզական կեանքին ծանօթանալու համար՝ մարզանքի դասապահերու ներկայ գտնուելու պէտքը չկայ։ «Նամակը կը հասկցուի իր վերնագրէն», իսկ աշակերտական մարզական կեանքը՝ մարզական ընդհանուր կեանքէն։

Մինչեւ մեր մօտիկ անցեալը, հայ մարզական կեանքի փայլուն ներկայացուցիչներէն շատերը մեր վարժարաններու մարզանքի ուսուցիչները եւ անոնց շունչին տակ հասակ առած շրջանաւարտ ուսանողներն էին։ Իսկ այսօր, մեր վարժարաններն ու մարզանքի ուսուցիչները հեռուէն հեռու միայն կը թուին մարզական կեանքի հետեւողներ ըլլալ։ Բացառութիւնները միշտ յարգելով, ցաւալի է հաստատել, որ 20-րդ դարու վերջին տարիներուն, մեր վարժարաններուն մէջ մարզանքի  Շար...

Թիւ 184 - ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՄԵՐ ԱՆԶԻՋԵԼԻ ԱՐԺԷՔԸ

Երբ կը հետեւինք մարզաշխարհի նորագոյն իրադարձութիւններուն եւ աստղերուն, չենք կրնար չկրկնել արաբական հնաւանդ առած մը, որ կ’ըսէ. «Կը հիանամ երբ կը լսեմ ձեր խօսքերը, կը զարմանամ երբ կը տեսնեմ ձեր գործերը»…։ Բոլորը, գրեթէ բոլորը անխտի՛ր, մարզիկներ թէ պատասխանատուներ այսօր բեմերէն կը խօսին եւ կ’արտայայտուին մարզական անշահախնդիր եւ պարկեշտ սկզբունքներու մասին, քրտինքով, ջանքով եւ ազնիւ մրցակցութեամբ շահուած յաղթանակներու մասին, սակայն իրականութեան մէջ, անոնք դաշտերու վրայ օրըստօրէ քիչ մը աւելի գերիները կը դառնան շահախնդիր, անպարկեշտ եւ նիւթապաշտ մարզական կեանքի մը քմայքներուն։

Մինչեւ մեր մօտիկ անցեալը, մարզախաղերը առանց որեւէ շահու ակնկալութեան, ժամանցի եւ զբաղումի  Շար...

Թիւ 183 - ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Վերամուտ է դարձեալ։ Տարեկան բանակումներով փակուած սկաուտական տարեշրջանը բացուած է արդէն սկաուտական ընդհանուր հաւաքներով։ Մարզական խումբեր վերադարձած են իրենց ընթացիկ առօրեային՝ փորձերուն, մրցաշարքերուն եւ ախոյեանական մրցումներուն։ Հ.Մ.Ը.Մ.ական կեանքը դարձեալ կ’եռայ շրջանէ շրջան, գաղութէ գաղութ։

Նոր տարեշրջանին հետ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի բովանդակ ընտանիքը նոր շարժումի, ծրագրումի եւ իրագործումներու պատրաստութիւններ կը տեսնէ։ Կեանքի օրինաչափութիւնն է այդ քարացած ու անփոփոխ վիճակները հաւաքականութիւնները կը մատնեն տեղքայլի եւ նահանջի, մինչդեռ տեւական վերանորոգումն ու վերաշխուժացումը ստեղծագործական աշխատանքի նոր շունչ կը պարգեւեն տուեալ հաւաքականութիւններուն,  զանոնք աստիճան մը աւելի մօտեցնելով իրենց իտէալներուն կենսագործման հանգրուանին։ Ու գաղտնիք մը բացայայտած չենք ըլլար, եթէ  Շար...

Թիւ 182 - «ՀՈԳԵՏՈՉՈՐ ԱՌԻԹԸ»

Կարմիր ջարդով Սփիւռք դարձած, Սփիւռքով սպիտակ ջարդի ենթարկուած ժողովուրդի մը զաւակները չեն կրնար չհրճուիլ՝ ի տես սփիւռքեան 9 գաղութներէ համախմբուած 230 մարզիկ-մարզիկուհիներու, որոնք մարմնակրթանքը ազգային ինքնաճանաչումի զրահի վերածած, հայոդրոշմ մթնոլորտի մէջ, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերու ազնիւ մրցակցութիւնը կը մղեն։

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերուն հետեւած նոյն ժողովուրդին զաւակները, սակայն, հրճուանքի տրամադրութիւններէ անդին, չեն կրնար ուշադիր կերպով կանգ չառնել դարուս հզօրագոյն պետութեան՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պիլ Քլինթընի կողմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքին ուղղուած այն նամակին դիմաց, որ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերու առիթէն օգտուելու կոչ կþուղղէ խաղերու կազմակերպիչ, մարզիկ եւ պատասխանատու Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն, երբ դիտել կու տայ, որ «Ձերինին նման մրցաշարքերը  Շար...

Թիւ 181 - ՀԱՅ ՄԿԱՆԻՆ ՈՒԺԸ (ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ 22-ՐԴ ԽԱՂԵՐՈՒՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Մարզական աւանդներու գեղեցիկ վերակենդանացումով մը, ամէն անգամ որ Հ.Մ.Ը.Մ. կը փորձէ նորահաս սերունդներու մարմնակրթութեան ճամբան լուսաւորող իր ջահը բոցավառել պատմական Նաւասարդեան մարզախաղերու անշէջ խարոյկէն, անպայման որ սեղանին վրայ կը ներկայանայ Նաւասարդեան այդ մարզախաղերուն ընդմէջէն՝ դարաւորը հայ մկանին ուժը գնահատելու փորձը։

Արդարեւ, հայութեան հետ ճամբայ ելած եւ հայութենէն աւելի հզօր ազգերը շատոնց շնչասպառ ինկած են պատմութեան ճանապարհներուն վրայ, մինչդեռ սուբարիներու, հայասաներու եւ ուրարտացիներու ժառանգորդ հայ-արմէնները գոյութեան պայքարի, քաղաքակրթութեան եւ ազատասիրութեան իրենց անմար ջահը բարձր բռնած, տակաւին կը վազեն ազգերու պատմութեան Մարաթոնեան վազքը՝ իրենց մկանի ջլապինդ ուժով, կրանիթեայ կամքով եւ ադամանդեայ տոկունութեամբ։  Շար...

Թիւ 180 - ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ

Կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր օրական հսկայաքայլ յառաջդիմութիւն կþարձանագրուի տեղեկութիւններու փոխանցման մարզին մէջ։ Պատկերասփիւռը, համակարգիչը, ելեկտրոնիկ «ուղեղ»ներն ու համացանցը այսօր երկրագունդը վերածած են Համաշխարհային Գիւղի մը, ուր ամէն մարդ գրեթէ ամէն բանի մասին կրնայ տեղեկութիւն ստանալ առաւելագոյնը քանի մը վայրկեանէն։

Մարդկային նոր ընկերութիւն մը կը կերտուի այսօր մեր աչքերուն առջեւ։ Տեղեկութիւններով սնանող ընկերութիւնն է այդ, որուն անդամներէն իւրաքանչիւրը բազմապատիկ աւելի բան գիտէ՝ քան նախորդ դարերու մարդը եւ, սակայն, բաղդատմամբ այսօրուան աշխարհի տեղեկատուական հսկայ պաշարին, անիկա շատ աւելի նուազ բան գիտէ՝ քան նախորդ դարերու մարդը իր օրերու տեղեկութիւններուն մասին։

Զարմանալի թուացող  Շար...

Թիւ 179 - ՆՈՐ ՄԵԿՆԱԿԷՏ

Ծնծղաներ չեն աւետեր Հայաստանի Ազգային Սկաուտական Կազմակերպութեան անդամակցութիւնը Համաշխարհային Սկաուտական Շարժումին։ Տօնահանդէսներ չեն կազմակերպուիր, ոչ ալ՝ ցնծութեան ճառեր կþարտասանուին։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հայաստանի սկաուտութիւնը (ՀԱՍԿ-ը), ազատութեան եւ անկախութեան համը իր քիմքին վրայ առած, խանդավառ շարքերով նետուած է միութենական ծառայութեան նուիրեալ ասպարէզ՝ իր ու իրեն բախտակից սերունդին ուսերէն թօթափելու համար համայնավարութեան 70-ամեայ «ժանգ»երը եւ կերտելու նո՛ր հայը, իր հոգիին ու մտքին կատարեալ ազատութեամբ։ ՀԱՍԿ-ի սկաուտներուն ծնծղայ, տօնահանդէս եւ ճառ պէտք չեն, այլ՝ համազգային զօրակցութիւն, քարոզչական, բարոյական եւ նիւթական լայն աջակցութիւն ու ամէնէն առաջ եւ վերջ՝ իր եղունգներով հայութեան հոգին ակօսող, իսկ մտքով հայ հողին  Շար...

Թիւ 178 - ՀՈՂԻՆ ԿԱՆՉԸ

Հ.Մ.Ը.Մ.ական մատղաշ կեանքի մեր օրերէն անպայման կը յիշենք երգ մը, որ մինչեւ այսօր կը մնայ մեր շրթներուն վրայ։ Երգ մը, որ ինքնաբերաբար եւ մեքենաբար, բռնագրաւեալ մեր հողերուն կանչը կը ժայթքէ մեր հոգիներէն։

«Ո՞ւր է Մուշը, ո՞ւր է Վանը, ո՞ւր է հայոց Արտահանը»։

Օրհնուի այդ երգը։ Քանի անիկա կանչն է Ապրիլ 24-ին, կանչն է աշխարհասփիւռ հայութեան։ Կանչն է ամբողջակա՛ն Հայաստանին։ Երանելի Յոբ կþըսէ. «Հարցուր հողին եւ անիկա կը սորվեցնէ քեզ»։ Մայր հողն է արդարեւ, որ այդ երգին հառաչանքին հետ մեզի կը սորվեցնէ, թէ պէտք է սնանիլ ոչ միայն իր աստուածային կաթով, այլեւ՝  Շար...

Թիւ 177 - ԺԱՄԱՆԱԿԸ, ՄԵՆՔ ԵՒ ՏԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ…

«21-րդ դարու պատրաստութիւն» անունով իր աշխատասիրութեան մէջ, անգլիացի ծանօթ հրապարակագիր մը վերջերս դիտել կու տար, որ «Այն որ այսօր շրջանաւարտ կ’ըլլայ, վաղը կը դադրի սորվելէ, տգէտ մըն է միւս օր»։ Անգլիացին իր իմաստուն բանաձեւումին հիմք կը ծառայեցնէր այն երեւոյթը, թէ ինչպէ՛ս Ծայրագոյն Արեւելքէն մինչեւ Ծայրագոյն Արեւմուտք, աշխարհի ամէնէն յառաջադէմ ժողովուրդները այսօր լրջօրէն կþուսումնասիրեն 21-րդ դարուն մարդկութեան սպառնալիք մարտահրաւէրները, այժմէն իսկ լուծումներ կ’որոնեն իրենց դիմագրաւելիք հաւանական տագնապներուն եւ արհեստագիտական, հաղորդակցական եւ տեղեկատուական ամէնէն արդիական միջոցներով օժտուած՝ տենդագին կերպով կը պատրաստուին թեւակոխել 33 ամիսէն սկսող նոր դարը։

Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ, ժամանակին հետ  Շար...

Թիւ 176 - ԿԸ ՍՊԱՍԵՆՔ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՆՈ՛Ր ԱՍՏՂԵՐՈՒ

Դպրոցական գրասեղաններու ետին, աշխարհագրութեան մեր ուսանողները ամէն անգամ որ «լոյսի տարուան» բացատրութեան հանդիպին, ապշահար կը սորվին թէ ինչպէ՛ս, երբ երկինքի աստղերուն նային, զանոնք կը տեսնեն անցեալին մէջ, քանի աստղերու հեռաւորութիւնը երկրէն լոյսի բազմահարիւր տարիներու հեռաւորութիւնը ունի։

Դպրոցական տարիներէն բաւական ետք, այս անգամ աշխատանքային իրենց գրասեղաններու ետին, մարզական մեր թղթակիցները «մարզական տարուան» մը գնահատականը կատարելու ժամանակ, դարձեալ ապշահար կը դառնան, երբ հայ մարզաշխարհի աստղերուն կը նային եւ անոնց մեծամասնութիւնը կը տեսնեն անցեալին մէջ…

Զարմանալի ու մտահոգիչ զուգահեռ մըն է, որ կþընդգծուի երկինքի ու երկրի աստղերուն միջեւ։

Արդարեւ, մթագնած է այսօր հայ  Շար...

Թիւ 175 - ՈՐԱԿԱՒՈՐ ՄԱՐԴՈՒԺԻ ԶՕՐԱՇԱՐԺ

Որակաւոր մարդուժի փնտռտուքի մեր տեւական ճիգին մէջ, յաճախ դէմ յանդիման կու գանք այնպիսի մարդոց, նոյնիսկ ազգապահպանման գործին նուիրուած անձերու, որոնք կեանքի ինչ-ինչ պայմաններու բերումով հոգեկան եւ մտային միջակ կարողութիւններու տիրացած են։ Անոնց կարողութեան սահմանէն դուրս է այլեւս բարձրանալը, որակաւոր ըլլալը։ Կա՛մ ժամանակը անցած է եւ կամ ալ խմորը չունին աւելի որակաւոր դառնալու։

Միութենական մեր առօրեայէն ներս եւ դուրս եւս շատ կան նման մարդիկ, որոնք իրենց միջակ կարողութիւններով կրնան երկրորդական լաւ դերեր ստանձնել։ Վերջին հաշուով ամէն մարդու տրուած չէ կեանքի բեմին վրայ գլխաւոր դեր ստանձնելը։ Երկրորդական դեր մը վարպետօրէն խաղալն ալ արժանիք մըն  Շար...

Թիւ 174 - «ՄԱՐԶԻԿ»Ի ԺԶ. ՏԱՐՈՒԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՍԵՄԻՆ

Քսանմէկերորդ դարու սեմին, աշխարհը այսօր կը կառավարուի ոչ միայն պետութիւններով ու բանակներով, այլեւ՝ համաշխարհային այլ կայսրութեամբ մը, որ կը կոչուի Մամուլի Կայսրութիւն։

Մեր ժամանակաշրջանը որքան վառօդի, հիւլէի, համակարգիչի ու արագութեան դար կը կոչուի, նոյնքան եւ թերեւս ալ աւելի՝ խօսքի՛ դար է։

Արագ եւ ստոյգ տեղեկութիւն փոխանցող, կեցուա՛ծք արտայայտող, ուղղութի՛ւն տուող խօսքը մամուլի ճամբով ամէն օր անզգալաբար կը տիրապետէ միլիոնաւոր մարդոց հոգեմտաւոր աշխարհին վրայ, շարժումի մէջ կը դնէ բազմութիւններ եւ պետութիւններ, որոնց շարժումին արդիւնքն է որ նոր խօսք եւ կեանք կը ստեղծէ չորս դի։

Այդ շարժուն կեանքին մէկ կարեւոր երեսն  Շար...

Թիւ 173 - ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՍԻՏՆԻԻ ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ Գ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ

Այն պահուն, երբ Աշխատանքի Միջազգային Գրասենեակը ահազանգ կը հնչեցնէ, թէ աշխարհի տարածքին 80 միլիոնի հասած է թիւը իրենց բախտին լքուած երեխաներուն (5-14 տարեկան), որոնք փոխանակ բնական մանկութիւն մը ապրելու, գերեվարութեան, առուծախի եւ ափ մը տոլարի փոխարէն անմարդկային շահագործումներու կþենթարկուին։

Այն պահուն, երբ ԵՈՒՆԻՍԷՖ տարեկան իր տեղեկագիրին մէջ գորշ գոյներով կը ներկայացնէ Հայաստանի մէջ տիրող թշուառութեան ու անտիրութեան այն պայմանները, որոնց մէջ իրենց գոյութիւնը կը քաշկռտեն հայրենի 800 հազար երեխաներ։

Ու այն պահուն, երբ սփիւռքեան տարբեր գաղութներու խորշ անկիւններուն մէջ, վիճակագրական ո՛չ մէկ փորձ կրնայ գնահատել թիւը օրէ օր այլասերող, օտարացող  Շար...

Թիւ 172 - ՃԱՏՐԱԿԸ՝ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻ ՀԱՅԵԼԻՆ

Փիլիփսոփայ մը առիթով յայտնած է «Կեանքը խաղ է, եւ միայն խաղն է իրական կեանքը», Ճատրակի մեծ վարպետ մը վկայակոչելով յիշեալ փիլիսոփային խօսքերը, իր կողմէ մեկնաբանութիւն մըն ալ աւելցուցած է անոր. «Կեանքը ճատրակ է, իսկ ճատրակի իւրաքանչիւր խաղ՝ կարծես նոր կեանք»։

Խաղին, մարզախաղերո՛ւն, բայց յատկապէս ճատրակին մէջ տեւաբար նոր կեանք որոնելու եւ գտնելու այս փիլիսոփայութիւնը նոր չէ, սակայն անիկա անգամ եւս լուսարձակի տակ կþառնենք Ճատրակի Երեւանի 32-րդ Ողիմպիականին առիթով, ուր աշխարհի զանազան երկիրներէն ժամանած տարբեր աշխարհայեացքի, ոճի եւ խառնուածքի տէր վարպետներ տասնհինգ օրեր շարունակ լուռ պայքար մղեցին մարզախաղի մը մէջ, որ ծանօթ   Շար...

Թիւ 171 - ԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ «ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ»Ը

Ինչպէ՞ս կրնանք ստեղծել ազգային «քաղաքական հաւաքական» մը, որ ճատրակի 32-րդ ողիմպիականին մասնակցող Հայաստանի հաւաքականին վայելած քաջալերանքին քառորդին արժանանայ։ Կամ՝ ինչպէ՞ս կրնանք ունենալ այնքան ժողովրդական եւ սիրուած հայրենի նախարարներ եւ երեսփոխաններ՝ որքան Հայաստանի ֆութպոլի խումբին «աստղեր»եր Վարազդատ եւ Արսէն Աւետիսեանները…։ Եւ դեռ, ինչպէ՞ս կրնանք փողոցէն անցնելու պահուն այնքա՛ն ջերմ ծափողջոյններու արժանացող քաղաքական պատասխանատուներ գտնել՝ որքան «մասթըրզ»ի մրցաշարքին առաջին անգամ մասնակցող Հայաստանի հաւաքականին անդամները…։ Չորրորդ եւ վերջապէս, հայրենիքի մէջ արտօնեալ կերպով գործող քաղաքական հոսանքներէն կա՞յ մէկը, որ ազգային փրկութեան իր ծրագիրով այնքա՛ն շատ ժողովուրդ համախմբէ իր շուրջ, որքան Աթլանթայի ողիմպիականին հայ մետալակիրները։

  Շար...

Թիւ 170 - ԵՐԱԶԻ ՄԸ ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒՄԸ

Եւ եղա՜ւ։ Երազը դարձաւ իրականութիւն։ Արարատի կորիւնները, աշխարհի լեռներէն աշխարհի գագաթ բարձրացած մեր տղաքը, ողիմպիականի յաղթական պատուանդանը բարձրացան. պանծալի Եռագոյնը ծածանեցաւ, ազգային քայլերգը հնչեց։ «ԵԱՆ»ին ծափող աշխարհը գիտցաւ, թէ կը ծափէր վերանկախացած ժողովուրդի մը զաւակներուն։ «Արմենիա» իր տեղը ունեցաւ ողիմպիականի ընդհանուր դասաւորման աղիւսակին մէջ, Հայաստանը ցնծաց, հայութեան աչքերէն ժայթքեց արցունքներէն գեղեցկագոյնը՝ յաղթանակի ադամանդեայ արցունքը։

Դեռ երէկ, ճակատագրականօրէն զրկուած էինք ողիմպիականի մեր մարզիկներուն յաղթանակը լիովին ըմբոշխնելու իրաւունքէն։ Քանի՜-քանի՜ անգամներ մեր յաղթական մարզիկները դափնեզարդ իրենց ճակատները բարձրացուցին օտար դրօշի դիմաց, օտար քայլերգներու կշռոյթով։ Քանի՜-քանի՜ անգամներ մղկտող ցաւ մը խեղդեց կոկորդը ողիմպիականի  Շար...

Թիւ 169 - ՋԱՀԸ, ՋԱՀԱԿԻՐԸ ԵՒ ԵՐԴՈՒՄԸ

Բոլոր ժամանակներու հայոց մեծագոյն մասիսերգակը իր «Տանթէական»ին մէջ տրտմութեամբ խոստովանանք կը կատարէ, թէ «Աշխարհ եկայ՝ հայ երկրի կանթեղները մար[ած] տեսայ, նոր էլ մարել վերջին ջահը ու վշտերը քար տեսայ»։ Ու անմիջապէս ետք, նուազագոյն տրտմութիւնն իսկ թօթափողի տրամադրութեամբ, կ’աւելցնէ, թէ՝ «Միտքս դէպի Մասիսն ի վեր, սիրտս բուրվառն արեւի՝ սիրտս դրի իմ երգի մէջ ու ջահերը վառ տեսայ…»։

Չենք գիտեր, թէ «Տանթէական»ի հեղինակը՝ Շիրազ իր ծանօթ քառեակը ստեղծագործած պահուն որքա՛ն ծանօթ էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութեան։ Չենք գիտեր նաեւ, թէ երբեւիցէ միտքէն անցուցա՞ծ է, թէ պատկերաւոր իմաստութեամբ այդ չորս տողերը որքա՜ն հարազատ կերպով կը բնորոշեն  Շար...

