Թիւ 119 - 120 - ԿՈՐՈՒՍՏ, ԲԱՅՑ ՈՉ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄ (ԵՂԲ. ԺԻՐԱՅՐԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ԵՒ ՎԱՐԴԱՆԻ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ)

 

Սուգի մէջ է Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքը։

Գլուխը, անոր Գերագոյն Մարմինն է սադայէլական հարուածին թիրախը։

Կարծես երկփող հրացանէ մը յաջորդաբար արձակուած երկու գնդակի զոհ՝ երկու ամսուան ընթացքին իրարու ետեւէ ինկան դիտապաստ՝ Կեդրոնական Վարչութեան ամէնէն երիտասարդ, ամէնէն կենսունակ անդամներէն երկուքը՝ պատնէ՛շի վրայ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ուխտին հաւատարիմ։

Առաջինը՝ արուեստագէտ հոգի եւ համալսարանի ու կեանքի բովէն անցած կանխահաս իմաստուն՝ համերաշխութիւն եւ համագործակցութիւն սերմանելու ատակ, ծանրագոյն մարտերը մինչեւ ի կատար ածում համեմատաբար հետապնդելու ընդունակ։

Երկրորդը՝ ոտքին մէկը լուսոյ տաճարի սանդղամատին, միւսը մարզադաշտին վրայ հաստատ ու յաղթական. նժոյգի թամբին Սասունցի Դաւիթի երեւոյթով, համակ սէր ու եռանդ՝ աշխատանքի դժուարագոյնին յօժար, նուիրումի գերագոյնին պատրաստակամ։

Ժիրա՛յրը, որ երկար տարիներ խիզախօրէն պայքարեցաւ զինք վաղաժամօրէն պատուհասող նենգ հիւանդութեան դէմ, դիմակալեց դարմաններուն դաժանագոյնն ու վտանգաւորը, ընդունեց դեղերուն ամէնէն տհաճելիները՝ օր մը աւելի ապրելու, օր մը աւելի ծառայելու համար Հ.Մ.Ը.Մ.ին, իսկ մահուան սնարին մէջ շարունակեց ժպտիլ իր մեծ կազմակերպութեան դրօշին՝ ձեռքերուն մէջ զայն կրկին բարձրացնելու աննուաճ յոյսով ու հաւատքով։

Վարդա՛նը, արեւորդի մեր պապերուն շառաւիղ, ամէնէն ծաղկուն ու խանդավառ տարիքին, խորխոտաբար մէկդի հրեց երիտասարդութեան հրապուրիչ խոստումները, լսե՛ց հողին ու հայրենիքին կանչը, եւ 1920-ին Հայաստանի պատարագ իր նման անձնազոհ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու օրինակով՝ չսակարկե՛ց իր արիւնը, փրկելու համար Արցախը, եւ ինկա՛ւ հերոսաբար, Ղարաբաղի մռայլ բարձունքներուն վրայ, ազատութեան աստուածներուն լուսեղէն համբոյրը ճակատին։

Խորունկ է մեր վիշտը, այնքան խորունկ, որ ժողովրդական երգի փշաքաղիչ պատկերացումով՝ «Դանակ զարնես արիւն չ’ելլեր սրտիս խորքիցը»։

Հպարտութիւն մը, սակայն, տակաւ կը բերէ ամոքիչ բալասան եւ լուսածուփ մխիթարութիւն մեր հոգիներուն։

Ժիրայր՝  պարտականութիւնը դասեց կեանքէն վեր։

Վարդան երիտասարդ իր կեանքը ողջակիզեց գաղափարի եւ հայրենիքի բագինին վրայ։

Եւ այսպէս, մէկը Սփիւռքի, միւսը հայրենիքի զաւակ ձեռք-ձեռքի, կարծես խորհրդանշելով որ նպատակի ճամբուն վրայ են ու անբաժան՝ հեռացա՛ն ու քալեցին եդեմական լոյսերու մէջ։

Ի՛նչ վեհ ներշնչարան։

Ի՛նչ զուլալ աղբիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ի հաւաքական յիշողութեան համար։

Այսօր շանթահար ու ճղակոտոր՝ Կեդրոնական Վարչութիւնը վաղը կþամբողջացնէ իր կազմը հաւատաւոր ու զոհաբեր նոր անդամներով։

Պահ մը սահմռկած, ցաւէն անշարժացած Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերը վաղը կը շարժին կրկին։ Քոյր-եղբայր ձեռք ձեռքի եւ ալիք առ ալիք կը շարունակեն սրբազան գործը՝ Ժիրայրին եւ Վարդանին օրինակով, ի շահ հայ երիտասարդութեան եւ հայ ժողովուրդին, ի փառս հայրենիքին՝ Հայաստանին։

«Յառա՜ջ, նահատակ ցեղի անմահներ»…

 

Տարածենք