Թիւ 413 - ՆՈՐ ԷՋ
(Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ Ա. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

 

Ամէն ինչ սկիզբ ու վերջ ունի։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի համար սկիզբը 1918 թուականն է։ Վերջը… հեռաւո՜ր ապագայի հարց կը թուի ըլլալ, այնքան ատեն որ մարմնակրթական այս մեծ միութիւնը գիտէ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս ինքզինք վերանորոգել, թարմացնել ու կատարելագործել։

Միութեան 100-ամեակը կանխած համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերն ու բանակումը, իրենց մասնակիցներու թիւով եւ կազմակերպման յաջողութեամբ, փաստը տուին, որ ինչքա՜ն առողջ եւ կայտառ են Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզական թէ սկաուտական թեւերը։ Անոնք կը գործեն ժամանակի պահանջներով, տեւաբար կը ձգտին լաւին ու լաւագոյնին, հետեւաբար անոնց շարքերը կը մնան ստուար ու խիտ։

Նորերը անդադար կու գան Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքեր, մինչ հիները բնական կարգով իրենց տեղերը կը զիջին նորերուն, բայց… հանգիստ չեն ճանչնար։ Չե՛ն կրնար ճանչնալ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ական իրենց դաստիարակութեամբ ու կազմաւորումով, որովհետեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ականութիւնը միութենականութիւն ըլլալէ առաջ կեանքի ձեւ է, ոճ է, առօրեայ ապրում եւ տագնապ է։ Իսկ այդ բոլորը տարիք ու ժամանակ չեն ճանչնար, սկիզբ ու վերջ չունին։

Հետեւաբար, մարտահրաւէրը, զոր երկար ժամանակէ ի վեր կը ներկայանար միութեան դիմաց, այն էր թէ՝ ի՞նչ ընել եւ ի՞նչպէս ընել, որ սկաուտական թէ մարզական շարքերուն հրաժեշտ տուող եւ աշխատանքի խանդ ու եռանդ ունեցող երիտասարդ-երիտասարդուհիները, մինչեւ անդամական-վարչական գործունէութեան ծաւալում, մնա՛ն միութեան մէջ, գործեն իրենց նմաններուն հետ եւ ազգային առողջ մթնոլորտի մէջ պատրաստուին վաղուան մեր կեանքին։

Մտահոգութիւնը նոր չէր, լուծումն էր նոր։ Լուծումը եկաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 10-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին, որ միութեան զարգացման ռազմավարական ծրագիրը մշակելով՝ առաջադրեց միութեան մէջ ստեղծումը երիտասարդական բաժանմունքի մը, որուն մաս կազմեն 18-30 տարեկան Հ.Մ.Ը.Մ.ական տղաք ու աղջիկներ։ Հսկայական ներուժ, որ երբեմն պիտի չուզէր այլ միութիւններու անդամակցիլ, ջերմ համակիր մը մնալով հանդերձ այդ միութիւններուն։

Առաջադրանքը լայն հող գտաւ նախ Արեւմտեան Մ. Նահանգներու մէջ, ուր ատեն մը փորձարկուելէ ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը կազմակերպեց Աթէնքի երիտասարդական առաջին համագումարը, նպատակ ունենալով.-
- Երիտասարդական բաժանմունքի սկզբնական փորձառութիւնը գնահատել եւ որոշ պատշաճեցումներով այլ շրջաններուն օրինակ ծառայեցնել։
- Երիտասարդութիւնը յուզող օրուան հարցերուն եւ մտահոգութիւններուն շուրջ Հ.Մ.Ը.Մ.ական երկխօսութիւն ծաւալել։
- Հ.Մ.Ը.Մ.ի 12-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովի նախօրեակին, երիտասարդութեան ձայնը երիտասարդներո՛ւ ճամբով միութեան գերագոյն ժողովին հասցնել։

Երիտասարդական համագումարը տեղի ունեցաւ միութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններէն անմիջապէս ետք եւ նշեց միութեան երկրորդ 100-ամեակի առաջին գործնական քայլը՝ աշխատանքի նոր հորիզոններ բանալու անոր 24 շրջաններուն դիմաց։

Համագումարը յաջողութեամբ պսակուեցաւ, որովհետեւ ան բաւարարեց տարիներու կարիք մը եւ նոր էջ բացաւ միութեան արդի պատմութեան մէջ՝ աշխատանքի յաւելեալ դաշտ մը ստեղծելով բոլորին համար։

