Թիւ 310 - ՄԱՐԴ ՊԱՏՐԱՍՏԵ՛ՆՔ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի 90-ամեակի տօնակատարութիւններու պերճ մթնոլորտին մէջ, կþարժէ անդրադառնալ նաեւ կարգ մը երեւոյթներու, որոնք իբրեւ ընդհանրական մտահոգութիւն, կը յուզեն միութեան ներկան ու ապագան։

Այդ մտահոգութիւններէն մեծագոյնը մարդու պակասն է, անկասկած։ Գաղափարապաշտ, անձնուէր, հասուն եւ գործունեայ մարդու պակասը։

Շնորհալի երիտասարդներ չեն պակսիր մեզի։ մասնագէտներ, մեծամեծ վկայականներու տիրացածներ եւ մինչեւ իսկ փայլուն առեւտրականներ շատ ունինք, սակայն անոնք չեն գոհացներ ազգային-միութենական մեր կեանքի մտահոգութիւններէն բխող պահանջները։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը արժէք մըն է ինքնին, սեփական գործի եւ շահերու ձեռնհաս վարիչ մը, բայց ո՛չ այն մարդը, որ ուզէ քալել «սրբազան խենթ»երու ճամբէն, իր ուժերն ու կարողութիւնները ի սպաս դնելով հաւաքականութեան։

Արդար պիտի չըլլար բոլորովին ժխտել նոր սերունդին գաղափարապաշտութիւնը։ Բայց ճշմարտութիւնը այն է, որ գաղափարական, ծառայասիրական տրամադրութիւնները իրենց ազդեցութենէն ու գեղեցկութենէն շատ բան կորսնցուցած են մեր օրերուն՝ բաղդատած մօտիկ անցեալին։

Պատճառները հասկնալի են թերեւս։ Նախ կայ այսօրուան կեանքի աննպաստ միջավայրը, որ կ’աղարտէ, կ’այլասերէ պատանիներու հոգին։ Մեր տղաքն ու աղջիկները, իրենց ամէնօրեայ շփումներով եւ հետաքրքրութիւններով, տարբեր օրինակներ կը տեսնեն եւ տարբեր դասեր կը քաղեն՝ քան ինչ որ մենք պիտի փափաքէինք իրենց։

Երկրորդ՝ ժամանակի ազդեցութիւնը, որ խաբուսիկ, մակերեսային եւ անցողիկ արժէքներու կարեւորութիւն կ’ընծայէ։ Նիւթապաշտութիւնը ամէնուրեք ունի հասարակաց կաղապարներ, որոնց մէջ ձեւ ու կերպարանք կը ստանան մատղաշ հոգիները։ Կը գտնուինք նիւթի գերիշխան տիրապետութեան տակ։ Գործնական մտածողութեան գովքը, հարստութեան եւ ապահովութեան փառաբանանքը, շահի եւ ճարպիկութեան իմաստութիւնը ի պատուի են քիչ ամէն տեղ։ «Անձազոհութիւն», «անշահախնդրութիւն», «գաղափարապաշտութիւն» եւ նման բացատրութիւններ դադրած են առաքինութիւններ նկատուելէ եւ մինչեւ իսկ սկսած են նկատուիլ… յետամնացութեան նշաններ։

Դեռ կարելի է երկարել ներկայացումը պատճառներուն։ Բայց ի՛նչ օգուտ։ Մարդու պակասը չի դադրիր տագնապ ըլլալէ։ Տագնապ մը, որ հետզհետէ աւելի մեծ տարողութիւն կը ստանայ։

Մեզի նման ազգեր ու միութիւններ, որոնք նիւթական հզօրութեան մեծ աղբիւրներ չունին, ամէնէն աւելի կը գոյատեւեն իտէալով ու գաղափարով։ Հայ կեանքին այսօր, աւելի քան երբեք, պէտք են իտէալիստներ ու գաղափարապաշտներ, որոնք եթէ իրենց կեանքն ու հանգիստը ամբողջովին պիտի չզոհեն, գէթ տրամադիր պիտի ըլլան խղճմտօրէն լծուելու ազգային գործերու։

Ազգին ու միութեան օգտակար դառնալու ձեւեր շատ կան, կարեւորը գիտակցութիւնն է եւ պատրաստակամութիւնը, շունչն ու աւիւնը, զոր կը փոխանցուի դաստիարակութեա՛մբ, մարդ պատրաստելու յստակ հեռանկարով, ծրագիրով ու աշխատանքով։

Տարածենք