Բիւրականի բանակավայրը, 20 հազար քառ. մեթր տարածութեամբ, Հայաստանի պետութեան կողմէ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ին յատկացուած է 5 Դեկտեմբեր 2000-ին։ Բանակավայրը նախապէս ծառայած է իբրեւ հանգիստի վայր, քանի մը տնակով եւ նախնական յարմարութիւններով։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նիւթական ներդրումով եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի յաջորդական վարչութիւններու աշխատանքով, ան օժտուած է ժամանակակից բանակավայրի մը անհրաժեշտ յարմարութիւններով։

2011-ին, անհատոյց օգտագործման նպատակով, պետութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ին տրամադրեց նաեւ բանակավայրին կողքի մէկ հեկտար տարածութիւնը։ Այնուհետեւ ընթացք առին բանակավայրին ընդարձակման եւ բարեզարդման աշխատանքները՝ հայրենի պետութեան եւ «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու հիմնադրամին նիւթական աջակցութեամբ։

Բիւրականի ընդարձակուած եւ վերանորոգուած բանակավայրին բացումը տեղի ունեցաւ 22 Օգոստոս 2014-ին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի, «Փիւնիկ» հիմնադրամի համանախագահ Գաբրիէլ Չէմպէրճեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ։

Բիւրականի բանակավայրը ցարդ հիւրընկալած է համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 7-րդ, 8-րդ, 9-րդ, 10-րդ, 11-րդ եւ 12-րդ բանակումները (2002, 2006, 2010, 2014, 2018, 2023) եւ համահայաստանեան բազմաթիւ բանակումներ։

Միութեան 100-ամեակին առիթով, 19 Յուլիս 2018-ին, բանակավայրին մուտքին կանգնեցուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի օրուան 110 մասնաճիւղերը ներկայացնող յուշաքանդակը (գործ՝ Աշոտ եւ Հայկ Մարկոսեաններու)։

30 Հոկտեմբեր 2021-ին բանակավայրը կոչուած է «Գառնիկ Մկրտիչեան սկաուտական բանակավայր»՝ ի յիշատակ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի։

Նոյն օրը, բանակավայրին մէջ բացումը կատարուած է «Անմահ խիզախներու» յուշարձանին (գործ՝ Հայկ Մարկոսեանի), նուիրուած՝ Արցախեան պատերազմներու Հ.Մ.Ը.Մ.ական նահատակներու յիշատակին։