Թիւ 168 - ԿԱԶՄԱԿԵՐՊ ՈՒԺԻ ՍՏԵՂԾՄԱՆ ԳՐԱՒԱԿԱՆԸ (Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՔՈՒԷՅԹԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԱՅԻՆ ՎԵՐԱՇԽՈՒԺԱՑՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Ժամանակի եւ պայմաններու անխուսափելի ներգործութեամբ, ընդհանրապէս ընկրկումներու եւ տեղատուութիւններու կեանք մը կþապրին հայկական Սփիւռքի կարգ մը գաղութները։ Քաղքենիացումն ու այլասերումը կամաց-կամաց միս ու ոսկոր սկսած են դառնալ։ Ազգային արժէքներու պահպանումը, հաւաքական աշխատանքի ու զոհաբերութեան հանդէպ հաւատքը կարծէք աւելորդ պերճանք սկսած են նկատուիլ հայ իրականութեան հետ իրենց կապը խզող զանգուածներու։ «Կե՛ր, ա՛րբ եւ ուրախ լեր»եան տրամաբանութիւնը ինքնաճանաչումի եւ ինքնապահպանումի իր տեղը մեծ չափերով սկսած է զիջիլ խելայեղ նիւթապաշտութեան եւ ազգային ինքնութեան գլխիվայր շրջումին։

Երէկ մայրութեան շունչը կար մատղաշ սերունդին մօտ, հօրենական դրոշմն ու հպարտութիւնը՝ անոնց ճակատներուն վրայ, ցաւին ու զրկանքին հանդէպ  Շար...

Թիւ 167 - ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ՎԵՐԱՊՐՈՂԻ ՄԵՐ ԱՆՎՀԱՏ ԿԱՄՔԸ

Հայ «Ազատամարտ»ի խմբագրապետը, գաղափարի վսեմ գամփռը, Եղեռնի նահատակ Ռուբէն Զարդարեան հայ ժողովուրդի աննկուն կամքը եւ վհատութիւն չճանչցող նկարագիրը բնորոշելու համար հետեւեալը կտակած է. «Հեռո՜ւ, հեռո՜ւ վհատութիւնն ու ամօթը մեզմէ. հեռո՜ւ՝ մեր եօթը սերունդներէն։ Համբերութիւնը վայել է մեզի՛ միայն, որովհետեւ մեր ուսերուն վրայ երկաթ շալկած ենք…»։

Եղեռնի այլ նահատակ մը, ազգային-հասարակական մեծ գործիչ եւ «Դէպի Երկիր»ի պատգամբեր Է. Ակնունի, իր կարգին, հետեւեալը դաւանած է. «Ազատութեան ծիլը առաւօտեան ցօղերով չի աճում, այլ՝ արեան շիթերով…»։

Եղեռնի 81-ամեակի ոգեկոչումներուն առիթով, երբ համայն հայութեան հետ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքը եւս արժանավայել լրջութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ վերանորոգեց Ապրիլ  Շար...

Թիւ 166 - Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿՈՐՈՒՍՏԸ՝ ԵՂԲ. ԵՐՈՒԱՆԴ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Ոչ ոք կրնայ այնքան խոր սգալ կորուստը եղբ. Երուանդ Տէմիրճեանին, որքան «Մարզիկ»ի խմբագրական այս էջը, որուն բեմէն տասնամեակ մը ամբողջ եղբ. Երուանդ բարձր պահեց իր նմաններուն մտքի լոյսով բոցկլտող Հ.Մ.Ը.Մ.ի գաղափարական ու բարոյական լուսեղէն ջահը, իբրեւ հիւսիսի աստղը ուղեկորոյս հայ մարդուն։

Արդարեւ, մեզմէ ո՞վ փոթորկոտ իրիկուն մը երկինքը չէ դիտած եւ հիւսիսի աստղը չէ փնտռած։ Հ.Մ.Ը.Մ.ով շնչող մեր իրականութեան մէջ, կա՞յ մէկը որ տատանումի եւ տագնապի իր պահերուն մտքի ու հոգիի իր աչքերով չէ որոնած Հ.Մ.Ը.Մ.ի աստղը, գաղափարական-բարոյակա՛ն ջահը։

Ճիշդ է, որ հիւսիսի աստղին նման, Հ.Մ.Ը.Մ.ի գաղափարական-բարոյական տիպարը եւս հեռու թուած  Շար...

Թիւ 165 - «ՄԵՆՔ ՉՀԱՆԳԱՆՔ ԴԵՌ ԿԸ ԳԱՆՔ» (Հ.Մ.Ը.Մ. ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ 60-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

«Սարդարապատում ամէն բան նորից սկսուեց, երբ ամէն ինչ պիտի վերջանար այնտեղ» պատգամեց հայրենի եղերաբախտ բանաստեղծը, «Սրբազան քաջերու» անունով վկայագրելով, թէ՝

«Մենք չհանգանք դեռ կը գանք,

Երբ տայ զանգը, ահազանգը

Որ մեր հոգու պարտքը տանք»։

Սեւակեան պատգամէն երեք տասնամեակ ետք, այսօր, «հոգու պարտքը» տալու աներկիւղ պատրաստակամութեամբ «մենք չհանգանք դեռ կը գանք» կը գոչեն Հ.Մ.Ը.Մ. Պուրճ Համուտի բազմահարիւր անդամները եւ անոնց հետ միասին Հ.Մ.Ը.Մ.ի բովանդակ ընտանիքը։

«Մենք չհանգանք»ի սրտագին գոչիւնը այսօր կու գայ շրթներէն ա՛յն սերունդին, որուն մեծ հայրերու եւ հայրերու սերունդները՝ Սարդարապատով իրենց զիրենք ճանչցող հայո՛ւ զաւակները, հայրենիքէն հեռու,  Շար...

Թիւ 164 - ՊԱՏՆԷՇԻ ՎՐԱՅ ԻՆԿՈՂՆԵՐՈՒՆ (ԵՂԲԱՅՐՆԵՐ ՎԱՐԴԳԷՍ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԻ, ԼԵՒՈՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ԵՒ ՆԵՐՍԷՍ ԽԻՒՏԱՎԵՐՏԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ)

Անյիշատակ դարերէն եկող իմաստութիւն ունի ժողովրդային այն խօսքը, թէ՝ «Ծառերը կանգնած կը մեռնին»։ Իրենց արմատները զիրենք սնանող հողին մէջ խրած, ծառերը արեւ-ամրան շուք կու տան իրենց շուրջ հասակ առնող թուփերուն, իսկ ցուրտ-ձմրան զանոնք կը պաշտպանեն ահեղ փոթորիկներէն։ Բոլորէն առաջ եւ բոլորէն աւելի իրե՛նք կ’ենթարկուին բնութեան քմայքներուն ու պատուհասներուն, սակայն միշտ ալ խրոխտ հասակով կþաճին, իրենց շուքն ու հովանին կը տարածեն ու կը տարածեն, մինչեւ որ չարաբախտ օր մը կացինահարուին ու կքին։

Բայց հերոսներու կեանքը եւս այդպէս չէ՞։ Հերոսները եւս կանգնած կը մեռնին, պատնէ՛շի վրայ, վաղուան յաղթանակի պայծառ տեսիլքը իրենց աչքերուն, կը  Շար...

Թիւ 163 - ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ 30 ՄՈՄԵՐԸ

Աւստրալիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 30-ամեակի հանդիսութիւններուն վառած ու մարած յիշատակի 30 մոմերը քիչ են հայութեան նուիրաբերումի Հ.Մ.Ը.Մ.ական կամքի գործունէութիւնը լուսարձակի տակ առնելու համար։

Մարող 30 մոմերը քիչ են Հ.Մ.Ը.Մ.ական կամքի արտայայտութեան համար, որովհետեւ այդ մոմերը խորհրդանշող տարիներէն իւրաքանչիւրին հետ, 30 անգամ 30 Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու կեանքեր մաշեցան ու մարեցան մարդկօրէն հիանալի եւ հայօրէն վսեմ առաջադրանքներու կենսագործման ի խնդիր։

30 անգամ 30 Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ մաշեցուցին իրենց աչքին ու մտքին լոյսը, մինչ ուրիշներ ճերմկցուցին իրենց մազն ու մօրուքը, ժողովրդանուէր ծառայութեան եւ հայրենանուէր խոյանքներու մէջ զիրար գերազանցելու եւ իրարմով անգերազանցելի մնալու համբուրելի վճռակամութեամբ։ Պատիւս արժանաւորաց։

Մարող  Շար...

Թիւ 162 - ՀԻՆՆ ՈՒ ՆՈՐԸ

Յաճախ կրկնուած է, թէ անցեալ դարձած ամէն բան հին չէ, ինչպէս որ նոր ներկայացուող ամէն բան նոր չէ։ Հինն ու նորը մետալին երկու երեսներն են, զիրար ամբողջացնող եւ արժեւորող։ Ինքնանպատակ հինը դատապարտուած է դառնալու անարժէք հնութիւն եւ, ըստ այնմ ալ, ճակատագրուած է փոշիանալու եւ անհետ կորսուելու մարդկային յիշողութիւններէն եւ արժէքներէն։ Երբ անդին, ինքնանպատակ նորը, իր կարգին, վիճակուած է դառնալու սոսկական նորաձեւութիւն, շուկայի՛կ նորոյթ, դարձեալ դատապարտուած՝ ի սպառ կորսուելու մարդկային յիշողութիւններէն եւ արժէքներէն։

Մարդկային եւ յատկապէ՛ս մարզական կեանքը տեւական կամրջում մըն է հինի եւ նորի մօտեցումներուն, ուր կու գան զիրար լրացնելու հինին  Շար...

Թիւ 161 - ԲԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԵՐ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ

Հեւքոտ է մեր կեանքը։ Հեւքոտ է միութենական մեր առօրեան։ Շարունակ ջիղ սպառող եւ հոգի մաշեցնող աշխատանքները կը խլեն մեր գործունէութեան մեծագոյն ժամանակը։

Հեւքով կլանուած՝ կամայ-ակամայ կը դառնանք զոհերը սովորամոլութեան եւ կրաւորականութեան։ Ի զուր չէ, որ մեր շուրջը օրէ-օր կը նուազին ստեղծագործ միտքներն ու նախաձեռնող տրամադրութիւնները, քանի մարդիկ, բազմութիւննե՛ր, տակաւ կը խրին հեւքոտ ընթացիկ աշխատանքներու մէջ։

Կեանքի եւ միութենական առօրեայ հեւքին մէջ անպայման որ փրկութեան լաստ մը պէտք է գտնել։ Լաւագոյնն ու ապահովը այս պարագային՝ բանակումներն են, որոնք ընկերութեան տագնապներէն եւ տաղտուկներէն հեռու, բնութեան հրաշագեղ ծոցին մէջ, միտք ու հոգի կþազնուացնեն,  Շար...

Թիւ 160 - ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ ՈԳԻՆ ԶՐԱՀԸ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԵԱՆ

Կրկնուած իմաստութիւն է, որ մարմնամարզը լաւագոյն միջոցն է մարմնի ֆիզիքական եւ բարոյական նկարագրի կերտման։ Մարմնամարզի տարբեր ձեւեր կը կոփեն ու կþազնուացնեն մարդկային նկարագիրը, անկէ դուրս կը վանեն ապառողջ բոլոր տարրերը՝ կազմաւորելով բարոյապէս առողջ եւ ֆիզիքապէս ուժեղ Մարդը։

Ուժեղներու եւ ուժականութեան դարն է 20-րդ դարը։ Մեր շուրջը մարդիկ, պետութիւններ եւ ազգեր յարգանք, պատկառանք եւ ինքնուրոյն տեղ կը ստանան, կը պարտադրեն ուժո՛վ միայն։ Իսկ ուժեղ են առոյգը, առողջն ու կորովին։

Ստրկութեան եւ զուլումի դարաւոր պայմաննեը շատ բան աղճատեցին ու խաթարեցին հայու անաղարտ բարոյականութեան եւ կորովամիտ նկարագիրի ըմբռնումներէն։ Հայ հոգիներու ասիական եւ գաւառական թմբիրը  Շար...

Թիւ 159 - ԳՈՐԾԻ ԵՒ ՈՒԺԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԵՐ ՓԱՌԱՏՕՆՆԵՐԸ

Փառատօնները սիրող ժողովուրդ չենք ընդհանրապէս, թէեւ ուրիշներու վկայութեամբ իսկ գիտենք լաւ փառատօններ կազմակերպել։ Ցուցադրական-փառատօնային աշխատանքը խոտոր կը համեմատի միութենական մեր ըմբռնումներուն եւ գործունէութեան եղանակին, քանի տքնաջան, լուռ եւ համբերատար աշխատանքի հաւատացողներն ենք ամէն բանէ առաջ։ 77-ամեայ մարմնակրթական եւ սկաուտական մեր կեանքը վկայ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի շնորհաւորելի բոլոր նուաճումները կերտած են այն խոնարհները, մեղուաջան աշխատանքի նուիրեալները, որոնք տասնամեակներ աշխատած են անաղմուկ, լուսարձակներէ հեռու, բեմերու ետին։

Մերժած ենք սոսկ փառատօններու կազմակերպիչ միութեան մը վերածուելու ամէն փորձութիւն։ Աղմկալից տողանցքներու եւ ցուցադրական խաղերու ձեւական կազմակերպութիւն մը չենք եղած ցարդ ու կը մերժենք ըլլալ նաեւ այսուհետեւ, խորապէս   Շար...

Թիւ 158 - 80-ԱՄԵԱԿԻ ՄԵՐ ԽՈՍՏՈՒՄԻՆ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԵԱՄԲ

Ծիծեռնակաբերդէն Արֆորվիլ, Պիքֆայայէն Մոնթրէալ հայ ժողովուրդի նահատակաց քարէ կոթողներն են որոնք կþաղաղակեն այսօր։ Անոնց աղաղակին կը միանան Էջմիածինի, Անթիլիասի եւ աշխարհասփիւռ հայ եկեղեցիներու անլռելի զանգակատուներուն ղօղանջները։

Շեփորախումբեր կը հնչեցնեն ազգային-հայրենասիրական երգեր ու Հ.Մ.Ը.Մ.ական գայլիկներ, արծուիկներ, արիներ ու արենոյշներ կը տողանցեն երկիւղած եւ կարգապահ շարքերով։ Ճամբա՛յ պէտք է բանալ անոնց։ Հայկական Ցեղասպանութեան 80-ամեակն է այս տարի, ու Հ.Մ.Ը.Մ.ի մատղաշ սերունդի ներկայացուցիչները իրենց ուխտը վերանորոգելու կþերթան հո՛ն, Եղեռնի յուշարձանի մը շուրջ, նահատակաց մատուռի մը քով, յիշատակի խաչքարի մը մօտ, ոգեկոչելու մեր 1.5 միլիոն անթաղ զոհերուն յիշատակը եւ աշխարհով մէկ բարձրագոռ հաստատելու, որ՝  Շար...

Թիւ 157 - ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ Զ. ԺՈՂՈՎԻ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ

Ժողովները միութենական մեր առօրեային հիմնական առանցքը կը կազմեն։ Հոն է որ անհատ միութենականներ կը քննարկեն իրենց իրագործած եւ չիրագործած ծրագիրները, տեսակէտներու փոխանակում եւ բիւրեղացում կը կատարեն, գալիք օրերու մարտահրաւէրներուն դէմ նոր աշխատանքներ ծրագրելու համար։

Տարբեր չի կրնար ըլլալ Հ.Մ.Ը.Մ.ական ժողովը, մանաւանդ երբ ան միութեան գերագոյն ժողովն է, չորս տարին անգամ մը գումարուող Պատգամաւորական Ժողովը, ուր աշխարհի չորս ծագերէն քննութեան եւ քննարկման կը ներկայանան ազգային-մարմնակրթական մեր մեծագոյն միութեան Վահանին եւ Շուշանածաղիկին անխոնջ նուիրեալները։

Տարբեր չէր կրնար ըլլալ եւ տարբեր չեղաւ նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական Զ. Ժողովին պարագան, որ վերիվայրումներով լեցուն քառամեայ աշխատանքի  Շար...

Թիւ 134 - ՇԱՐԱԴՐԵԼ ԵՒ ԽՄԲԱԳՐԵԼ

Միտք, զգացում, վկայութիւն թէ ապրում երբ կþուզենք գրանցել, սեւեռել թուղթին՝ պահանջուածը, ամէնէն առաջ, շարադրութի՛ւնն է, այսինքն բառերու եւ գաղափարներու տրամաբանական յաջորդականութիւնը՝ լեզուական կարելի բծախնդրութեամբ, դիւրաւ ու լրիւ հասկցուելու համար դիմացի կողմէն՝ ընթերցողէ՛ն։

Ճշգրիտ լեզուով հասկնալի խօսքը ուժո՛վ, իր ամբողջ տարողութեամբ արտաբերելու համար նոյնքան կարեւոր է սակայն շարադրումի յաջորդ հանգրուանը՝ յարդարանքը, խմբագրական աշխատանքը։

Խմբագրել՝ գիրքի մը զանազան մասերը դասաւորել եւ բովանդակութիւնը նօթերով, նախաբանով արժեւորել, կամ՝ պարբերական հրատարակութեան մը խմբագիրի պաշտօնը կատարելի չի նշանակեր միայն, այլ նաեւ ու մանաւանդ՝ այնպիսի կառոյց մը տալ գրութեան (տաղանչափեալ թէ արձակ), որ խորքով թէ ձեւով լաւագոյնս  Շար...

Թիւ 133 - ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԹԵՒ ՈՒ ԹՌԻՉՔ

Լեռնային այգաբացի մը չնաշխարհիկ լոյսն ու կազդոյրը կը բերէ Նոր Տարին, կեանքը ողջունող նորածինի մը առաջին, հրաշալո՛ւր ճիչը, ջինջ աչքերուն կախարդանքը։

Ծանր խաչի մը տակ կքած մարդն անգամ՝ Տորք Անգեղեան ուժ ու կորով կը գտնէ մկաններուն մէջ, հողին հակած գլուխը կը բարձրացնէ պահ մը, ու կը ժպտի մարդո՛ց, արեւի՛ն։

Այնպէս կը թուի, թէ՝

Բարձրաբերձ լեռները չինական անանցանելի պատնէշներ չեն անպայման,

Եւ կարելի է անծայրածիր ովկիանոսը առագաստանաւով մը ճեղքել ու անցնիլ։

Կարեւորը՝ այդ սրբազան գինովութիւնը ապրիլն է սակայն, ամբո՛ղջ տարին։

Իւրաքանչիւր օր իր հարկը կը պահանջէ,   Շար...

Թիւ 132 - ԱԿՆԿԱԼԵԼԻ ԱՆԱԿՆԿԱԼԸ

Այնքան ատեն որ Դաւիթի եւ Գողիաթի աւանդական ճշմարտութիւնը մաս կը կազմէ մեր հաւատալիքներուն, անակնկալ գոյութիւն չունի ո՛չ ռազմաճակատի երկայնքին, ո՛չ ալ մարզադաշտերու տարածքին։

Գերհզօր պետութեան մը բանակներուն պարտութիւնը համեմատաբար տկարի մը դիմաց, կամ՝ մրցախաղի մը նախազգուշութիւնները գլխիվայր շրջող անսպասելի արդիւնքը անակնկալ կը թուին, առաջին հերթին։ Բայց քննական ակնարկն ու տուեալներու վերլուծումը, ժամանակ մը ետք, կը յայտնաբերեն արդարացուցիչ պատճառներ, եւ այդ դէպքերը կ’ընդունուին իբրեւ բնական երեւոյթներ։

Պատերազմներու եւ մրցաշարքերու պատմութիւնները հարուստ շտեմարանն են այս իրողութեան։ Վերջին պերճախօս փաստը՝ Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան բաժակը առիւծի երախէն խլող Դանիոյ ազգային խումբը տուաւ, անկասկած։

  Շար...

Թիւ 130 - ՀՐԵՂԷՆ ՆԵՏԸ

Թշնամիին վրանները հրկիզելու, ծառ ու անտառ հրոյ ճարակ դարձնելով՝ ոսոխ հրոսակներու խուճապահար փախուստը պաշարման կրակէ օղակի մէջ առնելու մարտավարութեամբ էր ուրեմն, հեռուէն իրենց հրեղէն նետը կþարձակէին կարմրամորթ հնդիկները։

Պարսելոնայի ողիմպիականին պատահեցաւ ճի՛շդ հակառակը.- ողջունելի՜ նորութիւն եւ համբուրելի՛ խորհրդանշան՝ բոցածայր այդ նետը մեկնեցաւ մարզիկի մը լայնալիճ աղեղէն, պատռեց գիշերուան հանդիսաւոր լռութիւնը եւ բռնկեցուց այս անգամ՝ մարզադաշտի բարձրադիր աշտանակին եղբայրութեան մաքրաշող հուրն ու լոյսը։

Չմոռցուի՛ սակայն, որ դարե՜ր առաջ եւ առաջին անգամ՝ մեր Հայկ Նահապետի հրեղէն նետն էր, որ տապալեց ազատութեան խոչընդոտ Բելը եւ բոցավառեց արդարութեան ոսկեհուր արեւը աստուածակերտ աշտարակ՝ Արարատի կատարին։

  Շար...

Թիւ 129 - Ա՜Խ ԱՅԴ «ԱՍԷ-ԿՕՍԷ»ՆԵՐԸ…

Ցեցի պէս են. կը սպրդին անտես ճեղքերէ ու կը ծածկեն, երբեմն նոյնիսկ արժեզրկելով՝ հանդերձարանի մը նրբահիւս զգեստները, պահարանի մը թանկարժէք ձեռագործները, մագաղաթեայ սրբութիւնները…

Որդի-լուիճի նման կը թափանցեն ծառ ու տերեւ, կը փճացնեն բերք ու պտուղ՝ եթէ ուշանայ հականեխումը։ Կաղնիները միայն, հեգնաժպի՜տ, կը զսպեն անոնց նենգ գրոհը, զոհ կու տան շատ-շատ քանի մը կտոր կեղեւ, ապա՝ կը սպիանան, կþանհետանան վէրքերը։

Խօսքը աղտ ու մրուր «ըսի-ըսաւ»ներուն մասին է, անշո՜ւշտ, որ չես գիտեր թէ կը ծնին ուրկէ՛...

