«Նոր ճրագ»ը Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ալմելոյի մեկուսի շրջանի վարչութեան եռամսեայ թերթիկն է, որ լոյս կը տեսնէ ելեկտրոնային ձեւով եւ 24 էջով։

«Նոր ճրագ» շարունակութիւնն է «Ճրագ» թերթին, որ 6 Յունուար 2013-ին սկսած է հրապարակուիլ, իբրեւ Ալմելոյի մասնաճիւղի սկաուտութեան գրական յանձնախումբի սկաուտական թերթիկ։ «Ճրագ» 2013-ին լոյս տեսած է չորս թիւ.- 6 Յունուարին, 10 Մարտին, 9 Մայիսին եւ Հոկտեմբերին։

Այնուհետեւ, երեք տարուան ընդմիջումէ ետք, 2016-ին, թերթը «Նոր ճրագ» անունով հրապարակուած է չորս թիւ.- Յունուարին (Բ. տարի թիւ 1), Ապրիլին (Բ. տարի թիւ 2), Յուլիսին (Բ. տարի թիւ 3) եւ Հոկտեմբերին (Դ. տարի թիւ 4)։

2017-էն սկսեալ, «Նոր ճրագ» իր ընթերցողներուն կը ներկայանայ տարեկան չորս թիւով։

Ստորեւ՝ «Ճրագ»ի եւ «Նոր ճրագ»ի ցարդ լոյս տեսած թիւերը։

 

Տարածենք