Թիւ 80-81 - ԱՐՑՈՒՆՔԸ

 

Ողիմպիականները ծնունդ առին չաստուածներու մայրաքաղաք Աթէնքէն ու յաջորդաբար այցելեցին Փարիզ, Սէն Լուիզ, Լոնտոն, Սթոքհոլմ, Անտվերպէն, կրկին Փարիզ, ապա Ամսթերտամ, Լոս Անճելըս, Պերլին, վերադարձան Լոնտոն, անցան Հելսինքի, ապա Մելպուռն, Հռոմ, Թոքիօ, Մեքսիքօ, Մոնթրէալ, Մոսկուա, նորէն Լոս Անճելըս ու հասան Սէուլ։

Ողիմպիականները ո՛ւր ալ գացին, ընդունուեցան բացառիկ կազմակերպուածութեամբ, խանդավառութեամբ, շքեղանքով։

Իւրաքանչիւր հիւրընկալ երկիր իրեն համար վարկի հարց նկատեց նախորդէն աւելի լաւը ընելու նախաձեռնութիւնը։ Ողիմպիականները երկրի հռչակը տարածելու առիթ նկատուեցան, նոյնիսկ՝ քաղաքական յաջողութիւններու միջոց։ Պետական վարչամեքենանե՛րը տէր դարձան կարգադրութիւններուն եւ կրկնակ ուշադրութեամբ ու բծախնդրութեամբ կազմակերպուեցան խրախճանքներ, արուեստի եւ թեքնոլոժիի ցուցադրութիւններ, զարմանահրաշ բանե՜ր…

Ամէն նոր տեղ՝ նո՛ր բան մը աչքի զարկաւ, ուշադրութիւն գրաւեց, խօսեցուց ինք իր մասին։ Ամէն երկիր իր ուրոյն կնիքը դրաւ իր մօտ տեղի ունեցող ողիմպիականներուն վրայ ու իր տոհմիկ նկարագիրն ու ճաշակը դրսեւորեց։

Բոլոր ողիմպիականներն ալ, իրենց կարգին, ամէն տեղ իրենց հիմնական առաջադրանքը պահեցի՛ն, նպատակը արժեցուցի՛ն.- մարզական ոգի, եղբայրութիւն, բարեկամութիւն՝ մարդկային բոլոր գոյներուն եւ աշխարհի բոլոր երկնակամարներուն միջեւ։ Գէթ դաշտերուն վրայ, մինչեւ ողիմպիական խաղերու աւարտ…

Թէ ցարդ իրագործուած ողիմպիականներէն ո՞ր մէկը եղաւ լաւագոյնը, դժուար է ճշդել։

Սակայն ու տարօրինակօրէն՝ անվարան կարելի է յայտարարել՝ որ ամէն տեղ, բոլոր ելոյթներուն լաւագոյնը միշտ ալ մնաց այն որ նախապատրաստուած չէր, յայտագրի վրայ չէր։

Արդարեւ, ամէն ամէն տեղ, ելոյթներուն ամէնէն բիւրեղը, ամէնէն մաքուրը, ջինջը, յուզիչը միշտ ալ մնաց ինքը՝ արցունքը։

Այն արցունքը՝ որ ժայթքեցաւ աշխարհի՛ ախոյեան դարձած ախոյեաններո՛ւ աչքէն…

Ու արցունքը, որ զլացուեցաւ մե՛ր ախոյեաններուն։

Վերջին ութը ողիմպիականներուն Հայաստանին ոսկի մետալ բերին՝ Հրանդ Շահինեան, Ալպէր Ազարեան, Վլատիմիր Ենգիպարեան, Եուրի Վարդանեան, Եդուարդ Ազարեան։

Սէուլի ողիմպիականներուն ոսկի բերին ոսկի նորերը. Լեւոն Տուլֆալաքեան, Օգսէն Միրզոյեան։

Երբ անոնք՝ աշխարհի լեռներէն աշխարհի գագաթ բարձրացած մեր տղաքը պատուանդան բարձրացան, ո՛չ ազգային դրօշ ծածանեցաւ, ո՛չ ազգային քայլերգ հնչեց։ Ու երբ աշխարհ ծափեց՝ չգիտցաւ որ կը ծափէր Յարութիւն առնող ժողովուրդի մը զաւակներուն…

Մեր ախոյեանները գերերջանկութեան այդ պահերը չունեցան։ Հպարտութեան արցունքի տեղ՝ զրկուածութեան արցունքն էր, որ կազմուեցաւ ողիմպիականի սիրահար բոլոր հայերու աչքին։

Ու անարդարութիւնը հոս կանգ չառաւ…

Տարածենք