Հիւանդ լսողութեան, խաթարուած տեսողութեան արդի՞ւնք, որոնք կþայլափոխեն իրողութիւնները, ակամայ, եւ միամիտ շրթունքներէ տարաձայնուելով՝ վնաս կը  Շար...

Թիւ 128 - ԺՊՏՈՒՆ ՈՒ ԿԱՅՏԱՌ

Կեանքը խորհրդանշող երկու դիմակ, անբաժանելի զոյգ մը կազմած՝ կը զարդարէ ճակատը թատրոնին։

Մէկը, խոժոռադէմ՝ ողբերգութիւնը։

Միւսը, խնդումերես՝ կատակերգութիւնը։

Արցունք ու ժպիտի բազմահիւս շարայարութիւնը կը կենսաւորէ մարդ էակին գոյութիւնը։ Փոխն ի փոխ թէ պարբերաբար անոնք կը մթագնեն կամ կը պայծառացնեն հոգին, հանապազօրեան։

Անձրեւ ու արե՛ւ, բայց երկուքէն ոչ մէկը կը ներկայանայ բացարձակ չափանիշը՝ ուրախութեան կամ տխրութեան։

Կը պատահի, որ արցունքը ճառագայթով ողողուի յանկարծ ու կապէ երջանկութեան ծիածան։ Իսկ դալկաշող ժպիտ մը վարագուրէ՝ անտես ցաւ մը, հոգեկան լուռ քայքայում մը։

Տագնապն ու տառապանքը տաղանդը արգասաւորող պարարտացուցիչ համարողները պահ մը  Շար...

Թիւ 127 - ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆԻ ՋԱՀԸ

Աշխարհակործան ռումբերու հուրը չէ՛. արեւու կա՛յծ մըն է բոցավառած կրակը անոր։

Զեւսի սրբազնագոյն տաճարէն ժառանգուած ճառագայթներու փո՛ւնջ մը, որ արհամարհելով հողմ ու խաւար՝ կտրեր է դարերը, փոխանցուեր է ձեռքէ ձեռք եւ բերեր է մեզի՝

Անշէջ քաղաքակրթութեան խորհուրդը հնաւանդ։

Բուռ մը արեգակ, որ ի սկզբանէ ճանաչեր, ցոյց է տուեր ունայնութեան փոսը գերեզմանին, հրաւիրելով պատերազմիկները, կռուող կողմերը զինադուլի, հանդիսանալով այսպէս՝

Խորհրդանիշը խաղաղութեան։

Մարդու գանձատան է՛ն թանկագին գեղօրներէն՝ այս ջահը, քաղաքակրթութեան օրրան հին Յունաստանը վստահած էր մարզի՛կ երիտասարդութեան, որ ողիմպիական խաղերու օրը, երբ լռած կþըլլար զէնքերու շաչիւնը, վեհագնացօրէն բարձրացնէր,   Շար...

Թիւ 126 - ՊԱՐՏՔ ՈՒ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Ծնունդովն իսկ՝ մարդ էակը պարտական է բնութեան ու կեանքին։

Գոյակցութեան առաջին օրէն օղակ մըն է ան՝ անցեալին եւ ապագային միջեւ։

Սիրոյ պտղաբերում մը, որ իր կարգին սահմանուած է դառնալու բերք ու բարիք։

Հեշտասիրական իմաստասիրութիւնը կը մնայ այսօր՝ փոշեթաթաւ մատեաններու կալանաւորը։ Եւ եսակեդրոն կեանքն ու կենցաղը պարզապէս վրիպում կþարձանագրեն ներկայիս, խոտորում՝ գոյութեան վարքագիծէն։

Քսաներորդ դարը, անոր վերջին տասնամեակը մանաւանդ՝ կը պահանջեն մարդ կոչումի գիտակցութիւնը եւ անոր իրագործումը անմիջական շրջապատի եւ երկրագունդի երեսին։

Իսկ կոչումին գիտակից անհատը ա՛յն է, որ կը յարգէ նախ՝ անցեալը, այսինքն կը փորձէ ճանչնալ եւ  Շար...

Թիւ 125 - ՅԱՐԱԼԷԶՆԵՐԸ Ո՛ՂՋ ԵՆ ՏԱԿԱՒԻՆ

Առասպելները, անգամ մը ծնելէ ետք, ընդմիշտ կ’ապրին տիեզերքի ոլորտներուն թէ զիրենք երկնած ժողովուրդներու երեւակայութեան ու արիւնին մէջ, նաեւ՝ անոնց հոգեյատակին։

Առասպելներն ու հեքիաթները, երկար ատեն անտես մնալէ կամ մոռացութեան մատնուելէ յետոյ՝ կը յայտնուին յանկարծ ալեկոծ  օրերու կեանքի մակարդակին, ովկիաններու կոհակները պատռող, մակերեսէն դո՛ւրս ցցուող եւ կենսագործման յաւերժութիւնը փաստող ամեհի կէտ-ձուկերու պէս։

Որո՞ւն անծանօթ կը մնայ յունական դիցաբանութեան փիւնիկը, այդ առասպելական թռչունը, որ ընդունակ էր ինքզինք այրելու եւ իր աճիւններէն, իր մոխիրներէն վերակենդանանալու կրկին, յուշելով որ՝ մահ չկա՛յ իր հաւատքին, իր ազնուական գաղափարներուն եւ տեսիլքներուն ի խնդիր ողջակիզուող հաւաքականութիւններուն եւ ազգերուն  Շար...

Թիւ 124 - Հ.Մ.Ը.Մ. ՊԱՏՈՒԻ Ա՛Ռ

Զօրակոչի չսպասեց։

Ընտանիքի պատիւն ու հայրենիքը փրկելու սո՛ւրբ վճիռով՝ հայ ֆետային ծախեց եզը՝ ու գնեց հրացան, կապեց փամփշտակալը, տունը մնացած կտոր մը չոր հացը դրաւ մախաղին մէջ, ու  բարձրացաւ լե՛ռ, միանալու իր նման անձնազոհ քաջերու։

Սըր Պէյտըն Փաուըլ, բանակային ու հրամանատար, ինքնակամ որոշումով պատանի-երիտասարդներէն կազմեց հետախուզական խումբեր՝ ռազմական-զինուորական գործունէութիւններուն նպաստելու նպատակով, ի խնդիր հայրենի յաղթանակի։ Եւ այսպէս՝ հիմքը դրաւ ապագայ սկաուտական շարժումին։

Եղեռնէն մազապուրծ եւ ազազուն երիտասարդութիւնը մարմնով ու միտքով կոփելու, անկէ Հայաստանի վաղուան ազնուազարմ քաղաքացիները պատրաստելու տեսիլքով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիրները, լո՛կ պատմական դարձակէտին ներշնչեալ՝ Պոլսոյ եւ շրջակայքի մէջ  Շար...

Թիւ 123 - ԶԷՆՔ ԿԱՄ ԳՈՐԾԻՔ, ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ՇՔԱՆՇԱՆ

Նուիրապետական կարգը յատկանիշներէն մէկն է քաղաքակրթութեան, ողնասիւնը միութեան մը, կազմակերպութեան մը եւ ազգի մը կառոյցին։

Մարդկային առողջ ընկերութեան մը մէջ նուիրապետական աստիճաններէն բարձրանալու առիթը կþընծայուի ամէ՛ն անհատի, ամէն անձի՝ համաձայն անոր ձեռներէցութեան ու տաղանդին, հաւաքականի հետ գործակցութեան ու վաստակին։

Այդ սանդղամատները նուաճելու համար կարողութիւնը չի բաւեր սակայն, եթէ նուիրաբերումը չդառնայ անոր անբեկանելի լծակը, նախապայմա՛նը։

Այսօրուան գայլիկը վաղը կþըլլայ Աքելլա, եթէ սորվի ու յարատեւէ։ Սկաուտը կþարժանանայ պաշտօնի եւ աստիճանի, եթէ զարգացնէ մարմնին հետ միտքն ու հոգին։

Խաղընկերները սիրող եւ խումբը յաղթանակի առաջնորդող մարզիկը օր մըն ալ կը հասնի խմբապետի, մարզական պատասխանատուի դիրքին։

Հաւատարիմ ու հնազանդ զինուորը, քաջագործութեանց ճամբով, ապագային կþըլլայ հրամանատար։

  Շար...

Թիւ 122 - ՍԿԱՈՒՏՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ԼԱՍՏ

Խռովայոյզ դարու մը՝ վերջի՛ն, ճակատագրական տասնամեակը կþապրինք։

Աստղազարդ տիեզերքը թէ ընդերկրեայ խաւարն ու հրավառութիւնները խորաչափող գիտնականները մտահոգ են մեր մոլորակի եւ անոր վրայ թաւալող կեանքի ապագայով։

Կայ Ցաւին ու մահասփիւռ մանրէներուն դէմ յամառօրէն պայքար տանող Հիպոկրատի շառաւիղներուն անխորտակ բանակը։

Գոյութիւն ունին տակաւին խնկաբոյր կամարներու տակ աստուածային պատգամները բարձրագոչող ու զանգահարող կրօնաւորներու հոյլեր։

Իսկ պետական սանձերու տէր քաջակորով քաղաքագէտներ ու օրէնսդիրներ, այսօր, իրե՛նք ալ կը հնչեցնեն ահազանգը, իրենց ճիգը կը կեդրոնացենն անդունդին եզերքը դեգերող Մարդկութիւնը փրկելու գործին։

Բայց ասոնք, եւ ասոնց հետ, կեանքի դարբին՝ մարդասէր ու մարդակերտ միւս բոլո՛ր շարժումները կը հասնին նոյն եզրայանգումին, կը բիւրեղանան միեւնոյն ընդհանուր յայտարարին մէջ,- դաստիարակել  Շար...

Թիւ 119 - 120 - ԿՈՐՈՒՍՏ, ԲԱՅՑ ՈՉ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄ (ԵՂԲ. ԺԻՐԱՅՐԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ԵՒ ՎԱՐԴԱՆԻ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ)

Սուգի մէջ է Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքը։

Գլուխը, անոր Գերագոյն Մարմինն է սադայէլական հարուածին թիրախը։

Կարծես երկփող հրացանէ մը յաջորդաբար արձակուած երկու գնդակի զոհ՝ երկու ամսուան ընթացքին իրարու ետեւէ ինկան դիտապաստ՝ Կեդրոնական Վարչութեան ամէնէն երիտասարդ, ամէնէն կենսունակ անդամներէն երկուքը՝ պատնէ՛շի վրայ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ուխտին հաւատարիմ։

Առաջինը՝ արուեստագէտ հոգի եւ համալսարանի ու կեանքի բովէն անցած կանխահաս իմաստուն՝ համերաշխութիւն եւ համագործակցութիւն սերմանելու ատակ, ծանրագոյն մարտերը մինչեւ ի կատար ածում համեմատաբար հետապնդելու ընդունակ։

Երկրորդը՝ ոտքին մէկը լուսոյ տաճարի սանդղամատին, միւսը մարզադաշտին վրայ հաստատ ու յաղթական. նժոյգի թամբին Սասունցի Դաւիթի երեւոյթով, համակ սէր ու եռանդ՝ աշխատանքի դժուարագոյնին յօժար, նուիրումի գերագոյնին պատրաստակամ։

Ժիրա՛յրը, որ երկար տարիներ խիզախօրէն  Շար...

Թիւ 115 - 116 - ԴՐՕՇԱՐՇԱՒ

Մարզական բառ մը, որ կեանքի այլ բնագաւառներուն համար ալ դարձած է գործակցութեան, հաւաքական ճիգի եւ նպատակասլացութեան հոմանիշ։

Վազքի խմբական մրցում մը, որ միութենական, նոյնիսկ պետական մակարդակի վրայ կը խորհրդանշէ աշխատանքի եւ իշխանութեան Փոխանցման Արուեստը։

Առաջին մարզիկը, արթո՛ւն եւ արա՛գ, պիտի մեկնի ճի՛շդ ժամանակին, ու հասցնէ խումբին կամ երկրին դրօշակը՝ երկրորդին, որ անվարան ու անսայթաք՝ պիտի սուրա՛յ, սուրբ աւանդը փոխանցէ երրորդին, մինչեւ որ, վերջին ներկայացուցիչը, գերագոյն պրկումով մը սլանա՛յ՝ նետի պէս հասնի վախճանակէտին, միւս խումբերու մրցակցներէն առաջ, որպէսզի ընկերներուն հետ կանգնի՛ պատուահարթակին վրայ, հնչէ՛ ազգային քայլերգը եւ երկրին դրօշը բարձրանա՛յ, ծածանի՛ յաղթական։

Իւրաքանչիւր մարզիկ ընտիր մըն է, ախոյեան մը, եւ ի  Շար...

Թիւ 113 -114 - ՈՂՋՈ՜ՅՆ, ՀԱՅԱՍՏԱ՛Ն

Հ.Մ.Ը.Մ. առաջին օրէն իր սկաուտներու գօտիին եւ գդակին նշանակին վրայ փորագրեց Արարատն ու Արաքսը, որ՝

Մշտահոս ու դալարաբեր գե՛տ դառնան անոնք հայ կեանքի մէջ։ Կամրջընկէց Մայր Գետին օրինակով՝ վա՛ր առնեն տանջանքի Բեռն ու Բռնութիւնը հայրենիքի ուսերէն, եւ երջանիկ օր մը իրականացնեն Րաֆֆիի Երա՛զը, հասնի՛ն Արարատին, ու անոր ձիւնաշող կատարին կոթողեն հայութեան համատեղման ու յաղթանակի դրօ՛շը։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիրները Արտասահմանի՛ մէջ ստեղծեցին երիտասարդական այս շարժումը՝ առողջ ու գիտակից հայե՛ր պատրաստելու, մասնաւորաբար «Վաղուան քաղաքացիները» Հայաստանի։ Կազմակերպեցին մարզական խումբերու մրցումներ, սկաուտական վաշտեր ու արշաւներ՝ Սփիւռքի տարածքին, առաջին ազդանշան-կոչին իսկ փութալով Նայիրեան Երկիր՝ հոգեհայրը դառնալու Սարդարապատի, Սասունի եւ այլ հերոսամարտներու նահատակներէն որբ մնացած սերունդին, կոփելու  Շար...

Թիւ 111-112 - ՊԱՏԳՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Չորս տարին անգամ մը, աշխարհի չորս ծագերէն ժամանած Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատգամաւորներուն համախմբումն է այս՝ միեւնոյն երդիքին տակ, կանխորոշ ժամադրավայրի մը մէջ։

Շաբթուան մը հաւաքական առանձնացում՝ վասն միութենական իրավիճակի վերանայման, վերապատկերացման եւ վերաշխուժացման։

Տեսակ մը Նոյեան Տապան՝ ի վերջոյ հանգչելու Արարատեան Բարձունքին, ի խնդիր Ազգին ու Հայրենիքին լաւագոյնս ծառայելու Հ.Մ.Ը.Մ.ական Ուխտին եւ նպատակասլացութեան։

Իւրաքանչիւր պատգամաւոր ախոյեա՛նն է իր շրջանի բարեկարգման եւ բարգաւաճման, միաժամանակ որմնադիրը՝ համալիր-համակառոյցի բարձրացման ու ամրացման, վերամղիչ հիւլէն՝ հաւաքական վերելքին։

Կա՛ն, կրնան ըլլա՛լ մենակատարներ։ Եւ նուագարանները տարբեր են, միեւնոյնը չե՛ն անպայման։

Բայց՝ դաշնայարդարման նո՛յն ձայնանիշը տրուած է բոլորին՝ կանոնագրի տառն ու ոգի՛ն։

Յօրինող-խմբավարը՝ հիմնադիր-ռահվիրաններն են, անոնք որոնք, հեռաւոր օր մը,  Շար...

Թիւ 107-108 - ԵՐԳ՝ ԵՐԳԻ ԵՒ ԵՐԳԻՉԻ ՄԱՍԻՆ (Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՍԿԱՈՒՏՆԵՐԸ ՁԵԶ ԿԸ ԲԱՐԵՒԵՆ)

Ինքնամոռաց սուլոց մը փողոցի մէջ, կամ գոհունակութեան մռլտոց մը բեռներու տակ, ձայներու հետ գլխու ետեւառաջում մը երջանիկ, կամ տխրամած,

Մինչեւ անգամ՝ խուլ խռչափողէ հրմշտկուող անկապ ձայներ, խռպոտ՝ ինչպէս լքուած թոյլ ձայնալար,

Թէ սրտէն գան՝

Երգ կը դառնան։

Երգ կը դառնան, երգ են արդէն ձայներն ամէն ու նայուածքներն աղաչական, սիրատոչոր կամ բարկացայտ, որոնք կþայրեն, կամ կþօրօրեն, կամ կը տանին քեզ այդ հեռո՛ւ, սրտի անհուն խորունկներուն։

Երգ կը դառնան ձայներն ամէն, որոնք կու գան սրտի փխրուն ակունքներէն։

Ու ձայները սրտին երթան՝ երգ են նորէ՛ն։

Երգերն ամէն՝ հոգու հեւք են։

Բայց երգեր կան վէրք կը փորեն, կան՝ վէրքերու բալասան են։

Երգերուն ալ  Շար...

Թիւ 105-106 - ՄՆԱՅՈՒՆ ՕՐԱԿԱՐԳ

Անվիճելի է, որ ՀԱՅՐԵՆԻՔ առանցքին վրայ ու մէջ կը դառնան մեր բոլոր կազմակերպութիւնները, բոլոր միութիւնները, բոլոր հիմնարկները, բոլոր միաւորները, բոլոր բջիջները, բոլոր կառոյցները, ու բոլորին՝ բոլո՛ր նախաձեռնութիւնները։

Ամէն ինչ հայրենիքով ու հայրենիքին համար։

Անվիճելի է, որ յատկապէս արտերկրի մէջ մեր գոյութեան պատճառն ու հետեւանքն է Ան, հայրենիքը, հետեւաբար հաւաքական, նոյնիսկ անհատակա՛ն մեր ապրումներուն ամէնէն հարազատն ու խորն է Ան, հայրենիքը։

Ու ուրիշ կերպ չէր կրնար ըլլալ։

Անվիճելի է, որ եթէ հայրենիքը հնչէ տեղ մը ու թուի, որ ան մոռացութեան տրուեր է այլ տեղ մը, նոյնն է, Ան կայ, կայ՝ եթէ տեղ մը գրուի Ան, կամ այլ տեղ Ան չերեւի անգամ  Շար...

Թիւ 103-104 - ԵՐԴՈՒՄԸ

Երդնուլ՝ կը նշանակէ խոստանալ, կապուիլ, յանձնառու մնալ։ Երդնուլ կը նշանակէ խօսքին յաւելեալ ոյժ տալ, զայն վերածել արարողութեան, պաշտօնականութեան, ուխտի՛։  Երդնուլ կը նշանակէ ապահովութեան տալ, անվստահելիութիւն ամէն պատուար քանդել եւ պատասխանատու մնալ հետեւանքին։

Երդումը պարտամուրհակ է, որ եթէ խախտի՝ վերջացաւ, նորոգելի չի կրնար մնալ, երկրորդ առիթի մը չի կրնար արժանանալ, յետաձգումի կամ սրբագրութեան հարցի չի կրնար վերածուիլ։

Երդումը արձակուած փամփուշտ է. կա՛մ կը հասնի նպատակին, կա՛մ կը վրիպի անկէ։ Շատ բան կարելի է միջին եզրով միջակութեան վերածել, տափակցնել, սակայն երդումով պայմանաւորուած յայտարարութիւն մը՝ երբեք։

Երդումը նոյնինքն ճշմարտութիւնն է։ Ու ճշմարտութիւնը երկուք չի կրնար ըլլալ։ Ճշմարտութիւնը կամ այո է, կամ ոչ։

Ու  Շար...

Թիւ 100-102 - ՔԱՅԼԵ՛ՐԳ

Այս՝ Ղարաբաղ պահանջելու քաջութիւնն էր դատուելո՛ւ, բանտարկուելո՛ւ, արիւնելո՛ւ գնով, այս՝ հայրենի ժողովուրդին հեղեղային ու տարերային ցոյցն էր ընդդէմ բռնութեան եւ անարդարութեան, միշտ՝ արիւնելո՛ւ գնով, այս՝ հայոց միահամուռ արհամարհանքն էր Երեւան մտած կարմիր հրասայլերուն դէմ յանդիման եւ վերջապէս այս՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ճանաչումն էր պայծառ եւ Եռագոյն դրօշի յաղթական վերադարձն էր դէպի հայոց կապոյտ երկնակամար։

Ամէն ինչ տեղի ունեցաւ մէկ անգամէն, ամէնքը մէկ, այնպէս արա՜գ, որ ոմանք ցարդ կը մնան՝ նման «անկարելի» տեսիլքներու ցնցումին տակ։

Ինչպէս հուն փոխող գետ՝ մտայնութիւններ նոր ուղղութիւն ստացան, դատումներ հիմնովին ու գնահատանքներ՝ գլխիվա՛յր շրջեցան։

Խելագարուա՜ծ էին ամբոխները սրբազան։

Ամբոխները խելագարուած՝ նոր խոյանքներու էին բացուած, կամար էին նետած  Շար...

