Թիւ 7 - ԲՈԼՈՐԻՆ ԴԷՄ

 

Մարդուն գոյութենէն ի վեր դարերուն իւրաքանչիւրը արձանագրեց ողբերգութիւն մը։

Վերջինը՝ քսաներորդ դարը, տուաւ երկու ընդհանուր պատերազմ եւ անոնց միջանկեալ քանի մը տարին աշխարհը պահեց պաղ պատերազմի մէջ, երրորդ ընդհանուր պատերազմի սարսափով։

Հոս՝ կրակներու մէջ, հոն՝ արեան հեղեղի, այլ տեղ մը՝ ռումբերու անձրեւին, ամէն տեղ սպառնալիքի մը տակ մնաց մարդկութիւնը։

Գիտութիւնը բռնեց քանի մը տասնեակ թոն երկաթ ու նետեց լուսին։

Այս յաջողութիւնը սփոփանք չբերաւ։

Պատկերասփիւռը աշխարհը կապեց աշխարհին։

Հոգիներու մէջ սակայն բան չփոխուեցաւ։

Խլիրդէն աւելի անպարտելի, մարդուն մէջ մնաց, շարունակեց բոյն շինել ջարդասէր մանրէն։

Այս եղաւ այս դարը։ Անցածներուն պէս։

Այս եղաւ մեր դարը։ Գալիքը պիտի կրնա՞յ չնմանիլ ծնողին։

Խաղաղութեան եւ բարեկամութեան համամարդկային բոլոր ճիգերը ցարդ ընկոյզի կեղեւ իսկ չլեցուցին։

Ո՞վ երգ լսեց եւ հրաժարեցաւ վատութենէ։

Ո՞վ եկեղեցիէն ելաւ, բայց անմիջապէս չնմանեցաւ դուրսին։

Ո՞վ բարութեան ուժեղ կոչը կարդաց, բայց չքուէարկեց վատութեան։

Արուեստը ի՜նչ չափով կրցաւ բարոյական ներշնչել մարդկութեան։

Վերջինը եղաւ ողիմպիական խաղերուն դէմ սարքուած խաղը։

Այսօր Ամերիկան պոյքոթի ենթարկեց Մոսկուան, վաղը Մոսկուան կրնայ պոյքոթի ենթարկել Ամերիկան այնպէս, ինչպէս նախորդ ողիմպիական խաղերուն ալ «բացակայութեամբ ներկայ»ներ գտնուեցան։

Մեզի համար բացականերու «պատճառաբանութիւնները» իմաստ չունին որեւէ՛ պարագայի։

Կրնան անոնք յարգելի ալ ըլլալ, բայց չեն կրնար տեղին նկատուիլ, երբ կը հարկադրուին արուեստին, ողիմպիականին, կրօնին ու մարդկութեան դէմ որեւէ դրական շարժումի։

Փոխվրէժը նաեւ իր սահմանները ունի։ Բայց չարութեան մանրէն սահման չի ճանչնար ու յստակ է, որ արար աշխարհ բռնուած է այդ ախտէն։

Եթէ իմաստ ունի մեր խօսքը մեծերուն համար (կը տարակուսինք), ըլլալիքը պարզ է, աջը իրեն դէմ կրնայ նկատել ըսուածը, ձախը կրնայ նոյնը մտածել։

Մինչ, այս պարագային, մենք աջին ալ դէմ ենք, ձախին ալ։

Այլապէս աջին ալ հետն ենք, ձախին ալ։

Կողմ ճշդելու համար մէ՛կ պայման ունինք, յարգուին սահմանները։ Հաշտուած ենք այն իրողութեան հետ, որ մրցակցութիւնը չի կրնար չշարունակուիլ։ Սակայն բարութեան եւ իմաստութեան զոհերը պէտք է մնան անհուպ։

Արուեստը, մարզական շարժումը, բարեսիրական կազմակերպութիւններու բարի ներկայութիւնը պէտք չէ խնդրոյ առարկայ դառնան որեւէ պատճառաւ, ոեւէ մէկուն կողմէ, որեւէ ժամանակ։

Այլապէս մարդկութեան վտիտ յոյսերը եւս կը տժգունին. այլապէս մարդկութիւնը բաց պատուհան չþունենար շնչելու համար։

Ռումբերու տէրերը ազատ են անոնց գործածութեան դաշտը ճշդելու տեսակէտէն, սակայն ա՛յս դաշտերէն ներս պէտք չէ մուտք գործեն անոնք. ասիկա չէզոք գօտի է. ասիկա կը պատկանի միւսներուն, անոնց, որոնք կը հաւատան համամարդկայինին։

Ողիմպիականի պատմութիւնը միայն ցաւով պիտի արձանագրէ բացակայութիւնները եւ ոչ մէկ պատճառաբանութիւն բանաւոր պիտի արձանագրէ այդ բացակայութիւններուն առջեւ։

Ահա թէ ինչու դէմ ենք բոլոր անոնց, որոնք եղբայրութեան դաշտերը կը լքեն, թէկուզ այլ եղբայրութիւններու պատրուակով։

Տարածենք