ՀԻՄՆԱԴԻՐ ՍԵՐՈՒՆԴԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐ

ԲԻՒԶԱՆԴ ԿԷՕԶԻՒՊԷՕՅԻՒՔԵԱՆ

ԲԻՒԶԱՆԴ ԿԷՕԶԻՒՊԷՕՅԻՒՔԵԱՆ

ԲԻՒԶԱՆԴ ԿԷՕԶԻՒՊԷՕՅԻՒՔԵԱՆ

Խաղը ինքը մինակը բան մը չէ, ոգին է ամէն բան։ Մարզական կեանքը այն բնական եւ ընտիր առիթն է, ուր կարելի է ազդել պատանիի նկարագրին։ Ուրեմն, որքա՜ն ուրախ ենք որ անշահախնդիր երիտասարդներ, հարազատ սիրով իրենց պատանի եղբայրներուն հանդէպ, հիմնած են Հ.Մ.Ը.Մ.ը, մատակարարելու ազգին փոքրերուն... Իտէալ։ Վասնզի, երբ պատանիին հարցնես, թէ ի՞նչ կը հասկնայ մարզական կեանքով, չի կրնար որոշ բացատրութիւն տալ, բայց մենք գիտենք, թէ կը հասկնայ իր պաշտամունքին ու գուրգուրանքին առարկան, բարին միացած հաճելիին, այսինքն... Իտէալը։

Տակաւ պիտի սորվի վերջը անշուշտ խորհիլ ու զգալ աւելի խոր ու վսեմ, կեանքի բուն, մերկ հարցերուն մասին. բո՛ւն իտէալին մասին, բայց խորհելու իր մարզանքը կատարած պիտի ըլլայ, մանաւանդ «ոգին» ճաշակած պիտի ըլլայ, աննենգութեան, անկեղծութեան, քաջութեան, լրջութեան, որ պիտի բանայ բուն իտէալին դռները։

ԳՐԻԳՈՐ ՃՈԼՈԼԵԱՆ

ԳՐԻԳՈՐ ՃՈԼՈԼԵԱՆ

ԳՐԻԳՈՐ ՃՈԼՈԼԵԱՆ

Հոգեկան ստորոգելիներով զինուած, Հ.Մ.Ը.Մ. դիւրին հարթեց իր ճամբուն վրայ ցցուած խոչընդոտները, իր քայլերը ուղղեց դէպի լաւը, բարին ու լոյսը, բռնեց վաղուան հայերը կազմող սերունդին ձեռքէն, յոյս ու ինքնավստահութիւն ներշնչեց կեանքին իմաստը նոր հասկնալ փորձող եւ խարխափումի մէջ եղող սերունդին, իր մականին տակ կոփեց ու կռեց զայն իր որդեգրած իտէալին ու առաջադրութիւններուն համաձայն, քիչ ժամանակէն ազգին ընծայ տալու համար մարմնով առողջ ու հոգիով ազնուացած նոր էակներ։

ԳՐԻԳՈՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

ԳՐԻԳՈՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

ԳՐԻԳՈՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

ՍԻՐԵԼԻ ՍԿԱՈՒՏՆԵՐՍ

Մարդու մը համար ամենակարեւոր տեղը կը բռնէ բարձր նկարագիրը. աննկարագիր մէկը ոչ մէկէն կը սիրուի։

Յիշէ որ էութիւնդ ծնողքիդ կը պարտիս. անոնք քեզի համար ամէն դժուարութիւն սիրով տարած են, ամենամեծ ապերախտութիւնը պիտի ըլլայ եթէ, իբր պարտաճանաչ զաւակ, չկարենաս փոխարինել զիրենք։

Յարգէ եւ պաշտպանէ, առանց բացառութեան եւ դասակարգի խտրութեան, կիներն ու աղջիկները եւ վարուէ ու խօսէ անոնց հետ այնպէս, ինչպէս պիտի ուզէիր ուրիշները վարուին մօրդ կամ քրոջդ հետ։

Յարգէ նաեւ ծերերը եւ տարիքոտ մարդիկը, իրաւ է թէ անոնք քեզի չափ նորութիւններու ծանօթ չեն եւ չեն հետեւիր, բայց իրենց տարիքին փորձառութիւնը ունին։

Ո՛չ միայն խաղերու եւ մարզանքի մէջ, այլ՝ ամէն գործի մէջ, ինչ որ կþըսեն, օրէնքները յարգէ, գիտցիր որ օրէնքը բռնաբարելով շահուած խաղ մը կամ մարզանք մը շահուած չէ, այլ՝ գողցուած է։