Թիւ 99-100 - ՅԱՐԳԱՆՔԸ

Վէճը նոր չէ, ընդվզումը՝ նմանապէս։

Տարեցները մոռցեր են իրենց երիտասարդ տարիքի երիտասարդական ըմբոստութիւնները ու երիտասարդները մոռցեր են՝ որ տակաւին երէկ երեխայ էին, յետոյ պատանի…

Տարեցները գիտեն՝ որ չեն կրնար մանկանալ, երիտասարդները չեն հաւատար՝ որ պիտի ծերանան։

Տարեցները կառչեր են իրենց փորձառութեան հետեւանքով կուտակուած «իմաստութեան», իսկ երիտասարդները ամէնէն աւելի կ’ատեն ա՛յդ փորձառութիւնը, ա՛յդ իմաստութիւնը ու կþուզեն ապահովել իրենց սեփականը, ի հարկին՝ «իյնալ-ելլելով»։

Մուրալու տպաւորութիւն կը թողու՝ երբ երէց մը կþըսէ՝ «յարգէ՛ մեծդ»։ Կամ կը թարգմանի՝ որ տարեցները բռնատէրեր են…

Միւս կողմէ՝ ազատութեան չարաշահում կը նկատուի երբ երիտասարդ մը բացագանչէ. «Կ’ուզեմ կը յարգեմ, կ’ուզեմ չեմ յարգեր», առանց անդրադառնալու, որ ազատութիւ՛նն ալ  Շար...

Թիւ 97-98 - ԿԱՂԱՆԴ Է ԵՒ ՀՈ՞Ն

Կաղանդ է, նորէ՛ն։

Նորէ՛ն լոյսերը լալով կը ժպտին, նորէ՛ն երգեր կը փշրուին պողոտաներուն վրայ՝ թանկարժէք քրիսթալներու վնկոցով ու ղօղանջները, ղօղանջները, յայտնի չէ, կու լա՞ն, կը խնդա՞ն, կ’աւետեն ծնո՞ւնդ թէ կը գուժեն՝ մա՛հ։

Ճինկըլ պէլզ, ճինկըլ պէլզ…

Կաղանդ է, նորէ՛ն։

Յոյս ու յուսահատութիւն, տխրութիւն ու ուրախութիւն թեւ թեւի մտած, աղմկարար զոյգերու պէս կը վազեն ճառագայթներու ետեւէն։

Ամէն ինչ ինքնամոռացումի գինովութիւն է։ Ինքնախաբէութեան քաղցրութիւն։ Հակառակ անոր որ նուէրներու տարափ է, Կաղանդ Պապուկներու զուարթացնող անցք է, տխրութիւնը կը շարունակէ ծորիլ ամէն անկիւնէ։

Տխուր ու տխրեցնող են Կաղանդի պատմութիւննե՛րն անգամ։

Գիրքերը կը խօսին բարութեան՝ չարութեա՛մբ տրուած պատասխաններու մասին, անմեղութիւն յօշոտող՝ չորութիւններո՛ւ մասին ու երբեմն  Շար...

Թիւ 85-96 - ՄԻ՛ ԼԱՐ, ՀԱՅԱՍՏԱ՜Ն

Մեր ցաւը որքան ալ ըլլայ մահուան չափ ճնշիչ ու ծանրութեամբ կապարի,

Որքան ալ բնութեան այս սպանդին, աւերին ու աւերակին դէմ յանդիման չկարենանք մենք տոկալ ու հայրենի ցաւին փարած՝ փղձկինք ի խորոց սրտի եւ նմանինք Մայր Հայաստանին, որ նստէր կու լայ,

Մանաւանդ՝ երբ քրիստոսացած մեր երկիրը սրտապատառ ու կողկողագին տակաւին կը մղկտայ ու կը պաղատի՜ հայու Աստծուն.

- Տէ՜ր, դա՛ռն է բաժակը,

Այսուհանդերձ, որպէս գերագոյն, գերագոյն մխիթարանք պիտի ընդունինք, որ ո՛չ մէկ անգամ հողին հետ նոյնացած մարդիկ՝ ա՛յսքան իրենց հողին ծառայեցին։

Պիտի ընդունինք, որ ոչ մէկ ժամանակ թեւատներ ու կաղեր, տնանկներ ու վիրաւորներ, մեռելներ, իրենց հայրենիքին շուրջ՝ ա՛յս տարողութեամբ համակրանք  Շար...

Թիւ 83-84 - ԱՄԵՆԱՅՆ ՍՐԲՈՑ

Մեր անկրկնելի միութեան եօթանասունամեակի առաջին բաժակը վերցուցինք կենացը մեր մայրերուն, մեր կիներուն ու քոյրերուն.

Անոնք էին, որ մեզ մղեցին Սրբազան Խենթութեան։

Եօթանասունամեակի առթիւ մենք խօսեցանք մեր «զօրավար» գայլիկներու մասին.

Անոնք վերածնած Դաւիթներ էին Սասնայ։

Ու երգեցինք փառքը հայ զինուորին.

Ան մեր անցեալի ուժն էր եւ Ան կռուանն էր մեր երջանիկ վաղուան։

Ու տակաւին բաժակ բարձրացուցինք մեր Խոնարհներուն կենացը.

Անոնք էին արտը՝ ուր ծառ ու ծաղիկ, որթատունկ ու ցորենի հասկ՝ բերք դարձան։

Չմոռցանք անգամ բացակաները, ի՜նչ փոյթ, անոնց ներկայութեա՛ն միայն բաժակ բարձրացնելու խոստումով։

Մեր միութեան եօթանասունամեայ փառատօնը հազիւ սկսած, ահա՛ տարին, որ կը խառնուի դարուն։ Բաժակի իրաւունքէն դուրս մնացած են այնքան  Շար...

Թիւ 82 - ՆՈՐԷՆ ՍԷՈՒԼ ՈՒ ՀԱՒԱՏՔ

Կարծէք ճակատագրականօրէն դատապարտուած ենք անոր՝ որ աշխարհի բոլոր ազգերը իրաւունք ունենան լրիւ ըմբոշխնելու իրենց անարատ յաղթանակը, սակայն մենք՝ ոչ։

Քննեցէ՛ք Սէուլը։

Հոս համայն մարդկութեան յոյսը եղող երիտասարդութեան ու երիտասարդականին պատկանող ողիմպիականներու սուրբ դաշտերուն վրայ անգամ, նորէ՛ն անսուրբ բան պատահեցաւ ու անարդարութիւնը կրկի՛ն կոխկռտեց ժողովուրդի անխառն ուրախութեան իրաւունքը։ Մեր գինիին ջուր խառնուեցաւ։

Քննեցէ՛ք Սէուլը։

Աշխարհ երբեւիցէ գիտցա՞ւ որ մե՛նք ալ յաղթանակ տարինք։ Աշխարհ գիտցա՞ւ, որ ջարդուած ժողովուրդի մը զաւակները շա՛տ աւելի մետալ ապահովեցին, քան շա՛տ մը հսկայ պետութիւներու տղաքը։

Երբ աշխարհի ընտրեալներուն մրցումը ճշդեց իր լաւագոյնը ու այդ պատճառաւ, որպէս գերագոյն, գերագո՛յն վարձատրութիւն՝ հնչեց ախոյեանի՝ երկրին քայլերգը, ծածանեցաւ ախոյեանի՛ երկրին քայլերգը,  Շար...

Թիւ 80-81 - ԱՐՑՈՒՆՔԸ

Ողիմպիականները ծնունդ առին չաստուածներու մայրաքաղաք Աթէնքէն ու յաջորդաբար այցելեցին Փարիզ, Սէն Լուիզ, Լոնտոն, Սթոքհոլմ, Անտվերպէն, կրկին Փարիզ, ապա Ամսթերտամ, Լոս Անճելըս, Պերլին, վերադարձան Լոնտոն, անցան Հելսինքի, ապա Մելպուռն, Հռոմ, Թոքիօ, Մեքսիքօ, Մոնթրէալ, Մոսկուա, նորէն Լոս Անճելըս ու հասան Սէուլ։

Ողիմպիականները ո՛ւր ալ գացին, ընդունուեցան բացառիկ կազմակերպուածութեամբ, խանդավառութեամբ, շքեղանքով։

Իւրաքանչիւր հիւրընկալ երկիր իրեն համար վարկի հարց նկատեց նախորդէն աւելի լաւը ընելու նախաձեռնութիւնը։ Ողիմպիականները երկրի հռչակը տարածելու առիթ նկատուեցան, նոյնիսկ՝ քաղաքական յաջողութիւններու միջոց։ Պետական վարչամեքենանե՛րը տէր դարձան կարգադրութիւններուն եւ կրկնակ ուշադրութեամբ ու բծախնդրութեամբ կազմակերպուեցան խրախճանքներ, արուեստի եւ թեքնոլոժիի ցուցադրութիւններ, զարմանահրաշ բանե՜ր…

Ամէն նոր տեղ՝ նո՛ր բան մը աչքի զարկաւ, ուշադրութիւն գրաւեց, խօսեցուց  Շար...

Թիւ 79 - ԲԱՑԱԿԱՆՆԵՐԸ

Անշուշտ խօսքը բանաւոր բացականերուն մասին չէ։ Չէ եւ չի կրնար ըլլալ անոնց համար, որոնք հիւանդացած են, արկած ունեցած են կամ մեկնած են քաղաքէն։

Բանաւոր բացակաները իրենց ընդունելի բացատրութիւնը ունին եւ բնական է որ անոնց հասցէին մեղադրանք չըլլայ, չմնայ։

Ի՛նչ պէտք է ըսել սակայն միւսներուն մասին, որոնք արդարանալի պատճառ չունին ու բացակայ են։

Բացակայ՝ ժողովներէն, բացակայ՝ հաւաքներէն, բացակայ՝ հանրային բոլո՛ր ձեռնարկներէն։

Ասոնք՝ մնայուն բացակաները ո՛չ ճաշկերոյթ-պարահանդէս վայելած են, ո՛չ քաղաքական հաւաքներու սարսուռով երջանկացած են, ո՛չ մարզահանդէսներով ու տողանցքներով թարմացած են, ո՛չ դասախօսութիւններու լրջութիւնը քաղած են, ո՛չ գեղարուեստական ցուցահանդէսներէն ներշնչուած են։

Ասոնք՝ մնայուն բացակաները։

Ասոնք թերեւս երբեք չեն զգացած, որ շարժո՛ւմ կայ  Շար...

Թիւ 78 - ԽՈՆԱՐՀՆԵՐԸ

Անշո՛ւշտ պիտի յիշուին, նշուին ու մեծարուին անոնք, որոնք տեսնուեցան։

Տեսնուեցան դաշտերու վրայ՝ որպէս ախոյեան, ժողովներու մէջ՝ որպէս մեկնաբան, մրցումներու ընթացքին՝ որպէս խումբի «ազատարար» կամ յաղթանակի կերտիչ, բեմերու վրայ՝ որպէս պատգամախօս։

Գիտենք, որ պատմութիւնը մարդ կը կերտէ, ու գիտենք նաեւ, որ կան մարդիկ ալ, որոնք իրե՛նք պատմութիւն կը կերտեն, պատմութեան առջեւ կը բանան նո՛ր ուղի, պատմութեան կու տան նո՛ր ընթացք։

Հ.Մ.Ը.Մ. հարուստ է մեծանուն ու ճառագայթող այդ փաղանգով։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի եօթանասունամեայ պատմութիւնը կարելի է տալ նկարներովը մեր շահած բաժակներուն եւ նկարներովը մեր մեծանուն եղբայրներուն, առա՛նց գիրի օգնութեան։

Սակայն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եօթանասունամեայ պատմութիւնը վկայ, մեր խոնարհները եղան բազում անգամ աւելի շատ եւ, թէեւ մինչեւ  Շար...

Թիւ 77 - ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐԸ

Հայկ հսկան, լերան պէս, լերան վրայէն աղեղ լարեց, նետ արձակեց ու դիտապաստ գետին փռեց բռնակալն ու թշնամին։ Ան, մեր նախահայր առաջին զինուորը, այսպէ՛ս բացաւ մեր պատմութեան առաջին էջը. ընդվզումով, ճակատումով ու յաղթութեամբ։

Յետոյ, ու շարունակաբար ամբողջ դարեր, ամէն անգամ որ թշնամիներ մարախներու պէս իջնէին մեր դաշտերուն, այրուձիներ, արքայական գոյներով ու դրօշներով զարդարուն, սրարշաւ դուրս կը նետուէին պարիսպներու ապառաժեայ դռներէն, իրենց դոփիւններուն տակ կը հերկէին հողին կուրծքը, քրտնաթոր հեւքով կը հալածէին թշնամին, կը գերէին, կը վանէին, ապա կը վերադառնային նոյն վեհափառ շուքով, կը հալէին դղեակներուն մէջ՝ անգամ մը եւս հայրենիքին ապահովելով ազատօրէն շնչելու երանութիւնը։

Դարեր, դարեր առաջ էր, երբ մեր թագաւորները  Շար...

Թիւ 76 - ԳԱՅԼԻԿ ՈՒ ԳԱՅԼԻԿԻ ԳԱՒԱԶԱՆ

Երբ հանդէս կազմակերպուեցաւ, գայլիկը կեցաւ տեղ մը, որպէս կարգապահութեան հսկող ոստիկան, ու ամէն ինչ լաւ ընթացաւ։

Երբ փառատօն էր, թուեցաւ որ գայլիկը հայկական բանակի հրամանատար է, գաւազանը՝ հայ զինուորի հրացան կամ արքայական մական. ու երբ սգատօն եղաւ, գայլիկը կրկնակ խորհրդաւորութեամբ լեցուց հոգիները, ինք՝ խունկ, գաւազանը՝ բուրվառ։

Ու երբ գայլիկը տողանցեց, ժողովուրդի խանդաղատանքը աղաւնիի ու արծիւի թեւերով երկինքն ի վեր ճախրեց։

Ոչ մէկ ոստիկան ու զինուոր այնքան օրէնք պարտադրեց, որքան մեր վտիտ գայլիկը՝ իր նոյնքան վտիտ գաւազանով։

Գեղարուեստական ոչ մէկ ելոյթ այնքան զօրեղ տպաւորեց, որքան անկիւն մը կեցած տարազաւոր, պճլտուն աչքերով, փողկապի հանգոյցը քակած մեր տղան։

Ու ոչ մէկ բանակային այնքան  Շար...

Թիւ 75 - ԱՌԱՋԻՆ ԿԵՆԱՑ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի եօթանասունամեայ վաստակին դիմաց, բնական է, որ վաստակը վաստակ ընող ընտրեալներու ցանկը պատրաստուի եւ իւրաքանչիւրին համար առաջարկուի առնուազն բաժակ մը կարմիր գինի, քամուած՝ մեր հայրենի դաշտերէն։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի եօթանասունամեայ մեծղի Գործին ի տես, երիցս արդար է, որ Գործաւորին՝ ալէլուիա, քրտինքին՝ ողջոյն, հեւքին՝ միւռոն, ու Հայաստան Աշխարհին՝ ցնծութեան յաղթերգ ձօնուի։

Ու առաջին բաժակը, ահա, Կեանքի՛ն համար, որ մեր հեթանոս օրերուն Ոսկեմայր Անահիտ կը կոչուէր, Չաստուածուհի՜ն, որուն տեղ Աստուածամայրը բերինք եւ որոնց առաքինութիւններով ծնաւ նորը, որ պարզապէս Հայուհի՜ կոչուեցաւ, այնքան համաչափօրէ՛ն։

Առաջին բաժակը, ուրեմն, կենացը Մայր ծնողի՛ն։

Այսինքն անոր՝ որ չգնաց, ղրկեց, չերեւցաւ, ցուցադրեց, ի հարկին նսեմացաւ՝ բարձրացնելու համար, մեռաւ՝ գոյատեւելու սիրոյն, փառաւորուեցաւ  Շար...

Թիւ 74 - 70 ՏԱՐԻ

Ծնանք հայրենիքէն դուրս ապրեցանք հայրենիքի՛ն համար։

Մեր ոտքերուն տակ հայրենի հող չունեցանք, հետեւաբար՝ հողի վերածեցինք մեր հոգի՛ն ու, մեր հոգին կոխկռտելով՝ քալեցինք, մղկտալով, բայց ուժո՛վ։

Եօթանասուն տարուան մէջ վրան լարեցինք եօթանասուն երկնակամարի տակ, սակայն որովհետեւ բոլոր երկնակամարներն ալ ծածկեցինք Եռագոյնով, ամէն տեղէ նոյն երկինքը տեսանք։

Լեռներ ճանկռտեցինք՝ Արարա՛տ շալկած,

Սահեցանք ձորերէ՝ Արաքս երգելով։

Մեզի համար ծովերը մէկ անուն ունեցան.- Սեւա՛ն, ովկիանոսները կոչուեցան Վանայ ծով։ Միշտ՝ այսպէս եղաւ.- մեր լիճը՝ աշխարհի ծովուն չափ, մեր ծովը՝ աշխարհի ովկիանոսներէն ալ մեծ։ Սակայն նոյնքան մեծ եղաւ մեր վիշտը, որքան անսահման եղաւ մեր ապրելու կամքն ու կիրքը։

Եօթանասուն տարի։

Եօթանասուն տարի, ջղուտ տղաք տողանցք դարձան,  Շար...

Թիւ 71-72 - ՏԵՂԱԿԱՆ ՊԱՅՄԱՆ

Շեղումներու ամէնէն դիւրին եւ ամէնէն անառարկելի թուող չքմեղանքն է այս.- «Տեղական պայման»։

Գաղութէ գաղութ կամրջումի, կանոնագրային (երբեմն նաեւ, ափսո՜ս, ծրագրային) նոյնութեան գլխաւոր, չըսելու համար միակ խոչընդոտն է այս. «տեղական պայման»ը։

Տեղի-անտեղի, գիտակցաբար-անգիտակցաբար, շատ եւ միշտ գործածուող դեղահատ է ասիկա՝ «տեղական պայման»ը, որուն անխնայ գործածութիւնը անկասկած թոյն է, փոխանակ բալասան ըլլալու։

Անշուշտ կա՛ն անոնք՝ «տեղական պայմաններ»ը եւ սուտ չեն, շինծու չեն, կեղծ չեն. նաեւ կան անոնք, որ պատրուակ չեն, չքմեղանք չեն։

Կան՝ ճակատագրականօրէ՛ն։

Սակայն ամբողջ հարցը կը կայանայ զանոնք՝ այդ «տեղական պայմաններ»ը չէզոքացնելու, անոնց դէմ մաքառելու մէջ։

Այլապէս անձնատուութիւն է, հաշտուածութիւն է, ընկրկնում է եւ աւազախրում։

***

Իր բազմա-տեղացիութեամբ, արտասահմանը բնականօրէն  Շար...

Թիւ 69-70 - ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Գիտենք, որ նուիրել սիրել կը նշանակէ. կը նշանակէ վարձատրել, գնահատել։ Նուիրելը նախադուռն է ՆՈՒԻՐՈՒԵԼՈՒՆ, որ կը նշանակէ ՆՈՅՆԱՆԱԼ։

Արուեստ է նուէր ճշդելը։

Տպաւորիչ նուէրը այն է, օրինակ, որ կու գայ ոչ թէ առիթով մը, այլ կու գայ յանկարծ, չսպասուած, չակնկալուած պահու մը։

Ու տպաւորիչ նուէրը տակաւին այն է, որ քեզ կը մատնէ անակնկալի.- կը սպասէիր արծաթեայ օղ, կու գայ ադամանդեայ մանեակ, կը սպասէիր ադամադեայ մանեակ, ահա մէկ հատիկ կարմիր մեխակ...

Նուէրն ալ իր համն ու հոտը ունի։

***

Հաւաքականութեան եղած նուէրնե՞րը։

Նախ ընդգծենք, որ Սփիւռքի մեր պիւտճէական կազմակերպուածութեան հիմնական ՄՈՒՏՔը նոյնինքն նուիրատուութիւնն է։ Կան անկասկած այլ մուտքեր ալ, սակայն անոնք՝  Շար...

Թիւ 67-68 - ԵԶՐԱՓԱԿՈՒՄ

Իր համագաղութային կառոյց եւ հետեւաբար տարողութիւն ստանալէն ի վեր, Հ.Մ.Ը.Մ. գումարած է Պատգամաւորական չորս Ընդհ. Ժողովներ։

Առաջին Պատգամաւորական Ընդհ. Ժողովը կայացաւ Դեկտեմբեր 1974-ին Պէյրութի մէջ, եւ բնականաբար նկատուեցաւ ՀԻՄՆԱԴԻՐ ժողով։

Երկրորդ Պատգամաւորական Ընդհ. Ժողովը կայացաւ Կիպրոսի մէջ, 1976-ին, եւ հոս առաջին անգամ ըլլալով Կեդրոնական Վարչութիւն մը որպէս այդպիսին միութեան ներկայացուցիչներուն զեկուցեց, ՀԱՇԻՒ ՏՈՒԱՒ իր գործունէութեան շուրջ։

Երրորդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովը կայացաւ 1983-ին եւ վերջինը՝ 1987-ին, երկուքն ալ Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի մէջ։

Իւրաքանչիւր Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողով ունեցաւ իր ինքնուրոյնութիւնը, մասնայատկութիւնը, կնիքը, դրոշմը. իւրաքանչիւր Ընդհ. Ժողով առիթ եղաւ, որ համագաղութային կառոյց ստացած այս միութիւնը ինքզինք վերանորոգէ եւ նորանոր պարտաւորութիւններ ստեղծէ՝ իր ուսերուն  Շար...

