Հ.Մ.Ը.Մ.ականը սկաուտութեան կամ մարզախաղերու ճամբով կը մեծնայ ընկերային ապահով միջավայրի մէջ, հեռու՝ մոլութիւններէ եւ յոռի բարքերէ։ Մարզական դաշտերը եւ սկաուտական հաւաքավայրերը պատանիները կը վարժեցնեն չարքաշութեան, տոկունութեան, հաւաքական աշխատանքի եւ ընկերային առողջ կեանքի։

Սկաուտութիւնը եւ մարզախաղերը փոքր տարիքէն մարդոց կը սորվեցնեն դժուարութիւններ յաղթահարել, նկարագիր եւ կամք կերտել, յաղթանակի խանդավառութիւն ապրիլ, ինքնավստահ եւ համարձակ մեծնալ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ը ազգային միութիւն է։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ հայ պատանին եւ երիտասարդը կը ծանօթանան հայութեան եւ Հայաստանին։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հայեցի մթնոլորտին մէջ, անդամները ձեռք կը բերեն ազգային գիտելիքներ եւ ծանօթութիւններ։

Տարածենք