Թիւ 129 - Ա՜Խ ԱՅԴ «ԱՍԷ-ԿՕՍԷ»ՆԵՐԸ…

 

Ցեցի պէս են. կը սպրդին անտես ճեղքերէ ու կը ծածկեն, երբեմն նոյնիսկ արժեզրկելով՝ հանդերձարանի մը նրբահիւս զգեստները, պահարանի մը թանկարժէք ձեռագործները, մագաղաթեայ սրբութիւնները…

Որդի-լուիճի նման կը թափանցեն ծառ ու տերեւ, կը փճացնեն բերք ու պտուղ՝ եթէ ուշանայ հականեխումը։ Կաղնիները միայն, հեգնաժպի՜տ, կը զսպեն անոնց նենգ գրոհը, զոհ կու տան շատ-շատ քանի մը կտոր կեղեւ, ապա՝ կը սպիանան, կþանհետանան վէրքերը։

Խօսքը աղտ ու մրուր «ըսի-ըսաւ»ներուն մասին է, անշո՜ւշտ, որ չես գիտեր թէ կը ծնին ուրկէ՛...

Հիւանդ լսողութեան, խաթարուած տեսողութեան արդի՞ւնք, որոնք կþայլափոխեն իրողութիւնները, ակամայ, եւ միամիտ շրթունքներէ տարաձայնուելով՝ վնաս կը հասցնեն խնդրոյ առարկայ անձին կամ հաւաքականութեան…

Գիտակից ու միտումնաւոր շարահիւսութեան պարագային կը դառնան արդէն չարախօսութիւն ու բամբասանք, սմսեղուկ զէնքը նսեմ հոգիներու, որոնք կը դիմեն անպատուաբեր այդ միջոցին՝ խոնարհեցնելու մինչեւ գետի՛ն, իրենց գաճաճ հասակը շուքի տակ պահող գերադաս տաղանդի մը սլարձակ կատարը, իրենց խարդաւանանքն ու խեղճութիւնը մատնանշող լուսապայծառ ճակատ մը։

Փողոցը, շուկան՝ ի՛նչ է տակաւին։ Ասէ-կօսէ ու խծբծանք կարելի է դասել հոն՝ բացասական զուարճախաղերու, հասարակ մահկանացուներու փոքր մեղքերու շարքին։ Այնքան ատեն որ դրդապատճառը անձնական հաշիւ մըն է, շուկայիկ մրցակցութիւն մը, մի՛շտ ալ դատապարտելի, այսուհանդերձ չարիքը կը մնայ տեղափակ։

Ցաւը կը վերածուի սակայն հանրային աղէտի, երբ կը նուաճէ ընկերութեան բարձր խաւերը, նուիրապետական վերին աստիճանները, մանաւանդ երբ վարակէ մամուլն ու պետական կարգերը։ Այստեղ, ուր գոյութեան իրաւունքն իսկ չունի, կþենթարկուի անուանափոխութեան ու կը կոչուի այլեւս յերիւրանք կամ զրպարտութիւն։ Ծանօթ թէ անծանօթ դատապարտելի՛ կը դարձնէ անոնց բարձրաստիճան հեղինակները, որոնք երդում ըրած են, գրաւոր կամ անգիր, պաշտպանելու մարդկային արժէքները։

Ստաբանութիւնը երկսայրի սուր մըն է սակայն, որ մահացու կերպով կը վիրաւորէ, զո՛հ կը դարձնէ զոհարարը, երբ արեւը ծագի եւ ճշմարտութիւնը գայ լոյսի։

Ինչ ալ ըլլայ պարագան, նոյնիսկ եթէ անցաւոր շահ կամ ժամանակաւոր յաջողութիւն ապահովեն՝ հանրայի՛ն, համազգային բարենիշի երբե՛ք չեն արժանանար սադրանքի թշուառհոգի վարպետները։

Յանցագո՛րծ են բոլո՛ր անոնք, որոնք ծնունդ կու տան թիւրիմացութիւններու, խախտելով ընկերային ու ազգային համակարգերու եւ կառոյցներու հիմերը։

Բայց՝ մեղսակից կþըլլան, իրենց ուսին մեղքի խոշոր բաժին մը կþառնեն բոլոր այն միւսներն ալ, որոնք կամայ թէ ակամայ կը քաջալերեն նենգափոխութիւնը, սատար կը հանդիսանան «ըսի-ըսաւ»ի՛, բամբասանքի եւ յերիւրանքի տարածման։

Ամէն ըսուած, ամէն գրուածք մաքուր իւղի պէս չկլլելու, վարկած մը իբր ճշմարտութիւն ընդունելէ առաջ՝ դատողութեան ու խղճին դիմելու ողջմտութի՛ւնն ունենալ, եւ՝ քննարկո՛ղ, քննադատող ոգի՛։

Պարկեշտն ու ուղղամիտը իր ուսերէն ու ոտնամանէն կը թօթուէ՛ ամէն տեսակի ու աստիճանի «ըսի-ըսաւ»ներու թունաւոր փոշին, եւ ապա միայն կը մտնէ բարոյական փոխ յարաբերութեանց եւ ընկերութեան առո՛ղջ ու առաջատար համակարգի սրբալոյս տաճարը։

 

Տարածենք