Թիւ 161 - ԲԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԵՐ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ

 

Հեւքոտ է մեր կեանքը։ Հեւքոտ է միութենական մեր առօրեան։ Շարունակ ջիղ սպառող եւ հոգի մաշեցնող աշխատանքները կը խլեն մեր գործունէութեան մեծագոյն ժամանակը։

Հեւքով կլանուած՝ կամայ-ակամայ կը դառնանք զոհերը սովորամոլութեան եւ կրաւորականութեան։ Ի զուր չէ, որ մեր շուրջը օրէ-օր կը նուազին ստեղծագործ միտքներն ու նախաձեռնող տրամադրութիւնները, քանի մարդիկ, բազմութիւննե՛ր, տակաւ կը խրին հեւքոտ ընթացիկ աշխատանքներու մէջ։

Կեանքի եւ միութենական առօրեայ հեւքին մէջ անպայման որ փրկութեան լաստ մը պէտք է գտնել։ Լաւագոյնն ու ապահովը այս պարագային՝ բանակումներն են, որոնք ընկերութեան տագնապներէն եւ տաղտուկներէն հեռու, բնութեան հրաշագեղ ծոցին մէջ, միտք ու հոգի կþազնուացնեն, կամք կը կոփեն, նկարագի՛ր կը կերտեն եւ աշխատանքի նպատակամղիչ եռանդ կը ներշնչեն ամէնէն թուլամորթ եւ սովորամոլ մարդոց նոյնիսկ։

Այս իմաստով, Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումները մարդկային եւ սկաուտական առաքինութիւններու զարգացման բծախնդրութեամբ չեն տարբերիր ընթացիկ բանակումներէ, որովհետեւ դաստիարակչական այլեւայլ միջոցներով անոնք լաւագոյնս կը նպաստեն ազնիւ մարդու եւ քաղաքացիի կերտման։ Տարբերութիւնն ու յատկանշականը սակայն պէտք է փնտռել այլ տեղ. հո՛ն ուր Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումները կոչուած են պատրաստութեանը յանձնառու հայուն։ Ա՛յն հայուն, որ գիտէ Նարեկացիի քաղցրահնչիւն հայերէնով աղօթել, Դաւիթ Բէկի հերոսական կամքով ոգեզինուիլ եւ Անդրանիկներու աննկուն հաւատքով պայքարիլ։

Բոլորին ծանօթ է, որ այնքան ալ փայփլուն չեն մեր բանակումներու վրանները, ոչ ալ բացառիկ յարմարութիւններով օժտուած են մեր բանակավայրերը։ Սերունդներ կրնան վկայել, թէ ինչպիսի՛ խեղճուկ պայմաններու մէջ բանակումներ կազմակերպուած են ոչինչէն ամէն ինչ ստեղծող միութենականներու կողմէ։ «Չկա»ներն ու «չունինք»ները երկրորդական եւ լուսանցքային մտահոգութիւններ դարձած են, սակայն, երբ Ոգին, Կամքն ու Հաւատքը կնքուած են Հ.Մ.Ը.Մ.ական դրօշով եւ հայ ժողովուրդի դարաւոր սրբութիւններով։ Դաստիարակութիւնն ու Հաւատքը «լեռներ շարժած են» այս պարագային։

Այսօր, տասնամեակներու աւանդութիւնն ու առաքելութիւնն է որ կը շարունակուի անշեղօրէն, քանի Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանէն դուրս կազմակերպուած Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակում կայ, քանի նման բանակումի հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին ծառայելու պատրաստակամութեամբ Եռագոյն դրօշին պատուի կանգնող մէ՛կ հատիկ Հ.Մ.Ը.Մ.ական կայ։

Տարածենք