Իր հիմնադրութենէն՝ 1980-էն ասդին, «Մարզիկ»ի գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնը վարած են եղբայրներ Վարդգէս Տէր Կարապետեան (1980-1986), Վարուժան Մուրատեան (1986-1987, 1991-1994), Երուանդ Տէմիրճեան (1987-1991), Զաւէն Թորիկեան (1994) եւ Վիգէն Աւագեան (1995-էն մինչեւ օրս)։

Գլխաւոր խմբագիրներու կողքին գործած են բազմաթիւ խմբագրական կազմեր եւ վարչական յանձնախումբեր։

Ստորեւ «Մարզիկ»ի էջերով ներկայացուած խմբագրական կազմերուն եւ վարչական յանձնախումբերուն անուանացանկերը՝ այնպէս ինչպէս որ լոյս տեսած են թերթին Է. տարուան երկրորդ թիւէն սկսեալ։

«Մարզիկ»ի նախորդ տարիներու թիւերուն մէջ որեւէ նշում չկայ խմբագրական թէ վարչական պատասխանատուներու անուններու։

  • Փետրուար 1988 (Է. տարի, թիւ 2).- «Մարզիկ»ի խմբագրական եւ վարչական մարմին` եղբայրներ Երուանդ Տէմիրճեան, Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեան, Կարօ Թիւթիւնճեան, Պատրիկ Կիւլպէնկեան, Միհրան Շիմշիրեան, Արա Յակոբեան։
  • Մարտ 1988-էն (Է. տարի թիւ 3) Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր 1990 (Թ. տարի, թիւ 11-12).- Խմբագիր՝ Երուանդ Տէմիրճեան։ Խմբագրական մարմին՝ Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեան, Կարօ Թիւթիւնճեան։ Վարչական մարմին՝ Պատրիկ Կիւլպէնկեան, Միհրան Շիմշիրեան, Արա Յակոբեան։
  • Յունուար-Փետրուար 1991 (Ժ. տարի թիւ 1-2).- «Մարզիկ»ի վարչութիւն՝ տոքթ. Միսաք Արզումանեան, Պատրիկ Կիւլպէնկեան, Վարուժան Մուրատեան, Բիւզանդ Թորիկեան, Կարօ Աբրահամեան, Զաւէն Թորիկեան։
  • Մարտ-Ապրիլէն 1991-էն (Ժ. տարի, թիւ 3-4) Մայիս 1993 (ԺԲ. տարի, թիւ 5).- «Մարզիկ»ի վարչութիւն՝ Վարուժան Մուրատեան, Բիւզանդ Թորիկեան, Կարօ Աբրահամեան, Զաւէն Թորիկեան։
  • Յունիս 1993-էն (ԺԲ. տարի, թիւ 6) Հոկտեմբեր-Դեկտեմբեր 1993 (ԺԲ. տարի, թիւ 10-12).- «Մարզիկ»ի վարչութիւն՝ Բիւզանդ Թորիկեան, Կարօ Աբրահամեան, Զաւէն Թորիկեան։
  • Յունուար 1994-էն (ԺԳ. տարի, թիւ 1) Դեկտեմբեր 1994 (ԺԳ. տարի թիւ 12).- «Մարզիկ»ի վարչութիւն՝ Բիւզանդ Թորիկեան, Կարօ Աբրահամեան, Զաւէն Թորիկեան, Զաւէն Գասապեան։
  • Յունուարէն Յունիս 1995, «Մարզիկ» լոյս չէ տեսած։ Խմբագրական եւ վարչական մարմիններ չեն գործած։
