Թիւ 410 - ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԱՇԽԱՐՀ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ը աշխարհ մըն է, որ ամբողջութեամբ ծանօթ չէ բոլորին։ Աւելին է ան՝ քան սովորական միութիւն մը, ուր կը յաճախեն որոշ տարիքի, որոշ հետաքրքրութիւն ունեցող մարդիկ միայն։

Աւելին է ան՝ քան միութիւն մը, որուն նպատակները կը սահմանափակուին ժամանակի մը կամ միջավայրի մը մէջ միայն։

Հ.Մ.Ը.Մ. նաեւ աւելին է՝ քան կազմակերպութիւն մը, որ կանոնագիրի չոր ու ցամաք օրէնքներով կ’առաջնորդուի միայն։

Հ.Մ.Ը.Մ. այս բոլորէն աւելին է, որովհետեւ ան իւրայատուկ աշխարհ մըն է, իր մթնոլորտով, գործելու եղանակով եւ գործողներու մտայնութեամբ։ Սահմանափակումներ չկան այդ աշխարհին մէջ։ Չորս տարեկանէն մինչեւ իննսունչորս տարեկանը կրնայ անդամակցիլ անոր։ Հետաքրքրութիւնները եւս այլազան են՝ մարզականէն սկաուտական, վարչականէն մշակութային, ընկերային թէ արհեստագիտական։ Բոլորը ընելիք ունին այդ աշխարհին մէջ։ Իւրաքանչիւրը իր կարողութեամբ եւ կարելիութեամբ։ Մէկը կը հարստացնէ միւսը։ Մէկը կը ծառայէ բոլորին, իսկ բոլորը՝ մէկուն։

Տեւաբար բարձրանալու եւ ուրիշներն ալ հետը բարձրացնելու Հ.Մ.Ը.Մ.ական նշանաբանը կեանքի ոճ է այդ աշխարհին մէջ։ Բարձրանալը անձնական ճիգ կը պահանջէ, մինչդեռ բարձրացնելը անձէն դուրս գալու անհրաժեշտութիւն կը պարտադրէ։ Բարձրանալը կ’ենթադրէ անհատական շահու ապահովում, բարձրացնելը՝ անշահախնդրութիւն։ Հ.Մ.Ը.Մ.ականը անշահախնդիր տիպար է, այլասէր մարդ է, «մի՛շտ պատրաստ» օգտակար դառնալու իր նմանին, մարդուն։ Ու բնական է, որ մարդկայնութեան հունտը ցանող նման արժէքներ աշխարհագրական որեւէ սահման կամ ժամանակ չճանչնան եւ օգտակար ըլլան բոլորին, ամէն տեղ ու ամէն ժամանակ։

Հ.Մ.Ը.Մ. կանոնագրային յօդուածներու մէջ կաղապարուած կազմակերպութեան մը պատկերը չի ներկայացներ երբեք, որովհետեւ ան կանոնագիրի տառ ու յօդուած ըլլալէ առաջ՝ ոգի է, գաղափար է, արժէքներու աշխարհ մըն է, ուր տիրապետողը բարոյական ուժի եւ աւանդութեան վրայ հիմնուած անգիր սկզբունքներն են, Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարդու տիպարային յատկութիւններն են։

Իւրայատուկ այդ աշխարհին տեսանելի բաժինը գործող, շարժուն տարրերն են՝ սկաուտներ, մարզիկներ թէ վարչականներ։ Սակայն, կան նաեւ այդ աշխարհը սնանող, պահող ու պահպանող մարդիկ, լուռ եւ անտեսանելի տարրեր, որոնց մասին կ’արժէ անդրադառնալ անպայման։

Ծնողներն են անոնք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի իւրայատուկ աշխարհին անգնահատելի ուժն ու հարստութիւնը, առանց որոնց 100-ամեայ այս միութիւնը երբեք պիտի չկարենար յարատեւել, յառաջդիմել եւ կատարելութեան դիմել։

