Թիւ 215 - Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՈՒՂԻՆ

 

Կեանքը գոյութեան պայքար մըն է։ Կը յաջողի ան, որ կրնայ դիմագրաւել դժուարութիւններ։ Կը յաղթանակէ ան, որ ունի անխախտ հաւատք եւ յարատեւելու կամք։

Անհատական կեանքի յաղթանակէն եւ ապահովութենէն աւելի՝ կենսական նշանակութիւն ունի սակայն հաւաքական մեր կեանքին յաղթանակն ու ապահովութիւնը։

Հաւաքականութեան մը գոյութեան պայքարը ճակատամարտ մըն է, որ կրնայ ճակատագրական ըլլալ։ Ահա թէ ինչու մեծ դեր վերապահուած է մեր երիտասարդութեան՝ հայութեան հաւաքական կեանքի ճակատամարտէն յաղթական դուրս գալու պայքարին մէջ։

Երիտասարդութեան մէջ գտնուող ուժն ու կենսունակութիւնը, միտքն ու ուսումը, զարգացումն ու կարողութիւնները սակայն բաւարար երաշխի՞ք են յաղթանակի՝ անհատական թէ հաւաքական կեանքի անողոք պայքարին մէջ։ Խելք եւ տրամաբանութիւն, հարստութիւն եւ կարողութիւն բաւարար արժէքնե՞ր են՝ կարենալ դիմագրաւելու համար ամէն տագնապ եւ դժուարութիւն։

Ո՞ւժն է կարեւորը կեանքի մէջ, թէ ուժերու կազմակերպումը՝ իտէալի մը շուրջ։ Ի՞նչ կþարժեն ուժեր եւ կարողութիւններ, եթէ անոնք չհամախմբուին որոշ նպատակի մը շուրջ եւ չղեկավարուին որոշ ուղղութեամբ։

Նի՞ւթն է անհրաժեշտ յաջողութեան համար։ Բայց ի՞նչ արժէք ունին դրամատուներու մէջ պահ դրուած միլիոնները, եթէ անոնց տէրերը չեն ուզեր զանոնք օգտագործել վեհ նպատակներու համար։

Ո՛չ, զօրաւորը ան չէ որ դրամ ունի, խելացին ան չէ որ ուսում ունի, այլ՝ ան է որ կրնայ իր ունեցածէն բաժին հանել վսեմ իտէալներու համար։ Իրական ուժի եւ արժէքի չափանիշը զոհողութիւնն է։

Մեր շուրջը հասակ նետող երիտասարդութիւնը ի վիճակի է հայ ժողովուրդի հրատապ կարիքներուն հասնելու եւ անոնց բաւարարութիւն տալու, եթէ ան որոշէ հետեւիլ յստակ ուղիի մը եւ իր կարողութիւնները ի սպաս դնէ իտէալի մը հետապնդման, ի գին՝ շօշափելի զոհողութիւններու։

Բախտաւոր է մեր շուրջի երիտասարդութիւնը, որովհետեւ ան չունի իրեն նախորդող սերունդներուն մտահոգութիւնները, նիւթական եւ բարոյական դժուարութիւնները։ Բայց, պէտք է նկատել նաեւ, որ հանգիստ ու բարօր կեանքը բախտաւոր նկատուող այս երիտասարդութիւնը կը մղէ քաղքենիացումի եւ այլասերումի, մինչդեռ հակառակին փաստն է որ կը պահանջուի այսօր։

Երիտասարդութիւնն է, որ սկսուած գործը պիտի շարունակէ, կիսատ մնացած ծրագիրները պիտի ամբողջացնէ, նոր միջոցներ պիտի որոնէ եւ նոր ակօսներ պիտի բանայ՝ շարունակելու համար այն ուղին, որ հայ ժողովուրդը պիտի առաջնորդէ վաղուան յաղթանակներուն։

Ճիշդ ըսուած է, որ միայն վտանգի եւ դժուարութիւններու ժամանակ մարդոց ջիղերը կը պրկուին, հաւատքը կը զօրանայ եւ գերմարդկային ճիգով անոնք կը ջանան հեռացնել իրենց սպառնացող վտանգները։ Իսկ ե՞րբ հայ կեանքը նման ժամանակներ չէ ունեցած…։

Այսօր դարձեալ բազում վտանգներու եւ դժուարութիւններու առջեւ կանգնած է հաւաքական մեր կեանքը։ Հետեւաբար, ձեռնոցը անգամ մը եւս նետուած է երիտասարդութեան, համախմբուելու եւ կազմակերպուելու որոշ ուղիի մը շուրջ։

Իսկ որն է այդ ուղին, եթէ ոչ՝ մարմնամարզի եւ սկաուտութեան ճամբով հայ երիտասարդութիւնը բարոյական ու ազգային առաքինութիւններով զինելու ուղին, հայը հա՛յ պահելու, հայութեան մօտ միացեալ ու հզօր հայրենիքի գաղափարը վառ պահելու ուղին։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի՛ ուղին։

Տարածենք