Թիւ 427 - Ի՞ՆՉ Կ’ԸՆԵՆՔ… (Իրապէ՛ս յաղթելու համար)

 

«Յաղթելո՛ւ ենք»ը նշանաբան ընտրեցինք 2020-ին, Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին համար։

«Յաղթելո՛ւ ենք» գոչեցինք եւ գարուն տարիքի հազարաւոր զինուորականներ ու կամաւորներ պատերազմի դաշտ առաջնորդեցինք՝ արիաբար դէմ դնելու համար ազերի, թուրք ու վարձկան զինեալ ուժերու։
«Յաղթելո՛ւ ենք» յայտարարեցինք աշխարհով մէկ եւ ամբողջական զօրաշարժի ենթարկեցինք համայն հայութիւնը՝ քարոզչական, տեղեկատուական, քաղաքական, դիւանագիտական եւ նիւթական աջակցութիւն ապահովելու համար հերոսական մեր բանակին եւ անոր կողքին մարտնչող մեր ժողովուրդին։

«Յաղթելու ենք»ը դարձաւ առաջնորդող նպատակը մեր խօսքին, մտածումին եւ գործին, մինչեւ որ 9 Նոյեմբեր 2020-ի նուաստացուցիչ օրը, ազգովին մենք մեզ գտանք բոլորովին տխուր իրականութեան մը դէմ յանդիման՝ զինուորապէս պարտուած, քաղաքականապէս անձնատուր եղած եւ բարոյապէս վարկաբեկուած։

Թշնամին հասաւ Սիւնիքի եւ Գեղարգունիքի դռները։ 10 հազարէ աւելի ընտանիքներ դարձան անօթեւան, մինչ հազարաւոր ուրիշներ գաղթական դարձան իրենց իսկ հայրենիքին մէջ՝ Շուշիէն, Հատրութէն եւ բռնագրաւեալ այլ շրջաններէն տեղափոխուելով Ստեփանակերտ, Երեւան թէ այլուր։

Խոցուեցաւ հայ ժողովուրդին արժանապատուութիւնը, փճացաւ 30 տարուան պայքարին արդիւնքը։ Ունեցանք հայաթափուող Արցախ, արտագաղթող Հայաստան։ Հասանք հոն, ուր կը կարծէինք երբեք չէինք կրնար հասնիլ՝ նուաստացումի եւ տկարութեան գագաթնակէտը։ Հասանք հոն, ուր Երեւանի իշխանութիւնները ճանչցան Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը, անտեսելով Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը եւ այդ իրաւունքին ձեռք բերման համար 30 տարի ի գործ դրուած համահայկական ճիգն ու ներդրումը։

9 Նոյեմբեր 2020-ի խայտառակ պարտութիւնը հայութիւնը առաջնորդեց յաջորդական նոր պարտութիւններու՝ քաղաքական, դիւանագիտական եւ ռազմական ճակատներու վրայ։ Իբրեւ արդիւնք, Բերձորն ու Աղաւնօն յանձնուեցան թշնամիին, Սիւնիքի սահմանային բարձունքները գրաւուեցան ազրպէյճանական ուժերու կողմէ։ Թշնամին Սեպտեմբեր 2022-ին ներխուժեց հայրենի հող, պահանջեց «Զանգեզուրի միջանցքը»՝ փակելով Արցախը Հայաստանին կապող Լաչինի անցքը։

Երբ կը յիշենք այս բոլորը եւ կը փորձենք դասեր քաղել անցնող տարիներու տխուր փորձառութենէն, պատճառ չունինք չկրկնելու 44-օրեայ պատերազմին նշանաբանը՝ «Յաղթելու ենք»ը, սակայն այս անգամ առանց սուտի եւ կեղծիքի։ 

Այո՛, «Յաղթելու ենք» ազերի-թուրքին եւ հայութեան բոլոր թշնամիներուն, բայց անոնցմէ առաջ՝ «Յաղթելու ենք» մենք մեզի՛, մեր յուսահատութեան, պարտուողականութեան եւ նահանջականութեան։ «Յաղթելու ենք» անձնատուութեան եւ պարտուածի հոգեբանութեան։ «Յաղթելու ենք» մեր ցաւին ու դառնութեան, մեր յուսախաբութեան եւ յոռետեսութեան։

Մենք չյաղթեցինք Արցախեան 44-օրեայ պատերազմը։ Իսկ յաջորդող պատերազմները եւս չպարտուելու համար ի՞նչ ըրինք 9 Նոյեմբեր 2020-էն ետք։ Պատասխանը կրնայ տալ 13 Սեպտեմբեր 2022-ի ներխուժումը, ուր դարձեալ կորսնցուցինք հող ու զինուոր։ Ունեցանք գերիներ եւ անյայտ կորսուածներ։

