Թիւ 275 - «ԱՆԾԱՆՕԹ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐ»Ը (ՀԱՄԱՅՆԱՎԱՐ ԲՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԶՈՀ ԳԱՑԱԾ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ)

 

Եթէ ժողովուրդներու պատմութիւնը կը գրուի տեղ մը, անձերու պատմութիւնը յաճախ կը մոռցուի։ Քանինե՜ր կան, անծանօթ ու անշուք, որոնք կեանք մը ամբողջ ապրած են իրենց ժողովուրդին համար, տառապած ու նահատակուած են անոր արժէքներուն սիրոյն, առանց սակայն յիշատակութեան արժանանալու։

Լեգէոն կը կազմեն նմանները։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութիւնը լեցուն է անոնց գործերով, բայց ոչ՝ անուններով։ Անոնք անծանօթ մնացած են իրենց փառքին մէջ, առանց որեւէ ակնկալութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ին ու հայութեան համար նահատակուած ըլլալու պատիւը բաւ նկատելով իրենց։ Յուշարձան շինուած չէ անոնց համար, սուրբերու կարգը չեն դասուած անոնք, մոմ չէ վառած ու խունկ չէ ծխուած անոնց շիրիմներուն վրայ։ Շատերը անոնցմէ գերեզման իսկ չունին…

Մէջտեղ է օրինակը համայնավար բռնութիւններու զոհ գացած Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն, որոնք Չեկայի զնտաններուն եւ Սիպերիոյ սառնամանիքներուն մէջ փտտեցան երկա՜ր տարիներ, առանց խախտելու հաւատաւոր միութենականի իրենց հաւատքը, լաւատեսութիւնը, ծառայելու եւ մեռնելո՛ւ պատրաստակամութիւնը։

Ճիշդ է, մեռնիլ կայ որ ապրելու կը նմանի, ինչպէս որ ապրիլ կայ որ մեռնելու կը նմանի։ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու անձնազոհ այդ սերունդին վիճակուած էր սարսափելի պայմաններու մէջ հիւծիլ ու մեռնիլ, սակայն փրկե՛լ միութեան եւ ժողովուրդին պատիւը, որուն պահակներն ենք բոլորս, ողջերը՝ իրենց ողջութեան, մեռելները՝ իրենց մահուան մէջ։

Տարբեր էին այդ սերունդի ներկայացուցիչները։ Անոնց համար իրական փառքը միութենական անունը պահելուն մէջը չէր, այլ` պատի՛ւը պահելուն մէջ։ Անոնք կը հաւատային Հրաշքին, որովհետեւ անոնց մեկնակէտը բացարձակ էր։ Կը հաւատային Հ.Մ.Ը.Մ.ի խօսքին ու գործին, անոր համար ալ անոնց ոգին աննահանջ էր։

Ոգեկոչելով յիշատակը այդ սերունդին, անպայման պէտք է ողջունել անոնց խօսքերէն ու գործերէն վեր բան մը՝ Ոգի՛ն, յատուկ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարդու, որ գիտէ անձնասիրութեան հակադրել անձնուիրութիւնը, հոգեկան ստրկութեան՝ հոգեկան արիութիւնը, կոյր ատելութեան՝ սէրը, հատուածականութեան՝ միասնականութի՛ւնը։

Ու պէտք է ողջունել մանաւա՛նդ այն խոր համոզումը, թէ ով որ ընդունակ չէ զոհաբերութեան՝ մեռեալ տարր է հանրութեան եւ հանրային գործի մէջ։ Մարդիկ կը դառնան նիւթ եւ հաշիւ, երբ ոգի՛ն կը բացակայի իրենց մէջ։

Յաճախ ըսուած է, թէ գրուած օրէնքներէն վեր կան չգրուած օրէնքներ։ Առաջիններուն հնազանդիլը եթէ քաղաքացիական պարտականութիւն է, ապա՝ հերոսութիւն է վերջիններուն հետեւիլը։ Ոչ մէկ օրինագիրք մեզ կը ստիպէ խեղդուող մարդ մը ազատել մեր կեանքը վտանգելու գնով։ Բայց կայ չգրուած, որեւէ օրինագիրքի մէջ չնշուած օրէնք մը, որ այդ պարտքը կը դնէ մեր խղճին վրայ, որ հաւատաւոր միութենական մը մէկ օրէն միւսը կը դարձնէ իր միութեան եւ ժողովուրդին մատաղը։

Մատաղներ էին Ստալինեան բռնութիւններուն զոհ գացած Արեւելեան Եւրոպայի բազմահարիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ականները, որոնք անցնող 60 տարիներուն եղան ու մնացին «անծանօթ զինուորներ»ը իրենց միութեան։ Մարդիկ, որոնց համար իրենց անձը նպատակ չեղաւ։ Ո՛չ իսկ միութիւնը նպատակ դարձաւ։ Անոնք ապրեցան ու գործեցին այնպէս մը, որ հայ մարդուն ոգին չստրկանայ, չայլասերի, այլ՝ մաս-մաս բաշխուի բոլորին ու բոլորին մէջ աճի ու ուռճանայ։

Յարգա՜նք այդ սերունդին։

Պատի՛ւ զայն ծնող ժողովուրդին։

Տարածենք