Թիւ 418-419 - ՓՐԿԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԿՈՐՍՈՒԱԾ, ՉԱՊՐՈՒԱԾ ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ

 

Պատերազմը միայն հակառակորդ ուժերու կռիւ չէ, ուր մարդիկ կը զոհուին կամ կը վիրաւորուին մարտի դաշտին վրայ։ Պատերազմը նաեւ կորսուած, չապրուած մանկութիւն է։ Երեխաներ են, որոնք իրենց վտիտ ուսերուն շալկած են պատերազմի ամբողջ ծանրութիւնն ու դաժանութիւնը։

Շատեր կորսնցուցած են տուն-տեղ, դարձած են անօթեւան։ Ուրիշներ ապրած են պատերազմին սարսափելի արհաւիրքը, ներկայ եղած են մահուան անկուշտ խրախճանքին, կորսնցուցած են ընտանիքի անդամներ՝ հայր, մայր, երբեմն երկո՛ւքը եւ դարձած են որբ ու անպաշտպան։

Շատ-շատեր դարձած են գաղթական, կտրուած են իրենց հարազատներէն, դասընկերներէն, քաղաքէն, քաղաքացիներէն եւ այն ապահով միջավայրէն, որ անհոգ մանկութիւն մը պիտի պարգեւէր իրենց։
Կան նաեւ անոնք, որոնք զրկուած են կրթութեան, խնամքի եւ առողջապահութեան տարրական իրաւունքներէն, ընկերային-հոգեբանական ամէն ձեւի աջակցութենէ, ինչ որ մարդկային բնական զարգացում մը պիտի ապահովէր իրենց։

Անողոք եւ դաժան է պատերազմը, յատկապէս մանուկներու համար, որոնց գլխաւոր խաղալիքը պարապ փամփուշտներն են, լաւագոյն խրատը՝ անծանօթ իրերը եւ մանաւանդ կանաչ գոյնով երկաթները չձեռնելը, իսկ մեծագոյն ուրախութիւնը՝ մօտը ինկած, բայց չպայթած ռումբը, որուն համար դողդոջ շրթներ հազար փառք կու տան Աստուծոյ…

Պատերազմը մանուկներու աչքերուն մէջ թանձրացող տխրութիւնն է եւ տարիքէն կանուխ հասուննալու դժբախտութիւնն է։

Հակառակը կարելի չէ պնդել, որովհետեւ Արցախեան պատերազմը լաւագոյն ապացոյցն է այս ցաւալի իրականութեան։

Այլապէս, ի՞նչ ըսել այն հազարաւոր աշակերտներուն, որոնք ազերի-թուրքին բարբարոսութեան պատճառով զրկուեցան դպրոց յաճախելու կարելիութենէ։ Ի՞նչ ըսել այն բազմատասնեակ երեխաներուն, որոնց ժպիտները աստղեր դարձան երկինքի մէջ, երբ երկրի վրայ անոնք մնացին անհասցէ։

Թշնամին ծանր հարուած հասցուց կրթական 85 հաստատութիւններու։ Մասամբ կամ ամբողջովին քանդեց հարիւրաւոր բնակարաններ, հաւատքի տուներ, հիւանդանոցներ, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան կեդրոններ։ Սպաննեց ու վիրաւորեց հազարաւորներ, հաշմանդամ դարձուց հարիւրաւորներ, մտքով ու հոգիով խոցեց ամբողջ ժողովուրդ մը, որուն հայրերուն գլխաւոր մաղթանքն էր՝ «Մեր զաւակները մեր տեսածը չտեսնեն»։ Բայց, զաւակները տեսան, թոռնե՛րն ալ տեսան… չտեսնուա՜ծը։

Իսկ ո՞ւր են իրենք զիրենք մարդկային իրաւունքներու ներկայացուցիչներ, ժողովրդավարութեան, խաղաղութեան եւ մանուկներու պաշտպան հռչակած ընկերակցութիւնները։ Ինչո՞ւ լուռ են հանրային կարծիքն ու միջազգային ընտանիքը, որոնք շատ աւելի մտահոգ են… Ամազոնի անտառային հրդեհներով եւ Աւստրալիոյ քոալաներու կորուստով, քան՝ ամբողջ ժողովուրդի մը ճակատագիրով եւ համաշխարհային քաղաքակրթութիւնը հարստացուցած անոր դարաւոր արժէքներով։

«Մենակ ենք եւ պէտք է ապաւինենք միա՛յն մեր ուժերին» պատգամը՝ անկրկնելի Արամ Մանուկեանի բառերով, այսօր, աւելի քան երբեք, թելադրական է ու այժմէական։

Արցախի մանուկներուն, ինչպէս մեծահասակներուն կարիքներուն հասնիլը համազգային պարտաւորութիւն է։ Մեր պետութեան եւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններուն պարտքն ու պատասխանատուութիւնն է։
Հ.Մ.Ը.Մ., իբրեւ հայ իրականութեան մարմնակրթական մեծագոյն միութիւն, Արցախեան պատերազմի առաջին օրէն լծուեցաւ տենդագին աշխատանքի, Հայաստան ապաստանած գաղթականներուն կարիքները հոգալու եւ անոնց մատղաշ պատանիներուն ընկերային-դաստիարակչական ծրագիրներ ներկայացնելու համար։ Գործը, իբրեւ հիմնական առաջնահերթութիւն, այսուհետեւ պիտի շարունակուի նոր թափով՝ ընդգրկելու համար շատ աւելի լայն շերտեր, գոհացնելու համար շատ աւելի լայն կարիքներ, Հայաստանի թէ Արցախի մէջ։

Հ.Մ.Ը.Մ. բոլոր միջոցներով պատրաստ է իր առաջադրած նպատակը մինչեւ վերջ իրագործելու, շնորհիւ Հայաստանի իր միաւորին՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի ժրաջան աշխատանքին եւ աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերու նիւթաբարոյական անսակարկ աջակցութեան, որպէսզի արցախցի հայրենազուրկ մանուկը օր առաջ ճակատէն սրբէ պարտութեան դառնութիւնը, թօթափէ վիշտի ու կարեկցութեան ամօթը եւ ապրի արժանապատիւ կեանքով ու մանկութեամբ, իր բոլոր երազները իրականութիւն դարձնելու անպարտելի կամքով։

Վերականգնեալ ու վերածաղկեալ Արցախ մը ունենալու իր ու բոլորի՛ս արդար իրաւունքով։

Տարածենք