Մի վախնար եւ մի քաշուիր ճշմարտութիւնը ըսելու, եթէ մինչեւ իսկ քեզի աննպաստ ըլլայ։

Ինքզինքիդ մեծ հովեր տալ այնքան ծիծաղելի պիտի ըլլար, որքան եթէ պարծենայիր թէ երկու մեթր հասակ ունիս։

Մի վախնար պաշտպանելու բարեկամ մը, զոր դուն կը ճանչնաս իբր ուղղամիտ եւ լաւ մարդ, մինչեւ իսկ եթէ բոլորը իրեն հակառակ ըլլան։ Ապերախտութիւնը ամենամեծ յանցանքներէն մէկն է։

Ընելիքիդ վրայ մի պարծենար, կրնայ ըլլայ որ չյաջողիս եւ ծիծաղելի դառնաս, մինչեւ իսկ ըրածիդ մի պարծենար, պարծենկոտը վստահութիւն չի ներշնչեր ուրիշներուն։

Յոյսդ բնաւ ուրիշին վրայ մի դներ, վստահէ կարողութեանդ, ամենանեղ վայրկեաններուդ իսկ պէտք չէ յուսահատիս, համբերութիւն, կամք, աշխատասիրութիւն եւ յարատեւութիւն միշտ յաղթող եղած են։ Եթէ ձեռնարկած գործդ անյաջող ընթանայ, մի թուլնար, լաւ խորհէ եւ այնպէս մը պատրաստուէ, որ առիթը ներկայանալուն օգտուիս, այսպէսով է որ միշտ պիտի կարենաս յաջողիլ։

ԿԱՐՕ ՂԱԶԱՐՈՍԵԱՆ

ԿԱՐՕ ՂԱԶԱՐՈՍԵԱՆ

ԿԱՐՕ ՂԱԶԱՐՈՍԵԱՆ

Ինչքան յատկանշական է երկու բառով այս նշանաբանը։ Մէկը՝ բարձրանա՜լ-ցեղին տարերային անցեալը։ Միւսը՝ տենչը, անզո՛ւսպ ձգտումը, ապագային ի խնդիր։

«Բարձրացի՛ր» ի հարկէ։ Բարձրացէ՛ք եւ դուք, տղաք։ Բարձրացէ՛ք, որովհետեւ դուք ամէնէն բեղմնաւոր ժառագնորդներն էք ժողովուրդի մը, որ ելլել ու նետուիլ միայն գիտցաւ։ Բարձրացէ՛ք, որովհետեւ դուք անտրտունջ, բայց անվնաս զաւակներն էք այն դարաւոր սերունդներուն, որոնց բովանդակ կեանքը բարձրացումը միայն եղաւ։ Բարձրացէ՛ք, որովհետեւ ձեր ցեղը - հայ ցեղը - երբեք իջնել չփորձեց, բայց խոյանալ երազեց։

... Ու բարձրացուցէ՛ք, տղաք։ Բարձրացուցէք, մեր այս զգետնումի օրերուն, սերո՛ւնդը, որ պիտի գայ յեղակարծ ամայութիւն մը լրացնել։ Բարձրացուցէ՛ք հոգին, ձե՛ր հոգին, որ հարազատ արտայայտութիւնն է ըլլալու մեզմէ առաջ նետուող կամ ինկողներուն, եւ բարձրացուցէ՛ք մեր արիւնոտ, բզքտուն, բայց նաշխուն դրօշը, որուն անունով որպիսի՛ զոհաբերութիւններ արձանագրուեցան...

Ս. ՏԱՄԼԱՄԱՅԵԱՆ

Ս. ՏԱՄԼԱՄԱՅԵԱՆ

Ս. ՏԱՄԼԱՄԱՅԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ական դաստիարակութեան նպատակն է անհատին մէջ յառաջ բերել ձգտում մը դէպի կատարելութիւն, որ անոր խառնուածքին եւ ուժերուն թափած ջանքերուն ուժգնութեան ու յարատեւութեան չափով իրեն մատչելի ըլլայ։

Այս դաստիարակութեամբ սնած, կատարելութեան որոշ աստիճանի հասած անհատին է որ Հ.Մ.Ը.Մ. կը հրամայէ իր կարգին նմաններուն ուսուցանել իր սորվածը, իր ստացածէն բան մը տալ ուրիշին։