Թիւ 65-66 - ԱՐԻՒՆ ԵՒ ՔՐՏԻՆՔ

31 Յունուար 1987։ Պէյրութ, Լիբանան։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կեդրոնատեղիի բացման հանդիսութիւն։

Փողերախումբ, սկաուտական «Պատուի՜ ա՛ռ», ժողովուրդ, հրաւիրեալ։

Առաջնորդ ու Վեհափառ։

Կեդրոնատեղին, որուն բացման հանդիսութեան առիթով այսքան ծաղիկ ու հեռագիր է տեղացեր, այսքան պաշտօնականութիւն կայ ու ժողովրդական հետաքրքրութիւն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կեդրոնատեղին՝ հազիւ քանի մը փոքր սենեակներէ կը բաղկանայ եւ ունի հազիւ մեծ սենեակի մը տարածութեամբ սրահ։

Սակայն,

Փաստօրէն Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կեդրոնատեղին ըլլալով, ԽՈՐՀՐԴԱՆԻ՛Շ մըն է այս փոքր յարկաբաժինը եւ, իր ներքին միջուկով (թանգարան, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագրատուն), ան ճառագայթելու կոչուած աննիւթական հսկայական հարստութիւն է։

Ապա, խորհրդանիշ յարկաբաժինի սրահը զոհի մը անունին է, Վարդգէս Տէր Կարապետեան. ու Վարդգէսով միւս զոհերուն՝  Շար...

Թիւ 64 - ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐԸ

Անոնք՝ նահատակները այնքան շատ են, որքան շատ են մե՛ր ծովու աւազի հատիկները։

Անոնք՝ նահատակները յաճախ շա՛տ աւելի ողջ են, քան իրենք՝ ողջե՛րը։

Անոնք՝ նահատակները յարութիւն առնող մէկական խաչեալ, մէկական սո՛ւրբ, որոնց յիշատակը խունկ է, շարական ու ծնծղայ։

Մեր նահատակնե՞րը - ազգային տառապանքի կամ հաւատամքի ապառաժեայ աղօ՛թք։

Իսկ մեր պատմութի՞ւնը - արդէ՛ն նահատակութեան թաւալք։

Առաջին օրէն ձիւնն ու ցուրտը գրկեցինք, որովհետեւ բաւ գտանք ազատութեա՛ն տաքութիւնը։ Ֆշշա՛ց Հայկի նետը, ու այդ օրէն սկսեալ հրեշտակները նահատակութեան համանուագը ասեղնագործեցին եւ որպէս գերագոյն նուէր անցուցին իւրաքանչիւր հայու վիզը, ինչ որ փաստօրէն երբեմն դարձաւ կախաղանի պարան, եղե՛ռն, երբեմն բանտի ցուրտ պա՛տ։

Նահատակները անհամար ծառերու նման միաբերան  Շար...

Թիւ 63 - ԽԱՐՈՅԿ ՈՒ ՑՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ

Խարոյկը անտառի ծառերը կը պոկէ իրենց արմատներէն եւ Սասնայ Դաւիթի պէս զանոնք կը ճօճէ հա կը ճօճէ։

Շուքի վերածուած տերեւները մերթ կը կարմրին, ինչպէս քաղցրօրէն շիկնած ամօթխածութիւն, մերթ կը նոյնանան մութին հետ, մինչ խարոյկը կը վառէ երկինքի փէշերը։

Խարոյկէն հեռու ամէն ինչ խաւար է, խորհրդաւորութիւն, սարսափ, ինչ որ հեռակայ առեղծուած։ Թերեւս ա՛յդ իսկ է պատճառը, որ մարդիկ կարելի չափով կը մօտենան անոր, խարոյկին, որպէսզի տաքնան՝ թէկուզ այրելո՛ւ չափ, ու լուսաւորուին՝ թէկուզ կէսօրուան արեւու ճառագայթներու խայթոցի՛ ուժգնութեամբ։

Խարոյկը այնքան քաշողական ուժ ունի, որ խենթացած տղաք կը ցատկեն անոր վրայէն, կարծես բոցերուն հետ նոյնանալու համար, եւ հարա-հրոցով կը հասնին միւս կողմ ու  Շար...

Թիւ 62 - «ՆԱԽԿԻՆ»

- Նախկին նախագահ, նախկին վարչապետ, նախկին վարչական, նախկին...

Եթէ յարգանքի համար է յիշեցումը, «նախկին», անկասկած, դրական է ու բաւարարող։

Եթէ ծառայութեան մը, մեծութեան մը, նուաճուած դիրքի մը վերահաստատումն է ընդգծումը՝ «նախկին», կրկին ու կրկնապէս գնահատելի է մօտեցումը։

Արդէն ընդհանրապէս թէական չէ, ա՛յդ իսկ է միտք բանին, երբ կ’ըսենք, կը շեշտենք, կը ներկայացնենք.

- Նախկին երեսփոխան, նախկին նախարար, նախկին քաղաքապետ, նախկին, նախկին, նախկին... «նախկին»ին մէջ այժմու անտիտղոս կամ նուազ արժէքաւոր վիճակը չէ որ կը մատնանշուի. «նախկին»ին մէջ կայ նախապէս մեծ եղած ըլլալու, հետեւաբար այժմ անոր ըստ այնմ նայիլ տալու փափկանկատ զգաստութեան հրաւէրը։

«Նախկին»ը չի նմանիր «հանգստեան կոչուած»ին։

Կարելի է ըսել եւ  Շար...

Թիւ 61 - ԱՍՏՂԵՐՈՒ ՊԷՍ

Որ «բուռ մը աստղ ենք երկինքով ցրուած», որ երկինք նայինք՝ կը տեսնենք մենք մեզ, ճիշդ է լեղի դեղահատի պէս։

Թերեւս լաւ կþըլլար, որ աստղ չըլլայինք, ըլլայինք ծաղիկ՝ բայց մե՛ր դաշտին մէջ. մե՛նք ալ մեր ոտքին հող ունենալիք։

Բայց բանաստեղծի բարի բառին պէս, աստղ ենք...

Մենք աստղ ենք, այո, բայց տարբեր չափի, տարբեր հեռաւորութեամբ եւ ուրիշ աստեղութեան թաւալքի ռիթմով։

Մենք նոյն պատմութեան, նոյն արեան ծնունդ, տարբեր երկուորեակ։

Մեր մէկ մասը հայ է ու բան, բան է ու հայ։ Մեր մէկ մասը գանատահայ, ամերիկահայ, մեր մէկ մասը արժանթինահայ, պրազիլահայ, մեր մէկ մասը ֆրանսահայ, իտալահայ, մեր մէկ մասը պարսկահայ ու իրաքահայ, մեր մէկ  Շար...

Թիւ 59-60 - ԲԱՆԱԿՈՒՄԸ

Սկաուտութեան հազարանուն աղուորութեանց թագուհին ինքն է՝ բանակումը։

Արդէն սկաուտ՝ ձեւով մը բանակում կը նշանակէ։

Ով սկաուտ չէ եղած (նաեւ՝ ով սկաուտ եղած է, սակայն, բանակումի չէ գացած), անկասկած կարեւոր բան է կորսնցուցած իր պատանեկան տարիներէն, որովհետեւ չէ կրցած յիշատակներու ծառաստանի վերածել իր հոգին։

Պէտք է ընդունիլ։

Մանկութեան ու պատանութեան օրերէն շատ բան անպայման կը մոռցուի. նոյնիսկ դասընկերներու դէմքեր ժամանակին հետ կ’աղօտանան, կը մաշին, կ’անյայտանան, սակայն կը դիմանան բանակումի յիշատակները, ինչպէս ժայռի վրայ քանդակուած արձան։

Միօրեայ բանակումին ալ բանակում կ’ըսենք, սակայն բանակումի բանակումը միւսն է. այն, որ կը տեւէ եօթնէն 10-15 օր։ Այսինքն այնքան ժամանակամիջոց, որ տղան ԼՐԻՒ կտրուի տունէն,  Շար...

Թիւ 58 - ԿՈԼԵՐՈՒ ԿՈԼԸ

Թէ ով պիտի ըլլայ ֆութպոլի աշխարհի ախոյեան, անկասկած հետաքրքրական է ու գրաւ դնողներու մեծամասնութիւնը կարծէք պարտուած է կանխաւ։

Անակնկալի աշխարհ է ֆութպոլը, որուն յաղթականը անպայման լաւագոյն խումբը չէ, բայց որուն յաղթականը անկասկած բախտաւորագոյնն է։

Ֆութպոլի մրցում մը շահիլ, պատերազմ մը, առնուազն ճակատամարտ մը շահիլ կ’երեւի կը նշանակէ։ Ասոր համար չէ՞, որ պետական մակարդակի ընդունելութիւն կը սարքուի «պատերազմէն դարձող յաղթական զօրավարներուն»...։

Երբեմն, երազանքի ու վերացումի պահու մը, փոխանակ երգիչ, արուեստագէտ, բժիշկ, հարուստ կամ այլ ինչ ըլլալ ուզելու, կը փափաքիս պարզապէս ֆութպոլիստ ըլլալ, ինչպէս Մարատոնան է կամ Փլաթինին...

Ա՛յս է աշխարհի բանը։

Խաղը աղն է կեանքին, ու աղի ընտրելագոյններէն է կþերեւի ֆութպոլը։

  Շար...

Թիւ 57 - ԿՈ՜Լ...

Հիմա Մեքիսքոն է աշխարհի կեդրոնը։

Այսքան միլիոն մարդ տեղ կը փնտռէ մեքիսքական դաշտերէն ու այսքան միլիոն մարդ գամուած է հեռատեսիլներուն առջեւ։ Ֆութպոլ ու Մեքսիքօ միաձուլուած են, ինչպէս մատ ու մատանի։

Այսպէս չեղաւ սակայն Մեքսիքոն, երբ տարի մը առաջ երկրաշարժի բռնուեցաւ եւ նոյն Մեքսիքոյի մէջ հազարաւոր մարդիկ մեռան, նոյնիսկ առանց հոգեվարքի։

Թերթերը թերթի յատուկ ոճով հաղորդեցին լուրը, վիրաւոր մարդէն աւելի ճեղքուած հողի նկարը ցոյց տուին, օգնութեան անարձագանգ աղմուկ փսփսացին ու մոռցան։

Ոչ միայն աշխարհ մոռցաւ Մեքսիքան, այլեւ մեքսիքոցինե՛րը մոռցան բնութեան գուցէ պատգամը եւ պարզապէս յարգեցին իրենց յանձնառութիւնը ֆութպոլի միջազգային համադաշնակցականի նկատմամբ եւ շարունակեցին կազմակերպել խաղերը։

Իրենց ցաւին մէջ լուսանցքի վրայ մնացած  Շար...

Թիւ 56 - ԿՈՐՈՒՍՏ

Եւ ի՜նչ կորուստ։

Կորուստ՝ անհատական, ընտանեկան, միութենական, ազգային թէ մարդկային հնգեակ առումներով։

Երեք կուսակիցներ, նոյն միութեան անդամներ, նոյն ազգի զաւակներ, ընտանիքներու ջահեր, երեք մարդիկ, որոնք կացինահար կաղնիներու նման միաժամանակ ինկան, իրենց անկումի ընթացքին ցաւցնելով շրջապատող միւս ծառերը, ամբողջ անտառը։

Այդ նահատակներէն մէկը Հ.Մ.Ը.Մ.ի շրջուն Կեդրոնական Վարչութիւնն էր, միւսը՝ հանրային կեանքին նուիրուածներուն Հ.Մ.Ը.Մ.ական հայրը, եղբայրը, մէկալը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ին նոր բացուած ծաղիկ։

Վարդգէս Տէր Կարապետեան, Լեւոն Պէրպէրեան, Ներսէս Խիւտավերտեան։

Վարդգէսը Վարդգէս ըլլալու համար, Լեւոնը՝ Լեւոն ու Ներսէսը՝ Ներսէս, ի՜նչ ժամանակ ներդրուած էր իրե՛նց կողմէ, իրենց ընտանիքներո՛ւն կողմէ, իրենց ազգի՛ն եւ միութեա՛նց կողմէ, մարդո՛ց կողմէ։

Ինչ ժամանա՛կ, զոհողութի՛ւն, հաւա՛տք, աշխատա՛նք, կա՛մք, յո՛յս։

Գնդացիրը հնձեց  Շար...

Թիւ 55 - ԱՆՁԻՆ ՕՐԻՆԱԿՈՎ

Մարդկային կազմակերպ թէ անկազմակերպ հաւաքականութիւններ, անոնք ըլլան միութիւն, կազմակերպութիւն, համադաշնակցութիւն, ցեղախումբ թէ ինչ, եթէ նոյնիսկ չունենան դաստիարակչական նպատակ ու առաքելութիւն, անպայման կը յայտնաբերեն որոշ եւ յստակ դաստիարակուածութիւն, որ կը նշանակէ հասկացողութիւն, կնիք։ Կենցաղ։

Եթէ պարտաւորութիւնս չէ դաստիարակելը, անպայման պարտաւորութիւնս է դաստիարակուած ըլլալը։

Հ.Մ.Ը.Մ. այն հաւաքականութիւնն է, այն միութիւնն է անվիճելիօրէն, որ իր շատ աշխատանքներու կողքին առաջնահերթօրէն ունի դաստիարակելու սրբազնագոյն առաքելութիւնը։

Անշուշտ շատ են ու բազմատեսակ՝ դաստիարակելու եղանակները։ Այդ եղանակներուն, այդ ձեւերուն ու միջոցներուն կարեւորագոյնը սակայն կը թուի որ ԱՆՁԻՆ ՕՐԻՆԱԿՆ է։

Ամէնէն փոխանցիկ բաներէն մէկն է անձին օրինակը, վախին ու քաջութեան պէս, լաւատեսութեան ու յոռետեսութեան պէս, հիւանդութեան ու ժպիտին պէս։

  Շար...

Թիւ 54 - ՔԱԼՈՒԱԾՔԸ

Երբ թմբուկները ճպոտներու ճարտար համազարկին տակ պատրա՛ստ կը ճչան, իրենք զիրենք թոյլ ձգած տղաքը, մեղուներէ խայթուած մարդոց պէս, անմիջապէս կը վազեն դէպի խումբը, կը գտնեն իրենց տեղը, կը շտկռտեն գօտի-փողկապ ու կը սպասեն փողերախումբի «քայլ առա՜ջ, օ՛ն»ին։

Մեծ դէպքի մը նախօրէին ծնող սպասումի լրջութեան մէջ, ժողովուրդը խոշոր բացուած աչքերով ակնդէտ կը հետեւի պատրաստութեան, ներքուստ իր կարգին պատրաստուելով, որ ընդունի, դիմաւորէ, դիտէ, դատէ, ըմբոշխնէ՜...

Մի՛շտ այսպէս սկսած են տողանցքները։

Փողերախումբէն առաջ կամ վերջ քալած են դրօշակները, իր ծամերը հոգին տուած սիրուն աղջկան մը գեղեցկութեամբ ցուցադրելով քաղաքացիական դրօշին հետ հայրենականը. ապա, փողերախումբէն ետք, անվերջ շարանը սկաուտներուն, արենոյշներուն, գայլիկներուն, մարզիկներուն՝ քալած է ինչպէս  Շար...

Թիւ 53 - ՔՈՒԷՆ, ՔՈՒԷԱՐԿՈՂԸ, ՔՈՒԷԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ

Բոլոր հասարակարգերը, մարդկային բոլոր խմբակցութիւնները, պետական թէ միութենական բոլոր եւ ամէն ձեւի կառոյցները որպէս հասարակաց գիծ ունին ՔՈՒԷն։

Վարէն վեր թէ վերէն վար, ընտրութիւնը իր բաղդատական եւ ազատ առումով թէ նշանակում իմաստով, որպէս միջոց ունի քուէն։

Միութեանց, կազմակերպութեանց թէ պետութիւններու կառոյցէն բացի, ամէնօրեայ անհատական կեանքի մէջ ալ կը տեսնուի քուէն. այն, որ կը տրուի եւ կ’առնուի ամէն վայրկեան, կեանքի իւրաքանչիւր թաւալքին։

Վերջին հաշուով քուէարկել է հաւնիլ մէկը, հաւնիլ գործ մը, հաւնիլ-չհաւնելու ամբողջ ընթացքը։

Քուէն միայն ընտրել եւ ընտրուիլ չէ, ոչ ալ քուէատուփ երթալու արարք մը։

Ընտրող եւ քուէ նոյն բաներն են։

Քուէն այն է, ինչ որ է քուէարկողը։ Եթէ քուէարկողը  Շար...

Թիւ 52 - ՇՔԱՆՇԱՆԸ ԵՒ ՇՔԱՆՇԱՆԱԿԻՐՆԵՐԸ

Այս Միութիւնը միշտ ալ ժլատ եղած է իր գնահատանքին մէջ։

Այս Միութիւնը շնորհակալութեան խօսք իսկ չէ ուզած ըսել իր անդամներուն ո՛չ անոնց ողջութեան, ո՛չ իսկ յետ մահու։

Քաղցր դամբանական մը առաւելագոյն դափնեպսակը եղած է երախտաւորներուն։

Ու, իրենց Միութեան պատկերով, այս Միութեան անդամները եւս երբեք շքանշան կամ նշան, գնահատանքի որեւէ ձեւի արտայայտութիւն չեն ակնկալած Միութենէն։

Ո՞վ որուն համար կþաշխատի։

Ո՞վ զով պիտի գնահատէ։

Իւրաքանչիւր գիտակից անդամի կուրծքին տակ Արարատ մը հաւատք կայ հանդէպ Մարդուն եւ Ազգին ու ազգայինին։

Իւրաքանչիւր հասուն անդամի ճակատէն հոսող ադամանդեայ քրտինքը իբրեւ ակունք ունի Պատմութիւնը Գլխագիր, որ պարզապէս Արմենականն է։

Պարզ ու յստակ։

Այս Միութեան մէջ մինչեւ  Շար...

Թիւ 51 - Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆԸ

Իւրաքանչիւր ազգ ունի իր ուրոյն նկարագիրը եւ ազգերու ընկերութեան մէջ իւրաքանչիւրը անոնցմէ իր այդ գիծերուն համար բնորոշումի ենթակայ է։

Անգլիացի՞ն - պաղարիւն է, ֆրանսացի՞ն, ռո՞ւսը, միւսնե՞րը։

Իւրաքանչիւր ազգի իւրաքանչիւր նահանգ անգամ իրարմէ տարբեր հասարակաց գիծերով կը ճանչցուի։ Այս անգամ օրինակները բերենք մեզմէ. այնթապցին այսպէս, մարաշցին այդպէս, տիգրանակերտցին ու միւսները։

Իւրաքանչիւր միութիւն այս կարգով ունի իր գիծը, նկարագիրը, կնիքը։ Եւ իւրաքանչիւր միութենական ունի իր միութեան որոշ յատկանիշները։

Հ.Մ.Ը.Մ.ականը տիպար մըն է եւ երեւակայութիւններու մէջ ստեղծած է պատկեր մը իր հաշուոյն, որ եթէ չերեւի՝ զինք կը վերածէ ինչ որ ի լինելութեան վստահուած յոյսի։

Հ.Մ.Ը.Մ.ականը նախ ժպտերես է, հաճոյակատար, ծառայասէր։

Հ.Մ.Ը.Մ.ականը խոստմնապահ է  Շար...

Թիւ 50 - ՄԵ՛Ր ՓԼԱԹԻՆԻՆԵՐԸ

Աշխարհին պատկանելէ առաջ մարդիկ անպայման կը պատկանին, պէ՛տք է պատկանին քաղաքի մը, գիւղի մը ու նախ՝ տան մը։ Եթէ արմատ չունեցողը կարենայ նոյնիսկ աշխարհը ծածկել, սունկէ մը աւելի չ’արժեր։

Մերինները աշխարհին չպատկանեցան, աշխարհահռչակ չեղան։ Իրենց բարձրացուցած աղմուկը ընդհանրապէս քաղաք մը լեցուց, երբեմն նաեւ երկիր մը։ Քիչ պատահեցաւ, որ անոնց անունը, այդ ալ վախկոտ քայլերով, մօտակայ երկիրներու սահմանը անցնի։

Այդքան։

Բայց մերինները տուն տաքցուցին։

Մեր Փլաթինիները կոչուեցան Դանիէլ Դանիէլեան, Արտաւազդ, Հաճի Հայկ, Եղիշէ, Վարդիվառ, Արսէն, Վազգէն, Համազասպ, Սուրէն, Յակոբ, Յակոբիկ, Սարգիս, Օննիկ, Ճորճիկ, Միկէ, մեծ ու պզտիկ Աբօ, Հրայր, Գէո՛րգ, մեր Փլաթինիները ունեցան կեղծանուն՝ Կոլճի Լեւոն, Մանուկ Մուխը Մարէ, Վարպետ, Ճոքի,  Շար...

Թիւ 49 - ՖՈՒԹՊՈԼԸ, ՖՈՒԹՊՈԼԻՍՏԸ ԵՒ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Ֆութպոլը աշխարհ մըն է աշխարհի մէջ իր համակիր-սիրահարներով, դաշտ հոսող բազմութեամբ, մրցումի ընթացքին գոռումով, հսկայ պաստառներու յաղթական ցուցադրութեամբ, հուռաներով, սուլոցներով, ծափերով, կանչերով ու մասամբ նորին։

Ֆութպոլը աշխարհ մըն է աշխարհի մէջ իր քուլիսներով՝ ծախուող ու գնուող խաղացողներով, կաշառուող իրաւարարներով, սակարկուող յաղթանակներով, գրաւներով ու կռիւներով։

Մեղայ, մեղայ դաշտային սրբութիւններուն։

Բայց եւ ֆութպոլը՝ շարժումի համանուագ է, գրոհներու եւ խոյանքներու հաղորդական թռիչք, յոյսի եւ յուսախաբութեան ելեւէջ։ Ամբողջ մէկ ու կէս ժամ սրտեր արագ կը զարնեն, աչքեր, գնդակ-մագնիսէն բռնուած, կը շարժին ամէն ուղղութեամբ, եւ այդ ժամանակամիջոցը տեսակ մը նիրվանա է։

Ֆութպոլը հին հռոմէական չաստուածներու մրցանքն է՝ կրկէսներու մէջ, ուր հրաշքներ կը յաջորդեն իրարու. գնդակը  Շար...

