Թիւ 258 - ԾՐԱԳՐՈՒՄ ԵՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի նման միութիւններու աշխատանքը կարելի չէ հիմնաւորել միայն իտէալներով, իղձերով ու տենչերով, որոնք իբրեւ մղում եւ սլացք տուող ազդակներ անհրաժեշտ են, սակայն առանց ծրագրումի եւ կազմակերպուած աշխատանքի ուշ կամ կանուխ կրնան յուսախաբութիւններու եւ ձախողութիւններու մատնուիլ։

Ծրագրումը ինքնին աշխատանքի ձեւ մըն է, որ կը նախատեսէ իրագործել նպատակ մը։ Այդ աշխատանքը կը ձգտի ստեղծել կազմակերպ եւ առողջ միութենական կեանք, նկատի առնելով արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող պայմանները, շուրջի հաւանական զարգացումները եւ անոնց հետեւանքները։

Յատկապէս մեր օրերուն, ծրագրումը մասնագիտական մակարդակի վրայ կատարուելիք գործ է։ Կարելի չէ զգացական, ենթակայական մօտեցումներով առաջնորդուիլ եւ ապագայի մեր հեռանկարներուն մէջ տեսնել միայն այն՝ զոր պիտի ուզէինք տեսնել։ Իր կարգին, մասնագիտական գործը չի կրնար ինքնանպատակ ըլլալ, ան կոչուած է ծառայելու հիմնական առաջադրանքներու։ Այդ ծառայութիւնն է որ կը ներշնչէ վստահութիւն, իսկ այդ ոգիին ներկայութիւնն է որ երեւոյթները կը հանէ արուեստականութենէ։ 

Ծրագրում կ’ենթադրէ մեր միջավայրի անմիջական, հեռաւոր, մեզի ուղղակի թէ անուղղակի առնչութիւն ունեցող իրականութիւններու քննութիւն՝ անոնց պատշաճեցնելով յարմարագոյն լուծումի մը բանաձեւումը, որ կը հանդիսանայ ծրագրումի եւ կազմակերպումի էութիւնը։ Այլ խօսքով, ծրագրումով յստակ բաժանում կը կատարուի նպատակներու եւ միջոցներու միջեւ։

Նպատակները կը ճշդուին ազգային ընդհանրական իտէալներու համաձայն։ Միջոցները կ’ընտրուին միութենական առողջ սկզբունքներու հիմամբ, ժամանակի եւ պայմաններու տրամադրած կարելիութիւններու սահմանին մէջ։ Միջոցներու քննարկումէն եւ կշռադատումէն ետք, կարելի է վերատեսութեան ենթարկել կամ մինչեւ իսկ չափաւորել միութեան մը առաջադրած ծրագիրները՝ ըստ առաջնահերթութիւններու, օրուան պահանջներու եւ մտայնութիւններու։

Նպատակները  պէտք է ըլլան յստակ, իսկ միջոցները՝ այլազան ու լաւ սերտուած։ Երկուքին պարագային ալ համագործակցութեան եւ հասկացողութեան համար պատասխանատուներու մակարդակի վրայ պայման է երեւակայութեան եւ լայնախոհութեան մթնոլորտ, իսկ անդամական մակարդակի վրայ անհրաժեշտաբար պէտք է գոյութիւն ունենան եռանդ եւ կարգապահութիւն։

Աշխատանքի այս բնոյթը ամբողջովին կը պատշաճի նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ին՝ անոր գործերը ծրագրելու եւ մասնաճիւղերը կազմակերպելու ճիգին մէջ։ Ծրագրումի եւ կազմակերպումի աշխատանքը, որ այնքան անհրաժեշտ կը նկատուի, կարելի չէ յաջողցնել առանց Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքը բաղկացնող իւրաքանչիւր անդամի ամբողջական մասնակցութեան։ Իւրաքանչիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ականի համար անպայման նախատեսուած է իր մասնակցութեան բաժինը, որ կրնայ ըլլալ սկաուտութեան թէ մարզական բաժիններուն տէր կանգնելու պարտաւորութիւններէն մինչեւ վարչական այլեւայլ աշխատանքներու պատասխանատուութիւնը։

Միութենական կեանքի կազմակերպեալ յառաջդիմութեան համար եթէ անհրաժեշտ են ծրագրումն ու կազմակերպումը, այդ ուղղութեամբ իսկապէս արդիւնաւէտ կրնայ ըլլալ ուրեմն այն աշխատանքը, որ նկատի կ’ունենայ վերոյիշեալ նախապայմանները։ Նպատակներ հետապնդելու համար միութենական ջանքերը պէտք է համադրել, իսկ զանոնք յաջողութեամբ պսակելու համար պէտք է օգտագործել միութեան տրամադրելի բոլո՛ր ուժերն ու աղբիւրները։ Նկատի պէտք է առնուին գոյութիւն ունեցող Ֆիզիքական, նիւթական եւ մտաւորական ուժերը, որոնք պէտք է մէկտեղուին եւ գործի կը լծուին, որպէսզի ստեղծուի աւելի առողջ, աւելի կենսունակ միութենական կեանք մը։

Տարածենք