Թիւ 67-68 - ԵԶՐԱՓԱԿՈՒՄ

 

Իր համագաղութային կառոյց եւ հետեւաբար տարողութիւն ստանալէն ի վեր, Հ.Մ.Ը.Մ. գումարած է Պատգամաւորական չորս Ընդհ. Ժողովներ։

Առաջին Պատգամաւորական Ընդհ. Ժողովը կայացաւ Դեկտեմբեր 1974-ին Պէյրութի մէջ, եւ բնականաբար նկատուեցաւ ՀԻՄՆԱԴԻՐ ժողով։

Երկրորդ Պատգամաւորական Ընդհ. Ժողովը կայացաւ Կիպրոսի մէջ, 1976-ին, եւ հոս առաջին անգամ ըլլալով Կեդրոնական Վարչութիւն մը որպէս այդպիսին միութեան ներկայացուցիչներուն զեկուցեց, ՀԱՇԻՒ ՏՈՒԱՒ իր գործունէութեան շուրջ։

Երրորդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովը կայացաւ 1983-ին եւ վերջինը՝ 1987-ին, երկուքն ալ Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի մէջ։

Իւրաքանչիւր Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողով ունեցաւ իր ինքնուրոյնութիւնը, մասնայատկութիւնը, կնիքը, դրոշմը. իւրաքանչիւր Ընդհ. Ժողով առիթ եղաւ, որ համագաղութային կառոյց ստացած այս միութիւնը ինքզինք վերանորոգէ եւ նորանոր պարտաւորութիւններ ստեղծէ՝ իր ուսերուն բառնալու համար զանոնք, ի անվերջ ծառայութիւն հայ երիտասարդութեան առողջ կազմաւորման։

Ու ամէն անգամ որ Կեդրոնական Վարչութեան մը կանոնագրով նախատեսուած ժամանակաշրջանը աւարտեցաւ, ան քառամեայ տեղեկագրով իր նիւթաբարոյական գործունէութեան հաշիւը ներկայացուց զինք ընտրող, հետեւաբար իրմէ բարձր Մարմնին, որ այս պարագային նաեւ միութեան Գերագոյն Մարմինն է, եւ այս առիթով անպայման չբաւարարուեցաւ եղածը տեղեկագրելով, այլ եւ գալիքի հաշուոյն իր պատկերացումը գծեց, փորձառութիւնը խտացուց, երեւոյթ մը ընդգծեց եւ մանաւանդ՝ պատգամ մը բանաձեւեց։

Այս մէկը՝ «եզրափակում»ը շրջանաւարտ Կեդրոնական Վարչութեան քառամեայ տեղեկագիրի վերջին գլուխն է։

Իր ձեւին մէջ թերեւս զգացական թուող, խորքին մէջ եւ էապէս հաշուըուած, ձեւուած, տրամաբանական հաստատում-ահազանգ-խոստում է այս մէկը, զոր անվարան կարելի է նկատել տեսակ մը հաւատամք։

Նոր օրերու մնայուն ու անփոփոխ հասկացողութիւն։

Ու մինչ այս մէկը եզրափակումն է Հ.Մ.Ը.Մ.ի շրջանաւարտ վարչութեան մը, կրնայ եւ այս եզրափակումը որպէս գործի ՆԱԽԱԲԱՆ նկատուիլ Հ.Մ.Ը.Մ.ի որեւէ նորընտիր վարչութեան։

Վերջին հաշուով Հ.Մ.Ը.Մ. յաջորդականութիւն մըն է արդէն որպէս ձգտում, օրէնք, հասկացողութիւն, ապրում, ճակատագիր, տեսլական, ծրագիր, կանոնագիր, գործելակերպ...

«Մեր Միութեան համար անցնող քառամեակը կարգ մը մարզերու մէջ որոշ դանդաղանքի, այլ մարզերու մէջ բաւարար յաջողութիւններու եւ կարգ մը մարզերու մէջ ակնբախ իրագործումներու յաջորդականութիւն մը եղաւ։

«Անցնող քառամեակը եղաւ նաեւ բնական շարժերու, որոշ վերիվայրումներու, միութենական հասկնալի եւ սպասելի տարակարծութեանց ներդաշնակութիւն մը, եւ

«Մեր Միութեան համար անցնող քառամեակը, մեր հազարամեայ պատմութեան պէս, եղաւ նաեւ արիւնոտ ցնցումներու արձանացած մէկ տատասկ։

«Սակայն, անցնող քառամեակը, հակառակ անբնականութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ծրագիր-Կանոնագիրի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու հայօրէն գործելու կամքին առջեւ որպէս գործ ու արդիւնք, որպէս աներեր շարունակութիւն՝ մնաց բնական։ Մնաց ու դարձաւ վաղուան բացուող լոյս, վճռակամ երթի երդում։

