Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.Ի ՍԵՄԻՆԱՐԻՆ ԱՌՑԱՆՑ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

 

 

27 Փետրուարին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մոսկուայի մասնաճիւղի պատասխանատու կազմի ներկայացուցիչները՝ մասնաճիւղի խմբապետ քոյր Գոհար Զարդարեան, քոյրեր Սեդա Առուստամեան եւ Սվետլանա Աւետիսեան առցանց մասնակցեցան Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի երիտասարդական ծրագրի ներկայացման եւ քննարկման սեմինարին։

 

  Շար...

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Ուրբաթ, 17 Յուլիսին կատարեց 2020-ի իր երրորդ առցանց լիագումարը՝ օրակարգի վրայ ունենալով միութեան քառամեայ ծրագիրները Քորոնայի արտակարգ դրութեան պայմաններուն պատշաճեցնելու անհրաժեշտութիւնը։

Լիագումարին սկիզբը, Կեդրոնական Վարչութիւնը մտահոգութեամբ անդրադարձաւ վերջին օրերուն Հայաստանի սահմանային գիւղերուն դէմ կատարուած ազրպէյճանական յարձակումներուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հայաստանի կառոյցին՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ին թելադրեց սերտել կարելիութիւնը սահմանային վնասուած գիւղերու պատանիներուն  Շար...

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

 

Իր պատմութեան երկրորդ հարիւրամեակը թեւակոխած Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ը, սկաուտական եւ մարզական միութիւն մը ըլլալու կողքին, իր հարազատ ժողովուրդին տագնապներով ապրող միութիւն մըն է։ Ժողովուրդէն ծնած՝ ժողովուրդին համար գործող այս միութիւնը «Միշտ պատրաստ» սկզբունքով կը հասնի հո՛ն, ուր կարիքը կը զգացուի օժանդակութեան։

Այսօր համայն մարդկութեան հետ տագնապահար է աշխարհասփիւռ հայութիւնը։  Շար...

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի Քորոնա ժահրին պատճառած լուրջ տագնապին։


Տագնապը ունի համաշխարհային տարողութիւն՝ առողջապահական, տնտեսական, ընկերային եւ հոգեբանական ծանրակշիռ հետեւանքներով։ Պետութիւններ, միջազգային եւ տեղական կազմակերպութիւններ ժահրին տարածման առաջքը առնելու համար, իւրաքանչիւրը իր պատասխանատուութեան սահմաններուն մէջ, անհրաժեշտ քայլերու կը դիմէ՝ հանրութիւնը ապահով ու անվնաս պահելու համար։


Աշխարհասփիւռ իր  Շար...

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի շրջանի Ներկայացուցչական 48-րդ ժողովը գումարուեցաւ Կիրակի, 12 Յունուար 2020-ին, «Աղբալեան-Հ.Մ.Ը.Մ.» մարզամշակութային համալիրի «Հրայր Մարուխեան» ժողովասրահին մէջ, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան դիւանին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան, հիւրերու, խորհրդակցական ձայնով հրաւիրեալներու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի 10 մասնաճիւղերէ 53 լիազօր ներկայացուցիչներու:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը ընթերցեց վեցամսեայ գործունէութեան տեղեկագիրը, ապա ժողովը քննարկեց միութեան  Շար...

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

 

ՀՄԸՄ-ի ԺԲ. Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովէն ընտրուած Կեդրոնական Վարչութիւնը 2019-2023 քառամեակի իր առաջին լիագումար նիստերը կատարեց Փարիզի մէջ, 6-7 Դեկտեմբեր 2019-ին։


Նիստերուն սկիզբը, Կեդրոնական Վարչութիւնը Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովի որոշումներուն լոյսին տակ քննեց ՀՄԸՄ-ի դէմ ծառացած ներկայ մարտահրաւէրները եւ օրակարգի առանձին կէտերով արծարծեց միութեան սկաուտական, մարզական եւ երիտասարդական նորաստեղծ բաժանմունքին զարգացման  Շար...

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ 12-ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ

 

Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան 12-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ 14-19 Հոկտեմբեր 2019-ին, Ծաղկաձոր, Հայաստան: Ժողովին մասնակցեցան 75 իրաւասու ձայնով քոյրեր եւ եղբայրներ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներկայացուցիչ եղբ. Յակոբ Խաչերեան, Իրանի Հայ Մշակութային Արարատ Կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Հարմիկ Զովելեան, ինչպէս նաեւ՝ ընթացաւարտ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, գործավարներ, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիրը, Կեդրոնական Վարչութեան  Շար...

