Թիւ 54 - ՔԱԼՈՒԱԾՔԸ

 

Երբ թմբուկները ճպոտներու ճարտար համազարկին տակ պատրա՛ստ կը ճչան, իրենք զիրենք թոյլ ձգած տղաքը, մեղուներէ խայթուած մարդոց պէս, անմիջապէս կը վազեն դէպի խումբը, կը գտնեն իրենց տեղը, կը շտկռտեն գօտի-փողկապ ու կը սպասեն փողերախումբի «քայլ առա՜ջ, օ՛ն»ին։

Մեծ դէպքի մը նախօրէին ծնող սպասումի լրջութեան մէջ, ժողովուրդը խոշոր բացուած աչքերով ակնդէտ կը հետեւի պատրաստութեան, ներքուստ իր կարգին պատրաստուելով, որ ընդունի, դիմաւորէ, դիտէ, դատէ, ըմբոշխնէ՜...

Մի՛շտ այսպէս սկսած են տողանցքները։

Փողերախումբէն առաջ կամ վերջ քալած են դրօշակները, իր ծամերը հոգին տուած սիրուն աղջկան մը գեղեցկութեամբ ցուցադրելով քաղաքացիական դրօշին հետ հայրենականը. ապա, փողերախումբէն ետք, անվերջ շարանը սկաուտներուն, արենոյշներուն, գայլիկներուն, մարզիկներուն՝ քալած է ինչպէս պատերազմէն յաղթական վերադարձած զինուոր։

Պատուոյ թրիպիւնին մէջ յոտնկայս բարեւի կեցած է օրուան ընտրանին, ու ժողովուրդը, ծովածաւալ ժողովուրդը յուզումէն շարժած է, ինչպէս ցորենի արտը կը շարժի հովի շոյանքին տակ։

Ծափահարութիւնը արագացուցած է սիրտերու զարկը, պարապին նետուած գետի նման։

Այսպէ՛ս սկսած են տողանցքները, ու այսպէ՛ս շարունակուած են անոնք դաշտերու վազքուղիին թէ պողոտաներու ընդմէջէն, առաւօտուն թէ գիշեր՝ ջահերը արեւու վերածած։

Փողերախումբը դղրդացուցած է հողը, դրօշը արթնցուցած է ի՜նչ կարօտ. սակայն այդ բոլորին մէջ տիրական մնացած է՝ քալուա՛ծքը։

Քալուածքը՝ համաչափ, արու, ճակատաբաց, դուրս ցցուած կուրծքով։

Քալուածքը՝ մէկ մարդու պէս, քալուածքը՝ հաւաքական կամք արտայայտող, քալուածքը, որ կը պոռայ. «մենք պատասխանն ենք կանչին»։ Մենք մէկի վերածուած ամբողջութիւն, հնազանդութիւն, հաւատարմութիւն ու կարգապահութիւն։

Քալուածքը, որ կրնայ քաղցրացնել կամ կարծրացնել նայուածքը։

Այսպէ՛ս եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի տողանցքը ու տողանցքին մէջ քալուածքը։

Քալուածքը, կեցուածքը, հագուածքը։

Բանակի մը համար կամ բանականալու ձգտում ճչացող համազգեստաւոր խումբի մը համար, քալուածքը ամէն ինչ է։ Ան է, քալուածքը, որ կը ցուցադրէ մինչեւ տողանցք եղած բաները՝ փորձերը, հաւաքական աշխատանքը, հանրութեան ներկայանալու պատասխանատուութեան զգացումը, քննութենէ անցնելու լրջութիւնը եւ խումբին միաձուլուած ըլլալու տենչալի իրողութիւնը։

Քալուածքը, կեցուածքը, հագուածքը։

Միայն գեղագիտական չէ նոյն տարազին որդեգրումը բանակի մը կողմէ եւ ոչ ալ միայն գործնական կամ տնտեսագիտական խնայողութեան հարց։ Ամէն բանէ առաջ անհատը խումբի վերածելու, խումբը մէկ անհատի պէս մտածել տալու եւ գործի մղելու դաստիարակչական համոզումն է, որ զայն՝ տարազը դարձուցած է պարտադիր։

Ճիշդ է, լաւ կամ գէշ քալուածքով չէ որ բանակ մը կը դառնայ զօրաւոր. բայց լաւ բանակ դառնալու համար, առ այդ նկարագիր տալու համար, անհրաժեշտ է եւ կարեւոր միջոց է քալուածքը։

Երբ բոլոր կրունկները միեւնոյն ուժգնութեամբ կ’իջնեն հողին, երբ բոլոր բռունցքները միեւնոյն հորիզոնականը կը գծեն ու բոլոր նայուածքները կը սեւեռին միեւնոյն կէտին, ա՛յդ է, այդ բանակը, կամքի միեւնոյն քուրային մէջ միաձուլուած, կրնայ հրաշքներ գործել։

Այդ իսկ պատճառաւ քալուածքը հիմնական նշանակութիւն ունի։

Իսկ Հ.Մ.Ը.Մ.ին համար, քալուածքը քալուածք ըլլալէ աւելի երթ է, երթ՝ արմատներէն մինչեւ արմատ։

Այս իսկ պատճառաւ, միշտ ուշադի՜ր քալուածքին.

Տողանցքի պահուն, համազգեստով թէ առանց համազգեստի, պա՜րզ փողոցով։

Մեր ե՜րթն է, որ պատմութիւն պիտի կերտէ...

Տարածենք