Թիւ 172 - ՃԱՏՐԱԿԸ՝ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻ ՀԱՅԵԼԻՆ

 

Փիլիփսոփայ մը առիթով յայտնած է «Կեանքը խաղ է, եւ միայն խաղն է իրական կեանքը», Ճատրակի մեծ վարպետ մը վկայակոչելով յիշեալ փիլիսոփային խօսքերը, իր կողմէ մեկնաբանութիւն մըն ալ աւելցուցած է անոր. «Կեանքը ճատրակ է, իսկ ճատրակի իւրաքանչիւր խաղ՝ կարծես նոր կեանք»։

Խաղին, մարզախաղերո՛ւն, բայց յատկապէս ճատրակին մէջ տեւաբար նոր կեանք որոնելու եւ գտնելու այս փիլիսոփայութիւնը նոր չէ, սակայն անիկա անգամ եւս լուսարձակի տակ կþառնենք Ճատրակի Երեւանի 32-րդ Ողիմպիականին առիթով, ուր աշխարհի զանազան երկիրներէն ժամանած տարբեր աշխարհայեացքի, ոճի եւ խառնուածքի տէր վարպետներ տասնհինգ օրեր շարունակ լուռ պայքար մղեցին մարզախաղի մը մէջ, որ ծանօթ է իբրեւ տրամաբանական տուեալներու եւ անհամար հաւանականութիւններու խաղ։

Ճատրակը հինէն ի վեր ծանօթ է իբրեւ յարձակողական եւ պաշտպանողական ռազմագիտութիւններու բարդ մարզախաղ մը, որուն գլխաւոր առանցքը կը կազմէ մրցակիցի մը մնալո՛ւ եւ ոչ թէ երթալու պայքարը։ Արդարեւ, տարբեր տարիքի եւ փորձառութիւններու տէր ճատրակի վարպետներ, մտածումի եւ հոգեբանութեան բազմաթիւ ազդակներու վրայ հիմնուած, տրամաբանական որոշ կարելիութիւններէ մեկնելով՝ սուր պայքար կը մղեն լաւագոյն խաղի աւարտի մը յոյսով։ Իսկ այս պարագային կը յաղթեն անոնք, որոնք փոխանակ իրենց մտածողութիւնը փորձուած կարելիութիւններով կաղապարելու, ամէն վտանգ յանձն առնելով՝ անդադար նոր կարելիութիւններ կը փնտռեն, իւրաքանչիւր շարժումի հետ նորութիւն մը բերելով իրենց խաղաոճին։

Բայց մարդոց ու մարդկային հաւաքականութիւններու կեանքը եւս նման չէ՞ ճատրակի խաղատախտակին շուրջ մղուած պայքարին։ Մարդիկ իրենց առօրեայ կեանքի մրցակցութիւններուն, իսկ հաւաքականութիւններ իրենց դէմ ցցուած դժուարութիւններուն կը դիմանան, ամէն փորձութենէ վերանորոգուած, նոր փորձառութեամբ մը հարստացած ու յաղթական դուրս կու գան, երբ հոգեկան տոկունութեան իրենց աւիշը անցեալի հարուստ փորձառութիւններէ քաղելով, տրամաբանական ներկայի մը վրայ հիմնուելով, նորարար եւ յանդուգն կերպով կը նետեն ապագայի իրենց հաստատ քայլերը։

Յանդուգն եւ գիւտարար նման խաղաոճ, անշուշտ, կրնայ հաճելի չթուիլ ճատրակի ամէն մրցակիցի, մանաւանդ՝ պահպանողական ուղղութեան տէր վարպետներու, անոնց՝ որոնք իրենց ներկան միայն ներկայո՛վ արժեւորելու կաշկանդիչ մօտեցումով, կրկնուած եւ ծանօթ լուծումներու կը դիմեն՝ պաշտպանողական աւանդական խաղաոճ մը որդեգրելով։ Մնացեալը ծանօթ պէտք է ըլլայ բոլորին. երկու մտածողութիւններու ներկայացուցիչներուն միջեւ երկար ու սուր ճակատում։

Ճատրակի պարագային, սակայն, հետաքրքրականօրէն նկատուած է, որ մրցակիցներու ճակատումին մէջ թագաւորը թագաւոր չի հալածեր, այդ պարտականութիւնը վստահուած է թագուհիին՝ կանացի իր սնափառութեան յագուրդ տալու համար, փիղին՝ իր ծանրամարմին ներկայութիւնը արդարացնելու համար, ձիին՝ իր ճարպիկութիւնը ցոյց տալու համար, բերդին՝ բերդագելութեան իր ծառայութիւնը մատուցանելու համար, եւ վերջապէս ու մասնաւորապէս զինուորին՝ իր հաւատարմութիւնը ցոյց տալու եւ… թագուհիի, փիղի, ձիի կամ բերդի վերածուելու համար։

Իսկ կեանքի մէջ, մանաւա՛նդ Երրորդ Աշխարհի «հաւատարիմ զինուոր»ներու վարչակարգերու տակ, մարդոց կամ հաւաքականութիւններու դէմ շղթայազերծուած հալածանքներն ու պայքարները արդեօ՞ք ճատրակի ճակատումներէն տարբեր օրինաչափութիւններու կը հետեւին։ Կը կասկածինք։

Հետեւաբար, յարատեւ կերպով տոկալու, հզօրանալու, յաղթելու եւ յառաջդիմելու համար, իւրաքանչիւր մարզիկ թէ մարզասէր, նման ողիմպիականներու առիթով երկա՜ր պէտք է կանգ առնէ ճատրակի խաղատախտակին՝ ի՛ր կեանքի հայելիին առջեւ, որպէսզի միշտ կարենայ ուսանելի դասեր քաղել «Կեանքը ճատրակ է» իմաստուն բանաձեւումէն։

 

 

Տարածենք