19-29 Յուլիսին ՀՄԸՄ-ը Յատկանշական Նախաձեռնութիւններով Կը Նշէ Իր Փառապանծ 100-ամեակը

 

Այս տարի Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը իր հիմնադրութեան 100-ամեակը կը նշէ տարբեր նախաձեռնութիւններով եւ հանդիսութիւններով, որոնց մասին հանրային կարծիքը իրազեկ դարձնելու նպատակով Հինգշաբթի, 8 Մարտ 2018-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Աղբալեան-Հ.Մ.Ը.Մ.» մարզամշակութային համալիրի «Հրայր Մարուխեան» ժողովասրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը` մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի եւ անդամ եղբայրներ Վաչէ Նաճարեանի ու Իշխան Եղիայեանի, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Լիբանանի Շրջանային, մասնաճիւղերու վարչութիւններուն եւ մամլոյ ու լսատեսողական միջոցներու ներկայացուցիչներու: Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նաեւ յայտարարուեցաւ, որ թուայնացման աշխատանքները որոշ փուլ թեւակոխած ու հասանելի դարձած են, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի իրերու առցանց վաճառքի կեդրոնը սկսած է գործել:

Եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ 19-29 յուլիսին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք տարբեր նախաձեռնութիւններուն, որոնք կը վայելեն Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախագահութիւնը եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսներու հովանաւորութիւնը եւ երկու հիմնական հանդիսութիւններու անոնց ներկայութիւնը:

100-ամեակի ձեռնարկները ընթացք պիտի առնեն Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ բանակումի բացման հանդիսաւոր արարողութեամբ, Բիւրականի մէջ, 1100 սկաուտներու մասնակցութեամբ: Պատմական այս բանակումին ներկայ ըլլալու առիթ ու կարելիութիւն պիտի ունենան նաեւ այն բոլոր հայորդիները, որոնք այդ թուականներուն տեղի ունենալիք նախաձեռնութիւններու մասնակցելու նպատակով հայրենիք կը գտնուին: Նոյն օրը Բիւրականի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխարհասփիւռ 110 մասնաճիւղերու անունով բացումը պիտի կատարուի յուշաքանդակի մը, որ կրկնօրինակն է միութեան 90-ամեակին առիթով Տէր Զօրի մէջ տեղադրուած յուշաքանդակին:

20 Յուլիսը պիտի ըլլայ խորհրդանշական օր մը, երբ 100-ամեայ միութեան դրօշակը պիտի ծածանի Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն յիշատակը անմահացնող եւ հայութեան պահանջատիրութեան հուրը վառ պահող Ծիծեռնակաբերդի մէջ, ուր նաեւ պիտի կատարուի ջահավառութիւն` Փարիզէն (Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիրներէն Գրիգոր Յակոբեանի գերեզմանէն), Պոլիսէն (Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիրներէն Յովհաննէս Հինդլեանի գերեզմանէն) եւ Անթիլիասէն (Նահատակաց մատուռ)` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ, բոցավառած եւ հայրենիք հասած ջահերու միացումով: Անկէ ետք պիտի կատարուի ծառատնկում` միեւնոյն վայրերէն բերուած հողերու միախառնումով: Հ.Մ.Ը.Մ.ի թանգարանին մէջ պահուած կարեւոր եւ պատմական իրեր այս առիթով պիտի տարուին Երեւան` Ցեղասպանութեան թանգարան, ուր այս տարուան ընթացքին մնայուն ցուցադրութեան պիտի դրուին անոնք:

Եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան ըսաւ, թէ 21 Յուլիսին բացումը պիտի կատարուի ՀՄԸՄ-Հ.Մ.Ը.Մ.ի կեդրոնի մուտքին զետեղուելիք հիմնադիրներու քանդակներուն: Անկէ ետք Երեւանի փողոցները պիտի թնդան մեծաթիւ սկաուտներու խրոխտ տողանցքով, որոնք իրենց աւարտին պիտի հասնին համախմբման կէտին մէջ` Հանրապետութեան հրապարակը, ուր պիտի կատարուի հանդիսաւոր արարողութիւն:

22 Յուլիսին համայն Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ ննջեցեալներու եւ նահատակ միութենականներու յիշատակին հոգեհանգստեան արարողութիւն պիտի կատարուի Եռաբլուրի մէջ: Յաջորդ օրը յատուկ մարդատարներ այս նախաձեռնութիւններուն մասնակիցները պիտի փոխադրեն Գիւմրի, ուր հրապարակին շրջակայքը` եկեղեցւոյ կից, Հեղնար աղբիւրին կողքին, բացումը պիտի կատարուի Հայ մարմնակրթական շարժումի ամէնէն եռանդուն եւ նուիրեալ գործիչներէն, Գիւմրիի մէջ որբախնամութիւն կատարած եւ որբերէն սկաուտներ պատրաստած Վահան Չերազի արձանին:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը տեղեկացուց, որ 24 Յուլիսին Օփերայի դահլիճին մէջ մեծ շուքով տեղի պիտի ունենայ 100-ամեակի հանրային պաշտօնական հանդիսութիւնը, իսկ 25 Յուլիսին կառավարութեան շէնքին մէջ` գիտաժողով, որուն պիտի մասնակցին Հայաստանէն եւ սփիւռքէն դասախօսներ ու մասնագէտներ: Յաջորդ օրը Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակին նուիրուած դրոշմաթուղթերու գործածութեան մեկնարկը տեղի պիտի ունենայ, ինչպէս նաեւ նախկին խմբապետներու հաւաք ու խարուկահանդէս` Բիւրականի մէջ: 28 Յուլիսին Ծիծեռնակաբերդի մէջ դրօշակները վար պիտի առնուին` իբրեւ փակում միութեան 100-ամեակի նախաձեռնութիւններուն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշակը պիտի յանձնուի թանգարան, իսկ Եռագոյնը պիտի տրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ին. նոյն օրը տեղի պիտի ունենայ նաեւ Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումի պաշտօնական փակումը, իսկ յաջորդ օրը «Փարաւոն» ճաշարանին մէջ հանրային փակման ճաշկերոյթ պիտի տրուի:

Ապա Վաչէ Նաճարեան ներկայացուց Բիւզանդ Թորիկեանի աշխատասիրած ՀՄԸՄ-ի պատմութեան 4 հատորներու, ինչպէս նաեւ սկաուտական տարբեր գիրքերու թուայնացման յատկացուած կայքերը` https://www.homenetmen.org/hy/history-of-homenetmen-book եւ https://www.homenetmen.org/hy/scout-books, ուրկէ կարելի է ներբեռնել զանոնք եւ փնտռտուք կատարել: Անկէ ետք Աւօ Մումջողլեան տեղեկութիւններ տուաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի նուիրուած իրերուն յատուկ առցանց վաճառքի կեդրոնին (օնլայն սթոր), ուրկէ կարելի է գնումներ կատարել ո՛ւր ալ գտնուիս (http://homenetmen.store/ ):

Աւարտին ներկաները դիտեցին ու լսեցին ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած երգը, որուն բառերուն հեղինակն է Ներսեհ Լիպարեան, երաժշտական յօրինումը կատարած է Վահրամ Էմմիեան, իսկ մեկնաբանութիւնը` Գառնիկ Սարգիսեան (https://www.homenetmen.org/hy/centennial-anthem ):

Տարածենք