Թիւ 48 - ԱՇԽԱՐՀ ՊԻՏԻ ԾԱՓԱՀԱՐԷ ՄԵԶ

Անոր համար՝ որ եօթանասուն տարի անց, կը շարունակենք յիշել...

Եօթանասուն տարի ետք ու անցած եօթանասուն տարուան ընթացքին ու վստահաբար գալիք եօթանասուն անգամ եօթանասուն տարիներուն, այսինքն քանի արդարութիւնը չէ վերահաստատուած, ու մինչեւ արդարութիւնը վերահաստատուի, ոչ միայն յիշած ենք, կը յիշենք ու պիտի վերյիշենք՝

Այլեւ ապրած ենք ու պիտի վերապրի՛նք ջարդը։

Ու այս պատճառաւ աշխարհ պիտի ծափահարէ ու յարգէ մեզ։

Ջարդը մեր սնունդն է։

Ջարդը հայրենի հողը փոխարինող, հայրենի հողը հող պահող ուժն է, ուրկէ սերունդներ իրենց հոգիի սափորը պիտի լեցնեն։

Ջարդը ուրիշ Արարատ մըն է մեզի համար։

Հետեւաբար, ո՛չ միայն պիտի յիշենք, այլեւ պիտի վերակառուցե՛նք զայն, պիտի վերապրի՛նք զայն, ի հարկին  Շար...

Թիւ 47 - ԺՈՂՈՎԸ

Հ.Մ.Ը.Մ. էապէս մարզական միութիւն մը ըլլալով հանդերձ, ունի ժողովական կեանք եւս, որուն գոյութիւնը գրեթէ լուսարձակի տակ չէ առնուած։

Ժողովուրդը կը տեսնէ մարզական արդիւնքը, սակայն նոյն այդ ժողովուրդը տեղեակ չէ մարզական արդիւնքէն առաջ մարզական շարժումը ստեղծո՛ղ գործիքէն, որ ժողովն ու ժողովականութիւնն է։

Արդարեւ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի ունի շեշտուած բնոյթով երեք ժողովներ.-

ա.- Ընտրական-քննական, զորս կարելի է կոչել օրէնսդրական ժողովներ,

բ.- Կազմակերպչական բնոյթի ժողովներ,

գ.- Դաստիարակչական նպատակի ժողովներ։

Ա.- Ընտրական ժողովները անպայման նախ քննական բաժին ունին։ Յետոյ՝ ծրագրային։ Կանոնագրային հարցեր եւս կրնան քննուիլ այս բնոյթի ժողովներուն, եթէ անոր կարիքը զգացուի։

Նման ժողովներ կը գումարուին՝

1.- Տարին մէկ անգամ, մասնաճիւղերուն համար (քաղաք, արուարձան), որ կþընտրէ  Շար...

Թիւ 46 - ՄԱՐԶԱՆՔԸ ՄԻՋՈՑ, ՄԱՐԶԻԿԸ՝ ՆՊԱՏԱԿ

Որպէսզի մարմինը մնայ առողջ, ու տակաւին որպէսզի մարմինը ամբարէ յաւելեալ ուժ եւ կենսունակութիւն,

Ինչո՞ւ չէ,

Որպէսզի մարմինը գեղեցկանայ աւելի՛,

Մարդիկ փորձով ու փորձառութեամբ հաստատած են, որ կարեւոր է մարզանքը։

Ու մարդիկ տակաւ գեղեցկացուցած են մարզանքը, զայն վերածելով մարզախաղի եւ մրցանքի։

Մարդիկ շարժումներն ու անոնց նպատակը մասնաւորած են ու անոնց տուած՝ վախճանական նպատակ։

Մարզանք չե՞ն ֆութպոլն ու պասքեթպոլը, փինկ-փոնկն ու թենիսը, վոլիպոլն ու աթլեթիզմը իր բոլոր ստորաբաժանումներով։

Մարզանք չէ՞ սահնակը, լուղորդութիւնը, նոյնիսկ կռփամարտը, գօտեմարտը։

Պարարուե՛ստը։

Շարեցէ՛ք բոլոր այն խաղերը, որոնք ողիմպիականներէ ողիմպիական վերաքաղի պէս կը տողանցեն ցուցակներու վրայ։

Պարզ ու մեկին, ամէն մարմնական շարժում, որ համաչափ է ու նպատակաւոր, մարզանք է  Շար...

Թիւ 45 - 15 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ, 1974 (ՏԱՍՆԱՄԵԱԿ)

Կան թուականներ, որոնք պէտք է առնուին շրջանակի մէջ եւ չմոռցուի՛ն։

Կան թուականներ, որոք անկիւնադարձային են, խորհրդանիշ են, երկար երկունքի խտացո՛ւմ։

Կան թուականներ, պարզ ու մեկին, որոնք պատմակա՛ն են։

15 Դեկտեմբեր 1974, Պէյրութ։

Պէյրութի Հ.Մ.Ը.Մ.ի ակումբի սրահ, յաւելեալ ճշգրտութեան համար։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի զանազան մասնաճիւղերէն 23 ներկայացուցիչներ, ա՛յդ թուականին, ա՛յդ տեղ, այս մեծ միութիւնը բարձրացուցին իր արժանի առաքելութեան, ընտրելով Կեդրոնական Վարչութիւն եւ վաւերացնելով ընդհանուր Ծրագիր-Կանոնագիր։

Այլ բացատրութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ. 15 Դեկտեմբեր 1974-ին ծիածանացաւ աշխարհի երկնակամարին վրայ, դառնալով համագաղութային։

Անշուշտ մեր փափաքը այդ չէր։

Մեր աշխարհը մե՛ր աշխարհն էր, ոչ թէ աշխա՛րհը։

Սակայն այս աշխարհի վրայ կարենալ ապրելու ու այս աշխարհի վրայ իր սեփակա՛ն աշխարհը  Շար...

Թիւ 44 - ՔՈՅՐ ՈՒ ԵՂԲԱՅՐ

Նոյն որովայնէն, նոյն նոյնութեան ծնունդ քոյր-եղբայրներ թերեւս աւելի քոյր ու եղբայր չեն, որքան ճակատագրին կապուած, նոյն անցեալէն նո՛յն ապագային ճակատագրուած այս արիներու փաղանգն է։

Առնուազն այդ է ձգտո՛ւմը, որուն դաստիարակութիւն կ’ըսենք, կամ Ծրագի՛ր։

Հ.Մ.Ը.Մ.ականին համար քոյր կամ եղբայր ըսելը վերանորոգ երդում է։

Հ.Մ.Ը.Մ.ականին համար քոյր կամ եղբայր ըսելը յիշեցում է այն մասին, որ գաղափարականի նոյնութիւն կայ, աշխատանքի գումար կայ, կապ կայ, եւ բռունցքուելու պատրաստակամութի՛ւն։

Հ.Մ.Ը.Մ.ականին համար քոյր կամ եղբայր ըսելէն ետք, ի՜նչ քէն, ի՜նչ վէճ, ի՜նչ յամեցող տարակարծութիւն։

Քրոջ կամ եղբօր առջեւ կը հալին բոլո՛ր խոչընդոտները։

Այդ երդումէն կամ յիշեցումէն ետք կարգ ու կանոնի կը մտնէ ամէն ինչ, մեծ եղբօր  Շար...

Թիւ 43 - ԱՐԱՐԱՏ

Ու որովհետեւ մարզական միութեան օրգան է ասիկա, վերնագիրը կրնայ մտածել տալ հայրենի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբ՝ Արարատի մասին։

Առանց այդ կապին, գինի եւ քոնեա՛կ կրնայ բուրել վերնագիրը, որովհետեւ կայ եւ այդ վաճառանիշով բան՝ Արարատ։

Մեր մշակութային միութիւններէն մէկը կը կոչուի այդ անունով։

Մեր սկաուտները իրենց գլխարկին ու գօտիին վրա՛յ կը կրեն զայն...

Սակայն այս վերնագիրը՝ Արարատ, հազարէն մէկը չէ, այլ հազար բան ստեղծող միակը, բունը։

Ո՜վ չի գիտեր, որ Արարատը մեզի համար միայն լեռ չէ, այլ յուշարձան է, հաւատք է, հաւատամք է, երազ է, ձգտում է ու պատմութեան լեռնացած էջ։

Արարատը մեզի համար ջրհեղեղին հակադրուող նաւամատոյց է, Նոյեան հանգստարան, խաղաղութեան աղաւնի,  Շար...

Թիւ 42 - ԹՈՌՆԻԿԸ

Լոս Անճելըս պատմութեան անցաւ։

Ողիմպիականներու ջահը իր 23-րդ բռնկումը կատարեց հոս, հարիւր հազարաւոր հանդիսատեսներու խելացնոր ծափերուն եւ հուռաներուն տակ։ Միլիոնաւոր մարդիկ, բարեկամ ու մրցակից, հեռատեսիլներու առջեւ այսքան պերճանքի ի տես սարսռացին։

Տխրեցան բացակաները։

Ինչ բացատրութիւն ալ տրուի եւ ինքնադարացման ինչ պատճառաբանութիւններ ալ շարուին, մեր կողմէ պարզապէս ափսոսանք՝ հին, նոր ու գալիք բացականերուն հաշուոյն։

Օրին անդրադարձած ենք արդէն բացականերու անընդունելի կեցուածքին եւ մեր խմբագրականներէն մէկով բանաձեւած ենք մեր հաւատամքը՝ «ԲՈԼՈՐԻՆ ԴԷՄ» խորագրով։

Այս չէ սակայն թոռնիկին պատմութիւնը։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, ինչպէս միշտ եւ ինչպէս բոլոր մարզերուն մէջ, ցարդ կազմակերպուած բոլոր կազմակերպուածներուն լաւագոյնը ընելու տենդէն բռնուած, ողիմպիականի բացման հանդիսութեան հրաշալիքներ հրամցուցին։

Դարու  Շար...

Թիւ 41 - ՎԵԹԵՐԱՆՆԵՐԸ

Հ.Մ.Ը.Մ.՝ Հ.Մ.Ը.Մ. եղաւ իր հիմնադիրներով, ծրագիր-կանոնագրով, նաեւ ու մանաւանդ՝ իր անդամ-անդամուհիներու ժրաջան հետեւողականութեան, հաւատքին եւ զոհաբերումին գումարով։

Հ.Մ.Ը.Մ.՝ Հ.Մ.Ը.Մ. եղաւ, որովհետեւ սերունդ մը անով լիացաւ, սերունդ մը անով սերնդացաւ, սերունդ մը զայն ժառանգե՛ց։

Հ.Մ.Ը.Մ.՝ Հ.Մ.Ը.Մ. եղաւ, որովհետեւ եղաւ ժառանգ եւ ժառանգորդ, միաժամանա՛կ։

Ով որ ալ եւ ինչպէս ալ գրէ պատմութիւնը այս միութեան, պիտի չկարենայ ըլլալ ամբողջական. էջաթիւերը պիտի չըլլան բաւարար ու ոչ մէկ էջ պիտի կարենայ ամբողջապէս եւ ճշմարտապէս պատկերել սերունդները, որոնք անցան՝ պարզած դրօշ, դարձած շարժական վաթան։

Այս միութիւնը ունի պատմութիւնը սերունդներու եւ ոչ թէ պատմութիւնը սոսկ միութեան մը. հետեւաբար, մէկ կամ երկու սերունդ բաւ պիտի չըլլան տալու համար  Շար...

Թիւ 40 - ԾՆՈՂՆԵ՛Ր

Դուք, որ այնքան մտահոգուած էք ձեր զաւակներու ապագայով,

Դուք, որ ձեր երջանկութիւնը կը գտնէք ձեր զաւակներուն երջանկութեան մէջ,

Դուք, որ աչքի լոյսին պէս կը փայփայէք ձեր զաւակները,

Նկատած չէ՞ք.

Քսաներերորդ դարը բերաւ հրաշալի ժամանցներու նստակեաց կարելիութիւն մը ու երիտասարդութիւնը գամեց չորս պատերու մէջ։

Հեռատեսիլը սենեակ տարաւ աշխարհի մեծագոյն դաշտը, մինչ մարդկութեան պահանջը սենեակէն անջրպետ բացուիլն էր անկասկած։

Քսաներորդ դարը մուխի եւ գործատուներու հեւքին կապեց սրտի զարկը մարդկութեան, որուն, որպէս թէ հանգիստի պահ, տրամադրեց ելեկտրական խաղերու ամբողջ այլազանութիւն մը։

Ֆըլիփըրները երեւակայութիւն փայփայեցին եւ քամեցին գրպանի վերջին սենթը։

Քսաներորդ դարը, ճազ-միւզիքի, ծխախոտի եւ հաշիշի գուլաներով պարուրուած մութ անկիւններու մէջ, խենթացո՛ւց երիտասարդութիւնը ու  Շար...

Թիւ 39 - ՕՐԷՆՔԸ

Օրէնքը ինչո՞ւ եղած է։ Ու նախ՝ ի՞նչ է օրէնքը։

Օրէնքը, ստեղծագործութիւն ըլլալէ առաջ, գոյութիւն է, ինչպէս երկիրն ու երկինքը, ու անոնցմէ առաջ՝ Աստուած։ Օրէնքը հիմքն է ո՛չ միայն մարդկային իրաւունք-պարտաւորութիւններուն, այլ բնութեան, տիեզերքին, բոլոր շարժուն եւ յարափոփոխ բաներուն։

Եթէ օրէնքը դադրի գոյութիւն ունենալէ, այն է, կը վերստեղծուի քաոսը, որ կար իրմէ առաջ։

- Նախ լոյսը բաժնեց խաւարէն, ու եղաւ առտու եւ իրիկուն...

Այսինքն՝ օրէնքը գործի անցաւ։

Օրէնքը սովորութիւն չէ, թէեւ սովորութեան մը արտայայտութիւնն ալ կրնայ նկատուիլ։

Գարուն-ամառ-աշուն-ձմեռ յաջորդականութիւնը բնութեան սովորութի՞ւնն է թէ օրէնքը։ Մէկը կրնա՞յ գալ միւսէն առաջ։

Ատիկա կ’ըլլայ օրէնքի խախտում։ Կամ կը դառնայ նոր օրէնք։

Իրողութիւնը այն է,  Շար...

Թիւ 37-38 - ԵՐԿՈՒՆՔԸ

Ջարդը 1915-ին չսկսաւ, ոչ ալ այդ թուականին վերջացաւ։

Պարզապէս այդ մէկը մեծն էր, տխրահռչակն ու աշխարհահռչակը։

Այդ գլխագիր ջարդի լերդացած արեան, մոխիր դարձած վաստակին եւ համատարած աւերակներուն վրայ ու անոնց մէջէն ծնաւ այս միութիւնը։

Ծնաւ, երբ տեղ մը ահաւոր գերեզման էր, այլ տեղ՝ անհաւատալի յաղթական կամար.- 1918, Մայիս...

Մարդիկ այնքան տխուր էին եւ այնքան խանդավառ, որ մանչուկը իր խանձարուրն ու մսուրը ի՛նք պատրաստեց եւ ինքզինք մկրտեց։

Մոգեր այցի չեկան իրեն։

Ոչ փող, ոչ թմբուկ։ Պարզապէս ծնաւ։ Այսքան։

Իր ծնունդէն ետք առաջին գործը եղաւ ուխտագնացութիւն կազմակերպել դէպի Հայաստան. ու արդէն իր ծնունդէն ե՛տք միայն փողն ու թմբուկը դարձան ահեղագոռ։

Միութիւններուն առջինեկը  Շար...

Թիւ 36 - 36-ՐԴ ԹԻՒԸ

Ասիկա «Մարզիկ»ի 36-րդ թիւն է։

«Մարզիկ»ի առաջին թիւը լոյս տեսաւ 1980 Փետրուարին։ Ամսական մէկ թիւի հաշուով 36-րդ թիւը լոյս տեսած պէտք է ըլլար Փետրուար 1983-ին։ Բայց այդպէս չեղաւ։

Հարցը այն է, որ յապաղումով լոյս տեսած թիւերուն հաշի՞ւը պէտք է պահանջել թէ գնահատել 36-րդին ծնունդը։

Արա՛գ։

Եթէ անպայման հաշիւ տալ-առնելու հաշուական խաղին ուզենք բռնուիլ, կրնանք ապահովաբար փաստել որ այս 36-ը բնական օրերու եւ տարիներու թիւերէն շատ աւելի է ծանրութեամբ, զոհողութեամբ, յարատեւութեամբ, անկարելին կարելի դարձնող յամառութեամբ եւ այն բոլոր տուեալներով, որոնք մամուլ մը կը պահեն մամուլ։

Յապաղումով լոյս տեսած թիւերու հաշիւը հաշուիչ ոչ մէկ մեքենայ կրնայ ընել։

Հաշուիչ բոլոր մեքենաները, բոլոր մեքենաներուն  Շար...

Թիւ 35 - ՈՐՈՒՆ ՁԳԵԼ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ

Հարստութիւնը դիւրին չդիզուեցաւ։

Ոչ ալ ինկաւ՝ երկինքէն։

Հայ մարդը զերոյէն վար աստիճանէ սկսաւ կեանքի պայքարին եւ եթէ կրցաւ տուն շինել, այդ եղաւ իր հիւսկէններո՛ւն գնով։

Հարստութիւնը պապենական չեղաւ. պապենականը՝ աշխատելու կի՛րքն էր միայն։

Հայ մարդու քրտինքն էր, որ վերածուեցաւ ադամանդի։

Պապենականը մնաց հո՛ն...

Որքա՜ն բան մնաց դրամատուներուն, ապահովագրական ընկերութիւններուն։ Որքա՛ն բաժնեթուղթեր մնացին անբաժնետէր։ Սեփականագրեր այրեցան կամ դարձան անուժ։

Ջարդ էր՝ մարմնական, մշակութային եւ տնտեսական։

Ոտաբոպիկ, անօթի եւ հիւանդ՝ հայ մարդը եղունգներով հող ճանկռտեց, ակռայով մեքենայ խածաւ եւ, հրա՜շք, վերաբազմացաւ թիւով, արմատացաւ հոգուով եւ բազմապատկուեցաւ նիւթականով։

Չմուրաց։

Հին ժառանգութիւն էր, արեան ժառանգութիւնը, որ հայ մարդը մղեց յաղթութեան։

Հիմա ուրիշ բան է։

  Շար...

Թիւ 34 - ԻՐԱՐՈՒ ԼՐԱՑՈՒՑԻՉ

Վերջինը՝ Խորէն Ա. երջանկայիշատակն էր, Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութեան ջատագով։

Զաւէն Պատրիարք Եղիայեանը՝ իրմէ առաջ։

Տակաւին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վազգէն Ա. Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց, իրա՛ւ սկաուտ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտ, կամ սկաո՛ւտ եղած չըլլալուն տխրութիւնը ցարդ ապրող Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսն անգամ արդար է դասել վեհափառ սկաուտներու ցանկին, որպէս «պատուոյ անդամ»։

Գտնուեցա՞ւ եկեղեցական հայր մը, որ տեսաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ չհիացաւ անոր կառոյցին։

Ինչպէ՛ս չյիշել Տաճատ Արք. Ուրֆալեանը։

Գտնուեցա՞ւ կաթողիկոս մը, հայ եկեղեցւոյ բարձրագոյն իշխան, որ կոնդակով ու բանիւ չգնահատէր այս անկրկնելի միութիւնը։

Եկեղեցական հայրերու համակրանքը, ընդհանրապէս Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ յատկապէս Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական թեւին նկատմամբ, անկասկած իր պատճառները ունի եւ երբեք պատահական կամ պարագայական չէ։

Նախ Հ.Մ.Ը.Մ.  Շար...

Թիւ 33 - ՊԱՏԻՒԸ

Այն որ Մարդու արժանաւորութեան առաջին սանդխամատն է,

Այն որ միաժամանակ միջոց է ու նպատակ,

Այն առանց որուն ի՛նչ մարդ, ի՛նչ կեանք։

Պատիւը պատուել-պատուըուիլ չէ, պատիւը Աստուծոյ շունչն է, որուն կորուստը համազօր է մահուան, որուն ներկայութիւնը մեծագոյն գանձն ու հարստութիւնն է եւ որով կա՛մ կանք, կա՛մ չկանք։

Պատիւը շօշափելի այն հասկացողութիւնն է, որ միջին եզր չի ճանչնար, յարմարեցումներ չþընդունիր, այսինքն կա՛մ կայ, կա՛մ չկայ։

Վերջապէս պատիւը այն է, որ երբ մեկնի, անվերադարձ է, ինչպէս վերջին շունչը։

Ա՛յդ է, գոյութեան այդ անչափելի՛ն է գրաւականը հայ սկաուտի եւ մարզիկի երդումին։

Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտն ու մարզիկը, պարզ անդամը կամ ցենզաւոր վարչականը հաւասարապէս կ’ըսեն.

-  Շար...

Թիւ 32 - 32 ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆԸ

Անհատական, ընտանեկան թէ հաւաքական բոլոր մարզերու եւ ամէն ձեւի գործառնութիւններու հիմքերէն մէկը ա՛յս է, հաւատարմութիւնը։

Բոլոր խոստումներու, բոլոր համաձայնութիւններու, ուխտերու եւ երդումներու առաջին եւ վերջին փնտռածն է ան՝ հաւատարմութի՛ւնը։

Հաւատարմութեան մէջ կայ կամք, կայ գիտակցութիւն, կայ պատասխանատուութեան զգացում, կայ պատիւ, կայ զոհողութեան ոգի եւ կայ մարդկային ամէնէն արու կեցուածքներէն մէկը։

Մեր սկաուտներու երդման առաջին պարբերութեան մէջ կը հանդիպինք անոր.

«Պատուոյս վրայ կ’երդնում, ըլլալ հաւատարիմ Աստուծոյ եւ ծառայել հայրենիքիս»...

