Թիւ 232 - ՎԱՂՈՒԱՆ ՀԱՅԵՐԸ

 

Տարեկան բանակումներէ ետք, անդամական ընդհանուր ժողովներով սկսած է արդէն միութենական գործունէութեան նոր տարեշրջանը, ու ամէն տարուան նման, Հ.Մ.Ը.Մ.ի շուրջ դարձեալ համախմբուած են հազարաւոր մանուկներ եւ պատանիներ։

Անոնք վաղուան հայերն են, որոնք իրենց կեանքին կը բացուին եռուն արիւնով եւ անսպառ աւիւնով, կեանքի քառուղիներէն վազելով դէպի անորոշ ապագայ։ Անոնցմէ շատերուն անհատական ապագան անորոշ է, սակայն հաւաքական ապագան՝ ազգային հաւաքականութեան ճակատագիրը չի կրնար նոյնը ըլլալ, ընդհակառակն՝ բոլորին մտահոգութեան առարկան է։

Այս մօտեցումով հայութեան համար կրկնակի արժէք կը ներկայացնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ը, որովհետեւ ազգանուէր անոր դարբնոցին մէջն է, որ սկաուտական եւ մարզական կեանքի միջոցով դեռատի տղաք ու աղջիկներ միութենական դաստիարակութիւն ստանալով, իբրեւ մարդ կը վարժուին հաւաքական կեանքին եւ մատղաշ տարիքէն գիտակցութիւնը կ’ունենան հասարակական պատասխանատուութիւններ եւ պարտականութիւններ ստանձնելու։ Միաժամանակ, հայաբոյր խանդավառ մթնոլորտի մէջ, անոնց հոգին կը կազմաւորուի ազգային հպարտութիւններով, ու իրենց երազը կ’ըլլայ ազգին յաջողութիւնը, որ հաւաքականութեան երջանկութիւնն է եւ պատանիի մը յաղթանակի յոյսը։

Այսօր, հայ կեանքի տեղատուութեան այս օրերուն, հայութիւնը բոլոր ժամանակներէ աւելի կարիքը ունի Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ անոր նման կազմակերպութիւններուն, որովհետեւ Սփիւռքի թէ հայրենիքի մէջ իր գոյատեւման եւ ինքնահաստատման համար ան պայքար կը մղէ ի խնդիր վաղուան։ Պատանիները, սկաուտներ թէ մարզիկներ, որոնք վաղուան հայերն են, թէեւ այդ պայքարին պահեստի բանակը կը կազմեն, սակայն անոնք են ազգին ամէնէն աշխոյժ եւ խանդավառ տարրը։ Անոնք են որ վաղը հիներուն եւ անցնողներուն տեղը գրաւելով, հայու կամքն ու իղձերը պիտի նուիրագործեն։ Անոնք են որ վաղուան հայութիւնը պիտի ներկայացնեն։ Հետեւաբար, պատանիներու դաստիարակման եւ կազմակերպման նպատակադրող ամէն նախաձեռնութիւն կարեւոր ներդրում է ազգային մեր կեանքին եւ արժանի է բոլորին անվերապահ գնահատանքին։

Մեծ ու փոքր երկիրներու մէջ, պետութիւններ տեւական նեցուկ կը կանգնին սկաուտական եւ մարզական իրենց միութիւններուն, նիւթական թէ բարոյական ոչ մէկ աջակցութիւն խնայելով անոնց։ Հայութեան պարագային սակայն, ուր կարելիութիւնները կաթիլ մըն են կարիքներու ծովուն մէջ, պետական աջակցութենէ զուրկ մեր միութիւնները վիճակուած են գործելու համեստ պայմաններով, բայց բարեբախտաբար նուիրեալ պատասխանատուներով, որոնք իրենց անսահման եռանդով ու կամաւոր զոհաբերութեամբ անկարելին կը դարձնեն կարելի եւ նուազագոյն կարելիութիւններով յաճախ կ’արձանագրեն առաւելագոյն յաջողութիւններ։

Ճիշդ չէ սակայն, օրէ օր բազմացող մարտահրաւէրներուն ընդդէմ՝ միութիւններ պէտք չէ մնան առանձին։ Կը սպասուի, որ նիւթական միջոցներ ունեցողներ կատարեն գիտակից զոհողութիւններ, որովհետեւ ինչ որ այսօր կը ցանուի, վաղը կը հնձուի կրկնապատիկ արժէքով։

Ու եթէ հայ կեանքի բարերարները հետզհետէ կը նուազին, գիտենք թէ տակաւին կը գտնուին գիտակից բարերարներ, որոնք իրենց քսակները լայն կը բանան Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ նման կազմակերպութիւններ օժտելու համար արդիական ակումբներով, մարզադաշտերով եւ նոր սերունդը ներգրաւող ու հետաքրքրող այլ միջոցներով։

Հետեւաբար, մեր կայտառ պատանիները թող շարունակեն խտացնել իրենց շարքերը, «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր»ի հաւատարմութեամբ թող ըլլան մի՛շտ պատրաստ։

Ապագան անոնցն է, վաղուան հայերուն։

Տարածենք