Թիւ 279 - - ԵՐԵՒՈՅԹԸ («ՄԱՐԶԻԿ»Ի ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

 

Միութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ հրատարակութիւններու տարեդարձներուն առիթով սովորութիւն է պատմութիւնը ընել անոնց ծնունդին, տարած աշխատանքին, ու ներկայացնել կոչ մը՝ երթը շարունակելու վճռականութեան։

Այդ բոլորը ընդհանուր գիծերով, արժէքաւոր իրականութեամբ մը կատարուած են «Մարզիկ»ի 25-ամեակին նուիրուած այս թիւին մէջ։

Առանց համեստութեան սահմանը անցնելու, դժուար է բան մը աւելցնել ըսուածին վրայ, այսուհանդերձ կ’արժէ խորանալ երեւոյթին վրայ, տրուած ըլլալով որ իրապէս մեծ բան է ան՝ թէ իբրեւ ճիգ եւ թէ իբրեւ արդիւնք։

Նախ, Սփիւռքի մարզական գոյատեւող միակ թերթը ըլլալու իրողութիւնը, եթէ ցաւ է ընդհանրական մտահոգութեամբ, սակայն կրկնակի պատիւ է «Մարզիկ»ի հրատարակիչներուն եւ զայն պահող ընթերցողներուն համար։

Անխորտակ հաւատքով ու յամառ կամքով միայն կարելի պիտի ըլլար նման հրատարակութեան մը շարունակականութիւնը ապահել։ Աշխատանքին տարողութիւնը, ի գործ դրուած զոհողութիւններուն գումարը կրնան գիտնալ միայն անոնք, որոնք կը զբաղին թերթին «ելեւ մուտք»ի հաշիւներով, աշխատակիցներու եւ ընթերցողներու հետ անվերջ կապերով։

Գաղտնիք մը չէ, որ թերթ եւ ընթերցող իրարու պէտք ունին գոյատեւելու համար։ Թերթը առանց ընթերցողի ոչինչ է, իսկ ընթերցողը՝ առանց տեղեկութեան եւ կարծիքի չի կրնար գոհացնել «խապրիկ»ներու իր ծարաւը։

«Մարզիկ»ի նման հրատարակութիւն մը իր յաջողութեան համար շատ բան կը պարտի հաւատաւոր ընթերցողներուն, որոնք անցնող 25 տարիներուն, յաճախ քանի մը սերունդով, բարոյապէս ու նիւթապէս սատար հանդիսացան թերթին, քանի անոր մէջ փնտռեցին ու գտա՛ն անժամանցելին՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ն ու Հ.Մ.Ը.Մ.ականութիւնը։ «Մարզիկ» իր իւրաքանչիւր թիւին հետ ընթերցողներուն ներկայացուց Հ.Մ.Ը.Մ.ի նկարագիր, դաստիարակութիւն, պատմութիւն եւ մշակոյթ։ Ան ընկերացաւ միութեան մեծ թէ փոքր ձեռնարկներուն, տագնապներուն ու իրագործումներուն, փոքրագոյն մասնաճիւղէն մինչեւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական ու համահայկական մեծագոյն ձեռնարկները։

Այսպէս, մինչ սփիւռքեան շատ աւելի ձեռնտու պայմաններու մէջ, մարզական նման հրատարակութիւններ կանուխէն դադրեցան, գրեթէ նոյն դժուարութիւններուն մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի յաջորդական Կեդրոնական Վարչութիւններու յանձնառութեամբ, խմբագիրներու ու աշխատակիցներու անսահման խիզախութեամբ, «Մարզիկ» մնաց միշտ պատնէշի վրայ, եղաւ բեղուն, միշտ օգտաշատ, տեւական նորութիւններով հրատարակութիւն մը, որուն արդիւնքը յստակ է ահա՛.-

«Մարզիկ» դաշտ մը եղաւ դաշտ չգացողներուն համար, իսկ դաշտի սիրահարներն ալ, սկաուտ թէ մարզիկ, հեռաւոր դաշտեր բերաւ։

«Մարզիկ» յուշերու շտեմարան մը եղաւ վեթերան սերունդին համար, իսկ պատմութեան դասագիրք մը՝ նորերուն համար։

«Մարզիկ» ոսկէ շղթայ մը եղաւ միութենական կեանքի, ուր տիպ ու տառով իրարու ագուցուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ական յաջողութեան, ցնծութեան, բայց նաեւ՝ վիշտի եւ յուզումի օղակները։

«Մարզիկ» բազկերա՛կը եղաւ իրեն ծնունդ տուող միութեան, ընթացաւ անոր սրտի տրոփներուն կշռոյթով, ապրեցաւ անոր հաւատքով,  կենսունակութեամբ եւ տոկունութեամբ։

Վերջապէս, «Մարզիկ» իր ծնունդէն հաւատարիմ մնաց ու կը մնայ միութենական իր յանձնառութենէն շատ աւելի ընդարձակ առաքելութեան մը, որուն առանցքը համայն հայութիւնն է ու անոր նպատակները։

Այս բոլորը կը բաւեն սրտանց փարելու, օժանդակելու անոր, օժանդակած ըլլալու համար մարդակերտման ու հայակերտման այն վեհ սկզբունքներուն, որոնց իրականացման նուիրուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ը աշխարհասփիւռ իր կառոյցով եւ անոր հարազատ հայելին հանդիսացող իր պաշտօնաթերթով։

Տարածենք