Թիւ 174 - «ՄԱՐԶԻԿ»Ի ԺԶ. ՏԱՐՈՒԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՍԵՄԻՆ

 

Քսանմէկերորդ դարու սեմին, աշխարհը այսօր կը կառավարուի ոչ միայն պետութիւններով ու բանակներով, այլեւ՝ համաշխարհային այլ կայսրութեամբ մը, որ կը կոչուի Մամուլի Կայսրութիւն։

Մեր ժամանակաշրջանը որքան վառօդի, հիւլէի, համակարգիչի ու արագութեան դար կը կոչուի, նոյնքան եւ թերեւս ալ աւելի՝ խօսքի՛ դար է։

Արագ եւ ստոյգ տեղեկութիւն փոխանցող, կեցուա՛ծք արտայայտող, ուղղութի՛ւն տուող խօսքը մամուլի ճամբով ամէն օր անզգալաբար կը տիրապետէ միլիոնաւոր մարդոց հոգեմտաւոր աշխարհին վրայ, շարժումի մէջ կը դնէ բազմութիւններ եւ պետութիւններ, որոնց շարժումին արդիւնքն է որ նոր խօսք եւ կեանք կը ստեղծէ չորս դի։

Այդ շարժուն կեանքին մէկ կարեւոր երեսն ալ հայ մարմնակրթական կեանքն է։ Մասնաւորելով մեր խօսքը Հ.Մ.Ը.Մ.ական կեանքին մասին, պիտի հաստատենք, որ 80-ամեակի իրենց տօնակատարութիւններուն պատրաստուող միութեան աշխարհասփիւռ անդամները, մարզիկներն ու սկաուտական շարքերը վերանորոգման եւ վերաշխուժացման նոր հանգրուանի մը առջեւ գտնուելով, միութեան պաշտօնաթերթ «Մարզիկ» եւս, 80-ամեակի նախօրեակին եւ իր հրատարակութեան ԺԶ . տարուան սեմին, կը գտնուի պատասխանատու նոր հանգրուանի մը դէմ յանդիման։

Արդարեւ, առանց հեռանալու 1980 Փետրուարին իրենց ծնունդ տուած ազգային, միութենական առաջադրանքներէն, «Մարզիկ» այսօր կը դիմագրաւէ նոր պահանջներու եւ հրամայականներու պատշաճելու մարտահրաւէրներ։ Այդ պահանջներէն առաջինը կը բխի ակնբախ այն իրողութենէն, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ական այսօրուան նորահաս կամ համակիր սերունդը միութենական իր ըմբռնողութեամբ, առօրեայ մտահոգութիւններով եւ գործունէութեան հեռանկարներով նոյնը չէ, ինչ որ էին քանի մը տասնամեակ առաջուան սերունդները։ Զարմանալի պիտի ըլլար հակառակի՛ն իրողութիւնը։ Հետեւաբար, այսօր քիչ մը ամէն տեղ կարիքը կը զգացուի մամլոյ ճամբով Հ.Մ.Ը.Մ.ական նոր կեանքը ձեւաւորող, ստեղծող նո՛ր շարժումի եւ նո՛ր խօսքի։

Ուշադրութեան արժանի այլ իրողութիւն է այն, որ ինչպէս հայ կեանքի գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ, մամլոյ պարագային եւս, վերջին տարիներուն ստեղծուած է առաջնահերթութիւններու եւ չափանիշներու նոր համակարգ մը, որմէ դուրս՝ ինքնանպատակ կերպով սեփական գոյութեան քարշ տուող ամէն մօտեցում ժամանակի եւ կարելիութիւններու զուր մսխում է։ Իսկ մեր կեանքը այլեւս չի կրնար դիմանալ նոր մսխումներու եւ ժամավաճառութիւններու։

Հետեւաբար, ձայնասփիւռի, պատկերասփիւռի եւ արբանեակային հաղորդակցութեան միջոցներու ճնշիչ տիրապետութեան այս օրերուն, «Մարզիկ» յանձնառութիւնը կը ստանձնէ տեւաբար ինքզինք փորձաքարի զարնելու, բովանդակութեան եւ մատուցման ձեւի նորութիւններով քայլ պահելու համար հայ կեանքի արդիականացման նոր պահանջներուն հետ։

Ընթերցողներ, իրենց կարգին, անշուշտ, իրաւունքը ունին տեւաբար լաւը սպասելու եւ շատ աւելի լաւն ու կատարեալը պահանջելու, որուն դիմաց սակայն՝ մարդուժի, նիւթականի եւ արհեստագիտութեան տրամադրելի մեր կարելիութիւնները կրնան միշտ չգոհացնել բոլորին հետաքրքրութիւնները, չբաւարարել նոյնիսկ մե՛ր ակնկալութիւնները, հոգ չէ, այնքան ատեն որ միշտ բարձրանալու եւ բարձրացնելու Հ.Մ.Ը.Մ.ական մեր ուխտին հաւատարիմ՝ բարձրաճակատ կը խոստովանինք, որ «Մարզիկ»ի հրատարակութեան իւրաքանչիւր նոր տարուան սեմին, կատարելագոյնին ձգտելու ամէն արդար պահանջ խթանիչ յաւելեալ ազդակ մը կը հանդիսանայ թերթին յառաջդիմութեան եւ զարգացման ի խնդիր մեր ճիգերը կրկնապատկելու ու բազմապատկելո՛ւ։

 

Տարածենք