Թիւ 338 - ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑՈՒՄԸ ԵՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ (Դ.)

 

Այսօրուան երիտասարդ բժիշկները, երկրաչափները, արհեստաւորներն ու առեւտրականները շատ աւելի ճարտար եւ բանիմաց են իրենց մասնագիտութեան մէջ՝ քան իրենց նախորդները։ Շատ պարզ է ասիկա, որովհետեւ այս յառաջդիմութիւնը արդիւնք է թեքնիք գիւտերու, որոնց ծանօթ չէին հիները։ Սակայն, թեքնիքի կատարելագործումը հոգեմտաւոր զարգացումի չափանիշ չէ։

Իրապէս զարգացած եւ հոգեպէս մշակուած երիտասարդը, իր մասնագիտութենէն եւ արհեստէն դուրս, տէր է նաեւ ընդհանրական այլ գիտելիքներու եւ հետաքրքրութիւններու, որոնք ազգային դիմագիծ եւ ընկերային յատկութիւններ կը շնորհեն անոր։

Այս հետաքրքրութիւններուն պակասն է, որ կը տկարացնէ համաշխարհայնացած աշխարհի այսօրուան երիտասարդներուն նկարագիրը եւ կը սահմանափակէ անոնց հոգեմտաւոր հարստութիւնը։

Կը բաւէ արագ աչք մը նետել այսօրուան երիտասարդութեան վրայ, անմիջապէս անդրադառնալու համար, թէ նիւթապաշտ կեանքի ինչպիսի՜ վազքի մը վերածուած է անոր առօրեան։ Բոլորը կ’ուզեն շատ եւ շուտ հարստանալ։ Գործամոլութեան ախտը վարակած է շատերը։ Անսանձ մրցակցութեան դարն է, որ կ’ապրինք։ Արագութեա՛ն դարը։ Կար ժամանակ, երբ մեծը կ’ուտէր պզտիկը, այսօր արագը կ’ուտէ դանդաղը։ Համաշխարհայնացումը ոչ ոքի կը խնայէ։

Բայց կայ աւելի մտահոգիչը։

Արհեստագիտական եւ ելեկտրոնիկ աշխարհի նորութիւնները այսօրուան երիտասարդութեան համար ստեղծած են կեանքի այնպիսի պայմաններ, ուր կամաւոր աշխատանքի, նուիրաբերումի եւ մինչեւ իսկ նահատակութեան վսեմագոյն արժէքները սկսած են տժգունիլ։ Գիտութիւնը, համաշխարհայնացումի այս օրերուն, մահացու հարուածներ կը հասցնէ մարդկային ընկերութեան, երբ արարչագործութեան շունչը կը հեռացնէ ծինային ճարտարագիտութեամբ աշխարհ եկած նորածիններու անկողինէն, սէրը կը սպաննէ սրտերէն, ազատութիւնը կը թաղէ յարգանքի գերեզմանին մէջ, գլխավար կը շրջէ մարդկային ամէն ըմբռնում ու հաւատք, որ կը հիմնուի տեսլապաշտ աշխատանքի եւ անձնուէր ճիգերու վրայ։ Հետեւաբար, երիտասարդութեան մօտ հետզհետէ լայն տարածում կը գտնէ անիմաստ ու անհաւատ կեանքի որոշ մօտեցում մը, որ մեծագոյն յաղթանակները կը պարպէ իրենց էութենէն, որովհետեւ վտանգաւոր կերպով խրամատը կը լայնցնէ մարդկային յառաջդիմութեան եւ մարդկային արդարութեան միջեւ։

Մարդկային յառաջդիմութիւնը պայմանաւորուած է աշխատանքով, հաւաքական ինքնութեան պահպանումով եւ զարգացումով։ Այսօրուան երեւոյթները, սակայն, կու տան հակառակին ապացոյցները։

Անգործութիւնը այսօր ամէնուրեք հասած է վտանգաւոր չափերու։ Մեծ ընկերութիւններ, իրարու միաձուլուող ճարտարարուեստի հսկաներ այլեւս տեղ չունին համեստ խաւի բանուորներու։ Պահանջուածը մասնագիտական բարձր կարողութիւններու տէր ուժեր են։ Երկրագործութիւնը կը նահանջէ, ճարտարարուեստը կը մեքենականանայ, իսկ առեւտուրը հետզհետէ մուտք կը գործէ ելեկտրոնային համակարգ։ Հետեւա՞նք. անգործ ու անտէր կը դառնան հազարաւոր երիտասարդներ, որոնք շուտով կը մատնուին յուսահատական կացութիւններու եւ կ’իյնան մոլութիւններու կամ բռնարարքներու գիրկը։

Իսկ ի՞նչ խօսք սեփական թէ հաւաքական ինքնութեան պահպանման կարելիութեան մասին…։

Տարածենք