  • Յուլիս 1995-էն (ԺԴ. տարի, թիւ 1) Նոյեմբեր 1995 (ԺԴ. տարի թիւ 5).- Խմբագիր՝ Վիգէն Աւագեան։ Վարչական կազմ՝ Աբօ Մոսիկեան, Հրայր Ֆերմանեան, Պետիկ Լոճիկեան, Վարդան Գաբրիէլեան։
  • Դեկտեմբեր 1995-էն (ԺԴ. տարի, թիւ 6) Փետրուար-Մարտ 1999 (ԺԸ. տարի, թիւ 2-3).- Խմբագիր՝ Վիգէն Աւագեան։ Վարչական կազմ՝ Աբօ Մոսիկեան, Հրայր Ֆերմանեան, Պետիկ Լոճիկեան։
  • Ապրիլ 1999-էն (ԺԸ. տարի, թիւ 4) Նոյեմբեր 1999 (ԺԸ. տարի, թիւ 11).- Խմբագիր՝ Վիգէն Աւագեան։ Վարչական կազմ՝ Պատրիկ Կիւլպէնկեան, Աբօ Մոսիկեան, Հրայր Ֆերմանեան։
  • Դեկտեմբեր 1999-էն (ԺԸ. տարի, թիւ 12) Յունուար 2000 (ԺԹ. տարի, թիւ 1).- Խմբագիր՝ Վիգէն Աւագեան։ Խմբագրական կազմ՝ Իշխան Եղիայեան, Ռազմիկ Հալլաճեան։ Վարչական կազմ՝ Պատրիկ Կիւլպէնկեան, Աբօ Մոսիկեան, Յարութ Գրիօղլեան։
  • Փետրուար 2000-էն (ԺԹ. տարի, թիւ 2) Յունուար 2001 (Ի. տարի, թիւ 1).- Խմբագիր՝ Վիգէն Աւագեան։ Խմբագրական կազմ՝ Իշխան Եղիայեան։ Վարչական կազմ՝ Պատրիկ Կիւլպէնկեան, Աբօ Մոսիկեան, Յարութ Գրիօղլեան։
  • Փետրուար 2001-էն (Ի. տարի, թիւ 2) Դեկտեմբեր 2001 (Ի. տարի, թիւ 12).- Խմբագիր՝ Վիգէն Աւագեան։ Խմբագրական կազմ՝ Իշխան Եղիայեան, Խաչիկ Մուրատեան, Սեդա Պէշլեան։ Վարչական կազմ՝ Պատրիկ Կիւլպէնկեան, Աբօ Մոսիկեան։
  • Յունուար 2002-էն (ԻԱ. տարի, թիւ 1) Մայիս-Յունիս 2003 (ԻԲ. տարի, թիւ 5-6).- Խմբագիր՝ Վիգէն Աւագեան։ Խմբագրական կազմ՝ Իշխան Եղիայեան, Սեդա Պէշլեան։ Վարչական կազմ՝ Պատրիկ Կիւլպէնկեան, Աբօ Մոսիկեան։
  • Յուլիս 2003-էն (ԻԲ. տարի, թիւ 7) Օգոստոս 2003 (ԻԲ. տարի, թիւ 8).- Խմբագիր՝ Վիգէն Աւագեան։ Խմբագրութեան անդամ Սեդա Պէշլեան։ «Մարզիկ»ի յանձնախումբ Աբօ Մոսիկեան, Իշխան Եղիայեան։
  • Սեպտեմբեր 2003-էն (ԻԲ. տարի, թիւ 9) Դեկտեմբեր 2005 (ԻԴ. տարի, թիւ 12).- Խմբագիր՝ Վիգէն Աւագեան։ Խմբագրութեան անդամ Սեդա Պէշլեան։ «Մարզիկ»ի յանձնախումբ Աբօ Մոսիկեան, Իշխան Եղիայեան, Գօգօ Մկրտիչեան։
  • Յունուար-Փետրուար 2006-էն (ԻԵ. տարի, թիւ 1-2) Հոկտեմբեր 2007 (ԻԶ. տարի, թիւ 11).- Խմբագիր՝ Վիգէն Աւագեան։ Խմբագրութեան անդամ Սեդա Պէշլեան։ «Մարզիկ»ի յանձնախումբ Աբօ Մոսիկեան, Գօգօ Մկրտիչեան։
  • Նոյեմբեր 2007-էն (ԻԶ. տարի, թիւ 11) Յունուար 2008 (ԻԷ. տարի, թիւ 1).- Խմբագիր՝ Վիգէն Աւագեան։ Խմբագրութեան անդամներ Սեդա Պէշլեան, Սեւան Նազարեան։ «Մարզիկ»ի յանձնախումբ Աբօ Մոսիկեան, Գօգօ Մկրտիչեան, Վահան Համամճեան, Տիրան Շահինեան, Սալբի Ճէճէեան, Վահէ Թանաշեան։
