Թիւ 285-286 - ՎԱԽԿՈՏՈՒԹԻՒՆ

 

Վախկոտ մարդը վանողական է։ Կասկածամիտ մարդը համակրելի չէ։ Վախկոտ ու վարանոտ մարդոց գործ չի վստահուիր։

Վախկոտ մարդը չի կրնար կեանքին մէջ յաջողութիւն յուսալ։ Ով որ իր մէջ հաւատք չունի, համարձակութիւնն ու վճռականութիւնը կը պակսի իրեն, եւ միշտ հաւաստիք ու յաջողութիւն կը փնտռէ իր ձեռնարկներուն յաջողութեան համար, կը ձախողի։

Բնական օրէնք է աշխարհի մէջ, որ մարդիկ կը հաւատան ու կը վստահին անոնց, որոնք ինքնավստա՛հ են, բան մը ընելու եւ յաջողցնելու քաջութիւնը ունին։

Քաջութիւնը, արդարեւ, առաքինութիւն է։ Քաջութիւն պէտք է սեփական կարծիքներ ունենալու եւ զանոնք արտայայտելու համար։ Քաջութիւն պէտք է համբերելու եւ յարատեւելու համար։

Քաջութիւն պէտք է հաւատարիմ ըլլալու եւ մնալու համար։

Միութենականի կոչումը արժեցնելու, անոր իտէալն ու նպատակը իրագործելու համար, նկարագիրի ու բարոյականի մեծութեան կողքին՝ քաջութիւն պէտք է։

Հետեւաբար, մեծ իտէալներու եւ կարեւոր որոշումներու հետապնդման պարագային, ուր վճռականութիւն եւ քաջութիւն պէտք է, երկդիմի եւ վախկոտ նկարագիրով մարդիկ տեղ չունին։ Անոնց տեղ պարտին գրաւել վճռական ու համարձակ մարդիկ, որպէսզի քաոս չստեղծուի եւ ժողովուրդներ կամ հաւաքականութիւններ անել կացութիւններու չմատնուին։

Թուլութիւնը եւ վախկոտութիւնը յաջողութեան ճամբուն արգելքներ են, զորս պէտք է յաղթահարել։ Յաջողութեան հասնելու համար նախապայման է, ինչպէս քաջութիւնը, նաեւ՝ յանդգնութիւնը։ «Յանդգնութիւն, առաւե՛լ յանդգնութիւն, մի՛շտ յանդգնութիւն», պիտի ըսէր Տանթոն։ Յանդգնութիւն ամէն տեղ, ամէն ատեն, ամէն առիթի։

Ան որ իր նպատակներուն մէջ յաջողելու համար յարմար եւ ապահով պայմաններ կը սպասէ եւ չի յանդգնիր նետուի՛լ, նախաձեռնե՛լ, հազուադէպօրէն կը յաջողի։

Յաջողութեան մեծագոյն թշնամին վախկոտութիւնն է, որ յաճախ կը վերածուի հիւանդութեան։

Վախկոտ անձերն ու հաւաքականութիւնները միշտ կը կասկածին իրենց ուժին վրայ եւ կը վարանին ճակատագրական պահերու վճռական որոշումներ տալու եւ գործադրելու։

Վախն է, որ տրամաբանութեան եւ ձեռներէցութեան արգելք կը հանդիսանայ, մարդոց մտքի պայծառութիւնը կը մթագնէ եւ զանոնք աշխատանքէ կը դադրեցնէ։ Մարդիկ եթէ կարողանան վախի ազդեցութենէ ձերբազատիլ եւ ինքնամփոփուիլ, այն ատեն միտքը կþաշխատի եւ որեւէ ձեւով ճամբայ մը կը գտնեն դժուարութիւններէ դուրս գալու համար։

Վախը մարդը ստրուկը կը դարձէ ուրիշներու։ Ինքնավստահութեան պակասէ՛ յառաջ կու գայ վախը։ Անոր կը յաջորդեն ձախողութիւնն ու ստրկութիւնը։

Կասկածն ու վախը նկարագիրի տկարութիւն են։

Ի զուր չէ ըսուած, թէ մարդուն մեծագոյն թշնամին կասկածամտութիւնն է։ Ինքզինք միշտ թշնամիներով շրջապատուած զգալը վախ կը պատճառէ, կը ջլատէ մարդը եւ անոր յաջողութեան ու երջանկութեան արգելք կը հանդիսանայ։

Ճիշդը, ակնկալուածը հակառակն է։ Սեփական կարողութեան եւ ուժին գիտակցութիւնը ունենալն է, անոր վստահիլն է։ Կարեւոր է չընկրկիլ դժուարութիւններէ եւ ձախողութիւններէ, այլ՝ տեւաբար նախաձեռնել, ասպարէզ նետուիլ, փորձել եւ յաջողութիւնը անպայմա՛ն կը գտնէ մեզ։

Տարածենք