Սկաուտութիւնը 17-րդ դարուն գոյութիւն ունեցած է հայ կեանքին մէջ։ Արդարեւ, Ս. Էջմիածինի «Արարատ» ամսագիրի հին թիւերէն մէկուն մէջ,- կը գրէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիրներէն Տիգրան Խոյեան,- կը հանդիպինք կանոնադրութեան մը, որ 1680-ական թուականներէն սկսելով մինչեւ 19-րդ դարու սկիզբները յաջորդաբար վաւերացուած է Եղիազար, Աղեքսանդր եւ Արղութեանց Յովսէփ Կաթողիկոսներէն. ամէնէն վերջը՝ Պեսարապիոյ Գրիգոր Արքեպիսկոպոսէն։

Կանոնադրութիւնը կը վերաբերի Մոլտաւիոյ Պոթուշան եւ ուրիշ քաղաքներու հայ պատանիներու կազմակերպութեան (Պրասրաւա), որուն անդամները Կտրիճ բառով կ՚որակուէին։

Այդ կազմակերպութիւնը նպատակ ունէր յիշեալ քաղաքներու պատանեկութեան հոգեկան ու մարմնական ազնուացումը։

Յիշեալ կանոնադրութեան համաձայն, իւրաքանչիւր պատանի որ կը թեւակոխէր 12 տարեկանը, պարտաւոր էր արձանագրուիլ իբրեւ նախընծայ՝ Պրասրաւային եւ հաղորդուելէ ու երդուելէ ետք, պատկանիլ այդ կազմակերպութեան Կտրիճ անունով, մինչեւ ամուսնութիւնը։

Կտրիճները, իրենց թիւին համեմատ, կ՚ունենային խմբապետ մը կամ խմբապետներ, որոնք կ՚ընտրուէին պատանիներու ժողովին կողմէ եւ կը վաւերացուէին քաղաքին մեծերէն։ Կտրիճներու պարտականութիւններն էին.-

- Ամէն օր, եւ մանաւանդ ամէն Կիրակի, անպայման եկեղեցի երթալ ու ներկայ ըլլալ Ս. Պատարագի արարողութեան։

- Համայնքին ոեւէ մէկ անհատին (հարուստ թէ աղքատ) պսակի, յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւններուն ներկայ ըլլալ անպատճառ եւ մասնակցիլ երգեցողութեանց։

- Տօնական օրերուն, շնորհաւորութեան համար իրենց խմբապետին տունը երթալ, ուրկէ, անոր առաջնորդութեամբ պարտաւոր էին բոլոր հայ քաղաքացիներուն տուները այցելել եւ շնորհաւորել զիրենք։

- Ամէն Շաբաթ օրերը, պատանիները կամ կտրիճները պարտաւոր էին մեռնող կտրիճներու հոգիին համար պաշտօն կատարել տալ։

- Կտրիճներէն պահանջուած ամենախիստ յատկութիւններն էին՝ կարգապահութիւն եւ բացարձակ հնազանդութիւն իրենց խմբապետին, որուն պարտքն էր գործադրել տալ վերոյիշեալ կանոնները իրենց ամբողջ խստութեամբը եւ հսկել կտրիճներու բարոյական եւ մարմնական վիճակին։

- Այս կանոնադրութեան որեւէ մէկ մասին հանդէպ տեղի ունեցած թերացումը կը պատժուէր դրամական տուգանքով, որ թերացողին յանցանքին կամ աստիճանին համեմատ կը փոխուէր. թերացողը եթէ խմբապետ ըլլար, այդ պատիժը ա՛լ աւելի կը սաստկանար։

- Խմբապետները (վատահ), ամբողջ քաղաքին եւ կտրիճներու վստահութիւնը գրաւող արդարակորով երիտասարդներ էին, եւ իբր այդ իրենց պարտք կ՚իյնար, կտրիճներու հետ վարուիլ չափազանց անկողմնակալ եւ արդարադատօրէն։

- Խմբապետը երբ գինով կամ սրտնեղած վիճակի մը մէջ գտնուէր, այդ վայրկեանին ո՛չ մէկ դատավարութիւն պէտք էր ըներ, քանի որ այդ վիճակին մէջ պահանջուած ողջմտութիւնը պիտի չունենար արդար որոշում տալու համար։ Բոլորովին սթափելէ վերջն ալ, երբ կը դատէր Կտրիճը, անոր գործած մէկ յանցանքին համար, այդ մասին իր տուած որոշումին բացարձակապէս չէին կրնար միջամտել Կտրիճին ծնողքը կամ բարեկամները, եւ Կտրիճն ալ չէր կրնար բողոքել եղած կարգադրութեան դէմ, հակառակ պարագային, թէ՛ ինքը եւ թէ ծնողքը դրամական տուգանք մը կը վճարէին, առանց դարձեալ որոշումը կարենալ փոխելու։

