Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզական առաջին համագումարը քորոնայի համաճարակին պատճառով տեղի ունեցած է առցանց, 8 Մայիս 2021-ին։ Համագումարին մասնակցած են միութեան Շրջանային եւ Մեկուսի 22 շրջաններու, Իրանի «Արարատ» եւ «Նայիրի» կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ մարզական յանձնախումբի անդամներ, ընդամէնը 94 մասնակիցներ։

Համագումարը քննած է միութեան մարզական ընդհանուր իրավիճակը, զեկուցումներ լսած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզական առաքելութեան, առցանց մարզախաղերու, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ մարզախաղերու եւ յատուկ խնամքի կարօտ պատանիներու «Հրաշք» մարզախաղերուն մասին։ Համագումարին առաջարկով եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան որոշումով 22 Յուլիսը՝ միութեան ռահվիրայ եւ հիմնադիր Շաւարշ Քրիսեանի ծննդեան օրը հռչակուած է «Հայ մարզիկի օր»։