Թիւ 28 - ՓՈԽԱՆՑՈՒՄԸ

 

Ճիշդ է, որ կը ծափահարուին եւ պատուոյ կþարժանանան կոլ ընողները, սակայն վաւերականօրէն կը մնան եւ կան փոխանցողները։

Արդէն այդ է։

Խմբական խաղերու նպատակն իսկ է խմբային աշխատանքի իմաստութիւնը։

Ճիշդ է, որ գործերը կը կնքուին երկրի մը նախագահով, վարչութեան մը ատենապետով, յանձնախումբի մը ներկայացուցիչով, սակայն, նոյնիսկ այդ պարագային, անձը անձ չէ, այլ խումբի մը խօսնակը։

Ներկայացուցիչին տրուած յարգանքը ներկայացուցիչի՛ն, բայց, մանաւանդ, անոր միջոցաւ ներկայացուած մարմինի՛ն կ’երթայ բնականօրէն։

Կը փոխուին վարչական կազմերը։ Գացողները կը դառնան հին, եկողները՝ նորընտիր։ Փոխուող նախագահները կը դառնան նախկին, պատմութեան կ’անցնին հանգստեան կոչուած զօրավարները։

Այդ փոփոխութիւնները, սակայն, վարչական նշանակութիւն ունին միայն, երբեք շարունակականութեան կասեցում, նոյնիսկ եթէ կարգ մը պարագաներու հռչակուին արմատական կամ անկիւնադարձային։

Վարչութիւնը մնայուն է, վարչականները՝ փոփոխական։

Պետութիւնը մնայուն է, կառավարութիւնը՝ փոփոխական։

Խումբը մնայուն է, խումբի անդամները փոփոխական։

Գործը մնայուն է, խումբի անդամները փոփոխական։

Գործը մնայուն է, գործողները՝ փոփոխական։

Հարցը այն է, որ ընդհանրապէս աճապարանք կայ նորին առթած յոյսին առջեւ՝ հինը շուտ... հինցնելու։

Երախտամոռութեան զգացում մը կը ծնի այս վարուելակերպէն, որուն հետեւանքները կը հասնին մինչեւ մնայունն ու փոփոխականը իրարու հետ շփոթելու վտագնին։

Նոր տարի՞ է։

Կը քննենք հինը խստագոյն դատավարութեամբ, նորը կը դիմաւորենք առաւելագոյն խանդավառութեամբ, ու կը մոռնանք, որ հինը ծնաւ նորը։

Ու չենք տեսներ նորին մէջ հինը, որ պիտի ապրի ժառանգականութեան անյեղլի իսկ օրէնքով։ Բնազանցական պարտադրանքով ու բնականութեամբ։

Սխա՞լ պիտի ըլլար ըսել՝ վերջին հաշուով հին ու նոր չկայ, կայ միայն փոխանցում։

Սխա՞լ պիտի ըլլար նոյն այս տրամաբանութեամբ եզրակացնել, որ փոխանցումի պահուն պէտք է առնուազն հաւասար չափով գնահատել փոխանցողն ու ստանձնողը։

Արդարութեան կշիռքն է չափանիշը ընկերութեան մը զօրեղ կայունութեան։ Վա՛յ որ կշիռքին եզրերը անդադար ելեւէջեն...

Անոնք՝ կշիռքին եզրերը պէտք է միշտ մնան իրարու հաւասա՛ր։

Նոր տարի է, նոր վարչութիւններ են, անցած ու գալիք բոլոր օրերը լեցուն եղած են ու պիտի մնան փոփոխութիւններով, հինի ու նորի փոխանցումներով։

Յստակ է, որ եթէ չըլլար քարայրի մարդը, Լուսնի մարդը չէր կրնար ծնիլ։

Ա՛յդ է։

Պատմութեամբ մէկ, միութեամբ պայմանաւոր, նոյն դրօշով ու նոյն քայլերգով, հինին ու նորին փոխանցումի սահմանագիծին վրայ, հաւասար տաքութեամբ՝

Շնորհաւոր Նոր Տարի։

Ծնունդը Սո՛ւրբ մնայ։

Փոխանցումը վերջ չունենա՜յ։

Հինը մնայ իր պարտականութիւնը ամբողջացուցած մարդու գոհունակութեամբ, նորը ճառագայթէ աւանդը հաւատքո՛վ ստանձնած մարդու վճռակամութեամբ։

Այն ատեն սերունդներ «Փառք ի բարձունս» պիտի երգեն։

Տարածենք