ՃԵՄԻԼ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

ՃԵՄԻԼ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

ՃԵՄԻԼ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

Եղբ. Ճեմիլ Սարգիսեան ծնած է Հալէպ, ընտանեկան համեստ յարկի մը տակ։ Փոքր տարիքէն ան անդամակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի տեղւոյն մասնաճիւղին եւ եղած է անոր սկաուտական փոքրաթիւ խումբի այն անդամներէն, որոնք կեանքի դժուարին պայմանները յաղթահարելով՝ տքնաջան աշխատանքով խտացուցած են միութեան շարքերը։

Եղբ. Ճեմիլ մեծապէս կարեւորելով իգական սեռի ներկայութիւնը ազգային կեանքին մէջ, կազմակերպչական լայն աշխատանք տարած է ստեղծելու համար Հալէպի արենուշական առաջին խումբը։ Իր շրջապատին վստահութիւնը շահելով, ան կազմակերպած է նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի արենոյշներու առաջին բանակումը։

Սկաուտականին առընթեր, եղբ. Ճեմիլ եղած է ֆութպոլի սիրահար մը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի ֆութպոլի առաջին խումբին անդամներէն մէկը։ Եղած է նաեւ ֆութպոլի հմուտ մարզիչ եւ փնտռուած իրաւարար։ Իբրեւ իրաւարար, ան երկար տարիներ ղեկավարած է Սուրիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները։

1968-ին, եղբ. Ճեմիլ ընտանիքին հետ կը փոխադրուի Լոս Անճելըս եւ անսակարկ նուիրումով կը ծառայէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լոս Անճելըսի նորաստեղծ մասնաճիւղին։ Այնուհետեւ, ան մեծ ներդրում կ’ունենայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան մարզախաղերու կազմակերպման առաջին քայլերուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սան Ֆեռնանտօ Հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղի հիմնադրութեան։

1984-ին, իբրեւ վեթերան Հ.Մ.Ը.Մ.ական, ան կը պարգեւատրուի միութեան «Ծառայութեան» շքանշանով։ 1993-ին կ’արժանանայ «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական»ի տիտղոսին։

Եղբ. Ճեմիլ կը մահանայ 1993-ին, իր ետին ձգելով անձնազոհ հայու եւ օրինակելի Հ.Մ.Ը.Մ.ականի բարի անուն։

Տարածենք