- Խմբապետը պարտաւոր էր նոյնպէս իր խումբին նիւթապէս զօրանալուն համար ամէն առիթ օգտագործել, եւ գիտնալ մանաւանդ տնտեսել (ինչ որ ներկայ սկաուտական դաւանանքին մաս կը կազմէ) եւ իր գործունէութեան ալ տեկեկատուութիւնը պէտք էր ընել զինքը ընտրողներուն առջեւ։

- Բոլոր Կտրիճները պարտաւոր էին հսկել նոյնպէս իրարու վրայ փոխադարձաբար, եւ իրենցմէ մէկուն անպատշաճ մէկ ընթացքը տեսնելու պարագային զգացնել իրենց այդ։ Խմբապետը միշտ պէտք էր առիթներ ստեղծէր, որպէսզի որքան կարելի է, յաճախակի կերպով Կտրիճներ կարենան մէկտեղ հաւաքուիլ եւ իրարու հետ շփման մէջ ըլլալ։ Իսկ իր հրաւէրին չպատասխանելու յանցանքը գործող Կտրիճը կը յանդիմանուէր եւ դրամական տուգանքի կը դատապարտուէր։

Ինչպէս կը տեսնուի, Մոլտաւիոյ հայերուն այդ կազմակերպութիւնը չափազանց նմանութիւն ունի մեր սկաուտականին հետ, ու Կտրիճ բառը գեղեցիկ ընտրութիւն մըն է։ Խմբական կազմակերպութիւնը, ընդունելութեան պայմանները, բարոյական պարտադրութիւնները, բոլորը, չափազանց կը մօտենան Պէյտըն Փաուըլի կազմակերպութեան։

Թէ ուրկէ՞ ծագում առած է այդ կանոնադրութիւնը, այդ մասին որեւէ հետք չկայ։ Թերեւս Մոլտաւիոյ հայերը իրենց հետ բերած են զայն, բայց հաւանական է որ գաղթականութիւնը ինք ստեղծած է զայն, որպէսզի իրենց զաւակները մնան հայկական շրջանակի մէջ, կրթուին իրենց ոգիով եւ չայլասերին։ Եւ որպէսզի աւելի ազդու ըլլայ, վաւերացնել տուած են զայն այդ օրուան ազգային թէ կրօնական ամենաբարձր անձնաւորութենէն՝ Կաթողիկոսէն։

Կտրիճներու եւ սկաուտներու տարբերութիւնը կը կայանայ իրենց 200 տարի առաջ կամ ետք ըլլալուն մէջ։ Առաջինները, զաւակներ՝ ոչ անկախ եւ կրօնական ոգիով սնած համայնքի մը, իրենց կարգախօսը կ՚ընտրեն աւելի կրօնքին բանաձեւած սկզբունքներուն մէջէն, իսկ վերջինները 200 տարի ետք, նոյն սկզբունքները աւելի արդիական կերպով բանաձեւելով է որ կը կազմեն իրենց դաւանանքը։

Կտրիճները չըլլալով զինուորական ազգի մը զաւակ, հասարակական կեանքին կը զինուորագրուին, մաս կազմելով անոր բոլոր ձեւերուն, իսկ սկաուտութիւնը, ծնունդ՝ երկար պատերազմէ մը ելլող մեծ պետութեան մը, իր զաւակները կը պատրաստէ՝ զօրաւոր բարոյականի տէր բանակի մը զինուորագրութեան։

Երկուքն ալ սակայն կը ձգտին միեւնոյն նպատակին. նոր սերունդի փրկութիւն եւ ազնուացում։

 

ՄԵՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՀԱՅ ՍԿԱՈՒՏՈՒԹԻՒՆԸ

1908-ի սկիզբը Լորտ Պէյտըն Փաուըլ կը հրատարակէ իր ծրագիրը, որ ծայր կու տայ «Պոյ Սկաուտ» խումբերու կազմութեան Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ նախ, տարածուելու համար յետոյ աշխարհի բոլոր երկրամասերուն վրայ։

