Հ.Մ.Ը.Մ.ի նշանաբանն է՝ «Բարձրացիր-բարձրացուր»։ Նշանաբանին հեղինակն է թուաբանագէտ եւ դաստիարակ Պետրոս Ատրունին։

«Բարձրացի՛ր-բարձրացուր»ը յատուկ նշանակով տեղ կը գտնէ իւրաքանչիւր սկաուտի գլխարկին եւ գօտիին վրայ եւ կը հրապարակուի միութեան պաշտօնական բոլոր հրատարակութիւններուն եւ անդամատետրերուն վրայ։

«Բարձրացի՛ր-բարձրացուր» նշանաբանին նշանակը մտայղացումն է Ստեփան Ակայեանի։

Տարածենք