Երիտասարդական Ա. համագումարին մասնակիցները առաջին անգամ ըլլալով քով-քովի եկան, իրարու փորձառութիւններ բաժնեկցեցան եւ ազգային թէ միութենական հարցերու շուրջ տեսակէտներ փոխանակեցին։ Այսպէս, աշխարհագրական, քաղաքակրթական եւ լեզուական պատուարները փուլ եկան եւ միութենական միեւնոյն դրօշին տակ համախմբուած տղաք ու աղջիկներ, իրենց իւրայատկութիւնները պահելով հանդերձ, մտածեցին, տագնապեցան ու արտայայտուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ական խոր համոզումներով եւ արդար սպասումներով։ Անոնց ելոյթներէն ի յայտ եկաւ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ականութիւնը ժառանգական կապ մը չէ իրենց համար, ո՛չ ալ ծնողական կամ բարեկամական թելադրութեան մը արտայայտութիւնն է։ Այդ բոլորէն առաջ ու վե՛ր, ան հաւատարմութիւն է մեր ինքնութեան, կապուածութիւն է այն բոլոր արժէքներուն, որոնք 100-ամեայ այս միութեան բարոյական անաղարտ դիմագիծը կը կազմեն եւ տիպար միութենականի արժանիքները կը բնորոշեն։

Համագումարին մեծ եղաւ երիտասարդութեան սպասումը միութեան պատասխանատուներէն՝ աւելի հզօր, աւելի տարածուն եւ աւելի ժամանակակից Հ.Մ.Ը.Մ. մը ունենալու։ Փոխադարձաբար, քիչ չեղան պատասխանատուներու ակնկալութիւնները երիտասարդներէն՝ մեր կեանքին մէջ աճող ներկայութիւն դառնալու, յատուկ դերակատարութիւն ստանձնելու եւ հայութեան հաւաքական երթին գործօն ու գիտակից մասնակցութիւն բերելու իմաստով։

Երիտասարդական առաջին համագումարը յաջողեցաւ միութեան երիտասարդ ներկայացուցիչները քանի մը օրով դուրս բերել իրենց համայնքներու տեղական-տեղայնական հոգերէն եւ անոնց դէմ պարզեց, իբրեւ հաւաքական մէ՛կ ամբողջութիւն, համահայկական մտահոգութիւններով գործելու ուղին։ Մէկ կողմէ ան սփիւռքեան զանազան միաւորներու միջեւ համագործակցութիւնը շեշտեց, իսկ միւս կողմէ՝ Սփիւռք-Հայաստան փորձառութիւններու փոխանակման պահանջը ներկայացուց։

Համագումարը միայն միութիւնը հետաքրքրող հարցեր չարծարծեց։ Օրակարգի բազմակողմանի քննարկման նիւթ դարձուց մերօրեայ երիտասարդութիւնը յուզող բոլո՛ր հարցերը՝ տեւաբար ընդգծելով ազգայինին կառչելու եւ միջազգայինին բացուելու անհրաժեշտութիւնը։ Քննարկուեցան ազգային ինքնութեան տագնապն ու կրկնակ պատկանելիութեան հարցը, տեղեկատուական արհեստագիտութեան կապուած մտահոգութիւններն ու հայեցի դաստիարակութեան խնդիրները, հասնելու համար մինչեւ միութեան երկրորդ 100-ամեակի մարտահրաւէրներուն եւ երիտասարդական աւելի լայն շրջանակներու բացուելու հրամայականին։

Իր տեսակին մէջ առաջինը ըլլալով հանդերձ, համագումարը երիտասարդական մթնոլորտի իր անկեղծութեամբ, անմիջականութեամբ եւ հարազատութեամբ ուսանելի բազմաթիւ դասեր փոխանցեց միութեան պատասխանատուներուն։ Միաժամանակ, ան նորագոյն փաստը տուաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կենսունակութեան։ Անուրանալի ա՛յն իրականութեան, որ հակառակ 100-ամեայ իր տարիքին, այս միութիւնը գիտէ իր շարունակականութիւնը ապահովող ուժին ինչպէ՛ս գուրգուրալ։ Գիտէ տեւաբար վերանորոգուիլ ու զարգանալ՝ ապագայի իր քայլերը այժմէն առաջնորդելով դէպի նորանոր 100-ամեակներ։

Տարածենք