Բարձրանալ ու բարձրացնել կամ տարբեր բացատրութեամբ ստանալ ու տալ, ահա՛ ամենապարզ ձեւի տակ արտայայտութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ական ոգիին։

ՎԱՀԱՆ ՉԵՐԱԶ

ՎԱՀԱՆ ՉԵՐԱԶ

ՎԱՀԱՆ ՉԵՐԱԶ

Հայրենիքը մարդու սեփական տունն է, ուր ան օտար օրէնքին ենթակայ չէ, ուր ինքն իր տէրը կը զգայ, թէեւ զայն միլիոնաւորներու սեփականութիւնը կը նկատէ միաժամանակ ու անոնց հետ կը բաժնէ։ Մարդ իր հայրենիքին մէջ ինքզինքը ազատ կը զգայ, ամէն մէկուն հաւասարը, իր սեփական արժանապատուութիւնը յարգուած է, ինչ որ մեծապէս կը հաստատէ հայրենիքի զգացումին վեհութիւնը։ Ընկերային անհաւասարութիւնները, կրօնական ըմբռնումներու շուրջ կողմնակցութիւնները, կաշկանդումներն ու հալածանքը հայրենիքի գաղափարը կը ջլատեն։

Հայրենիքը թէեւ անկորնչելի կը նկատեն շատեր, սակայն պատմութենէն կան բազում օրինակներ, ուր անոր պաշտպանութիւնը յարատեւ ճիգի կը կարօտի, եւ մէկ սերունդի անուշադրութիւնը կամ թերացումը համարժէք է դաւաճանութեան, քանզի հայրենիքը կրնայ կորստեան մատնուիլ, ինչպէս եղած է դժբախտաբար մեր՝ հայուն հայրենիքին պարագան։ Ուստի քանի որ ամէն ոք իրը կը սեպէ զայն, ունի ուրեմն անձնական պատասխանատուութեան նոյնքան կարեւոր բաժին, իրմէ կախում ունի նաեւ հայրենիքի կորուստը կամ փրկութիւնը։

Հայրենիքի էութեան համար ուրեմն նոյնպէս անհրաժեշտ է մշտական բարոյական դաստիարակութիւն, որպէսզի անոր նկատմամբ մեր գաղափարաբանութիւնը իր նպատակէն չշեղի, որպէսզի մարդուս միտքը չկուրանայ եւ իր պաշտած զօրեղ հայրենիքը կայսերապաշտութեան ուղին չմտնէ, ատելի չդառնայ միւս ազգերու աչքին, որ մարդկայնութեան զգացումներէն չհեռանայ։

Այս բարոյական դաստիարակութեան գլխաւոր նպատակը պէտք է ըլլայ յարգել ուրիշներու հայրենիքը, յարգել մարդը առհասարակ, սիրելով իր հայրենակիցները։ ՉԿԱՅ ԱՒԵԼԻ ԱՐԴԱՐ ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ՝ ՔԱՆ ՊԱՏԿԱՆԻԼ ԱԶԱՏ, ԱՆԿԱԽ ԵՒ ԲԱՐԳԱՒԱՃ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՄԸ։

Դուք ինձմէ կը սպասէիք պատմել ռազմիկի մը եւ իր ընկերներուն քաջագործութիւնները։ Պատերազմի դաշտին վրայ մարդ վկան է մարդկային ամէն տեսակ առաքինութիւններու ու թերութիւններու, ան ականատես է դժոխային պատկերներու, մարդկային տառապանքի հազար ու մէկ երեւոյթներու։ Գալով ինձ՝ ես տեսայ քաջութեան եւ վատութեան անհամար դրուագներ։ Պատմել քաջութիւններու մասին, մէկդի թողուլ ստոր արարքները, ճշմարիտ պատկերը պիտի չըլլար։

Այն բոլոր կռիւներուն յաջորդող հանգիստի պահերուն, որոնց ես մասնակցած եմ, հաւատացէք որ ինքզինքս մինակ կը զգայի, ու կը խորհրդածէի այդ բոլորը կանխելու աւելի լաւագոյն միջոցի մը մասին, ու մասնաւորաբար մեր ազգին պատկանող անհատներուն ցուցադրած յոռի կողմերուն մէջ կը գտնէի պատճառը մեր մեծ կորուստին, հայրենիքի կորուստին։

ԱՅՍՕՐ, ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ԵՐԲԵՔ, ԵՍ ՀԱՒԱՏԱՑԱԾ ԵՄ ՈՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ՁԵՌՔ ԿԸ ՁԳՈՒԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԿԱՄՔԻ ԶՕՐՈՒԹԵԱՄԲ։

