Թիւ 75 - ԱՌԱՋԻՆ ԿԵՆԱՑ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի եօթանասունամեայ վաստակին դիմաց, բնական է, որ վաստակը վաստակ ընող ընտրեալներու ցանկը պատրաստուի եւ իւրաքանչիւրին համար առաջարկուի առնուազն բաժակ մը կարմիր գինի, քամուած՝ մեր հայրենի դաշտերէն։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի եօթանասունամեայ մեծղի Գործին ի տես, երիցս արդար է, որ Գործաւորին՝ ալէլուիա, քրտինքին՝ ողջոյն, հեւքին՝ միւռոն, ու Հայաստան Աշխարհին՝ ցնծութեան յաղթերգ ձօնուի։

Ու առաջին բաժակը, ահա, Կեանքի՛ն համար, որ մեր հեթանոս օրերուն Ոսկեմայր Անահիտ կը կոչուէր, Չաստուածուհի՜ն, որուն տեղ Աստուածամայրը բերինք եւ որոնց առաքինութիւններով ծնաւ նորը, որ պարզապէս Հայուհի՜ կոչուեցաւ, այնքան համաչափօրէ՛ն։

Առաջին բաժակը, ուրեմն, կենացը Մայր ծնողի՛ն։

Այսինքն անոր՝ որ չգնաց, ղրկեց, չերեւցաւ, ցուցադրեց, ի հարկին նսեմացաւ՝ բարձրացնելու համար, մեռաւ՝ գոյատեւելու սիրոյն, փառաւորուեցաւ պատուախնդրութեան մէջ, անմահացաւ՝ որովհետեւ Շունչն էր Աստուծոյ ու դարձաւ հող հայրենի։

Հայուհի՛ն։

Օ՜, երբ կը խօսինք մեր կիներու մասին, անպայման կը յիշենք Նուարդէն մինչեւ «տիկնայք փափկասունք հայոց աշխարհի»ն, Թագուհի Փառանձեմէն մինչեւ Սրբուհիները քառասուն Հռիփսիմէ, Սօսէ Մայրիկէն՝ միւսնե՛րը, որոնք լեռներէն իրենք զիրենք վար նետեցին, որ շարունակեն հայօրէն անմահանալ։

Ու միշտ ալ հայուհին վերածնաւ Հայաստանի ծերպերուն վրայ ջախջախուած երգէն, հայրենի վէրքէն.-

- Հայ տիկինը ստիպում էր ամուսնոյն գնալ...

***

Այժմ եօթանասունամեակ ու Հ.Մ.Ը.Մ.։

Լռիկ-մնջիկ ինչքա՜ն մրջնիկ ուեցանք մենք։ Կայտառ ու արի՝ որքա՜ն աստիճանաւորուհի։

Մեր խմբապետուհիները, երբ բարեւի կեցան մեր դրօշին, կամ երբ առաջնորդեցին աղջիկներու խումբերը տողանցքներուն ու բարեւի կեցան թրիպիւններուն առջեւ, թուեցաւ, որ դիւցազնանուէր արձաններ կենդանացան։

Իր զաւակը պաշտպանող արու ինքնավստահութիւն կար մեր խմբապետուհիներու նայուածքին մէջ, նազանքին մէջ։ Կնոջ պատուախնդիր ազատութիւնը կար մեր խմբապետուհիներու կեցուածքին մէջ։

Ու անոնք, մեր արենոյշ-արծուիկները աղը եղան դաշտին, ու եղան Արեւելքի կնոջ խաւարակոյր լաչակը պատռող ինքնավստահ առաջիններէն։

Հապա՞ մեր աղջիկներէն ու կիներէն անոնք՝ որոնք տարազաւոր ըլլալու բախտը կամ առիթը չունեցան, եւ որոնք պարզապէս զաւակ մեծցուցին տան մէջ, գրկեցին չոր պատերը, երբ իրենց ամուսինները կամ եղբայրները ժողովի գացին, միութենական գործով դուրս ելան, երբեմն մինակ ձգելով մինչեւ անգամ նոր հարսը, հարսնութեան քողը վրան...

Մեր հարսները սպասեցին, որ ժողովները վերջանան, ձեռնարկները հասնին իրենց աւարտին, որ փեսան տուն դառնայ, որ տան հայրը կրթէ իր առջինեկը, որ ազգի գործին տուած ժամանակին աւելցածով՝ նայի տան գործին։

Ո՞վ չի գիտեր, որ իրաւ հայուհին մի՛շտ ալ կեանքի երկու ընկեր ունեցաւ, մէկը իր ճակտի զարդը, մարդը, միւսը՝ իր ու իր ամուսնոյն հոգին՝ ազգն ու գործը ազգին։

Ու անկարելի է թւումներու շարքին չյիշել մատիտ դարձած այն մատները, որոնք օրին զաւակը գրատախտակ ըրին, որ ծնին նո՛ր Մեսրոպներ, եւ անոնք, որոնք այսօր գրատախտակ դարձան, որպէսզի իրենց կեանքի ընկերը բաժին մնայ ազգին։

Այսպէս, շատ այլ միութիւններու կարգին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի փառապսակը մնացին մեր կիներն ու քոյրերը, մեր մայրերը, որոնք, արեւու պէս, եթէ նոյնիսկ ու մանաւա՛նդ պահուած մնացին ամպերու ետին, իրենք, միայն իրե՛նք լոյս ու տաքութիւն տուին։

Փա՜ռք մեր կիներուն, քոյրերուն, փա՜ռք մեր մայրերուն։ Տան ու ազգի սիւներուն։

Առաջի՛ն կենաց։

Տարածենք