Թիւ 239 - ԱՆԴՈ՛ՒԼ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ականի նկարագիր եւ կամք կերտող միջոցներէն մէկը, անկասկած, հաւատքի եւ նուիրումի պատուանդանին վրայ խարսխուած աշխատանքն է: Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարդուն բնորոշ առաքինութիւններէն մէկը կը կազմէ աշխատանքի հանդէպ սէրը, որ իր գոյութեան եւ յարատեւման ազդակներէն մէկը կը հանդիսանայ:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի շեմէն ներս հազիւ մուտք գործած «կակուղ թաթիկ»ը կը սորվի, որ աշխատանքը մայրն է ամէն բարիքի, իսկ ծուլութիւնը՝ ամէն չարիքի: Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարիչները միութեան դիմող մատղաշ սերունդներուն առաջին օրէն իսկ յստակ կը դարձնեն, որ աշխատանքը կ’ազնուացնէ հոգին եւ առաջքը կ’առնէ անպարկեշտութեան ու փորձութեան, մինչդեռ ծուլութիւնը սերմերը կը ցանէ մոլութիւններու եւ մեղքերու:

Տարիներու ընթացքին, Հ.Մ.Ը.Մ.ական կեանքի փորձառութիւնը կու գայ վերահաստատելու, որ աշխատանքը իսկապէս լայն ասպարէզ կը բանայ մարդոց կարողութիւններու բացայայտման եւ զարգացման, իսկ անգործութիւնը մնայուն աղբիւր կը մնայ բարոյական ապականութիւններու:

Աւելի հասուն հանգրուանին, աշխատանքը կորով, հաւատք եւ զոհողութիւն կը ներշնչէ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարդուն, իսկ անգործութիւնն ու ծուլութիւնը նկարագիր եւ բնաւորութիւն կը խաթարեն, էութիւն կը փճացնեն եւ յուսահատութիւն կը պատճառեն տկարակամներու:

Կեանքի օրինաչափութիւնը ծանօթ է բոլորին. պէտք է ցանես՝ որ հնձես:

Ապրելու համար պէտք է աշխատիլ: Կեանքի մէջ յաջողած են անոնք, որոնք սիրած են աշխատանքը եւ իրենց համար պարտականութենէ աւելի հաճոյք մը եղած է ան: Ծուլութիւնը մտքի ու մարմնի ժանգ է, միակ սպեղանին աշխատանքն է: Մարդկային ամէն չարիք կը ծնի ծուլութենէն: «Ծուլութեան մանչ զաւակը գողութիւնն է, իսկ աղջիկը՝ անօթութիւնը», պիտի ըսէր Վիքթոր Հիւկօ: Ընկերութեան մէջ յարգուած մարդիկը աշխատանքի կիրքը ունեցողներն են: Անոնք որոնք իրենց աչքին ու մտքին լոյսը կը մաշեցնեն, կեանք ու աւիւն կու տան, տքնաջան աշխատանքով իրենց շրջապատին եւ մարդկութեան օգտակար դառնալու համար:

Աշխատանքը որեւէ գործի յաջողութեան գլխաւոր պայմանն է: Այն հարստութիւնը, զոր մարդ կրնայ ունենալ եւ բնաւ չսնանկանալ, աշխատանքի հարստութիւնն է:

Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարդը իր դաստիարակութեամբ ու գործով լաւ գիտէ, որ աշխատանքը այն զօրաւոր ուժն է, որուն դիմաց տեղի կու տան ամէնէն դժուար կարծուած գործերը նոյնիսկ: Յարատեւ ու անխոնջ աշխատանքի արդիւնք են միութենական բոլոր յաջողութիւնները, իրագործումներն ու նուաճումները: Ու ինչ որ այսօրուան միութենականները կը վայելեն իբրեւ բնական յարմարութիւններ (Հ.Մ.Ը.Մ.ի ակումբներ, մարզադաշտեր, բարոյական վարկ, նիւթական ինքնաբաւութիւն, միջազգային ճանաչում, եւայլն) այդ բոլորը արդիւնք են իրերայաջորդ սերունդներու տասնամեակներու վրայ երկարած յամառ ու հետեւողական աշխատանքին: Ոչինչ պատահականութեան կամ բախտի արդիւնք է: Ոչինչ վիճակահանութեան մեծ պարգեւէ շահուած շռայլանք է: Բազում նուիրեալներու աշխատանքին քրտինքն ու զոհողութիւնը շաղախուած է այնտեղ, տեղեկագիրները վկա՜յ, պատմութիւնը ապացո՛յց:

Յաջողութեան, բարձրացման եւ յաղթանակներու հասնելու համար, սակայն, չի բաւեր առաջադրուած նպատակի մը հասնելու ցանկութիւնն ու տրամադրութիւնը միայն ունենալ, անհրաժեշտ է աննկուն եւ զօրաւոր կամք, յարատեւութիւն եւ, ամէնէն կարեւորը, անդուլ աշխատանք, որովհետեւ այն օրը երբ աշխատանքը դադրի, յաջորդ օր մրցակիցներ կ’անցնին յառաջ:

Հարկ է աշխատի՛լ, շարունակ աշխատիլ, սիրել աշխատանքը, ու այն ատեն միայն կարելի է ինքզինք «Միշտ պատրա՛ստ» զգալ բոլորին ծառայելու, ազգին ու հայրենիքին հանդէպ Հ.Մ.Ը.Մ.ականի մեր պարտաւորութիւնները լրի՛ւ կատարելու:

Տարածենք