Հաւատարմութեան փաստը անկասկած նախ խօսքն է, խոստումը, ապա միւսն է՝ գործը՝ հաւատարմութիւնը գործի վերածելու առաքինութիւնն ու կիրքը։

Մեր երկիրը հաւատարմութեան փաստը արձանագրեց դարեր առաջ Աւարայրի դաշտին վրայ Վարդանով եւ Վարդանանքով. հաւատարմութեան բնութիւնը  Շար...

Թիւ 31 - «ԽԻՍՏ ԳՆԱՀԱՏԵԼԻ» (Հ.Մ.Ը.Մ.Ի Գ. ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքը յարգեց ժամադրութիւնը։

Արեւելքէն, արեւմուտքէն, հիւսիսէն ու հարաւէն օդանաւեր Աթէնք իջեցուցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի 55 մասնաճիւղերէն 53-ի՝ 60 ներկայացուցիչները։

Գումարուեցաւ երկարաշունչ ժողով. օրը 12 ժամ, յաջորդաբար 4 օր, 9 նիստով։

Քննուեցան տարուած աշխատանքները, լուծուեցան զանազան հարցեր, տրուեցան որոշումներ եւ եզրակացութիւ՞ն - պրաւօ՛։

Հոս, հակառակ քաղաքացիական պատերազմին, հոն, հակառակ հեռաւորութիւններու, այլ տեղ, հակառակ կղզիացման, ուրիշ անկիւն մը, հակառակ զանազան դժուարութիւններու, ուրեմն ամէնուրեք, Հ.Մ.Ը.Մ.շարժած է, քալա՛ծ։

Իրապէ՛ս։

Ո՞րն է մեծագոյն գնահատանքը-այն որ դուրսէ՞ն կու գայ, թէ այն որ եզրակացութիւնն է ներքին ու բո՛ւն մարդուն։

Հ.Մ.Ը.Մ.ինքն իրեն համար ԱՊՐԻՍ ըսաւ։

Խիստ, երբեմն անգութ ըլլալու չափ ծանր քննադատութիւններէ ետք Հ.Մ.Ը.Մ. գտաւ, որ շատ գործ  Շար...

Թիւ 30 - ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՆՉՈՎ

Վաթսունհինգ տարի առաջ...

Նորէն կը ղօղանջէին Ս. Զատկուան զանգերը։

Կ’աւետէին՝ Աստուածորդւոյն յարութիւնը, Կեանքի յաղթանակը Մահուան դէմ,

Ո՛չ, չէր մեռներ ա՛յն անձը, ա՛յն ազգը, որ գիտակից զոհաբերութեամբ կը բռնէր Գողգոթայի ճամբան եւ կը խաչուէր իր հաւատքի՛ն, իր արդա՛ր տեսլականին համար։

Չորս տարիէ ի վեր հայ ժողովուրդը խաչը ուսին մագլցած էր Գողգոթան։ Թշնամին կը պատրաստուէր թաղե՛լ զինք, իր երազին հետ։

Բայց, ո՜վ հրաշք, Սարդարապատի մէջ երկնային լոյսը կը ժայթքէր հողէ՛ն։ Գերեզմանաքարը կը թռէ՛ր, կը փոշիանար ընդմիշտ։ Թշնամի զինուորները կը փախչէին խելակորոյս, եւ երակներուն մէջ մնացած կաթիլ մը թանկագին արիւնով (Անաթոլ Ֆրանս)՝ Հայը ոտքի կը կանգնէր յաղթական, անմահութիւնը իմացեալ մահով վաստկած։

Հայաստանը կը  Շար...

Թիւ 29 - Հ.Մ.Ը.Մ.Ի Գ. ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գ. Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովը տուած է ժամադրութիւն եւ ճշդած ժամադրավայր։

14 Ապրիլ 1983։

Հինգ երկրամասերէ, 14 երկիրներու Հ.Մ.Ը.Մ.ի 54 մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ, թիւով շուրջ 60, պիտի ներկայացնեն 15.000 միութենականներու փափաքը, պահանջը, պատրաստակամութիւնը, գործը եւ գործերու ծրագիրը։

Չորս տարին անգամ մը, այս անկրկնելի Միութիւնը կը քննէ ինքզինք եւ իրմով՝ գրեթէ լրիւ Սփիւռքը՝ անոր մարմնակրթական բոլոր հարցերով։

Կանոնագրով նախատեսուած եւ կանոնաւորաբար կիրարկուող օրէնքէ մը աւելի, հոգեկան եւ կազմակերպական պահանջ է այլեւս այդ՝ իւրաքանչիւր չորս տարին անգամ մը գումարուող Հ.Մ.Ը.Մ. մեծ ընտանիքի Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովը։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի անդամական գերագոյն այդ հաւաքը միութենական պայծառ եւ ուժեղ կառոյցի մը արտայայտութիւնն է անկասկած եւ է, մա՛նաւանդ, սփիւռքեան  Շար...

Թիւ 28 - ՓՈԽԱՆՑՈՒՄԸ

Ճիշդ է, որ կը ծափահարուին եւ պատուոյ կþարժանանան կոլ ընողները, սակայն վաւերականօրէն կը մնան եւ կան փոխանցողները։

Արդէն այդ է։

Խմբական խաղերու նպատակն իսկ է խմբային աշխատանքի իմաստութիւնը։

Ճիշդ է, որ գործերը կը կնքուին երկրի մը նախագահով, վարչութեան մը ատենապետով, յանձնախումբի մը ներկայացուցիչով, սակայն, նոյնիսկ այդ պարագային, անձը անձ չէ, այլ խումբի մը խօսնակը։

Ներկայացուցիչին տրուած յարգանքը ներկայացուցիչի՛ն, բայց, մանաւանդ, անոր միջոցաւ ներկայացուած մարմինի՛ն կ’երթայ բնականօրէն։

Կը փոխուին վարչական կազմերը։ Գացողները կը դառնան հին, եկողները՝ նորընտիր։ Փոխուող նախագահները կը դառնան նախկին, պատմութեան կ’անցնին հանգստեան կոչուած զօրավարները։

Այդ փոփոխութիւնները, սակայն, վարչական նշանակութիւն ունին միայն, երբեք շարունակականութեան կասեցում, նոյնիսկ եթէ կարգ  Շար...

Թիւ 27 - ԽՕՍՔԸ

Ճիշդ է, որ խօսք մը կը դառնայ անիմաստ, երբ չի վերածուիր գործի։ Սակայն ճիշդ է նաեւ այն, որ գործը չի կրնար սկսիլ առանց խօսքին։

Ի՛նչ է խօսքը։ Խօսք կը նշանակէ մտածում, գաղափար, ճշդում, գիւտ, սրբագրութիւն, նկատողութիւն, առաջարկ, քննարկում։

Խօսք կը նշանակէ բաղձանք, բնորոշում, հաստատում, գնահատում, ժխտում, քննադատութիւն, եզրակացութիւն։

Խօսքը մտքի եւ զգացումի արտայայտութիւնն է։

Ամէն գործի սկիզբը կայ խօս՛քը։ Որեւէ գործ առանց խօսքի չի կրնար ըլլալ։ Զուր չէ ըսուած. «Խօսքը գործին կէսն է»։ Պիտի յստակացնենք. Խօսքը գործին առաջին կէսն է։

Այս բանաձեւումով՝ խօսքը մանաւանդ ծրագրում է, սահմանում, կարելիութեանց արժեւորում է, վախճանականին հաւատքն է եւ խօսքը գործի վերածելու վճռակամութիւնն է։

  Շար...

Թիւ 26 - Ի՛ՆՉ Կ՚ԸՆԵՆ ՄԵՐ «ՄԻՒՍ» ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ

Մենք՝ միութենականներս ա՛յն ենք, ինչ որ ենք։

Կþընենք ինչ որ կրնանք, կը գործենք մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ, կը հաւատանք բանի մը ու կը շարժինք մեր հաւատքի չափով։

Անկասկած, կատարեալ չենք։

Ունինք շատ թերութիւններ, շատ տկարութիւններ. երբեմն սխալներ կը գումարուին սխալներու վրայ։ Հազիւ յաջողութիւն մը արձանագրած՝ կը նկատենք, որ բաղդատմամբ ըլլալիքին՝ եղածը քիչ է։

Շատ անգամ կը զգանք, որ մեզի համար ըսուած է՝ յօժար է հոգիս, տկար է մարմինս։

Երբեմն մեր մտքի թռիչքը կþանցնի գործնականութեան սահմանները ու կը ձախողինք, երբեմն մտքի թռիչք չենք ունենար եւ կը չորնանք գործնականութեան սահմաններուն մէջ։

Մենք՝ միութենականներս թերեւս այն չենք, ինչ որ պէտք է ըլլայինք։

Ասիկա  Շար...

Թիւ 25 - ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Մամուլի պատմութեան մէջ տարին-երկուքը իմաստ չունին։ Կարելի չէ արժեւորել թերթ մը (օրաթերթ, ամսաթերթ թէ պարբերաթերթ), երբ տարիներու վաստակ չէ կապուած իր անուան։

Թերթը կը նմանի մանկան մը. երբ կը ծնի, կþուրախանայ շրջապատը, որ զայն կþառնէ գուրգուրանքի տակ։ Կարելի է գուշակութիւններ ընել անոր ապագային մասին, սակայն կարելի չէ վճռականօրէն ըսել՝ որ երեխան տեղ պիտի հասնի։

Յետոյ, արտասահմանեան մեր իրողութեան մէջ կարելի է թուել հրատարակութիւններու երկար շարք մը, որոնք ծնան, սակայն չկրցան ապրիլ։

Ծնունդ տալը բան մըն է, ապրեցնելը՝ ուրիշ բան։

Հ.Մ.Ը Մ.ի կեդրոնական այս հրատարակութիւնը՝ «Մարզիկ»ը, ըսած ենք տեղ մը, ծնաւ ոչ թէ որպէս խանդավառութեան մը արդիւնք, այլ որպէս պահանջի մը  Շար...

Թիւ 24 - ՁԳՏՈՒՄԸ

Ըստ հայկական «զարտուղութեան», միջազգային սկաուտութեան նշանաբանը՝ «Մի՛շտ պատրաստ»ը իւրացուեցաւ Հ.Մ.Ը. Մ.ի կողմէ, սակայն նախամեծար մնաց միւսը, իրը,- Բարձրացի՛ր - բարձրացուր։

Պետրոս Ատրունի մեծ թուաբանագէտը եղաւ մեր ընտանիքի նշանաբանին հեղինակը ու անգամ մը եւս փաստուեցաւ, որ գիտական բիւրեղ Պետրոս միտքը, մեծութիւն մնալու համար, անպայման պէտք է յենի բարոյական լիցքի։

Սկաուտական միջազգային ընտանիքը պարզապէս հիացաւ ազգի մը այս ընտրութեան, մի՛շտ պատրաստի տեղ՝ Բարձրացի՛ր-բարձրացո՛ւր. եւ չառարկեց։

Ու ինչպէս միշտ, իր նկարագրին պաշտաճեցնելով հանդերձ իր նշանաբանը, Հ.Մ.Ը.Մ. չանտեսեց նաեւ միւսը։

Հ.Մ.Ը Մ.ականներ պարզապէս թրծուեցան այն սկզբունքով, որ պէտք է միշտ պատրաստ ըլլան բարձրանալու եւ բարձրացնելու համար։

Մարզանքի եւ մարզուելու առաքելութիւն վերցուցած այս միութիւնը երբեք  Շար...

Թիւ 23 - ՄԻՒՍ ԴՊՐՈՑԸ

Յաճախ երբ մարդիկ դպրոց կþըսեն, կը մտածեն ու կը խօսին այն վայրի մասին, ուր կը դասաւանդուին լեզու, թուաբանութիւն, պատմական նիւթեր...

Ուր կայ ուսուցիչ ու տնօրէն, առաւօտեան աղօթք, երեկոյեան սերտողութիւն, պատիժ ու գնահատանք, վիճակացոյց ու վկայական։

Ուր կայ ուսում եւ կրթութիւն, ուր պատրաստութիւն կայ կեանքի եւ ապագայի։

Կան մարդիկ, որոնք դպրոց կը նկատեն նաեւ տունը, ընտանիքը։

Շարունակելով այլաբանական որոնումները, մարդիկ ալ կան, որոնք դպրոց կը նկատեն շրջապտոյտը, մարդոց հետ յարաբերութիւնը. կան մարդիկ, որոնք շուկա՛ն կը հռչակեն մեծագոյն դպրոց...

Յամենայնդէպս շատ են իրա՛ւ դպրոցներէն դուրս գործող դպրոցները։ Այն հիմնարկները, որոնք կը ջամբեն ուսում ու կրթութիւն, այն միջավայրերը, որոնք կու տան ուսում ու  Շար...

Թիւ 22 - Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՍԿԱՈՒՏՈՒԹԻՒՆԸ

Սկաուտութեան ստեղծման 75-ամեակին եւ անոր հիմնադիր՝ Լորտ Պէյտըն Փաուըլի ծննդեան 125-ամեակին զուգադիպեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սկաուտական Միջ-Գաղութային Ա. Համագումարը։

Լորտ Պէյտըն Փաուըլ զօրավար մըն էր եւ, առաւելաբար, զինուորական թիկունքային աշխատանքներու օժանդակելու առաջնահերթ նպատակով գլուխը կանգնեցաւ երիտասարդական այս շարժումին։

Սկաուտութիւնը մեր մէջ փոխադրողը (Եթէ մոռնանք «Կտրիճներ»ու կազմակերպութիւնը երկու դար առաջ, Ռումանիոյ մէջ) եղաւ մանկավարժ-մտաւորական մը՝ Յովհաննէս Հինդլեան, հայ պատանիէն առողջ եւ այլանուէր մարդը կերտելու ազնիւ առաջադրանքով։

Պէտք եղաւ որ ծնի՛ Հ.Մ.Ը.Մ.ը, անոր հիմնադիրները, մտաւորական թէ վաճառական՝ ամէն դասակարգէ, համախմբեն Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ ազատած հայ որբերը, կոփեն ու կռանեն անոնց վտիտ մարմինն ու հոգին ոչ միայն Աստուծոյ ծառայելու (Իմա՝ բարի գործ, անանձնական ուրախութիւն), այլեւ՝  Շար...

Թիւ 21 - ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋՊԱՐ

Բոլո՛ր գաղութներուն մէջ, օգտագործելով բոլո՛ր առիթները, ամէ՛ն բնոյթի միութիւն կը կազմակերպէ ձեռնարկ։

Ձեռնարկները կը միտին մշակոյթի տարածման, կը միտին մէկտեղուելու, երբեմն տօնական օր մը պանծացնելու, բայց ընդհանրապէս, թաքուն կամ բացայայտ, ձեռնարկները կը մնան նիւթական գոյացնելու միջոց։

Երբեմն այնքան բազմաթիւ կþըլլան ձեռնարկները, որ հանրութեան մէջ դժգոհութեան ալիք կը բարձրանայ։ Ժողովուրդը որո՞ւն հասնի։ Ո՞ր հրաւէրը ընդունի, մերժէ ո՞ր մէկը։

Սակայն, վերջին հաշուով, բախտաւոր են ա՛յն գաղութները, որոնք ձեռնարկ ընելու միջոց ունին, ունին առ այդ անհրաժեշտ մարդուժ, քան անոնք, որոնք ձեռնարկի ծարաւէն կը տառապին։

Դիտուած է, որ ձեռնարկներու տարողութիւնը, ինչպէս եւ յաջողութեան մեկնակէտը մեծ աղերս ունին յայտարարուած նպատակին հետ։

Ակումբի կամ դաշտի գնո՞ւմ.  Շար...

Թիւ 20 - ՆՈ՞Ր ՏԱՐԻ

Որո՞նց համար։

«Նոր»ի փնտռտուքը ունին միայն անոնք, որոնք յուսախաբ են հինէն։

Նորի փնտռտուքը ունին նաեւ անոնք, որոնք ունի՛ն, բայց չեն գնահատեր իրենց ունեցածը, որոնք կ’ակնկալեն՝ առանց յստակացնելու իրենց փափաքը, որոնք աչք ունին, բայց չեն տեսներ։

Նորի մէջ հինի շարունակութիւնն է փնտռուածը սակայն, այն, որ նոր երեւալու համար ինքնաժխտումի չ’երթար, բայց որ կ’առաջադրէ գումար, թուաբանութեան չորս գործողութիւններէն ալ վեր, կը բանաձեւէ ջնջումի ունայնամտութիւն մը։

Նոր չէ նորի եւ հինի բախումը, որ իմաստուններուն համար միայն անցման շրջան է, սահմանագծային խուզարկում եւ թէ նորը հիննալու դատապարտուած է վերջին հաշուով եւ հինը՝ նորով վերածնելու, ինչպէս ցանուելու սահմանուած ցորենի հատիկ։

Նոր կամ հին տարի՛ն։

Բայց  Շար...

Թիւ 19 - ՀԱՅ ՄԿԱՆԻ ՈՒԺԸ

Վարդանեա՛ն, Չուլլույեա՛ն, Համբարձումեան...

Կարծես՝ Հայոց պատմութեան խորերէն եկած դափնեպսակ իշխանազուններ ըլլային, որ կրկին գագաթնացուցին հայուն հպարտութիւնը։

Կարծես վերակենդանացած ամեհի ֆետայիներ ըլլային, որոնք հայուն ազնուօրէն յաղթանակելու անփշրելի կամքը կոթողեցին ի դիմաց աշխարհի հիացիկ աչքերուն։

Երեք ախոյեան միջազգային յառաջաբեմին վրայ՝ երիտասարդական Ուժի եւ Գեղեցկութեան երե՛ք բարձրակէտ, յաճախ «մեծ» ազգերու զլացուած երեք սխրագործութիւն, միաժամանա՛կ։

Անոնց անունին ու պատկերին դիմաց, հայ մամիկը չկրցաւ զսպել ուրախութեան արցունքները, փառք տալով Աստուծոյ՝ Նոյեան տապանը Արարատի լանջին հանգչեցուցած եւ առաջին անգամ Հայն ու Հայաստանը ստեղծած ըլլալուն համար։

Ուծացման ճամբուն վրայ դեգերող հայն անգամ Թորգոմեան արիւնին եռալը զգաց երակներուն մէջ՝ ի տես եւ ի լուր ազգակից ախոյեաններու հաւատք ներշնչող  Շար...

Թիւ 18 - ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ԿԱՐԾԻՔԸ

Անհատապէս թէ որպէս հաւաքականութիւն, իւրաքանչիւր մարդ եւ ազգ-ժողովուրդ հետաքրքրուած է ուրիշներու կարծիքով։

Այդ հետաքրքրութիւնը քիչերու մօտ կրաւորական է։ Մեծամասնութեան մօտ, ուրիշներու կարծիքը դրական դարձնելու ճիգ կայ, մասնաւոր ծրագրում կայ, աշխատանք կայ։

Անձեր, ձեռնարկներ, հաւաքականութիւններ, զանազան եւ զարմանազան միջոցներու կը դիմեն, որպէսզի ուրիշներու կարծիքը ունենան իրենց հետ։

Ուրիշներու կարծիքը բարոյա-նիւթական դրամագլուխի կը վերածուի յաճախ եւ կը նկատուի յաջողութեան հիմնական բանալիներէն։

Ուրիշներու կարծիքը բան մըն է, այդ կարծիքին ճիշդ կամ սխալ ըլլալը՝ ուրիշ բան է։

Ուրիշներու կարծիքին մէջ տպաւորութիւն գործելու ռազմավարութիւն ալ կայ, եւ կարծիք մը միշտ կարծիք է վերջին հաշուով, այսինքն՝ փոփոխական, երբ համոզումի չէ վերածուած։

Երբ մակարդակ եւ անհատականութիւն չունի,  Շար...

Թիւ 17 - ԵՂԱՒ

Իւրաքանչիւր ձեռնարկէ ետք, մանաւանդ երբ յաջողութեամբ պսակուած է ան, հոգեկան անհուն խաղաղութեամբ անոնք կþըսեն՝

- Եղաւ։

Անոնք՝ նախաձեռնողները։

Մանաւանդ երբ ձեռնարկ մը նոր է, նոր է իր տարողութեամբ եւ բնոյթով, մանաւանդ երբ ձեռնարկը կþենթադրէ ռիսք, հազիւ աւարտած, որպէս գերագոյն երջանկութեան գերագոյն արտայայտութիւն, անոնք մէկ բառի մէջ կը սեղմեն իրենց հպարտութիւնը.

- Եղաւ։

Անոնք՝ աշխատողները։

Մեծ ու պզտիկ բոլոր դերակատարները, ձեռնարկի յաջողութեան իրենց մաղթանքը անգամ բանաձեւողները, ձեռնարկին ներկայ թէ ձեռնարկով հետաքրքիր իւրաքանչիւր ոք, հաճելի էջ մը դարձնող ընթերցողի մը նման, կþըսէ.

Եղա՛ւ։

Այդ «Եղաւ»ը անկասկած ըլլալիքի նախաճաշակն ալ կþարտայայտէ, քայլ մը առաջ երթալու գրաւականն է նաեւ այդ «Եղաւ»ը, որ գնահատանք է  Շար...