19-29 Յուլիսին ՀՄԸՄ-ը Յատկանշական Նախաձեռնութիւններով Կը Նշէ Իր Փառապանծ 100-ամեակը

 

Այս տարի Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը իր հիմնադրութեան 100-ամեակը կը նշէ տարբեր նախաձեռնութիւններով եւ հանդիսութիւններով, որոնց մասին հանրային կարծիքը իրազեկ դարձնելու նպատակով Հինգշաբթի, 8 Մարտ 2018-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Աղբալեան-Հ.Մ.Ը.Մ.» մարզամշակութային համալիրի «Հրայր Մարուխեան» ժողովասրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը` մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի եւ  Շար...

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ Գ. ԼԻԱԳՈՒՄԱՐԻ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը իր քառամեայ նստաշրջանի (2015-2019) Գ. լիագումարի նիստերը գումարեց 2-4 Դեկտեմբեր 2017-ին, Երեւանի մէջ։
Լիագումարը կեդրոնացաւ միութեան 100-ամեակի կեդրոնական ձեռնարկներու մանրամասնութիւններուն վրայ, որոնք տեղի պիտի ունենան 19-29 Յուլիս 2018-ին, Երեւանի մէջ, Հայաստան։ Ուրախութեամբ անդրադարձաւ, որ միութեան 100-ամեակի տօնակատարութեան կեդրոնական ձեռնարկին նախագահութիւնը ստանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Տիար Սերժ  Շար...

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

 

Հինգշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2017-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 99-րդ տարեդարձին օրը, տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ միութեան 100-ամեակի կեդրոնական մարմինին խառն նիստը, որ ամիսներու քննարկումներէ ետք վերջնականացուց 2018 տարուան ընթացքին տեղի ունենալիք յոբելենական կեդրոնական ձեռնարկներուն շարքը:


Նիստին ընթացքին որոշուեցաւ, որ 19-29 Յուլիս 2018 երկարող օրերը հռչակուին Հ.Մ.Ը.Մ.ի շաբաթ եւ այս առիթով  Շար...

ՄԵՐ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՍԵՄԻՆ

 

Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը ահաւասիկ ճակատաբաց կանգնած է պատմութեան շառաւիղին ,այսօրե կոչուած բարձունքին վրայ:

Ան հպարտ է իր անձնուէր միութենականներու փաղանգի 100-ամեայ նուաճումներով:

Հպարտ է՝ հայրենիքի եւ աշխարհասփիւռ 107 մասնաճիւղերու վարչութիւններու եւ անդամներու ծով իրագործումներով:

Հպարտ է՝ միութեան հիմնադիրներու երազը իրականացնող կարգապահ սկաուտներով եւ խմբապետներով:

Հպարտ է՝ մրցանիշեր արձանագրող մարզիկներու բաժակներու եւ մետալներու հաւաքածոներով:

Եւ  Շար...

ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿ. ԵՂԲ. ՍԱՐԳԻՍ ԵՒ ԱԼԻՍ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆՆԵՐ ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ 10-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ՊԱՏՈՒՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը մեծ ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, որ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 10-րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահութիւնը ստանձնած են Աւստրալիայէն տէր եւ տիկ. եղբ. Սարգիս եւ Ալիս Տէր Պետրոսեանները։

Սարգիս եւ Ալիս Տէր Պետրոսեան ամոլը ծանօթ ու ճանչցուած անուն մըն է Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխարհասփիւռ ընտանիքին ու յատկապէս Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աւստրալիոյ շրջանին համար։

Եղբ. Սարգիս Տէր Պետրոսեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի  Շար...

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ 10-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐ 20 ՅՈՒԼԻՍԷՆ 29 ՅՈՒԼԻՍ 2017, ԵՐԵՒԱՆ, ՀԱՅԱՍՏԱՆ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցող համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերը սպասուած եւ միշտ յաջողութեամբ պսակուած աւանդութիւն մըն են միութեան պատմութեան մէջ, ուր հարիւրաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ, աշխարհի չորս ծագերէն, կը մէկտեղուին մրցելու, բարեկամանալու եւ իրենց հայկականութիւնը զօրացնելու համար։ Մարզախաղերը տեղի կ՚ունենան չորս տարին անգամ մը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղ ունեցող երկիրի մը մէջ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի 99-ամեայ պատմութեան մէջ  Շար...

ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍՈՎ ՄԸ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱԶԴԱՆՇԱՆԸ ԿՈՒ ՏԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒՆ

 

2018-ը կը նշէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 100-ամեակը: Այս առիթով, Չորեքշաբթի, 8 Փետրուար 2017-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, ուր ազդանշանը տրուեցաւ միութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն: Ասուլիսին ներկայ եղան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան, անդամներ՝ եղբայրներ Րաֆֆի Կէվօղլանեան, Վաչէ Նաճարեան, Իշխան Եղիայեան, «Ազդակ» օրաթերթի, «Վանայ ձայն»  Շար...

Displaying 1 to 10 (of 100 posts)