Հ.Մ.Ը.Մ.ը միացումն է Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն անուան չորս սկզբնատառերուն։ Չորս գիրերը միասնաբար կը հնչուին Հոմենըթմէն։

Հ.Մ.Ը.Մ.ը ոչ-կառավարական միութիւն մըն է, որ կը գործէ սկաուտական եւ մարզական թեւերով։ Աշխարհի 5 ցամաքամասերու 26 երկիրներու մէջ ան ունի 111 մասնաճիւղեր եւ միաւորներ (Այցելէլ մեր շրջանները բաժ ին)

1918-ին հիմնուած Հ.Մ.Ը.Մ.ը ունի համաշխարհային կառոյց։ Միութեան Հայաստանի միաւորը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ը կը ներկայացնէ Հայաստանի ազգային սկաուտական շարժումը եւ, իբրեւ այդպիսին, անդամ է Համաշխարհային Սկաուտական Շարժումին։

Հ.Մ.Ը.Մ.ին կրնայ անդամակցիլ ամէն հայ, առանց սեռի եւ դաւանանքի խտրութեան։

Տարածենք