Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութիւնը անբաժան մասն է Միութեան ընդհանուր կառոյցին եւ անոր անդամները կը կոչուին Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութեան նպատակն է՝

   Ա. պատրաստել ամուր նկարագրի եւ բարոյական բարձր արժանիքներու տէր, հաւատաւոր եւ անձնուէր հայեր՝ ծառայելու ազգին եւ հայրենիքին ու նուիրուելու հայ ժողովուրդի ձգտումներու իրագործումին։

   Բ. Պատրաստել առողջ, չարքաշ ու արի անհատներ։

   Գ. Զօրացնել իրենց մտային կարողութիւնները։

  Դ. Զարգացնել իրենց մէջ պարտականութեան, պատասխանատուութեան եւ պատուի զգացումները, ինչպէս նաեւ՝ վեհանձնութեան եւ զոհողութեան ոգին։

   Ե. Արթնցնել համագործակցութեան, ծառայասիրութեան, ընկերասիրութեան ոգին, պատրաստելով տիպար քաղաքացիներ։

 

Առաջադրուած նպատակին հասնելու համար կը դիմուի հետեւեալ միջոցներու.-

   - Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը կազմէ սկաուտական խումբեր հայրենիքի եւ գաղութներու մէջ՝ իրագործելու համար իր սկաուտութեան նպատակները։

   - Սկաուտներու ազգային, քաղաքացիական, ընկերային, սկաուտական դաստիարակութեան եւ որակաւոր ու կարող աստիճանաւորներու պատրաստութեան համար կը կազմակերպուին դասախօսութիւններ, դպրոց-բանակումներ, դասընթացքներ, արշաւներ, բանակումներ եւ համագումարներ։

   - Ծանօթացնելու համար սկաուտութիւնը եւ տարածելու համար անոր նպատակները՝

       Ա. կը կազմակերպուին ծնողական հանդիպումներ, հրապարակային դասախօսութիւններ եւ ձեռնարկներ։

       Բ. Կը հրապարակուին գիրքեր եւ յօդուածներ՝ մամուլով։

       Գ. Յատուկ աշխատանք կը տարուի սկաուտութիւնը ծանօթացնելու հայ աշակերտութեան։

Տարածենք