1989.- 70 տարուան խափանումէ ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի բջիջները կը գործեն Երեւանի մէջ։ 1990-1991.- Հ.Մ.Ը.Մ.Ի մասնաճիւղեր կը ստեղծուին Հայաստանի զանազան շրջաններուն մէջ։

1991, Ապրիլ.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հայաստանի շրջանը կը մասնակցի Միութեան Ե. Պատգամաւորական ժողովին։ Հայաստանէն եղբ. Վարդան Բախշեան կ՚ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ։

1991, ամառ.- Պէյրութի մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը նախնական կապեր կը հաստատէ Հ. Ս. Շարժումի քարտուղար տոքթ. Ժագ Մորէոնի հետ՝ Հ. Ս. Շարժումի անդամակցութեան համար։

1992.- Կը պատրաստուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հայաստանի սկաուտութեան կանոնագրութիւնը եւ Միութեան Ծրագիր-Կանոնագիրին հետ կը յղուի Հ. Ս. Շարժումի Բիւրոյին։

1993.- Հ. Ս. Շարժումի Բիւրոյին կը ներկայացուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութեան կանոնագրութիւնը, որ կարգ մը պատշաճեցումներէ ետք կ՚ընդունուի, սակայն հարց կը ստեղծէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի անունը, որ երկրի մը սկաուտութեան անունը ըլլալու փոխարէն՝ Միութեան մը սկաուտութեան անունը կը ներկայացնէր։ .- Նոյն շրջանին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը իր ճիգերը կը բազմապատկէ՝ Հ. Ս. Շարժումի Բիւրոյին մօտ, Հայաստանի եւ Փարիզի իր ներկայացուցիչներուն ճամբով։

1994.- Հ. Ս. Շարժումի Ա. Պ. Հասարակապետութեան երկիրներու գրասենեակի տնօրէն Ալեքսանտր Պոնտար ներկայ կը գտնուի համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական Ե. Ընդհանուր բանակումին բացումին, Բիւրական։

1995, Ապրիլ.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Զ. Պատգամաւորական Ժողովը կ՚որոշէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հայաստանի սկաուտութիւն կոչել Հայաստանի Ազգային Սկաուտական Կազմակերպութիւն (Հ.Ա.Ս.Կ.) եւ թափ տալ Հ. Ս. Շարժումի անդամակցութեան անոր ճիգերուն։

1995, Մայիս 29.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հայաստանի սկաուտութիւնը արդարադատութեան նախարարութեան մօտ կ՚արձանագրուի Հայաստանի Ազգային Սկաուտական Կազմակերպութիւն (Հ.Ա.Ս.Կ.) անունով։

1995, Օգոստոս.- Հ.Ա.Ս.Կ.ի 10 սկաուտներ կը մասնակցին Հ.Ս. Շարժումի 18-րդ բանակումին, Հոլանտա։

1995, Հոկտեմբեր.- Հայաստան կ՚այցելէ եւ պետական դէմքերու հետ խորհրդակցական հանդիպումներ կ՚ունենայ Հ. Ա. Շարժումի եւրոպական բաժանմունքի պատասխանատու Ժան Քասինիօ։

1996, Յունիս 23.- Ա.Պ.Հ.ի երկիրներու առաջին բանակումին, Ծաղկաձոր, Ֆրանսայի «Հայ Արիներ» կազմակերպութեան ներկայացուցիչը Հ.Ա.Ս.Կ.ին կը փոխանցէ համաշխարհային սկաուտութեան մօտ հայ սկաուտութեան ներկայացուցչութեան ջահը։

1996, Օգոստոս.- Հ.Ա.Ս.Կ.ի ներկայացուցիչը կը մասնակցի ասիական երկիրներու սկաուտական բանակումին եւ երիտասարդական խորհրդաժողովին, Հարաւային Քորէա։

1997, Ապրիլ 17.- Հ.Ս. Շարժումի Բիւրոն պաշտօնապէս կ՚ընդունի Հ.Ա.Ս.Կ.ի անդամակցութիւնը իր Շարժումին։

1997, Սեպտեմբեր.- Հ.Ա.Ս.Կ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յարութ Յարութիւնեան Ժընեւի մէջ խորհրդակցական հանդիպումներ կ՚ունենայ Հ.Ս.Շարժումի Բիւրոյի անդամներուն հետ։

1998, Յունուար.- Հ.Ս. Շարժումի եւրօ-ասիական բաժանմունքի հիմնադիր ժողովին առ ի պատրաստութիւն, Հայաստան կ՚այցելեն Ժան Քասինիօ եւ Ալեքսանտր Պոնտար։

1998, Ապրիլ 22/23.- Երեւանի մէջ կը գումարուի սկաուտական եւրօ-ասիական բաժանմունքին հիմնադիր ժողովը։ Հ.Ա.Ս.Կ.ի ատենապետ եղբ. Յարութ Յարութիւնեան կ՚ընտրուի բաժանմունքի նախագահ։

1998 Դեկտ. 23 -1999 Յունուար 17.- Հ.Ա.Ս.Կ.ի 3 սկաուտներ կը մասնակցին Հ.Ս.Շարժումի 19-րդ բանակումին, Չիլի։

1998, Յուլիս 19.- Ալեքսանտր Պոնտար կ՚այցելէ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական Զ. ընդհանուր բանակում, Աղաւնաձոր։

1999, Յուլիս 26.- Հ. Ս. Շարժումի 35-րդ համագումարը Հ.Ա.Ս.Կ.ին կը շնորհէ Շարժումին անդամակցութեան պաշտօնական վկայականը։

Տարածենք