ՎԱՍՏԱԿԱՇԱՏ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆՆԵՐ

ԲԻՒԶԱՆԴ ԹՈՐԻԿԵԱՆ

ԲԻՒԶԱՆԴ ԹՈՐԻԿԵԱՆ

ԲԻՒԶԱՆԴ ԹՈՐԻԿԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ. եզակի է իր ծնունդով, նոյն դրօշին տակ միացուցած ըլլալով թէ՛ սկաուտական եւ թէ մարզական շարժումներ, ազգային-գաղափարական առաջնորդող ուղիով։

Հ.Մ.Ը.Մ. եզակի է իր տարողութեամբ։ Այսօր աշխարհի վրայ չկայ միութիւն մը, որ 5 ցամաքամասերու 89 քաղաքներու մէջ գործէ նոյն ոգիով եւ գաղափարական ներշնչումով՝ կեդրոնական մէկ մարմինի հովանիին տակ։

Հ.Մ.Ը.Մ. եզակի է իր առաքելութեամբ։ Ան մարզական կամ սկաուտական սովորական միութիւն մը չէ, այլ մարդակերտումի եւ հայակերտումի նուիրուած գաղափարական շարժում մըն է։

ԶԱՒԷՆ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ

ԶԱՒԷՆ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ

ԶԱՒԷՆ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ. արժանի է փառքի ու ողջոյնի, որովհետեւ ան գիտցաւ միշտ բարձրի՛ն նայիլ, բարձրանալ եւ բարձրացնել, եթէ երբեմն միշտ դէպի վեր բարձրանալ ուզեց եւ չհասաւ, սակայն շնորհիւ իր կամքին, յաղթահարեց բազմաթիւ դժուարութիւններ, որպէսզի երբեք վար չհասնի բարձունքէն։ Միշտ մնաց պատնէշի վրայ, կարծես հայ ժողովուրդի վերջին 40 տարիներու արթուն պահակը ըլլար։

Հ.Մ.Ը.Մ.ով հայ ժողովուրդը դարձաւ մարմնով ուժեղ ու գեղեցիկ, նկարագրով մաքուր եւ անկեղծ եւ հաւատքով բարձր ու ազնիւ։

Հ.Մ.Ը.Մ. վազեց միշտ դէպի գործ, շնորհիւ իր կարգապահութեան, հնազանդութեան, չարքաշութեան եւ հայրենասիրութեան։

ԺՈԶԷՖ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ

ԺՈԶԷՖ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ

ԺՈԶԷՖ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ

Ոմանք կը մտածեն որ իրենց անցքը Հ.Մ.Ը.Մ. կը նշանակէ ժամանց մը՝ կատարելագործելու համար իրենց ֆիզիքական կարողութիւնները եւ հռչակաւոր դառնալ՝ իրենց կիրարկած մարզական մէկ խաղով։ Ուրիշներ, աւելի օժտեալները, համոզուած են որ ծառայել ակումբին՝ կը նշանակէ հասնիլ ե՛ւ գագաթին, ե՛ւ իտէալին։ Երրորդ դասակարգ մը, որ ամէնէն անանձնականն է, ուրիշ մտահոգութիւն չունի՝ եթէ ոչ ի մի խառնուիլ խումբին, եթէ նոյնիսկ իր ներկայութիւնը անօգուտ նկատուի։

Եւ հիմա, իրաւունք չունի՞նք հարց տալու, թէ մեր երիտասարդութիւնը ի՞նչ կը սպասէ Հ.Մ.Ը.Մ.էն եւ Հ.Մ.Ը.Մ. ի՞նչ կը սպասէ մեր երիտասարդութենէն։ Երեք բառեր կը բաւեն մեր միտքը ամփոփելու համար.- Զոհողութիւն, զոհողութիւն եւ մի՛շտ զոհողութիւն։

ԼՈՒՏԵՐ ՄԱՍՊԱՆԱՃԵԱՆ

ԼՈՒՏԵՐ ՄԱՍՊԱՆԱՃԵԱՆ

ԼՈՒՏԵՐ ՄԱՍՊԱՆԱՃԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի գոյութիւնը կախում չունի իր խումբերուն եւ մարզիկներուն տարած յաղթանակէն կամ կրած պարտութենէն։

Պարտութիւններէն կրնան մտահոգուիլ անոնք, որոնց գոյութեան միակ յենարանը եւ նպատակը իրենց խումբերուն յաղթանակներն են։

