Թիւ 167 - ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ՎԵՐԱՊՐՈՂԻ ՄԵՐ ԱՆՎՀԱՏ ԿԱՄՔԸ

 

Հայ «Ազատամարտ»ի խմբագրապետը, գաղափարի վսեմ գամփռը, Եղեռնի նահատակ Ռուբէն Զարդարեան հայ ժողովուրդի աննկուն կամքը եւ վհատութիւն չճանչցող նկարագիրը բնորոշելու համար հետեւեալը կտակած է. «Հեռո՜ւ, հեռո՜ւ վհատութիւնն ու ամօթը մեզմէ. հեռո՜ւ՝ մեր եօթը սերունդներէն։ Համբերութիւնը վայել է մեզի՛ միայն, որովհետեւ մեր ուսերուն վրայ երկաթ շալկած ենք…»։

Եղեռնի այլ նահատակ մը, ազգային-հասարակական մեծ գործիչ եւ «Դէպի Երկիր»ի պատգամբեր Է. Ակնունի, իր կարգին, հետեւեալը դաւանած է. «Ազատութեան ծիլը առաւօտեան ցօղերով չի աճում, այլ՝ արեան շիթերով…»։

Եղեռնի 81-ամեակի ոգեկոչումներուն առիթով, երբ համայն հայութեան հետ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքը եւս արժանավայել լրջութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ վերանորոգեց Ապրիլ 24-ի իր ուխտը,

Եւ երբ ո՛չ թէ «արեան շիթերով», այլ ինչպէս հայոց վշտի երգիչը՝ Ա. Ահարոնեան պիտի ըսէր՝ «արեան ծովերո՜վ» փրկուած մեր գոյութիւնը աւելի եւս ամրապնդելու եւ կազմակերպելու համար բիւրաւոր նահատակներու յիշատակին խոնարհեցանք, նոյն ատեն չէինք կրնար չանդրադառնալ անչափելի այն կորուստին, որուն ազգովին ենթարկուեցանք՝ 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան զոհը երթալով։

Սակայն, «Փա՜ռք մեզի» պիտի գոչէր Զարդարեան։ Փա՜ռք, որովհետեւ հակառակ թրքական եաթաղանին հասցուցած ծանր հարուածին, հայութեան համրանքին շուրջ կէսին կոտորակումին եւ հայրենի հողերու հինգ-վեցերորդին կորուստին,

Հակառակ նաեւ, ու մանաւա՛նդ Եղեռնին յաջորդած առաջին տասնամեակներուն ընթացքին Սփիւռքի թէ Հայրենիքի մէջ մեր անտանելի թշուառութեան եւ անասելի դժուարութիւններուն, մեր ժողովուրդը մերժելով մերժեց ամէ՛ն վհատութիւն եւ, իբրեւ արդարատենչ ու ազատատենչ ժողովուրդ, գիտցաւ իր թշնամիին՝ թուրքի՛ն տալ Ցեղասպանութենէն վերապրողի իր ազդու պատասխանը։

Ան պատասխանեց արեան ճամբաներուն վրայ եւ անապատներու մէջ իր մանուկին հայերէն սորվեցնող հայ մօր օրինակով։

Ան պատասխանեց Սարդարապատի դաշտին վրայ պատմութեան ընթացքը փոխող եւ Հայաստանի Հանրապետութիւն կերտող սերունդին օրինակով։

Ան պատասխանեց Երկրի մէջ շէնշող Հայրենիք կերտելով, իսկ Արտերկրի մէջ գաղթակայանները եւ որբանոցները հայաւաններու վերածելով։

Ան պատասխանեց թէ՛ Երեւանի փողոցներէն «Մեր հողե՛րը, մեր հողե՛րը» պահանջելով եւ թէ աշխարհի լայն ու նեղ բոլոր պողոտաներէն «Արդարութի՛ւն» գոչելով։

Վերջապէս, ան պատասխանեց Արցախի արծուեբոյնէն «Հայեր միացէ՛ք» վանկարկելով։

Ազգային անխառն հպարտութիւն առթող այս իրողութենէն մեկնելով՝ Եղեռնի մեր բիւրաւոր նահատակներուն ոգեկոչումը, աննման Զարդարեաններու, Ակնունիներու, Սիամանթոներու, Վարժուաններու եւ Խաժակներու գաղափարական աւանդներուն վերարծարծումը լաւագոյն առիթը պէտք է նկատել «Անլռելի Զանգակատան» ղօղանջներուն հետ կրկնելու, ու քանիերորդ անգամ ըլլալով հաստատելու. «հեռո՜ւ, հեռո՜ւ վհատութիւնը մեզմէ»։

Հեռո՜ւ մեր ոչ թէ եօթը, այլ եօթն անգամ եօթանասունեօ՛թը սերունդներէն, հեռո՜ւ մեր յետնորդ բոլո՛ր սերունդներէն։

Տարածենք