Շաւարշ Քրիսեանի «Մարմնամարզ» թերթին մէջ այս մասին ակնարկ մը լոյս կը տեսնէ արդէն 1912 Յունուարին։ Յետոյ, քանի մը ամիս վերջ, 1912 Մայիսի թիւէն սկսեալ, Յովհաննէս Թ. Հինդլեան յօդուածաշարքով մը մանրամասնօրէն հայ հանրութեան կը ներկայացնէ Անգլիա ծնած այս շարժումին էութիւնն ու նպատակը։ Յօդուածաշարքը կը հրատարակուի նաեւ գրքոյկով մը։ Դաստիարակը անմիջապէս ըմբռնած է նոր վարդապետութեան արժէքը տղուն բարոյական եւ ֆիզիքական զարգացման համար։ Իսկ պատանիները խանդավառուած են համազգեստաւորուած խումբեր կազմելու, բանակելու հեռանկարով...

Հեռանկար՝ արդարեւ։ Հինդլեան շատ խոհեմ է. կը գրէ՝ «Հիմա ու հիմա, ես պիտի փափաքէի որ Պէյտըն Փաուըլի հիմնած սկուատներու ակումբին նման ակումբ մը հիմնելու ետեւէն չըլլանք, այլ ձեր բարքերուն մէջ մտցնէք այդ ձեռնարկին ոգին՝ որ կը հաւատամ թէ շատ յարմար է ազնուացնելու մեր ցեղը...» («Մարմնամարզ», Մայիս-Յունիս, 1912)։ Հինդլեան շատ խոհեմ մարդ էր. կարելի է ենթադրել, կը վախնար որ այդպիսի շարժումի մը ստեղծումը հայութեան մէջ, շարժում մը որ քիչ մը զինուորական բնոյթ ունէր, լաւ աչքով չնայուէր թուրք կառավարութեան կողմէ։

Յ. Թ. Հինդլեան չ՚ուզեր ուրեմն այդ «Տղայոց գումարտակները» անմիջապէս կեանքի բերել թրքահայ իրականութեան մէջ։ Սակայն ինքն իսկ նետած է սերմը ընդունակ հողի մը վրայ։ Գաղափարը հեզհետէ կը տարածուի, կը գրաւէ պոլսահայ երիտասարդութեան սիրտը։ Մանաւանդ Սկիւտար։ Հոն, արդէն նախապէս կազմուած «Հրատ» մարզական խումբին մէջ, 1913-ին սկիզբը ծնունդ կ՚առնէ սկաուտական խմբակ մը։ Սկիւտարի հայութիւնը միշտ նախաձեռնող եղած է։ Գրեթէ միաժամանակ «Նոր դպրոց» եւս մէջտեղ կը հանէ իր խումբը։ Յ. Թ. Հինդլեան տեղի տուած է կ՚երեւի իր աշակերտներուն խանդավառութեան առջեւ։ Տեղի տուած է ուրախութեամբ։

Սկաուտական երկու խումբերը, համազգեստաւորուած, իրենց կարգապահ տողանցքով, զարդը կը կազմեն 1913-ի հայկական ողիմպիական խաղերուն։ Այսպէս կը ծնի հայ սկաուտական շարժումը, որ պարտադիր ընդմիջումէ մը վերջ, թափ պիտի առնէր 1918-ի։ Այն ատեն եւս Յովհաննէս Թ. Հինդլեան, աւելի քան երբեք պատնէշին վրայ, առաջիններէն է խրախուսելու։ Մղիչ ուժ, կը մասնակցի սկաուտական կեդրոնական յանձնախումբին։ «Նոր Դպրոց»ին մէջ կը քաջալերէ սկաուտական խումբերը, որոնք Արարատ Քրիսեանի (տարաբախտ Շաւարշին եղբօրորդին) խմբապետութեան տակ եղան այդ շրջանի ամէնէն գնահատուած, ամէնէն աչքառու կազմակերպութիւններէն մէկը։

Պոլսոյ մէջ հայ սկաուտական շարժումը վերջ կը գտնէ, երբ Հ.Մ.Ը.Մ. կը լուծէ իր կազմակերպութիւնը Թուրքիոյ սահմաններուն էջ (16 Սեպտեմբեր 1922)։ Բայց ան գրեթէ անմիջապէս կը վերածնի ու կը տարածուի այն բոլոր երկիրներուն մէջ, ուր հայերը ապաստան կը գտնեն 1920-ական թուականներուն։

Տարածենք