Թիւ 31 - «ԽԻՍՏ ԳՆԱՀԱՏԵԼԻ» (Հ.Մ.Ը.Մ.Ի Գ. ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքը յարգեց ժամադրութիւնը։

Արեւելքէն, արեւմուտքէն, հիւսիսէն ու հարաւէն օդանաւեր Աթէնք իջեցուցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի 55 մասնաճիւղերէն 53-ի՝ 60 ներկայացուցիչները։

Գումարուեցաւ երկարաշունչ ժողով. օրը 12 ժամ, յաջորդաբար 4 օր, 9 նիստով։

Քննուեցան տարուած աշխատանքները, լուծուեցան զանազան հարցեր, տրուեցան որոշումներ եւ եզրակացութիւ՞ն - պրաւօ՛։

Հոս, հակառակ քաղաքացիական պատերազմին, հոն, հակառակ հեռաւորութիւններու, այլ տեղ, հակառակ կղզիացման, ուրիշ անկիւն մը, հակառակ զանազան դժուարութիւններու, ուրեմն ամէնուրեք, Հ.Մ.Ը.Մ.շարժած է, քալա՛ծ։

Իրապէ՛ս։

Ո՞րն է մեծագոյն գնահատանքը-այն որ դուրսէ՞ն կու գայ, թէ այն որ եզրակացութիւնն է ներքին ու բո՛ւն մարդուն։

Հ.Մ.Ը.Մ.ինքն իրեն համար ԱՊՐԻՍ ըսաւ։

Խիստ, երբեմն անգութ ըլլալու չափ ծանր քննադատութիւններէ ետք Հ.Մ.Ը.Մ. գտաւ, որ շատ գործ տեսած է եւ մանաւանդ պարտի շատ աւելի ծանր յանձնառութիւններու ի սպաս դնել իր եռանդը։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի շրջանաւարտ Կեդրոնական Վարչութիւնը 110 մեքենագիր տեղեկագրով «սեղմ գիծերու մէջ» ներկայացուց իր քառամեայ գործունէութեան «ամփոփ» մէկ պատկերը։

Եթէ Շրջանային եւ Մեկուսի վարչութիւնները եւ մասնաճիւղերու վարչութիւնները եւս իրենց քառամեայ գործունէութեան տեղեկագիրը ուզէին կարդալ, միայն զանոնք ունկնդրելու համար տասնեակ օրերու կարիք պիտի զգացուէր։

Ու... ասիկա գո՛րծ է։

Մեր ժողովները սակայն յոբելենական հանդիսութիւններ չեն, որպէսզի բաւարարուին տարուած աշխատանքի գնահատումով, յոբելեարի գործունէութեան վերջակէտ դառնան թէկուզ երախտագէտ, շնորհապարտ եւ յարգալիր դափնեպսակի տուչութեամբ։

Տարուած աշխատանքին մէջ անպայման կը դրուի տարուելիք պարտականութեան ծանրութիւնն ու լրջութիւնը, յաջորդականութեան վճռակամութիւնը, եւ եթէ բանաձեւումը առաջին ակնարկով հաշուեփակ մըն է, խորքին մէջ սակայն նորին հետ կանխիկ պայմանագրութիւն մըն է։

Այս բանաձեւումո՛վ միայն կ’առնուի ԽԻՍՏ ԳՆԱՀԱՏԵԼԻ բանաձեւումը, զոր Հ.Մ.Ը.Մ. իր շրջանաւարտ Կեդրոնական Վարչութեան միջոցաւ քուէարկեց ինքն իրեն։

Այս բանաձեւումո՛վ միայն Հ.Մ.Ը.Մ. կը մնայ Հ.Մ.Ը.Մ., որ որքան յառաջանայ տարիքով, կ’երիտասարդանայ այնքան, որ որքան աշխատի, կ’աշխուժանայ այնքան, որ որքան գնահատուի, կը համեստանայ այնքան ու կը պրկէ ինքզինք նոր իրագործումներու պատրաստակամութեամբ։

«Խիստ գնահատելի» բանաձեւումը խստագոյն պահանջ է յառաջիկայ գործունէութեան համար։

Համագաղութային բնոյթ եւ տարողութիւն ստացած այս միութիւնը համագաղութային տարողութեամբ կարկին գործածելու յանձնառութեան տակ կը մնայ ամէն օր քիչ մը աւելի, ամէն օր քիչ մը տարբեր, ամէն օր քիչ մը կատարեալ։

Մանաւանդ որ խիստ գնահատելին նաեւ յոյսին կապուած գնահատանք է, ոչ միայն եղածին, այլեւ ըլլալիքին համար։

Բարեբախտաբար Հ.Մ.Ը.Մ. միշտ գիտցած է արժանի ըլլալ գուրգուրանքի եւ վստահութեան։

Հ.Մ.Ը.Մ.ը՝ խիստ գնահատելին։

Տարածենք