Թիւ 360 - ՉԱՐԻՔԻՆ ԱՐՄԱՏԸ

 

Գրեթէ ծանօթ ճշմարտութիւն է, որ մենք անհատաբար արժէք ներկայացնող մարդիկ շատ ունինք։

Կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ առաջնակարգ ու տաղանդաւոր դէմքեր շատ ունինք։ Հայ թէ օտար շրջանակներու մէջ յաջողած անունները բազմաթիւ են։ Անձնաւորութիւններ, որոնք յարգանք կը պարտադրեն, համբաւ կը վայելեն։ Ուժ են, իբրեւ բարոյական հեղինակութիւն կամ նիւթական կարելիութիւն։

«Ես»երով կը փայլինք, սակայն իբրեւ «Մենք» տժգոյն ենք։ «Արեւ»ներ ու «աստղ»եր կան հայկական երկնակամարին վրայ, բայց պայծառ ու լուսաւոր չէ հայ կեանքը։

Կը հպարտանանք անհատական արժանիքներով ու յաջողութիւններով աչքի զարնող հայերու ի տես, սակայն երբ հայութեա՛ն կը նայինք՝ տխուր ու մտահոգիչ շատ բան կը գտնենք, Հայաստան թէ Սփիւռք։

Այլ խօսքով, ուժեր ունինք, բայց ուժեղ չենք։

Այս երեւոյթը հետեւանք է մեր ժողովուրդի ապրած դարաւոր պայմաններուն։ Հնագոյն դարերէն մինչեւ նորագոյն տարիներ հայութեան հողին ու կեանքին բռնացող ուժեր, զայն աջէն ու ձախէն շրջապատող հոսանքներ ո՛չ միայն անկարելի դարձուցած են ազգային հաւաքական մտածողութեան մը զարգացումը, այլեւ ընդհակառակն՝ բթացուցած են հայութեան ազգ ըլլալու գիտակցութիւնը։

Այս կացութեան մէջ, հայ մարդոց ջախջախիչ մեծամասնութիւնը մղուած է տեւական արտագաղթով «իր գլխուն ճարին նայելու», անհատական միջոցներով իր կաշին փրկելու, անձնական նախաձեռնութեամբ իր ինքնութիւնը պահպանելու ճիգին։ Այս ընթացքով ալ հաւաքական մտածողութիւն եւ համընդհանուր կազմակերպումի փորձ գրեթէ գոյութիւն ունեցած չէ, մինչեւ Ազգային Զարթօնքի եւ Յեղափոխութեան շրջան։

Այսպէս, բացառութեամբ 1870-1920 յիսնամեակին, մեր ժողովուրդը անհատապաշտական իր գիծը պահած է հայ կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ, հանրայինէն մինչեւ համազգայինը։

Այսօր, անկախ պետականութեան պայմաններուն մէջ, դժբախտաբար ան կը շարունակէ վարանում եւ ընկրկում ցոյց տալ հաւաքական ուժ դառնալու ստիպողութեան դիմաց, երբ անգամ մը եւս չի յաջողիր անհատական իր ուժերէն եւ անձնական արժէքներէն համահայկական ուժականութիւն ստեղծել։

Իրականութիւնները դառն են, բայց իրականութիւն ըլլալէ չեն դադրիր։ Արդարեւ՝

Որքան կը շեշտուին հայ մարդոց նիւթական բարօրութեան ձգտումը եւ անհատական ապահովութեան ճիգերը այնքան կը տկարանայ ազգային մտածողութիւնը։

Որքան կը ցրուի մեր ժողովուրդը սփիւռքեան հեռաւոր ափերու վրայ այնքան կը տկարանայ ազգային ինքնութեան գիտակցութիւնը։

Որքան արտաքին ազդակներ աննպաստ անդրադարձ կ’ունենան ազգային գոյատեւումի մեր ճիգերուն վրայ, այնքան քաղքենիացումը եւ այլասերումը կը դառնան անխուսափելի։

Ու ճիշդ հո՛ս է ազգային-միութենական դաստիարակութեան դերը հայ մարդուն ճանաչողութեան եւ հաւաքական աշխատանքի վարժողութեան մէջ։ Եւ եթէ այսօր բացայայտ է մեր տկարութիւնը այս մարզին մէջ՝ պատճառը տեւական զարգացումն ու ծաւալումն է անհատապաշտական մեր ձգտումներուն, ինքնագոհութեան եւ անտարբերութեան։

Ահա թէ ուր փնտռել չարիքին իսկակա՛ն արմատը։

Տարածենք