Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Մ.Ը.Մ.) նպատակն է՝

Պատրաստել ֆիզիքապէս տոկուն, իմացական եւ հոգեկան բարձր արժանիքի տէր հայեր եւ տիպար քաղաքացիներ։

Սորվեցնել միութեան անդամներուն ըլլալ չարքաշ եւ արի, ազգասէր եւ հայրենասէր, օրինապահ եւ կարգապահ։

Զարգացնել անոնց մօտ պարտականութեան գիտակցութիւն, պատասխանատուութեան եւ պատուի զգացում, համերաշխութեան եւ փոխադարձ յարգանքի ոգի։

Համակել անոնց միտքն ու սիրտը մարզական ազնուագոյն ոգիով։

Տարածենք