Թիւ 221 - ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱՄԱՒՈՐ ԲԱՆԱԿԸ՝ Հ.Մ.Ը.Մ. (ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 82-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

 

Անժխտելի իրողութիւն է, որ հայ կեանքը այսօր բոլորովին տարբեր պիտի ըլլար, Եթէ 82 տարի առաջ հիմնուած չըլլար Հ.Մ.Ը.Մ.ը, Եղեռնի ցաւէն ու տառապանքէն ծնած այն կազմակերպութիւնը, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլար նորահաս սերունդներու մարմնակրթութիւնը, ազգային դաստիարակութիւնը, մարդկային արժէքներու փոխանցումը եւ բարոյական չափանիշներու շեշտումը։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանեկան հարազատ մթնոլորտին մէջ, 82 տարի շարունակ հայ մանուկին եւ երիտասարդին համար բիւրեղացաւ հայ արիին վսեմ դիմագիծը, վերականգնեցաւ բարձրաճակատ եւ արժանապատիւ հայը, որ գիտակից յանձնառութեամբ դիմագրաւեց հայ կեանքի այլասերիչ բոլոր հոսանքները։

82 տարի շարունակ, Հ.Մ.Ը.Մ.ականը եղաւ այն մարզիկը, որ ազնիւ ոգիով մրցեցաւ իր ազգակիցներուն թէ օտարներուն դէմ, աշխատելով յաղթել, այո՛, բայց ոչ միայն պարզ մրցակցութեան իմաստով, այլեւ՝ ինքզինք իբրեւ մարդ գերազանցելու վճռականութեամբ։

Մարզական մրցակցութեան մէջ բնական է անհատական կամ խմբային յաղթանակին ձգտումը։ Հ.Մ.Ը.Մ.ականին համար սակայն յաղթանակի նուաճումը երբեք սոսկական նպատակ չեղաւ, որովհետեւ ան ընթացիկ իմաստով սովորական մարզիկ չեղաւ, այլ՝  եղաւ հայ կամաւոր, ազգի զինուոր։ Հ.Մ.Ը.Մ.ականը արժէք եղաւ, երբ միութենական ընդհանրական շահուն եւ բարոյական ըմբռնումներուն հետ վարուեցաւ լրիւ գիտակցութեամբ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի նշանաբանը՝ «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր»ը իր մէջ խտացուց հայ մարդուն կեանքին իմաստը.- բարձրանալ դէպի մարդկային եւ ազգային վեհ արժէքներ, ապա ծռիլ վար, ձեռք երկարել կարեկից եղբօր կամ քրոջ եւ զայն եւս բարձրացնել գաղափարի եւ բարոյականի գագաթները։

Թէ՛ իբրեւ տիպար սկաուտ եւ թէ իբրեւ համբաւաւոր մարզիկ, Հ.Մ.Ը.Մ.ականը շահեցաւ անձնական փառք ու պատիւ, սակայն անոր փառքը պատկանեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքին բոլոր անդամներուն, իսկ պատիւը՝ համայն հայութեան։

Հայութիւնը ուրախացաւ, երբ Հ.Մ.Ը.Մ.ը արձանագրեց սկաուտական եւ մարզական  յաջողութիւններ։ Իսկ այդ ուրախութիւնը գերագոյն հրճուանքի վերածուեցաւ, երբ ան նշեց Հ.Մ.Ը.Մ.ական ոգիի՛ն յաղթանակը։

Համակիրներուն համար ընդունելի եղաւ մարզախաղի մը ընթացքին արձանագրուած ձախողութիւն մը, երբ Հ.Մ.Ը.Մ.ականը տուաւ իր առաւելագոյնը, թէ՛ իբրեւ անշահախնդիր մարդ եւ թէ իբրեւ անբասիր հայ։

Մինչեւ իսկ ընդունելի եղաւ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի միաւորները տողանցեն համեմատաբար քիչ թիւով, պայմանով որ անոնք քալեն կազմակերպ եւ համաչափ, ու պայմանով ու անոնք արտայայտեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի կազմակերպական ուժը եւ բարոյական պայծառութիւնը։

Ծանր եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ականին բեռը, որովհետեւ ծանր եղաւ գիտակից հայուն բեռը ընդհանրապէս։ Հ.Մ.Ը.Մ. անբաժան մէկ մասնիկը եղաւ հայութեան ազգային գոյամարտին, հետեւաբար Հ.Մ.Ը.Մ.ականէն տեւաբար պահանջուեցաւ անսահման ճիգ եւ զոհողութիւն, ի խնդիր միութեան յառաջդիմութեան։

Դիւրին չեղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական ըլլալը, շատ աւելի դժուար եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մնալը։ Շատեր եկան ու անցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերէն։ Ուրիշներ դեռ պիտի գան ու անցնին։

Անհատները կþանցնին, կը մնայ միութիւնը։ Այս գիտակցութեամբ ալ պէտք է դիմագրաւել կեանքէն եւ միջավայրէն բխող բոլոր յոռի երեւոյթներն ու դժուարութիւնները, որպէսզի պարտուին անհատական բոլոր եսերը եւ յաղթէ համահայկական կամաւոր բանակը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ը։

Տարածենք