«Արդէն պէտք է ընդգծել, որ մեզի համար անբնական չեղաւ միա՛յն անցնող քառամեակը։

«Արիւնոտ ցնցումներու տատասկ չեղաւ միա՛յն անցնող քառամեակը։

«Փաստօրէն, մեր Միութիւնը հիմնադիր տուաւ Եղեռնին, մեր Միութեան պատմութիւնը բարձրացաւ արեա՛ն վրայ դեռ մօտի՛կ անցեալին։

«Ու ոչ միայն անբնական եղան անցնող չորս տարիները, անցնող բոլո՛ր քառամեակները, անցած քանի մը հազարամեակնե՛րը,

«Այլեւ անբնական կը բացուի նաեւ գալի՛քը։

«Փաստօրէն ազգ ենք, ամբողջական հայրենիք չունինք։

«Ազգ ենք, ժողովուրդ ու յարանուանութիւն դառնալու վտանգին ենթակայ ենք։

«Ցրուած ենք աշխարհով մէկ. ու մինչ տեղ մը մեր բնակած երկրի օրէնքները խիստ են, սահմանափակ, ճնշիչ, հետեւաբար մեր գործերը դժուարացնող,

«Այլ երկրի մը օրէնքները այնքան այլազան են, այնքան լայնախոհ կը ներկայանան, որ նոյնքան վտանգ կը դառնան մեր հոգիներո՛ւն։

«Դաժան է աշխարհ մեզի հանդէպ տեղ մը իր այլամերժութեամբ, այլ տեղ մը՝ իր այլասիրութեամբ։

«Այսպէս կը բացուի եւ անմիջական ու գալիք քառամեակը։

«Ճիշդ է, որ մեր միութեան առաքելութիւնը հայ երիտասարդութեան մարմնակրթանքն է. ճիշդ է նաեւ այն, որ մարմնին մէջ է սիրտն ու հոգին։

«Չենք կրնար բաժնել, չենք բաժնած, պիտի չբաժնենք ու չի բաժնուիր հոգին մարմինէն։ Այլապէս մահ է։

«Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան առաջին բնորոշումը՝ ՀԱՅ՝ հիմնականօրէն ու առաջնահերթօրէն պիտի մնայ գուրգուրանքի տակ եւ մտահոգութեան առարկայ։

«Կեդրոնական Վարչութեան տեղեկագիրը սոսկական թւումներու, չոր զեկուցումի եւ թուաբանական աղիւսակներու պատկեր չի կրնար ըլլալ։

«Կեդրոնական Վարչութիւնը վարչութիւն ըլլալէ առաջ հասկացողութիւն է, խորհրդանիշ է ու, իր քառամեայ տեղեկագիրին որպէս եզրափակում, զանազան մտահոգութեանց թւում է, ահազանգ է, զարթնեցնող ճիչ է ու գործակցութեան կոչ։

«Առաջին.- Այնքան ատեն, որ մեր շրջապատի վտանգը կþերեւի, կը զգացուի, կը չափուի, վտանգ չէ։

«Կամքով, կիրքով, արժանաւորութեամբ ու կազմակերպուածութեամբ կարելի է չէզոքացնել ամէ՛ն վտանգ։

«Պայմանը այն է, որ հոգիները խուճապէ վարակուած չըլլան։

«Երկրորդ.- Վտանգներու վտանգը տեղայնական զգացումն է, որ յաճախ արդարացումի դիւրին տարազներ ունի, համոզիչ թուելու կարելիութեամբ կը ներկայանայ, բայց որ շարժով աւազ է։

«Կեդրոնական Վարչութեան մէջ չերեւցող, քառամեայ տեղեկագիրին մէջ բառի չվերածուած հիմնական ու թելադրական բաժինը որ կայ, դերակատարութիւնը որ կայ, ա՛յս է.-

«Շարժում, գործ, ընթացք՝ համընդհանուր եւ ընդհանրական ոճով ու կնիքով։

«Մեզի յանձնուած ջահը մենք կը փոխանցենք մեր յաջորդին, հանդարտ ինքնավստահութեամբ եւ ինքնաճանաչումով։

«Կը ներկայացնենք մեր հաւաքական հրաժարականը։

«Վստահ ենք, որ ջահը պիտի շարունակէ վառիլ ու զայն բարձր պահելու կոչուած նոր բազուկները պիտի մնան ջլապինդ։

«Ու մեր Միութիւնը պիտի շարունակէ տակաւ գործել ո՛չ որպէս սոսկական Միութիւն, այլ հայրենիքէն հեռու, հայրենիքին համար հայրենիքի՛ վերածուած հասկացողութիւն ու համապատասխան գործընթաց։

«Աստուած պահէ բոլորս,

«Կեցցէ՛ Հ.Մ.Ը.Մ.ը»։

Տարածենք