Հ.Մ.Ը.Մ.ը սրբացած, բիւրեղացած նպատակին ձգտող միութիւն է։ Անոր համար պարտութիւններն ու յաղթանակները կարեւորութենէ զուրկ են։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի յաղթանակը Հայ հոգի, Հայ նկարագրի եւ Հայ բազուկի ազնուացումն ու ուժեղացումն է։

ԿԱՐՕ ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆ

ԿԱՐՕ ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆ

ԿԱՐՕ ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ը ազգային, բարոյական, ապահովագրական ընկերութիւն է։ Ծնողներ պէտք է իրենց զաւակները անդամագրեն Հ.Մ.Ը.Մ.ին, եթէ կþուզեն որ իրենց երեխաները ոչ միայն հայ մնան, այլեւ՝ ընտանիքի հասկացողութեան մէջ մնան, ապագային իրենց ծնողքին հանդէպ սէր ունենան։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը դպրոց է, մթնոլորտ է, եկեղեցի է։

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԱՀԻՆԵԱՆ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԱՀԻՆԵԱՆ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԱՀԻՆԵԱՆ

Հայ ժողովուրդը ձեր լաւ կեցուածքին, ձեր յաջողութիւններուն պէտք ունի, որովհետեւ դուք միայն Հ.Մ.Ը.Մ.ի խումբ չէք։ Դուք հայութեան խումբն էք։ Թէեւ դժուար եւ քրտինք ու զոհողութիւն պահանջող պատասխանատուութիւն է, բայց վճռական ու ազնիւ իմացականութեամբ հետապնդեցէք ձեզի յանձնուած պարտականութիւնը, որպէսզի մեր միութեան, մեր ժողովուրդին արժանի խումբը ըլլաք։ Եւ հաւատացէք, թէ կը յաջողի՛ք...։

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՏԷՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՏԷՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՏԷՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ. թափանցեց հայ երդիքներէ ներս, ջերմացուց մարդոց սրտերը հայրենիքին հանդէպ, բաժնեկիցը դարձաւ անոնց տառապանքներուն եւ ուրախութիւններուն, համատեղեց զանոնք ապահով վայրերու մէջ, տիրութիւն ըրաւ անոնց, ժողովուրդին կուռքը դարձաւ եւ սիրուեցաւ պաշտուելո՛ւ աստիճան։

Թիւով քիչ, բայց որակով հիասքանչ հայ ժողովուրդի արգանդին ծնունդն է Հ.Մ.Ը.Մ.ը, որ շատ բան առաւ անկէ, սակայն նաեւ քիչ բան չտուաւ անոր։ Հայ պատանիին սորվեցուց ըլլալ չարքաշ ու արի, ազնիւ եւ վեհանձն, պարկեշտ եւ նուիրուող։ Սերունդներ փրկեց ձուլումի երախէն եւ դարձաւ հայրենի՛ք օտար երկինքներու տակ։

ՆՇԱՆ ԹԻՒՍԻՒԶԵԱՆ

ՆՇԱՆ ԹԻՒՍԻՒԶԵԱՆ

ՆՇԱՆ ԹԻՒՍԻՒԶԵԱՆ

Այսօրուան սկաուտը վաղուան ազգային, եկեղեցական շարժումներուն արթուն պահակն է, ինչպէս երէկի սկաուտը կը տեսնենք այսօրուան ազգապահպանման հիմերուն խառնուած տոկուն ժայռ։

Քննեցէ՛ք արտասահմանի բոլոր միութիւնները ու պիտի հաստատէք, որ անպայման այսինչ վարչականը ժամանակին եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտ։

Տարիներու ընթացքին Մեծ Նշանաբանը տուած է Մեծ Բերք։

Նոյն նշանաբանը պիտի տայ Նոր Բերք։

ՊԵՏՐՈՍ ՇԵՄՄԵՍԵԱՆ

ՊԵՏՐՈՍ ՇԵՄՄԵՍԵԱՆ

ՊԵՏՐՈՍ ՇԵՄՄԵՍԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատկանելիութեան գիտակցութիւնը ամուր պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ականի մօտ, ըլլայ ան սկաուտ, մարզիկ, պատասխանատու անդամ կամ պարզ անդամ։

Այս գիտակցութիւնն է, որ կը զօրացնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ը, զայն աւելի կազմակերպ, աշխոյժ եւ գործօն կը դարձնէ։

