Թիւ 197 - ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի 80-ամեակին առիթով գաղութէ գաղութ կատարուող տօնակատարութիւններուն հարցում մը ինքզինք կը պարտադրէ ամէնէն աւելի. «ո՞ւր էինք, ո՜ւր հասանք եւ ո՛ւր պէտք է հասած ըլլայինք»։

Դիւրին է պատասխանել «ո՞ւր էինք, ո՜ւր հասանք» հարցումին, որովհետեւ միութեան պատկառելի վաստակն ու իրագործումները արեւու լոյսի պայծառութեամբ յստակ են բոլորին։ Դժուար է սակայն պատասխանել «ո՛ւր պէտք է հասած ըլլայինք»ին, որովհետեւ չենք կրնար արժեչափել տարողութիւնը սպասուած այն բոլոր նուաճումներուն, որոնք թուղթի վրայ ծրագիրներ մնացին՝ պարզապէս նիւթական մնայուն եւ առատ աղբիւրներու չգոյութեան պատճառով։

80-ամեակը հրաւէր է ինքնաճանաչումի եւ ինքնաքննարկումի։ Անկեղծ ըլլանք ուրեմն եւ խոստովանինք, որ ազգային մեր բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ հաստատութիւններուն նման, Հ.Մ.Ը.Մ. եւս իր հիմնադրութեան առաջին օրէն հալածուեցաւ… տնտեսական օրակարգով։ Հակառակ անոր, որ իր անմիջական շրջանակին մէջ հարուստներ շատ կային եւ կա՛ն տակաւին։

Երեւոյթը նոր չէ։ Հարուստ ազգայիններ միշտ ունեցած ենք, սակայն ազգային հարստութիւն, տնտեսական հզօրութեան իմաստով, ընդհանրապէս չենք ունեցած։ Մեր մեծահարուստները իրենց քսակները հազուադէպօրէն բացած են, այն ալ՝ իրենց հարստութեան փշրանքները միայն նուիրելու շէնքերու եւ կառոյցներու շինութեան, յաճախ մոռնալով նոյն այդ շէնքերուն մէջ կատարուող աշխատանքները։ Միջոց եւ նպատակ, շէնք եւ շէնքի մէջ տեղի ունեցող գործունէութիւն անոնք շփոթած են իրարու հետ։

Մեր մօտ, միութենական պիւտճէները մատակարարուած են բարեսիրութեամբ, կարծէք միութիւնները ըլլային աղքատախնամի պնակներ։ Աւետարանական մեծատուներու օրինակով՝ ազգայիններ նուիրատուութիւններ կատարած են առաւելաբար իրենց խիղճի հանգստութեան եւ հոգիի փրկագործութեան համար։ Այսպէս է որ, նիւթականի ապահովման ամէնէն «գործնապաշտ» մօտեցումը նկատուած է բարեսիրական նուիրատուութիւնը, իսկ ամէնէն «փրկարար» միջոցը՝ հանգանակութիւնը։ Քիչ մնացած է, որ ազգովին վերածուինք հանգանակիչ մարմնի կամ հանգանակիչ ազգի։

Տասնամեակներ շարունակ, ակամայ, մեր ամբողջ նպատակը եղած է միութիւններու պիւտճէական բացերը գոցել եւ այդքանով մենք մեզ բաւարարուած նկատել։ Այդ գործելակերպով կարելի չէ շարունակել։ Փաստօրէն, կը տեսնենք արդէն, որ միութիւններու բացերը վերջ չունին։ Եղածը քաշքշուք է, ազգային մնայուն սնանկութեան պէս բան մը։ Հետեւաբար, մեր միութիւններու առաքելութեան հաւատացող եւ անոնց ապագայով մտահոգ ու տագնապող ազգայիններ լա՛ւ պէտք է գիտնան, որ կաթիլ-կաթիլ նուիրատուութիւններով չի բաւեր այլեւս միութիւններու գոյութիւնը միայն ապահովել, որովհետեւ նոյնքան կարեւոր է նաեւ անոնց բնական զարգացումը ապահովել՝ մրցակցութեամբ հարուստ այսօրուան աշխարհին մէջ։

Ցարդ, նիւթական մեր աղբիւրներուն ապահովումը կարելի կը դառնար մասնակի եւ անմիջական կարգադրութիւններով։ Ժամանակն է այլեւս, որ ձեռնարկուի նիւթական ապահովման հիմնական եւ մնայուն միջոցներու։ Իսկ այդ մէկը կը պահանջէ տեւական աշխատանք։ Կամաւոր ուժերով կարելի է աշխատիլ մինչեւ որոշ տեղ, սակայն անկէ ետք անհրաժեշտ են արհեստավարժ ուժեր։ Հարկ է ուրեմն պատրաստ ըլլան դրա՛մ ծախսելու, դրամ ապահովելու համար։

Մեր հայրերուն իմաստուն մէկ խօսքը այսօր ցնցիչ կերպով կը հնչէ մեր ականջներու մէջ. «Եթէ չունիս փող, մտիր հող»։ Դրամի, նիւթի՛ գերիշխանութեան այս օրերուն, դեռ մինչեւ ե՞րբ թոյլ պիտի տանք, որ մեր շուրջը սրընթաց զարգացող կեանքի պայմանները փող չունեցողին հո՛ղ  առաջարկեն մէջը մտնելու եւ ոչ թէ վրան ապրելու համար…

Կը հաւատա՛նք, որ ով որ ցանկայ բան մը ընել՝ անպայման միջոց մը կը գտնէ, իսկ ով որ չցանկայ բան մը ընել՝ անպատճառ պատրուակ մը գտնէ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի տնտեսական հզօրացումը սովորական ցանկութենէ մը աւելին է, պահա՛նջ է եւ մարտահրաւէր՝ ուղղուած միութեան ներկայ եւ գալիք սերունդներուն։

Տարածենք