Թիւ 16 - ՀԱՄԱՍՓԻՒՌՔԵԱ՛Ն

Պարզ է, որ հայկական գաղթօճախները ինքնանպատակ չեն չեն կրնար ըլլալ կամ մնալ, որովհետեւ անոնց՝ գաղթօճախներուն հիմադրութիւնը, կազմաւորման պատճառները նոյնն են, արիւնլուայ նո՛յն թուականի ծնունդ եւ նոյն պատճառներու հետեւանք։

Տրամաբանութեան բնական ընթացքով, մեր բոլոր գաղթօճախները գոյութեան նոյն նպատակն է որ կը հետապնդեն, ժամանակաւոր «հանգստաւէտ կամ ապահով» թաքստոցներու վիճակը կը պարզեն, առժամեայ են, առժամեայ պէտք է հռչակուին, մինչեւ, «մինչեւ բացուին դռներն յուսոյ»։

Մինչեւ բացուին դռներն յուսոյ, գաղթականութի՛ւնն է որ տեսակ կը փոխէ, կ’արձանագրուին գաղթականութեան մէջ գաղթականութիւններ, կը շարունակուի տեղի փնտռտուքը, սակայն անփոփոխ կը մնայ հարազատ տան հասցէն։

Գաղթօճախները շատ են, բազմազան են, բազմազան խնդիրներով, բարդ ընթացքով, սակայն, ինչ ալ ըլլայ իւրաքանչիւրի ներկան  Շար...

Թիւ 15 - ՄԵՐ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՊԻՒՏՃԷՆ

Իր հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր, ամէն անգամ մը Հ.Մ.Ը.Մ. բանակում կազմակերպեր է կամ կազմակերպեր է միջ-մասնաճիւղային հանդիպումներ, ֆութպոլի, պասքեթպոլի կամ այլ մարզական միայն պետական կարելիութեանց տէր միութեան մը գործը կրնայ ըլլալ այս, սակայն քիչեր կրկնապէ՛ս հիացած են այն իրողութեամբ, որ որոշ պիւտճէ ենթադրող այդ հսկայական ձեռնարկները իրագործուած են գրեթէ ոչինչով։

Անհաւատալի թուող իրողութիւն մըն է զոր կþարձանագրենք։

Նախաձեռնութեան մը համար ո՛չ առաջին եւ ոչ ալ վերջին պայման նկատուած է «պատրաստ» կամ «անհրաժեշտ» գումարը։

Աւելի՛։ Հ.Մ.Ը.Մ. «պահեստի գումար» երբեք չէ ունեցած։

Հ.Մ.Ը.Մ. ապրած է օրը-օրին, ապրած է մեծահարուստի պէս, ձգած է նիւթապէս կուշտ միութեան մը տպաւորութիւնը. աւելին՝ Հ.Մ.Ը.Մ. երբեք չէ ալ մտահոգուած  Շար...

Թիւ 14 - ԴԱՇՏԻ ՏՂԱՔԸ ԵՒ «ՄԻՒՍ»ՆԵՐԸ

Մեր միութեան արդիւնքը՝ ֆութպոլ, պասքեթպոլ, փինկ-փոնկ, հեծանիւ, լողարշաւ եւ այլն, եւ այլն կը տեսնուի դաշտերու վրայ։

Սկաուտական ելոյթներն ալ՝ բանակումները, տողանցքները, արշաւները, անկասկած, շօշափելիներն են։

Այս արդիւնքը արդիւնք ընող մեր Միութեան միւս խումբերը (վարչական կազմ, յանձնախումբեր) յաճախ չեն երեւիր կամ երբ երեւին՝ արդիւնք չեն նկատուիր, այլ միջոց։

Անոնք՝ «միւս»ները քննարկման ենթակայ են անընդմէջ, պաշտօնապէս՝ ընդհանուր ժողովէ ժողով, անպաշտօն՝ մի՛շտ. դաշտերու վրայ, ակումբներու մէջ, նոյնիսկ՝ խանութներո՛ւ։

Անոնք՝ «միւս»ները կը տանին Միութեան ամէնէն սեւ աշխատանքը, քիչ պարագաներու ծափի գոհունակութեան կþարժանանան, յաճախ մեղադրանքի եւ քննադատութեանց թիրախ կը մնան, սակայն կը շարունակեն գործել, որովհետեւ անոնք իրենց կարգին ե՛ւ արդիւնք են, ե՛ւ միջոց։

Միջոց են  Շար...

Թիւ 13 - ՏԱՐՈՒԱՆ ՄԸ ՀՈՒՆՁՔԸ

Հազարաւոր կանաչ, երկնուղէշ ծառեր կը տապալին ամէն օր, սպիտակ թուղթի թեւով հոգիի հաղորդութիւն եւ մտքի լոյս բաշխելու համար մարդկութեան։ Այս առաքելութենէն շեղած թերթն ու գիրքը կþարձանագրուին Չարիքի տոմարին մէջ, ափսոսալ տալով անտառին կորսուած գեղեցկութիւնը։

Տարի մը առաջ, ՄԱՐԶԻԿը մամուլին յանձնուած պահուն, գիտակից էինք սպիտակ թուղթի երկսայրի հանգամանքին, եւ վճռակամ՝ յանձնառու եղանք մեր առաքելութեան։

Մարզական այս ամսագրին համար, առաջին օրէն, մենք մեծ ծառերը կտրեցինք Սօսեաց անտառէն, որպէսզի արեւորդի մեր պապերուն, նետաձիգ մեր քաջազուններուն կենարար շունչն ու պատգամը սօսափեն անոր էջերը։

Բերինք ատաղձը Սօսեաց դալար անտառէն՝ անոր ծառերուն սլացիկ կերպարով կերտելու համար երիտասարդ իրանները եւ այդ ծառերուն թա՛րմ, կենսաբաշխ աւիւնով ոռոգելու համար  Շար...

Թիւ 12 - ՂԵԿԱՎԱՐԸ

Ղեկավար ըլլալը պատիւ է, որովհետեւ ղեկավար ըլլալ կþենթադրէ հաւատք, գիտակցութիւն, զոհողութեան ոգի, կազմակերպելու կարողութիւն, օրինակելի մնալու կամք։

Ղեկավար ըլլալ ամէն մարդու չէ տրուած, որովհետեւ որքան ան արդիւնք է փորձառութեան, հետեւողականութեան եւ ենթակայական զանազան գործօններու, նոյնքան ան բնածին է, ինչպէս հանճարն ու տաղանդը։

Իսկ ղեկավար մնալը՝ արդէն ուրիշ բան է, ան արդիւնք է ակնկալուածին, յոգնութիւն եւ ընկրկում չճանչցող հաւատքին եւ ստանձնուած գործի սիրոյն։

Ղեկավար մնալն ալ ամէն մարդու գործ չէ, որովհետեւ ա՛յդ եւս կþենթադրէ ներքին այնպիսի ուժականութիւն, որ կրնայ բացատրուիլ միայն բնութենէն առնուած առաւելութեամբ։

Ղեկավարելը արուեստ է, մասնագիտութենէ աւելի՝ վիճակ է, կարողութեան եւ հաղորդականութեան գումար, որոնց խարիսխը անկասկած անհատականութիւնն է։

Ղեկավարելը  Շար...

Թիւ 11 - ՀԱՅ ՄԱՐԶԻԿԻ ԿԵՑՈՒԱԾՔԸ

Արագ տեղափոխութիւններ ափի մը վերածած են աշխարհը։

«Երկրագունդի շրջանը ութսուն օրէն» աւետող անցեալի չափանիշը՝ քմծիծաղ կը բերէ մեր շրթներուն։ Օր մը, երկուքը՝ բաւարար են ներկայիս՝ հարաւէն-հիւսիս, կամ արեւելքէն-արեւմուտք՝ օդանաւի թեւով նուաճելու երկու քաղաքներու միջեւ ինկած անջրպետը։ Այսինքն՝ մարդիկ, ուր ալ գտնուին, ոչ միայն սերտօրէն կապուած կը մնան իրարու՝ ձայնով (հեռախօս) կամ պատկերով (հեռատեսիլ), այլեւ ի մի ներդաշնակուած կþապրին՝ արագասոյր ճամբաներով։

20-րդ դարու այս բարիքը զարգացուց մարդկային փոխ յարաբերութիւնները, զարկ տուաւ Գիտութեան ու Արուեստի տարածման եւ անփոխարինելի լծակը դարձաւ մարզական կեանքի ճոխացման, միջազգային մրցում-հանդիպումներու բազմացման։

Եւ ասիկա՝ սեւ թէ ճերմակ, կարմիր թէ դեղին մորթ ունեցողներուն՝ հաւասարապէս։ Հնարաւորութիւն ստեղծուեցաւ, առիթը տրուեցաւ ամէնո՛ւն,  Շար...

Թիւ 10 - ՎԵՐԱՄՈՒՏ, ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄ, ՎԵՐԱԾՐԱԳՐՈՒՄ

Լաւ բան ըսելը լաւ բան է, սակայն բաւարար չէ։

Լաւ բան լսելն ալ անկասկած առաքինութիւն է, սակայն այդ եւս բաւարար չէ։

Բան լսել-ըսելը թերեւս գործին կէսն է, սկիզբն է, սակայն ամբողջական է խօսքը միայն այն պարագային, երբ կը վերածուի գործի։

Իսկ մարզականի պարագային, գործը միայն պարտականութիւնը չէ միութեան մը, եթէ նոյնիսկ ան կը կոչուի Հ.Մ.Ը.Մ.։

Մարզականին կազմակերպումը Հ.Մ.Ը.Մ.էն առաջ կամ Հ.Մ.Ը.Մ.ին զուգահեռաբար կապուած է եւ կապուած պիտի մնայ դպրոցներուն։

Որքան ալ զօրաւոր ըլլայ, մարզական միութիւն մը կրնայ ունենալ մէկ դաշտ, երկու։ Սերունդի մը առողջ աճը կապուած է սակայն հարիւրաւոր դաշտերու, ինչ որ կ’ենթադրէ օգտագործումը դպրոցական բակերուն։

Մարզական միութիւն մը արտադպրոցական  Շար...

Թիւ 9 - ՄԵՐ ԴԻՒՑԱԶՆԱՎԷՊԻՆ ՈԳԻՈՎ

Լոյսի ու խաւարի պայքար մըն է կեանքը, չարի ու բարիի գօտեմարտ մը։

Լոյսի ջահագնացութիւն մը խաւարին դէմ՝ Հայ ժողովուրդին պատմութիւնը այն վայրկեանէն, երբ սուրա՛ց Հայկ Նահապետին հրեղէն նետը դէպի Բելի նենգ սիրտը։

Արի ու բարի գործերու սխրանք մը՝ ցուցանիշը մեր գոյապայքարին այն օրէն ի վեր, երբ Սասունցի Դաւիթ զարկա՛ւ ոսկի կշռող պղինձէ թասը՝ հայ ժողովուրդը հարստահարող, հայ ժողովուրդի արդար քրտինքին բերքը կողոպտող՝ Բադինի ու Կոզբադինի նման վաշխառուներու գլխուն։

Ս. Էջմիածինի եւ Զուարթնոցի գեղակերտ գմբէթներուն տակ լոյսի, մտքի ու հոգիի գեղեցկութեան պաշտամունքին նուիրաբերութենէն առաջ ու ետք իր Նաւասարդեան խաղերով եւ այրուձիով՝ հայ ժողովուրդը վկայութիւնը տուաւ, թէ «հողէ անօթ»ը լաւագոյնս կոփել ու  Շար...

Թիւ 8 - ՍԵՐՈՒՆԴԸ ԼԵՌՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի նախաձեռնութեանց շարքին մէջ սկաուտական բանակում կամ ընդհանուր բանակումներ երեւոյթ չեն։ Պարզապէս ընթացիկ, բնական արտայայտութիւններ են անոնք՝ բանակումները, որոնք կը կազմակերպուին լռիկ-մնջիկ, կը կազմակերպուին պետական անսահման կարելիութիւններ ենթադրող ինքնավստահութեամբ։

Սկաուտական Ա. Բանակումը Յունաստանի մէջ, Բ. Ընդհանուր Բանակումը Ֆրանսայի մէջ նոր էին ո՛չ որպէս բանակում, այլ որպէս նոր մագլցում միջ-գաղութային կապին։

Այդ է ընդհանուրը, որուն համար կþարժէ մելան հոսեցնել։

Սակայն ընդհանուրին անցնելէ առաջ՝ պէտք է ընդհանրութեան մէջ չկորսուելու իմաստութիւնը ունենալ։ Անհրաժեշտ է վերաքաղ մը ընել այլեւս երեւոյթ չնկատուող բաներու, որոնք հասարակ չեն, դիւրին եւ իրագործելի չեն շատերու համար, որոնք մերը ըրինք տքնաջան աշխատանքով, տասնամեակներու փորձառութեամբ, եւ այժմ, երբ գտած ենք ակը,  Շար...

Թիւ 7 - ԲՈԼՈՐԻՆ ԴԷՄ

Մարդուն գոյութենէն ի վեր դարերուն իւրաքանչիւրը արձանագրեց ողբերգութիւն մը։

Վերջինը՝ քսաներորդ դարը, տուաւ երկու ընդհանուր պատերազմ եւ անոնց միջանկեալ քանի մը տարին աշխարհը պահեց պաղ պատերազմի մէջ, երրորդ ընդհանուր պատերազմի սարսափով։

Հոս՝ կրակներու մէջ, հոն՝ արեան հեղեղի, այլ տեղ մը՝ ռումբերու անձրեւին, ամէն տեղ սպառնալիքի մը տակ մնաց մարդկութիւնը։

Գիտութիւնը բռնեց քանի մը տասնեակ թոն երկաթ ու նետեց լուսին։

Այս յաջողութիւնը սփոփանք չբերաւ։

Պատկերասփիւռը աշխարհը կապեց աշխարհին։

Հոգիներու մէջ սակայն բան չփոխուեցաւ։

Խլիրդէն աւելի անպարտելի, մարդուն մէջ մնաց, շարունակեց բոյն շինել ջարդասէր մանրէն։

Այս եղաւ այս դարը։ Անցածներուն պէս։

Այս եղաւ  Շար...

Թիւ 6 - ԿԱՊ ՈՒ ՃԱՄԲԱՅ

Եթէ բոլոր ճամբաները Հռոմ չտանէին, Հռոմը Հռոմ ըլլալէ կը դադրէր եւ ճամբաները կը մնային ճամբայ միայն եւ ոչ՝ կայսրութեան փառքին հաղորդակից դառնալու միջոց։

Այսօր մենք ունինք մեր Հռոմը։

Մեր Հռոմին գացող ճամբաները աւելի լայն են, աւելի ընդարձակ։

Հարցը այն է, որ մենք ճամբայ չբացինք դէպի աշխարհ։ Պարզապէս մեզի պարտադրուեցաւ Սփիւռքը, որուն որպէս բնական փոխադարձութիւն, մենք սկսանք որոնել վերադարձ ուղիներ։

Մենք չընտրեցինք Սփիւռքը։ Ընդհակառակն։ Սփիւռքը մեր վէրքն է։ Վէրք, որ թերեւս բուժուելու համար հազար դեղ ունի, սակայն նախավերջին ազդու դեղը կը մնայ անիկա՝ վերադարձի ճամբան եւ կապը։

Կապ իրարու հետ, կապ՝ շրջապատին հետ, կապ՝ անցեալին հետ, կամուրջ՝ ներկայէն ապագայ։

Այլապէս կը  Շար...

Թիւ 5 - ՈՒՐԿԷ՛ ԱՌԻՆՔ

Յաճախ կը խօսինք մեր տուածներուն եւ ունեցածի՛ն մասին։

Հոս հիմնած ենք սկաուտութիւն, հոն ներմուծած ենք մարզականին սէրը եւ մարզախաղերուն նախաճաշակը տուած. ժողովուրդի մը նոյնիսկ տուած ենք գիր, Արեւելքի մէջ շրջած ենք ոչ թէ որպէս վաճառական, այլ Արեւմուտքի քաղաքակրթութեան հալածուած տարածիչ իբրեւ։

Արձանագրած ենք առաջնութիւններու շարան. առաջին քրիստոնեայ ազգը, առաջին բնակիչը՝ ջրհեղեղէն ետք. այս գողտրիկ երկնակամարին տակ, առաջին ցեղասպանութեան առաջին զոհը...

Անհատական առաջնութիւններու անհամար ցանկ ունինք։ Գիտութեան մէջ, արուեստի մէջ, տնտեսութեան մէջ, մարզականին մէջ ու, չմոռնանք, տառապանքին մէջ։

Այս՝ մեզի հասած ծանօթութիւններու ճամբով միայն։

Այս՝ մատենագրական հսկայ հարստութենէն բզիկ-բզիկ եղած պատառիկներու վկայութեամբ միայն։

Ինչե՜ր ունեցեր ենք, որոնք կորսուած են ի սպառ,  Շար...

Թիւ 4 - ՀԱՄԱԶԳԵՍՏԻ ԿԱՐՕՏՈՎ

Հիմա հոս ենք. Սփիւ՛ռք։

Հիմա համազգեստը ա՛յս է, սկաուտականը, մարզականը։

Հիմա ա՛յդ է ահաւասիկ, որ յուզումի կը մատնէ բազմութիւնները, երբ սկաուտական տողանցք մը կը սկսի, կտրելու համար պողոտայ ու դաշտ։

Բանակի նախաճաշակն է համազգեստը. ասիկա միաւորը հաւաքականութեա՛ն բարձրացնող նշանն է, այսօրուան մեր ունեցածը, որ կը խռովէ մեզ, կը տանի կորսուած փառքերու ափսոսանքին եւ զանոնք ունենալու յոյսին ու վճռակամութեան միանգամայն։

Համազգեստը այլոց համար զարդ է, կոկիկութիւն, պատանեկան աղուորութիւն. մեզի համար ուրի՛շ բան է համազգեստը։

Մեզի համար համազգեստը հին օրերու թագաւոր ու իշխանազուն է, պահլաւիկ ու պալատական, բարձրաստիճան բանակայի՛ն։

Մեզի համար համազգեստը հայրենիքին հզօրանքն է, պետականութեան փաստ, լինելութեան գրգիռ։

Պատմութեան վերաքա՛ղ  Շար...

Թիւ 3 - ԱՊՐԻ՛Լ

Այդ բոլորէն ետք, մենք որոշած ենք ապրիլ։

Այսպէս։

Դաշտ ունենանք թէ ոչ, ախոյեան պիտի տանք։

Գիտաշխատանոց ունենանք թէ ոչ, գիտնական պիտի երկնենք։

Տպարան ունենանք թէ ոչ, պիտի հրատարակենք գիրք։

Անկախութիւն ունենանք թէ ոչ, պիտի պարզենք դրօշ ու պիտի դղրդացնենք քայլերգ։

Դպրոց ունենանք թէ ոչ, այբուբենը պիտի գրենք տեղ մը. աւազի վրայ, սրտերու մէջ։

Մեր շարականներով պիտի ողջագուրուինք Աստուծոյ հետ, եկեղեցի ունենանք թէ ոչ։

Պիտի ապրինք։

Պիտի ապրինք, որպէսզի ունենանք ինչ որ չունինք, ինչ որ առին մեր ձեռքէն։

Ապրիլը մեզի համար կիրք է, խոստում է, նպատակ է, վրէժխնդրութիւ՛ն է։

Պիտի ապրինք, եթէ պէտք ըլլայ մեռցնելով։

Պիտի ապրինք, եթէ հարկ  Շար...

Թիւ 2 - ՄԱՐԶԻԿԸ, ՄԱՄՈՒԼԸ, ԳՐԱԳԷՏԸ

Հայ թէ միջազգային գրականութեան մէջ մարմնամարզի զանազան արտայայտութիւնները ընդհանրապէս մամուլի՛ ճամբով արձանագրուած են եւ, այդ իսկ պատճառաւ, եղած են աւելի արդիւնքներո՛ւ տախտակ, քան վկայարան ապրումի՛։

Մամուլը մնացած է իր սահմանին մէջ, այսինքն՝ իրմէ ակնկալուածին, մարմնամարզը շարունակած է կիրարկուիլ մարդու ծնունդէն ի վեր, սակայն գրագէտը տակաւին վարանած է այդ ճամբով լուսարձակի տակ առնելու մուսան, ներշնչումի վերածելու իրողութիւն մը, որ ոչինչ ունի ընթացիկ։

Մարզական աշխարհը ներկայացնելու համար սխա՞լ պիտի ըլլայ դիմել թիւերու փաստին, ֆութպոլի խաղ մը դաշտ կրնայ հաւաքել հարիւր հազարաւոր հանդիսական, պատկերասփիւռին առջեւ գամել քանի մը միլիոն մարդ։

Մարզիկներուն հետ կը տառապին բազմութիւններ, պարտութեան մը պարագային անձնասպանութեան պարագաներ կþարձանագրուին, յաղթանակի մը  Շար...

Թիւ 1 - ԱՌԱՋԻՆԸ

Այս հրատարակութիւնը մտածումը չէ օրուան Կեդրոնական Վարչութեան, ոչ ալ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Առաջին թէ Երկրորդ Ընդհ. Ժողովներուն։

Այս հրատարակութեան մտածումը կը պատկանի անցած տասնամեակներուն, կը պատկանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի փոքրագոյն մասնաճիւղերէն մինչեւ գերագոյն ժողովներուն։

Հ.Մ.Ը.Մ. առաջին անգամ չէ, որ մարզական հրատարակութեա՛մբ ալ հրապարակ կþիջնէ։

Գիրի ճամբով Հ.Մ.Ը.Մ.ը ներկայութիւն դարձած է զանազան գաղութներու մէջ, տարբեր կամ նոյն ժամանակամիջոցներուն։ Բայց շրջանի մը կամ մասնաճիւղի մը ձեռնարկ՝ պարբերական այդ հրատարակութիւնները տեւած են որոշ ժամանակ միայն, ապա դադրած՝ վերսկսելու համար ատեն մը ետք, նոյն վայրին մէջ կամ այլուր։

Այժմ, երբ այս հրատարակութեամբ լոյս կը տեսնէ միջ-գաղութային առաջին մարզական թերթը, որուն կարկինին տակ պիտի առնուի ամբողջ Սփիւռք մը, իր  Շար...

Displaying 1 to 10 (of 100 posts)

Տարածենք