Պատկանելիութեան գիտակցութիւն կը նշանակէ գիտնալ թէ ինչո՞ւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական ենք, ի՞նչ ստանալու եկած ենք Հ.Մ.Ը.Մ.էն եւ ի՞նչ տալու եկած ենք մեր միութեան։

Բաւարար չէ ունենալ միայն պատկանելիութեան գիտակցութիւն, այլ՝ պէտք է սիրել Հ.Մ.Ը.Մ.ը, խանդավառուիլ անով, քաջալերել անոր ձեռնարկները, ծափահարել եւ յուզուիլ անոր տողանցքներով, հպարտանալ Հ.Մ.Ը.Մ.ով։

ՍԱՄՈՒԷԼ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

ՍԱՄՈՒԷԼ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

ՍԱՄՈՒԷԼ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ը նիւթական երեւոյթներու ցուցադրութիւն, ֆութպոլի յաղթանակ, մարզիկի մը գեղեցիկ խոյանք, կամ՝ փառաւոր շէնքի մը հոյակապ կառոյց ըլլալէ առաջ՝ մարդակերտումի, հայակերտումի վարդապետութիւն մըն է։ Ազգային իմացականութեան դպրոց մըն է։ Դպրոց մը, ուր կը սորվեցնեն զոհողութեան ոգի, եղբայրական սիրոյ քաղցրութիւն, բարոյական դաստիարակութիւն, գեղեցկութիւն, ու այս բոլորին պսակը՝ ազգային ոգի։

ՎԱԶԳԷՆ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

ՎԱԶԳԷՆ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

ՎԱԶԳԷՆ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Սիրելի՛ տղաք, Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբայրներ, պէտք է լաւ գիտնաք որ մեր սիրելի միութեան մէջ շփացած մարզիկը արժէք չունի, որքան ալ ձիրքերով օժտուած ըլլայ ան։ Փա՞ստը.- Վազգէններուն, Արսէններուն, Արմէններուն, Համազասպներուն եւ Յակոբեաններուն հարցուցէք։ Հ.Մ.Ը.Մ.ին համար կարեւորը այն է, որ մենք ըլլանք իսկական հայեր, մաքուր երիտասարդներ եւ համեստ ֆութպոլիստներ։ Ըլլանք կարգապահ ու հնազանդ։ Իսկ ամէնէն կարեւորը, աշխատինք ու աշխատինք, որովհետեւ սալոններու մէջ նստած՝ ֆութպոլիստներ եւ ախոյեաններ չենք կրնար ըլլալ։

ՎԱՐԴԳԷՍ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

ՎԱՐԴԳԷՍ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

ՎԱՐԴԳԷՍ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.

Չորս գիրեր, որոնք խանդավառութեան ալիքներ կը բարձրացնեն ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին եւ յատկապէս պատանիներուն եւ երիտասարդներուն մօտ։

Չորս կախարդական գիրեր, որոնք յիշատակ, յուզում կը պատճառեն բոլոր անոնց, որոնք անցան անոր շարքերէն, իբրեւ սկաուտ կամ մարզիկ, գիրեր՝ որոնք կը նշանակեն գայլիկի երգ ու կանչ, արշաւ ու բանակում, աշխատանք եւ խարուկահանդէս, մարզախումբ եւ մրցում, յաղթանակ եւ պարտութիւն, շքեղ տողանցք։ Ու տակաւին ժողով ու անհատնում ժողով։

Այս բոլորն է Հ.Մ.Ը.Մ.ը։

Հ.Մ.Ը.Մ.՝ բարձրացիր եւ բարձրացուր։ Պատմութիւն։

Հ.Մ.Ը.Մ.՝ հաւատք եւ յոյս, հայութեան, հայկականութեան ամուր խարիսխ, պատնէշ ու վճռակամ երթ դէպի լինելութիւն։ Անսասան շքերթ դէպի յաղթանակ։ Այս է Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ կþարժէ աւելի մօտէն եւ խորապէս ծանօթանալ այս մեծ կազմակերպութեան, գիտնալ թէ ինչո՞ւ գունդ առ գունդ կու գան խտացնելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերը, իբրեւ սկաուտ, մարզիկ կամ անդամ։ Ի՞նչ կը սպասեն Հ.Մ.Ը.Մ.էն, իրենց Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատկանելիութեան գիտակցութիւնը ի՞նչ ձեւով ունին, եւ վերջապէս, միւս կողմէն, ի՞նչ ձեւով եւ մտայնութեամբ պէտք է գործեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերուն պատասխանատուութիւն ստանձնած Հ.Մ.Ը.Մ.ականները։

Տարածենք