  • Փետրուար 2008-էն (ԻԷ. տարի, թիւ 2) Նոյեմբեր 2011 (Լ. տարի, թիւ 11).- Խմբագիր՝ Վիգէն Աւագեան։ Խմբագրութեան անդամներ Սեդա Պէշլեան, Սեւան Նազարեան։ «Մարզիկ»ի յանձնախումբ Պատրիկ Կիւլպէնկեան, Աբօ Մոսիկեան, Գօգօ Մկրտիչեան, Վահան Համամճեան, Տիրան Շահինեան, Սալբի Ճէճէեան, Վահէ Թանաշեան։
  • Դեկտեմբեր 2011-էն (Լ. տարի, թիւ 12) Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր  2012 (ԼԱ. տարի, թիւ 9-10).- Խմբագիր՝ Վիգէն Աւագեան։ Խմբագրական կազմ Սեդա Պէշլեան, Սեւան Նազարեան, Մարօ Քէշիշեան, Յակոբ Խաչատուրեան, Տիրան Շահինեան, Ռազմիկ Յովհաննիսեան։ Վարչական կազմ Պատրիկ Կիւլպէնկեան, Գրիգորիս Պողարեան, Աբօ Մոսիկեան, Յարութ Մատէնլեան, Զարեհ Տէրվիշեան։
  • Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր 2012-էն (ԼԱ. տարի, թիւ 11-12) Յունուար-Մարտ 2015 (ԼԴ. տարի, թիւ 1-3).- Խմբագիր՝ Վիգէն Աւագեան։ Խմբագրական կազմ Սեդա Պէշլեան, Սեւան Նազարեան, Մարօ Քէշիշեան, Յակոբ Խաչատուրեան, Տիրան Շահինեան, Ռազմիկ Յովհաննիսեան։ Վարչական կազմ Պատրիկ Կիւլպէնկեան, Գրիգորիս Պողարեան, Աբօ Մոսիկեան։
  • Ապրիլ-Մայիս 2015-էն (ԼԴ. տարի, թիւ 4-5) Յունիս-Յուլիս 2015 (ԼԴ. տարի, թիւ 6-7).- Խմբագիր՝ Վիգէն Աւագեան։ Խմբագրական կազմ Մարօ Քէշիշեան, Սեւան Նազարեան, Տիրան Շահինեան։ Վարչական կազմ Պատրիկ Կիւլպէնկեան, Գրիգորիս Պողարեան, Աբօ Մոսիկեան։
  • Օգոստոս-Սեպտեմբեր 2015-էն (ԼԴ. տարի, թիւ 8-9) մինչեւ Յունուար 2020 (38-րդ տարի, թիւ 415).- Խմբագիր՝ Վիգէն Աւագեան։ Խմբագրական կազմ Գրիգորիս Պողարեան, Մարօ Քէշիշեան, Սեւան Նազարեան, Տիրան Շահինեան։ Վարչական կազմ Պատրիկ Կիւլպէնկեան, Աբօ Մոսիկեան, Սիլվա Սաղըրեան, Յարութ Ալաճաճեան, Նազօ Հապիպեան, Ռիթա Օղուլեան, Ատլին Շամմասեան։
  • Օգոստոս 2020-էն (39-րդ տարի, թիւ 416-417) մինչեւ Դեկտեմբեր 2023 (թիւ 431).- Խմբագիր՝ Վիգէն Աւագեան։ Խմբագրական կազմ Գրիգորիս Պողարեան, Սեւան Նազարեան, Ցոլեր Փանոսեան, Րաֆֆի Սիւլահեան, Սիւզի Օհանեան, Շանթ Ժամկոչեան եւ Սիլվա Ալլահվերտեան։ Վարչական կազմ Աբօ Մոսիկեան, Սիլվա Սաղըրեան, Վարդուկ Ֆըռնզլեան, Վարդան Քսաճիկեան, Տիրան Շահինեան եւ Եղիա Քիլէճեան։

Տարածենք