Թիւ 329 - ԻՐԱ՛Ւ ՄԱՐԶԻԿԸ

 

Որեւէ արժէքէ եւ օգտակարութենէ զուրկ են այն մարզիկները, որոնք ըլլալով հանդերձ լաւ Ֆութպոլիստ կամ պասքեթպոլիստ, աթլէթ կամ լողորդ, չունին իրաւ մարզիկէ մը պահանջուած բարոյական յատկանիշները։

Սկաուտութեան թէ մարմնակրթութեան նպատակը նոր սերունդի Ֆիզիքական կրթութեան հետ, անոր բարոյական եւ հոգեկան արժէքներու մշակումն է։

Բարոյականով խոցելի, անտարբեր, անկարգապահ ու շփացած մարզիկներ իրենց պատկանած միութեան, ազգին, հայրենիքին ու ընտանիքին ի՞նչ օգտակարութիւն ունին։ Անոնց շահած յաղթանակներն ու բաժակները խաբուսիկ երեւոյթներ են։ Էական յաղթանակը՝ բարոյականի եւ նկարագրի մաքրութեան, դաստիարակութեան կարեւորութիւնն է, որ յաճախ կ’անտեսուի։

Կեանքի տարբեր մարզերուն մէջ թերեւս մէկը կրնայ բարոյական երկու հակադիր ըմբռնումներու դիմելով յաջողութիւններ արձանագրել, բայց անըմբռնելի եւ անկարելի է, որ մարզական կեանքի մէջ մարդիկ կամ մարզական միութիւններ յաջողութիւններ արձանագրեն եւ օգտակար հանդիսանան, երբ կը տարուբերին բարոյական ըմբռնումներու կիրարկման մէջ։

Մեր շուրջը, կեանքի գրեթէ բոլոր երեւոյթներուն մէջ մարդոց խօսքն ու գործը, կենցաղն ու ընթացքը դիմակաւորուած է։

Աստուծոյ ծառաներէն սկսեալ մինչեւ քաղաքագէտները, պարզ արհեստաւորէն մինչեւ արուեստագէտը, դիմակաւոր դերասաններ դարձած են, օրուան եւ պահանջին համաձայն դերեր եւ կեցուածքներ կը փոխեն։

Բարոյական անկում, նկարագիրի խաթարում, անտարբերութիւն կը նկատուի ամէնուրեք։

Թող ստեն, խարդախեն, դաւեն ու հայհոյեն մարդիկ, որոնցմէ կ’ակնկալուի միայն ու միայն պարկեշտութիւն, հեզութիւն եւ բարիք։

Թող կեղծեն, մատնեն, դաւաճանեն անոնք, որոնք օրն ի բուն բարոյական արժանիքներ կը ճառեն։

Թող աշխարհի քաղաքագէտներն ու դիւանագէտները խաղաղութիւն, ազատութիւն եւ ժողովրդավարութիւն հոլովեն, իրենց իսկ սադրանքներով քաոսի վերածուած աշխարհին մէջ։

Բայց գէթ մենք՝ մարզական միութիւններս ու մարզիկներս ըլլանք ու գործով ցոյց տանք, թէ ա՛յն ենք, ինչ որ կը քարոզենք։ Գործնապէս փաստենք ինչ որ միութենական մեր սկզբունքները կը թելադրեն մեզի, որովհետեւ եթէ մենք ալ հետեւինք աշխարհի ներկայ Բարեկենդանի դիմակաւոր խեղկատակ բեմադրութեան, կը դառնանք չարիք մենք մեզի եւ մեր շուրջիններուն։

Իրա՛ւ մարզիկը պէտք է ունենայ ազնիւ հոգի, մշակուած միտք։

Պէտք է ըլլալ պարկեշտ խօսքով, գործով ու մտածումով։

Պէտք է հեռանալ միտքն ու մարմինը վնասող միջավայրերէն։ Պէտք չէ ընկերանալ բարոյականով սնանկացածներուն։ Պէտք է աշխատիլ ինքզինք պահել հոգիով բարձր, նկարագիրով մաքուր։

Կրնա՞նք «Յաղթանակէն ետք հանդիպիլ պարտութեան եւ նոյն ձեւով ընդունիլ զոյգն այդ խաբող»։ Կրնա՞նք չարիքը փոխադարձել բարիքով, անարդարութիւնը դարմանել արդարութեամբ։ Կրնա՞նք յարգել ու սիրել մեր մարզիկ եղբայրը, հայրենակիցը, թէկուզ հակառակորդը։

Ահա՛ իրաւ մարզիկի մը յատկանիշները, որոնցմով կարելի է կանխել քանի՜-քանի՜ ցաւալի պատահարներ, կորուստներ եւ վնասներ։

Տարածենք