Իսկ ի՞նչպէս կը պատրաստուինք յաջորդ պատերազմին։ Արդեօ՞ք կը պատրաստուինք…։ Իսկ եթէ պատերազմի չենք պատրաստուիր, ի՞նչպէս կ’ապրինք մեր առօրեան, որ ինքնին պատերազմ է՝ քաղաքականութեամբ եւ դիւանագիտութեամբ, գիտութեամբ եւ արդիւնաբերութեամբ։

9 Նոյեմբեր 2020-էն ասդին ի՞նչ կ’ընենք անցեալի մեր թերութիւնները սրբագրելու համար։ Ի՞նչ կ’ընենք ազգային մեր միաբանութիւնն ու արժանապատուութիւնը վերականգնելու համար։ Ի՞նչ կ’ընենք բանակաշինութեան եւ զինուորական ճարտարարուեստի զարգացման համար։ Ի՞նչ կ’ընենք Արցախի հզօրացման եւ վերաբնակեցման համար։ Ի՞նչ կ’ընենք Հայաստան-Արցախ ռազմավարական կապերու ամրապնդման եւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան վերահաստատման համար։ Կարճ. ի՞նչ կ’ընենք իրապէ՛ս յաղթելու համար։

Արդար է նման հարցումներ ուղղել միութեան մը կողմէ, որ Արցախեան առաջին եւ երկրորդ պատերազմներուն 12 նահատակներ տուաւ իր շարքերէն։ Միութիւն մը, որուն Կեդրոնական Վարչութեան անդամը 1991-ին արի՛ւնը միախառնեց հայրենի Սուրբ հողին։

Հայկական բանակի դրօշին տակ, բազմաթիւ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ խիզախօրէն մասնակցեցան Արցախեան պատերազմներուն։ Շատերը հերոսացան, ուրիշներ վիրաւորուեցան, իսկ շատերն ալ հրաշքով փրկուած ըլլալու սոսկումը ապրեցան։

Իսկ ինչ խօսք 30 տարի Հ.Մ.Ը.Մ.ի համահայկական ընտանիքին Արցախի ի նպաստ նախաձեռնութիւններուն եւ նիւթական լայն օժանդակութիւններուն մասին, մասնաճիւղ ստեղծելու եւ պահելու հսկայական ճիգերուն մասին։

Այս բոլորէն ետք, այս բոլորին համար, իսկապէ՛ս «Յաղթելու ենք», որպէսզի արժանի դառնանք մեր նահատակներուն, որոնք չապրեցան, որպէսզի մենք ապրինք։

«Յաղթելու ենք», վերատիրանալու համար այն հողին ու հայրենիքին, որուն զաւակներն ենք եւ որուն համար ապրելու եւ եթէ հարկ ըլլայ… մեռնելու պատրաստ են շատերը։

«Յաղթելու ենք», մեր հին ու նոր թշնամիներուն պարտադրելու համար մե՛ր խաղաղութիւնը, մեր ազգային տեսլականներուն առաջնորդող քաղաքական մե՛ր կամքն ու վարքագիծը։  

«Յաղթելու ենք» նաեւ ու մանաւա՛նդ, որպէսզի ունենանք վերականգնող Արցախ, հզօր Հայաստան եւ ամուր Սփիւռք՝ համահայկական մեր մեծ տեսլականներուն հասնելու կամքով ու հաւատքով։

Որպէսզի ունենանք անձնատուական նոր համաձայնութիւններ մերժող հայութիւն, արժանապատիւ իշխանութիւն եւ իսկապէս խաղաղ հայրենիք։

Ու որպէսզի չունենանք նոր պարտութիւններ, նոր կորուստներ եւ նոր զիջումներ, այլ՝ համազգային վերականգնումի մեր ճիգով, ամէն ընկրկումէ ետք մեր մէջ ուժ եւ կարողութիւն գտնելու մեր ջանքով, կարենանք մեր ճակատագիրին անիւը շրջել այնպէս մը, որ ազգովին երաշխաւորենք Արցախի ժողովուրդին անվտանգութիւնն ու ինքնորոշման իրաւունքը, կանխենք Հայաստանի թրքացումն ու տկարացումը, ինքնիշխան, ամուր պետականութեամբ հզօր հայրենիք եւ անպարտելի ժողովուրդ ունենալու արդա՛ր ակնկալութեամբ։

Տարածենք