Թիւ 113 -114 - ՈՂՋՈ՜ՅՆ, ՀԱՅԱՍՏԱ՛Ն

 

Հ.Մ.Ը.Մ. առաջին օրէն իր սկաուտներու գօտիին եւ գդակին նշանակին վրայ փորագրեց Արարատն ու Արաքսը, որ՝

Մշտահոս ու դալարաբեր գե՛տ դառնան անոնք հայ կեանքի մէջ։ Կամրջընկէց Մայր Գետին օրինակով՝ վա՛ր առնեն տանջանքի Բեռն ու Բռնութիւնը հայրենիքի ուսերէն, եւ երջանիկ օր մը իրականացնեն Րաֆֆիի Երա՛զը, հասնի՛ն Արարատին, ու անոր ձիւնաշող կատարին կոթողեն հայութեան համատեղման ու յաղթանակի դրօ՛շը։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիրները Արտասահմանի՛ մէջ ստեղծեցին երիտասարդական այս շարժումը՝ առողջ ու գիտակից հայե՛ր պատրաստելու, մասնաւորաբար «Վաղուան քաղաքացիները» Հայաստանի։ Կազմակերպեցին մարզական խումբերու մրցումներ, սկաուտական վաշտեր ու արշաւներ՝ Սփիւռքի տարածքին, առաջին ազդանշան-կոչին իսկ փութալով Նայիրեան Երկիր՝ հոգեհայրը դառնալու Սարդարապատի, Սասունի եւ այլ հերոսամարտներու նահատակներէն որբ մնացած սերունդին, կոփելու մարմինն ու նկարագիրը անոր, փայփայելով այն հեռանկարը թէ՝ Արտերկրի Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը վաղ թէ ուշ պիտի դառնար Հայաստանի Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն։

Անօրինակ մրրիկ մը սակայն, օր մը, ծո՛ւռ դարձուց անիւը։

Նորակերտ հողամասը դադրեցաւ օրհնեալ ցորենը աղալէ, եւ Հ.Մ.Ը.Մ., իբր մարմին ու կազմակերպութիւն՝ դուրս մնաց, Արտասահման գնաց նորէն, այլ սակայն իբր կենդանի շունչ ու կենարար Ոգի՝ մնա՛ց Հայոց երկնամերձ լեռնաշխարհի բարձունքին, Սեւանի կապոյտ ջուրերուն գոգը, Շիրակի ոսկի արտերուն ծփանքին վրայ, բայց մանաւանդ հայրենաբնակ հայու տա՛ք սրտին խո՛րը։

«Դուրսը»՝ մարզուեցա՛ւ, կազմակերպուեցաւ՝ «Միշտ պատրաստ» ըլլալու, «Ներս» մտնելու, հայրենի՛ք վերադառնալու Ուխտով եւ Հաւատքով։

Եւ հարկ եղաւ որ՝ նոր ու անզուսպ փոթորիկ մը քանդէ՛ «Ամօթի պատ»երը, պատռէ՛ «երկաթէ վարագոյր»ները, որպէսզի Արեւելքի եւ Արեւմուտքի հայերը զիրար տեսնեն կրկին հարազա՛տ դիմագծերով, եղբայրական ձե՛ռք երկարեն, գորովագին նետուին իրարու գիրկ,

Որպէսզի՝

Հ.Մ.Ը.Մ. իսկոյն եւ կրկին գա՛յ հայրենիք, խանդավառութեա՛մբ վերստանձնէ եօթանասուն տարի առաջ կիսատ ձգած իր գործը, ծաղկեցնէ՛ Վահան Չերազներու, Տիգրան Խոյեաններու, Օննիկ Եազմաճեաններու, Քաջունի Եղբայրներու ցանած ոսկի սերմերը։

Այսօր, նետուած է կամուրջը անդունդին վրայէն ու ամրօրէն վերամիացուցած  Ներկան Ապագային։

Հ.Մ.Ը.Մ. ի՛նքն էր եղած Սկաուտութեան, կիցգունդի (=ֆութպոլ) մրցախաղերուն նախակարապետը Հայաստանի տարածքին։

Իրմէ ետք, պետական հովանիի տակ, անշուշտ որ կռանուեցաւ ու պողպատ դարձաւ հայ մարզիկին մկանը, բարձրաթռիչ՝ անոր ոստումը, յաղթահարուած՝ անոր կռուփը։

Իր բացակայութեան, արմենազարմ մարզիկներ եւ մարզախումբեր գերազանցեցի՛ն այլ երկիրներու ախոյեաններ՝ համաշխարհային դափնեպսակներ ապահովելով հայրենիքին։

Որքան ալ մարզանքն ու մարզախաղերը յառաջդիմեցին հսկայաքայլ, միջազգային չափանիշներ կոտրուեցան հայրենի հողին վրայ եւ նորաձեւ սկաուտներ՝ «Պիոներ»ներ գոյնզգոյն վրաններ զարկին Արարատի շուքին՝ կարեւոր տարր մը, էական տուեալ մը պակսեցաւ նորաբողբոջ սերունդին եւ երիտասարդութեան։

Մկանի ուժէն գերիվեր, ոճէն ու թեքնիքէն գերադաս այն տաք շունչը, կենարար այն ոգի՛ն, որ բարեկիրթ ու չարքաշ մարդուն մէջ կը կերտէ միաժամանակ  գերագոյն զոհողութիւններու յանձնառու հայորդին։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի նման հայրենանուէր եւ գաղափարապաշտ միութեան մը անկողոպտելի գանձին մաս կազմող հարստութիւններ։

Այս ճշմարտութեան գիտակից՝ Հայաստան առաջին պատեհութեան իսկ բացաւ դարպասը Հ.Մ.Ը.Մ.ի առջեւ։ Ու այսօր, հայրենիքի մէկ ծայրէն միւսը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի խումբերը կþաճին սունկի արագութեամբ, Կեդրոնական Վարչութեան հովանիին տակ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի համակառոյցին մէջ։

Կա՛ն, անշուշտ, մարզական այլ կազմակերպութիւններ ալ։ Սակայն, բազմազանութիւն բաժանում չի նշանակեր անպայման։

Հ.Մ.Ը.Մ. ոչ ոքի դէմն է, այլ հետը՝ բոլորին։

Չըլլալ անպայման համակեդրոն ու միակտուր, ազնուական մրցակցութեամբ ու վաստակով փորձել գերազանցել զիրար, բայց Ազգին ու Հայրենիքին լաւագոյնս ծառայելու նպատակասլացութեան մէջ՝ միանալ իրարու։

Ողջո՜յն Վահագնի եւ Վարազդատի ծննդավայր՝

Յաւերժական Հայաստանին։

Տարածենք