Ծնողներ, որոնք իրենց առօրեայ աշխատանքի հեւքին եւ տաղտուկին մէջ, յանձն կ’առնեն շաբաթը անգամ մը, թերեւս ալ աւելի, զոհել իրենց ժամանակն ու հանգիստը եւ իրենց զաւակը տանիլ քիլոմեթրեր հեռու գտնուող Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէկ ակումբը եւ սպասել մինչեւ շաբաթօրեայ հաւաքին կամ մարզական փորձին աւարտը, զանոնք տուն վերադարձնելու համար։

Ծնողներ, որոնք ընտանեկան արձակուրդներ կը խանգարեն՝ ապահովելու համար իրենց զաւակներուն մասնակցութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ի ձեռնարկներուն, տարեկան բանակումներուն թէ միջ-մասնաճիւղային մարզախաղերուն։
Ծնողներ, որոնք նիւթական հազարումէկ զոհողութիւններ յանձն կ’առնեն, որպէսզի իրենց զաւակները կարենան համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բազմածախս մարզախաղերու կամ բանակումներու մասնակցիլ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքի անդամներուն հետ շփուիլ, հայութեան եւ Հայաստանին ծանօթանալ։

Ծնողներ, որոնք իրենց զաւակներուն հետ միասին կը ծառայեն միութեան, իբրեւ վարչական անդամ, ծնողական խորհուրդի կամ Սկաուտ. Խորհուրդի ներկայացուցիչ։

Կրնայ պատահիլ, որ յիշեալ ծնողներէն ոմանք մանկութեան Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ եղած ըլլան եւ անպայման փափաքին իրենց փորձառութիւններուն բաժնեկից դարձնել իրենց զաւակներն ու թոռները։

Ու կրնայ պատահիլ, որ ծնողներ նման բախտաւորութիւն մը ունեցած չըլլան, սակայն իրենց զաւակներու գործունէութենէն խանդավառուած՝ իրենք ալ տրամադրութիւն յայտնեն իրենց զաւակներու կողքին Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ գործելու, Հ.Մ.Ը.Մ.ի համար գործելու։

Երկու պարագային ալ, սակայն, պատճառն ու հետեւանքը Հ.Մ.Ը.Մ.ի մթնոլորտն է, իւրայատուկ աշխարհն է, որ մագնիսացնող տարօրինակ ուժ մը ունի իր մէջ՝ ծնողները դէպի իրեն քաշելու եւ իրենց զաւակներուն համար անհաշիւ զոհողութիւններ յանձն առնելու։

Այս երեւոյթը Ծրագիր-Կանոնագիրով կարելի չէ բացատրել, ո՛չ ալ ազգային-հայրենասիրական համոզումներով կարելի է մեկնաբանել։ Այդ բոլորը իրենց տեղը ունին, անկասկած, բայց այս երեւոյթը ապրուած իրականութիւն է, 100 տարուան մթնոլորտի մը, աշխատանքի մը արդիւնքն է, որուն յաջողութեան մէջ անուրանալի դեր ունին ծնողները, որոնք հակառակ մեր դարու քաղքենի կեանքի բազմաթիւ հրապոյրներուն, մտքի ու խղճի ամենայն հանգստութեամբ իրենց սրտահատորները կը վստահին Հ.Մ.Ը.Մ.ին։ Ու վստահելէ ետք, ամէն ձեւով կը հետեւին ու կ’աջակցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ անոնց աճման եւ զարգացման ընթացքին, իբրեւ գրաւական՝ վաղուան հայութեան առողջ սերունդներու կերտման։

Ի վերջոյ, իրաւ հայ ըլլալու համար չի բաւեր հայու զաւակ ըլլալ, պէտք է հայ զաւակներու ծնողք ըլլալ։ Ժառանգութիւնը առանձինն չի բաւեր։ Փոխանցումն է կարեւոր։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի իւրայատուկ աշխարհը նման փոխանցումի մը համար յարմարագոյն միջավայրը եղած է անցեալին, ու կը մնայ նաեւ այսօր եւ վա՛ղը։

Տարածենք