ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍՈՎ ՄԸ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱԶԴԱՆՇԱՆԸ ԿՈՒ ՏԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒՆ

 

2018-ը կը նշէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 100-ամեակը: Այս առիթով, Չորեքշաբթի, 8 Փետրուար 2017-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, ուր ազդանշանը տրուեցաւ միութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն: Ասուլիսին ներկայ եղան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան, անդամներ՝ եղբայրներ Րաֆֆի Կէվօղլանեան, Վաչէ Նաճարեան, Իշխան Եղիայեան, «Ազդակ» օրաթերթի, «Վանայ ձայն» ռատիոկայանի, OTV պատկերասփիւռի կայանի ներկայացուցիչներ եւ միութեան «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիրը:
Մամլոյ ասուլիսին սկիզբը, ներկաները ողջունեց Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան։ Ապա, ան փաուըր-փոյնթով ներկայացուց միութեան 100-ամեակի նախաձեռնութիւններուն ծրագիրը եւ անոնց կազմակերպման ընդհանուր տեղեկութիւնները։ Ան յայտնեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի գլխաւոր ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան 2018-ի Յուլիս-Օգոստոս ամիսներուն։ Ձեռնարկներուն բացումը պիտի կատարուի համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 10-րդ մարզախաղերուն ընթացքին, 20-29 Յուլիս 2017-ին:
100-ամեակի կազմակերպիչ յանձնախումբերուն մասին խօսելով, եղբ. Մկրտիչեան նշեց, որ ձեռնարկներու իրագործման համար կազմուած են հետեւեալ կեդրոնական մարմիններն ու յանձնախումբերը. 100-ամեակի յոբելենական մարմին, 100-ամեակի կեդրոնական յանձնախումբ, գործադիր յանձնախումբ, քարոզչական յանձնախումբ, ընկերային յանձնախումբ եւ սկաուտական յանձնախումբ, որ պիտի ղեկավարէ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 11-րդ բանակումը եւ 100-ամեակի սկաուտական բոլոր ձեռնարկները:
Եղբայր Մկրտիչեան հաստատեց նաեւ, որ 100-ամեակի ձեռնարկներուն համար պատրաստուած է յատուկ քայլերգ, որ մօտ օրէն սեփականութիւնը պիտի դառնայ հանրութեան: Քայլերգին խօսքը կը պատկանի Ներսեհ Լիպարեանին (Գանատա), երաժշտութիւնը` Վահրամ Էմմիեանին (Լիբանան), իսկ կատարումը` Գառնիկ Սարգիսեանին (երգին բառերը տեսնել առանձին): Պատրաստուած է 100-ամեակի խորհրդապատկերը` Արի Պոյաճեանին կողմէ (Արեւմտեան Մ. Նահանգներ): 100-ամեակի նշանաբանն է` «Պատուաբեր անցեալէն՝ յաղթական ապագայ», հեղինակ՝ Վանիկ Գասարճեան (Լիբանան):
Շարունակելով, եղբ. Մկրտիչեան նշեց, որ 100-ամեակի սեմին, Հ.Մ.Ը.Մ.ը շուտով կ’ունենայ համացանցի արդիական իր նոր կայքէջը եւ առցանց վաճառատունը, ուր պիտի ներկայացուին Հ.Մ.Ը.Մ.ական զանազան յուշանուէրներ, տարազներ, սկաուտական եւ մարզական իրեր։
Ներկայացումէն ետք, ներկաներու հարցումներուն պատասխանելով, եղբ. Մկրտիչեան յստակացուց, որ յոբելենական մարմինը պատուոյ մարմին մըն, որ պիտի գլխաւորէ 100-ամեակի յանձնախումբերը: 100-ամեակի կեդրոնական յանձնախումբը իր աշխատանքները պիտի ծրագրէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան հետ։ Գործադիր յանձնախումբը պիտի իրագործէ Հայաստանի մէջ կատարուելիք ձեռնարկները: Քարոզչական յանձնախումբին աշխատանքի ծիրը յայտնի է, իսկ ընկերային յանձնախումբը գործի պիտի լծուի միութեան կազմակերպական բոլոր շրջաններէն Հ.Մ.Ը.Մ.ական քոյրերն ու եղբայրները 2018-ի ամառը Հայաստան համախմբելու եւ մէկ շաբթուան ընթացքին տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն մասնակցելու համար:
Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը նաեւ դիտել տուաւ, որ նշեալ ձեռնարկները միայն Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկներն են: Հ.Մ.Ը.Մ.ի 9 Շրջանային Վարչութիւնները եւ 35 մեկուսի վարչութիւնները, իրենց կարգին, աշխարհի տարածքին պիտի կազմակերպեն 100-ամեակի նուիրուած իրենց տեղական ձեռնարկները:
Հայաստանի մէջ կազմակերպուելիք ձեռնարկներուն մասին խօսելով, եղբ. Գառնիկ յայտնեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ պատմական արժէք ներկայացնող Հ.Մ.Ը.Մ.ական իրերու եւ հրատարակութիւններու ցուցահանդէս պիտի կատարուի: Կիւմրիի մէջ, ըստ կարելիութեան, պիտի տեղադրուի Վահան Չերազի կիսանդրին, իսկ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Բիւրականի բանակավայրին մէջ պիտի զետեղուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի երրորդութեան կիսանդրին։ Պիտի կատարուի նաեւ 100-ամեակի ձեռնարկները եզրափակող յոբելենական պաշտօնական հանդիսութիւն՝ Երեւանի մէջ:
«Թէեւ կը գիտակցինք, որ այս ծրագիրը լուրջ աշխատանք եւ մեծ մարդուժ կ’ենթադրէ, բայց նոյն ատեն կը հաւատանք, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու կամաւոր աշխատանքով եւ զոհաբերութեամբ մենք պիտի յաջողինք միութեան 100-ամեակը արժանավայել ու փառահեղ կերպով տօնել մեր հայրենիքին մէջ», հաստատեց եղբ. Մկրտիչեան:

Տարածենք