Թիւ 11 - ՀԱՅ ՄԱՐԶԻԿԻ ԿԵՑՈՒԱԾՔԸ

 

Արագ տեղափոխութիւններ ափի մը վերածած են աշխարհը։

«Երկրագունդի շրջանը ութսուն օրէն» աւետող անցեալի չափանիշը՝ քմծիծաղ կը բերէ մեր շրթներուն։ Օր մը, երկուքը՝ բաւարար են ներկայիս՝ հարաւէն-հիւսիս, կամ արեւելքէն-արեւմուտք՝ օդանաւի թեւով նուաճելու երկու քաղաքներու միջեւ ինկած անջրպետը։ Այսինքն՝ մարդիկ, ուր ալ գտնուին, ոչ միայն սերտօրէն կապուած կը մնան իրարու՝ ձայնով (հեռախօս) կամ պատկերով (հեռատեսիլ), այլեւ ի մի ներդաշնակուած կþապրին՝ արագասոյր ճամբաներով։

20-րդ դարու այս բարիքը զարգացուց մարդկային փոխ յարաբերութիւնները, զարկ տուաւ Գիտութեան ու Արուեստի տարածման եւ անփոխարինելի լծակը դարձաւ մարզական կեանքի ճոխացման, միջազգային մրցում-հանդիպումներու բազմացման։

Եւ ասիկա՝ սեւ թէ ճերմակ, կարմիր թէ դեղին մորթ ունեցողներուն՝ հաւասարապէս։ Հնարաւորութիւն ստեղծուեցաւ, առիթը տրուեցաւ ամէնո՛ւն, անխտի՛ր, երբ մարզական ոգին ներկայ էր ու խթան՝ ազնիւ ոգորումին, գեղեցկակերտ յաղթանակին։

Սփիւռքի տարածքին, մարզական մեր ակումբներու ներկայացուցիչ՝ տղոց թէ աղջիկներու խումբերն ալ, իրենց չափով, օգտուեցան կեանքը բարեշրջող այս հոլովոյթէն։ Տասնեակ տարիներ առաջ՝ շոգեկառքով, լաւագոյն պարագային ինքնաշարժով, իսկ ներկայիս՝ աւելի յաճախ եւ՝ օդանաւո՛վ, կը հասնին մէկ երկրամասէն միւսը, մրցանքի մը կամ մրցահանդէսի մը մասնակցելու համար։ Երբեմն ալ կը հրաւիրուին այլ երկիրներու եւ օտար ազգերու մարզական ակումբներուն հետ հանդիպում ունենալու՝ մարզական- երիտասարդական գիծով միջ-ժողովրդային փոխ յարաբերութեանց կապ ու սատար դառնալով։

Հոս է, որ կանգ կþառնենք պահ մը եւ ուղիղ կը նայինք դարձեալ մեր տղոց եւ աղջիկներու աչքերուն խորը։

Մարզանքն ու մարզախաղը, շրջապտոյտներու ծիրին մէջ, անկասկա՛ծ, աւելի հմայիչ կը դառնան երիտասարդութեան։ Եւ ոչ ոք կրնայ ուրանալ, վայելքին հետ, այդ շրջապտոյտներուն բերած նպաստը քաղաքակրթութեան, երբ մարզական մաքուր ոգին է գահակալը՝ դերակատարներու սրտերուն։

Տակաւի՛ն։ Յաղթանակի մը համար ազնուօրէն մաքառիլը, յաղթանակ մը կերտելու համար սպառած ֆիզիքական մտային եւ հոգեկան կենսուժը անպայմա՛ն որ թանկագին օժանդակ է մարդակերտումին։

Այս բոլորը՝ պահանջ է արդէն՝ Ողիմպոսի աստուածներու հարազատ շառաւիղներէն։ Բայց հայ մարզիկ-մարզիկուհիէն կþակնկալուի աւելի՛ն։

Ուրիշներ, ուրիշ ազգերու մարզական խումբեր մրցելո՛ւ համար իրարու հետ կը ճակատին առաւելաբար։ Յաղթանակ ապահովելու, եւ յաղթանակին հետ՝ հաւաքական թէ անհատական փառք ու շահ։ Ու մարզադաշտէն դուրս՝ կրնան մոռնալ մարզիկի իրենց կոչումը եւ թոյլատրեն իրենք իրենց՝ սովորական հաճոյքն ու շուայտանքը։

Տարբեր է մեր ակնկալութիւնը հայ մարզիկ-մարզիկուհիներէն, մանաւանդ անոնցմէ, որոնք կը կրեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի շապիկը ու կը մրցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի նուիրական դրօշին տակ։ Խմբովին կամ առանձին-առանձին՝ անոնք ներկայացուցիչներէն են ազգի մը, որ՝ «Փոքր Ածու», բայց տուած է իր նպաստը համաշխարհային քաղաքակրթութեան ու մշակոյթին, ու հակառակ իրենց հանդէպ գործուած անարդարութիւններուն, բազմիցս զինք ոչնչացնելու փորձերուն, որոշա՛ծ է ապրի՛լ եւ տէ՛ր դառնալ, օր մը, մարդկային եւ ազգային իր բոլոր իրաւունքներուն։

Ըսել կþուզենք՝ հայ մարզիկէ մը, հայ մարզիկուհիէ մը որքան որակաւոր խաղ, նոյնքան եւ աւելի մաքուր ու ամրակուռ նկարագիր կը պահանջուի, նախ՝ հպարտութիւն եւ յոյս ներշնչելու ազգակիցներուն, ապա՝ հմայք ստեղծելու շրջապատին մէջ, եւ արժանացնելու մեր ժողովուրդը օտարներու գնահատանքին։ Դաշտին վրայ, թէ դաշտէն դուրս՝ կեցուածք, զոր մարդը յայտնաբերէ գնդակին ետեւէն վազող, գնդակը հարուածող անհատին մէջ։

Մարզաշխարհը լայն պողոտայ մը կը բանայ հայ երիտասարդութեան առջեւ՝ հասնելու համար միջազգային բեմ եւ Հայը ճանչցնելու, պարտադրելու աշխարհին։

Հայ երիտասարդութիւնը յանձնառութիւն մը ունի միշտ, ինչ ասպարէզի ալ ծառայէ, որ իր գերագոյն հաճոյքը՝ իր դերը լաւագոյնս կատարելու մէջ պիտի փնտռէ։

Խաղ, յաղթանակ, արդար իրաւունք։ Բայց, խումբին ու ակումբին ճամբով ազգին ու հայրենիքին յաւերժութիւնն ու փառքը ապահովելը՝ գերագոյն նպատակակէտ։

Ա՛յս է մեր պահանջը Հ.Մ.Ը.Մ.ի աղջիկներէն ու տղոցմէն։

Տարածենք