Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Հայկ Յովսէփեան բանակավայրը հիմնուած է 2010-ին, մայրաքաղաք Երեւանի Էրեբունի համայնքին անտառային մէկ հողաշերտին վրայ։ Հողաշերտը Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ին տրամադրուած է Հայաստանի կառավարութեան կողմէ, իսկ շինարարական աշխատանքները իրագործուած են վաղամեռիկ Հայկ Յովսէփեանի հարազատներն ու Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբայրները։

Հայկ Յովսէփեան մինչեւ իր կանխահաս մահը՝ 2004 թուական, եղած է նուիրեալ եւ գործունեայ Հ.Մ.Ը.Մ.ական, Արեւմտեան Մ. Նահանգներու մէջ։ Ան եղած է Շրջանային Վարչութեան անդամ եւ Նաւասարդեան խաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի պատասխանատու։ Եղբ. Հայկ Յովսէփեան յատուկ սէր եւ նուիրում ունեցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի հանդէպ, նաեւ հաւատք՝ միութեան երիտասարդ սերունդի դաստիարակութեան գործին։

Հայկ Յովսէփեան բանակավայրին բացումը կատարուած է 11 Յուլիս 2011-ին, հանդիսաւոր արարողութեամբ մը, որուն ներկայ գտնուած են Համաշխարհային Սկաուտական Շարժումի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի պատասխանատուներ։ Բացման հանդիսութեան յաջորդած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի քոյր մասնաճիւղերու առաջին բանակումը, մասնակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու եւ Իրանի Հայ Մշակութային Արարատ Կազմակերպութեան սկաուտներու։

2014-ին, Հայաստանի կառավարութիւնը բանակավայրին կողքի 3 հեկտար հողաշերտը եւս տրամադրած է Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ին, նոյն նպատակով օգտագործման համար։ Այնուհետեւ ծաւալած է շինարարական աշխատանք՝ բանակավայրը ընդարձակելու եւ բարեզարդելու համար։

Ընդարձակուած եւ բարեզարդուած բանակավայրին բացումը կատարուած է 30 Սեպտեմբեր 2015-ին, ներկայութեամբ հիւրերու, հրաւիրեալներու եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական պատասխանատուներու։